ԿԱՐՕՏԱԽՏԸ ԿԱՄ ԵՏԴԱՐՁԻ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Եթէ խաղաղութիւն կ՚ուզես, գործէ արդարութեան համար: Հակառակ գիտութեան՝ իմաստութիւնը չի ծերանար: Արդարութեան բացակայութիւնը կը խոչընդոտէ խաղաղութիւնը այսօր, ինչպէս երկու հազար տարի առաջ: Այս չէ փոխուած:

ԶԻԿՄՈՒՆՏ ՊԱՈՒՄԱՆ

Մարդկութիւնը միշտ խորհած է, որ պատմութեան ընթացքին փոփոխութիւնները յառաջացած են նոր գաղափարներով, յեղափոխութիւններով, բարեկարգումներով, մեծ ծրագիրներով եւ անոնց գործադրութեամբ: Այդ բոլորը դիտուած է մնայուն յառաջդիմութեան եւ լաւագոյնին հասնելու լոյսին տակ: Այդ յառաջդիմութիւնները նախ համարուած են՝ երազ, ցնորք, իւտոպիա (utopie), ընթացիկ դառնալէ առաջ, այսինքն՝ սովորական եւ դասական: Այլապէս պատմութեան գիրքը փակուած կ՚ըլլար:

Միշտ ալ եղած է նախկինի պաշտամունքը, իտէալականցումը, զոր կրնանք կոչել նախկինի վերադարձի ցանկութիւն, տեսակ մը՝ հակառակ ուղղութեամբ ընթացող ցնորք: Զիկմունտ Պաումանի գիրքին անունն է Retropia եզրը, որ ցնորքի, իւտոպիայի հակառակն է: Մեր օրերուն ականատես վկաներն ենք, ընկերութեան տարբեր շրջանակներուն մէջ, տարբեր տարողութիւններով եւ տարբեր արտայայտութիւններով retropia-ներու, որոնք ունին իրենց հետեւորդները, պաշտպանները, տեսաբանները, ի հարկէ՝ միշտ ունենալով իրենց արդարացումները, փաստարկները եւ իրենց իւրայատուկ տրամաբանութիւնը՝ պարզապէս անցելապաշտութեամբ սահմանուող:

Այսօրուան տուեալներով, գերլաւատեսութեամբ անգամ, Աւստրալիոյ ապորիժենները, նոյնիսկ եթէ իրենց հոգիին մէջ տեղ մը retropia ունին, անցեալի վերադարձի ցանկութիւն եւ վերականգնում, այդ կարօտախտը երազ-ցնորք անգամ չէ, նոյնն է պարագան Միացեալ Նահանգներու հնդիկներուն, նոյնիսկ եթէ համայն աշխարհը որոշումներ կայացնէ Աւստրալիոյ ապորիժեններուն կամ Ամերիկայի բնիկներուն իրաւունքները վերականգնելու համար: Ոչ ոք կը խօսի այդ մասին: Բայց այդ retropia-ն գոյութիւն ունի. օրինակ, անոր մէկ արտայայտութիւնը եղաւ եւ է Իսլամական պետութիւն-ՏԱՀԵՇ-ը: Եւ քանի որ մենք ոչ ոքէ պակաս ենք, Հայաստանի մէջ խորհրդային օրերու կարօտախտը ունեցողներ կան, retropia, գեղեցկացուած անցեալի վերադարձի ցանկութիւն: Երեք տարբեր արտայայտութիւններ, տարբեր գոյներով եւ տարողութիւններով, բայց միշտ՝ անցեալի իտէալականացումով, հետեւաբար անոր որոնումով՝ պարզունակ retropia-էն մինչեւ քաղաքական տարակարծութիւն եւ բրտութիւն:

Այդ retropia-ն ապահովութեան որոնում է, զոր կը կարծեն, կը կարծենք գտնել իտէալականացած անցեալի մէջ, զոր կը գերադասենք ներկային, անոր վրայ բեւեռուելով՝ կը փորձենք շրջանցել անմիջական ներկայի դժուարութիւնները եւ վախերը: Տարերային բը-նոյթ ունեցող արտագաղթերը, migrations, Հայաստան կ՚ըսուի՝ միկրացիա, միշտ նոյն ապահովութեան որոնումի հետեւանք են:

Նախկինը կը փոխուի աւելի լաւին յոյսով՝ քննադատելով ամէն կարգի ապականութիւնները, չարաշահումները եւ գողութիւնները: Բայց այդ յոյսը երբեմն խութի կը զարնուի, անբաւարարութեան զգացումը կը տեւէ, օրէնսդրութեան, քաղաքական մշակոյթի կամ պարզապէս տնտեսական սահմանափակ պայմաններու, աղէտներու եւ քաղաքացիական մշակոյթի բացակայութեան պատճառով: Այս բոլորին հետեւանքը կ՚ըլլայ այն, որ նոյնիսկ անցանկալի անցեալի պատկերը յիշողութիւններու մէջ կը գեղեցկանայ: Յետդարձի (retropia) պահանջ կը ծնի, հին օրերու կարօտախտ, մոռցնելով այդ նոյն անցեալի բացասականութիւնները:

Անցեալի կարօտախտ կայ ընկերութեան բոլոր խաւերուն մէջ, կեանքի բոլոր փուլերուն: Թէեւ պէտք է հասկնալ այդ կարօտախտը զսպանակող պատճառները, զորս կարելի է խմբել մէկ գլխու տակ. անապահովութեան զգացում եւ գիտակցութիւն, ինչպէս իւրաքանչիւր քաղաքացի, մարդ, այս կամ այն երկրի մէջ, տեղեակ բացայայտ աղէտներէն եւ նախատեսուածներէն. հիւլէական պատերազմէն մինչեւ մթնոլորտի ջերմացում, ըմպելի եւ մաքուր ջուրի պաշարներու նուազում, որոնց պատճառով կան ողողումներ, ովկիանոսի ջուրերուն տակ մնացող կղզիներ եւ ծովափներու անհետացում, բնակչութիւններու զանգուածային տեղափոխութիւններ, մշակելի տարածքներու նուազում, գումարել՝ ապականումները, աղբը: Եթէ հեռատեսիլ, այֆոն, համացանց մեզ գերի չեն դարձուցած, եթէ դիտենք մեր ժամանակը, մեր շրջապատը, ընկերութիւնները, հասկնանք այն բոլորը, որ մեզի կը պարտադրուի կամայ-ակամայ, քիչ մը ազատ եւ իրատես մարդ կը դառնանք եւ տիրութիւն կ՚ընենք մեր ներկային, վաղուան, մեր ճակատագրին:

Մեծ գիտնական եւ քաղաքագէտ ըլլալու կարիք չկայ տեսնելու եւ հասկնալու համար, որ մինչեւ մեր մոլորակի մօտ եւ հեռու վայրերը կը տիրեն անապահովութիւնը, անհաւասարութիւնները, որ ամէնքը ամէնքի դէմ մրցակցութիւնը ընդհանուր կանոն է, որոնց պատճառով ընտանեկան եւ ձեւով մըն ալ ցեղախմբային նախնական ապահովութեան զգացում կը փնտռենք: Ընկերութիւնը կը կծկուի:

Զիկմունտ Պաումանին գիրքը զգուշացում մըն է զանազան ձեւերով եւ ամէնուրեք հասարակաց դարձած կարօտախտերու դէմ: Այս կարօտախտը կարծէք դարման է ներկայի դժուարութիւնները, ծանրակշիռ հարցերը, վախերը եւ աղէտները շրջանցելու, ձեւով մը՝ ինքնախաբէութիւն: Այսինքն մեր ժամանակի մեծ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անկարողութեան դիմաց՝ անձնատուութիւն, անցեալի մէջ ապաստան փնտռելով: Հեղինակը կը խօսի հեղուկ դարձած ընկերութեան մասին, որ կը յատկանշուի արագ լուծումներու որոնումով՝ առեւտուրէն մինչեւ ընկերային կազմակերպութիւն:

Արդարեւ, բոլոր շրջանակներու մէջ, կազմակերպութիւններ եւ ընկերութիւններ, ներկայի յուսախաբութիւնները եւ գիտական-ճարտարագիտական նուաճումներու ստեղծած քանդումի ուժերը, զորս չենք կրնար անգիտանալ, մղձաւանջի պատճառ կը դառնան անհատներուն եւ ժողովուրդներուն համար եւ կը մղեն անցեալին մէջ փնտռելու աւելի լաւը, գեղեցիկը, երջանկութիւնը: Ապահովութեան որոնում՝ իտէալականացուած անցեալին մէջ:

Զիկմունտ Պաուման կ՚ըսէ, որ պէտք է ապրիլ՝ առանց խաբկանքներու, առանց խաբկանքներէ զրկուելու: Ինքնատիպ անցեալապաշտութիւն մը: Այսինքն, ընկերութեան եւ քաղաքակրթութեան ներկայի փուլը այսպէս է, մեր ստեղծած ուժերուն կարելիութիւններուն հետ դեռ չենք հաշտուած, զանոնք չենք մարդկայնացուցած, քանի որ մեր մեծ յառաջդիմութիւններուն հետ մենք քայլ չենք պահած, նոր մարդ չենք եղած, մնացած ենք քանդումի եւ ինքնաքանդումի Ֆրէօյտի բնորոշած մակարդակին:

Արդարեւ, մարդը ինք ալ դարձած է, սպառողական ընկերութեան ապրանք, մենք մեզ դարձուցած ենք սպառողական ապրանք, տեւական շարժման, արագութեան եւ նորի հոսքին մէջ: Ինչպէս որ մեր գնած ապրանքներուն վրայ գրուած կ՚ըլլայ սահման-թուական մը անոր գործածութեան համար, վերաբերումները այդպէս են մարդուն նկատմամբ, զայն կարելի է թափել որոշ տարիքէ ետք: Կարգ մը ընկերութիւններու եւ աշխատավայրերու մէջ քառասունհինգ տարեկանները անպէտք կը համարուին, կը հեռացուին, գործի չեն առնուիր: Միայն մարդոց ճակտին դեռ պիտակ չէ դրուած, թուական, որմէ անդին անոնք անպէտք իր ըլլան: Գործազրկութեան ցանկերը այդ մասին կը վկայեն, եւ թիւերը կը խօսին: Քառասուն տարեկան գործազուրկին համար նոր աշխատատեղ գտնելը շատ դժուար է:

Եթէ մեր ստեղծած ուժերը չօգտագործուին միաժամանակ ծառայութիւն ըլլալու համար բոլորին, չդադրին շահագործումներու ծառայելէ, ինքնամեկուսացումները, անոնք ըլլան անհատներու թէ հաւաքականութիւններու, հարցեր պիտի չլուծեն, պիտի ունենան աննախատեսելի հետեւանքներ:

Ինքնամեկուսացում եւ անցեալի իտէալականացում նոր անհաւասարութիւններու պատճառ պիտի ըլլան, այսինքն՝ նոր հակամարտութիւններու:

Կ՚ուզեմ այս վերլուծումները եւ միտքերը աւարտել Զիկմունտ Պաումանի կողմէ մէջբերուած Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանսուայի հետեւեալ խօսքերով, որոնք ուղղութիւն պէտք է տան մեծերու եւ փոքրերու, ամէն կարգի շահագործողներուն եւ իշխանաւորներուն: Քահանայապետը ըսած է.

«Երկրի եւ մարդու աշխատանքին պտուղներու արդար բաժանումը սոսկ մարդասիրութիւն չէ: Ան բարոյական պարտաւորութիւն է: Եթէ մենք կ՚ուզենք վերամտածել մեր ընկերութիւնը, մենք կարիք ունինք արժանաւոր եւ լաւ վճարուած գործերու, մասնաւորաբար մեր երիտասարդ սերունդին համար: Այդ ընելը կը պահանջէ նոր եւ յաւելեալ պարփակումով տնտեսական նոր կառոյցներ՝ ուղղուած ոչ թէ միայն մի քանի անձերու ծառայութեան, այլ ըլլայ նաեւ շահաւէտ պարզ մարդոց եւ ընկերութեան՝ որպէս ամբողջութիւն: Այս կը պահանջէ հեղուկ տնտեսութենէ երթալ դէպի ընկերային տնտեսութիւն»:

Այսպէս պէտք է մտածէ եւ այդ ուղղութեամբ գործէ հայը ընդհանրապէս, եւ Հայաստանը՝ մասնաւորաբար, ետ չմնալու համար ընկերութեան եւ քաղաքակրթութեան հոլովոյթէն, չբանտարկուելով անմիջական առուծախի հեղուկ տնտեսութեան մէջ:

Այլապէս, պիտի շարունակենք խարխափել՝ ըսելով փտախտ (կոռուպցիա) եւ հակափտախտ, անոնց հունով զարգացած ջոջական (էսթեպլիշմընթային) ախտեր:

Երթալ դէպի ընկերային տնտեսութիւն: Աւելի պարզ բառերով՝ ընկերային արդարութիւն:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

1 հոկտեմբեր 2019, Քուինզ, Նիւ Եորք

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019