ԳԵՏՆԱԽՆՁՈՐԸ

Մայթեզրին նստած տատիկին այցելութիւնը հետզհետէ ամէնօրեայ, փափաքելի այցի մը վերածուեցաւ: Տատիկը զիս իր աղջկան կը նմանցնէ ու երբ օր մը չտեսնէ՝ «Ո՞ւր ես, բալէս...» սիրով լի հնչիւններով կը դիմէ ինծի: Ես նոյնպէս, երբ տատիկը բացակայի, հետաքրքրութեամբ կը փորձեմ հասկնալ պատճառը: Կապեր կան, որոնք աներեւոյթ հարազատութեամբ մը կ՚օժտեն մեզ, թերեւս ես ալ տատիկը տեսնելով կը յագենամ բացակայ հարազատներուս քնքշանքը, գուրգուրանքը անոր մէջ գտնելով:

Ամէն օր, սակայն, Տատիկը նոր ու թարմ բոյսեր ու բանջարեղէն կը բերէ ծախելու: Այսօր գետնախնձոր բերած էր: Մանր արմատներ են տոպրակին մէջ: Մեր գիտցած գետնախնձորը՝ կարտոֆիլը չէ: Ուրեմն հոս ա՛յս արմատին կու տան գետնախնձոր անունը.

-Քաղցր, համեղ արմատ է, բալէս. կլեպը կարող ես կեղուել, կամ մի լաւ լուալ ու ուտել: Շատ օգտակար է, շաքարախտի, մարսողութեան խնդիրներ ունեցողների... շատ հիւանդութիւնների համար:

Յայտնեց տատիկը հարցական հայեացքս նկատելով, մինչ ես բաւարարուած անոր խօսքերէն, փորձի համար, վերցուցի քիլօ մը:

Եթէ այս է գետնախնձորը, հապա մեր գիտցածը ի՞նչ կը կոչուի...:

Նայիրի բառարանը կը հասնի օգնութեան՝ «Բուսական կլոր արմատ» գետնախնձորը կը կոչէ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան իր բառարանին մէջ («Բառգիրք հայերէն լեզուի», Պէյրութ, 1998, Էջ 77): «Գետնի խնձոր՝ խրբ. վայրի բոյս մըն է, որ ունի շատ անուշ պտուղ մը» (Հայերէն գաւառական բառարան, Հրաչեայ Աճառեան, 1913) եւ Մալխասեանց գետնախնձորին կու տայ նոյնանման բացատրութիւն, բայց կ՚աւելցնէ հոմանիշներ՝ կարտոֆիլ, պատատէս բառերը եւ կու տայ շատ աղուոր տեղեկութիւն մը՝ թէ ծիլ տուած կամ մգլոտած գետնախնձորը թունաւոր է («Հայերէն բացատրական բառարան», 1944):

Համացանցային այլ կայքէջերէ կը տեղեկանամ, որ բիւզանդացի Ռոշքանի ուսումնասիրութեամբ՝ գետնախնձորին ցօղունը խնձորի հոտ ունի, ծաղիկը երիցուկի կը նմանի, որ հայերէն խնձորխոտ ալ կը կոչուի, եւ ունի շատ համեղ արմատ մը: Ծաղիկը, ցօղունն ու արմատը շատ օգտակար են:

Ներկայ Պրազիլի տարածքին հնդիկներուն յայտնաբերած այս բոյսին պալարները անոնք դարերէ ի վեր որպէս դեղամիջոց կ՚օգտագործեն: Իր առաւելութիւններուն համար կոչուած է «արեւարմատ»: 15-րդ դարուն Եւրոպա եւ 17-րդ դարուն Ռուսաստան հասած այս բոյսը կ՚օգտագործուի բազմաթիւ ճաշատեսակներու, աղցաններու, հում ուտեստներու, դեղերու ու նոյնիսկ չոր պալարներով սուրճի պատրաստութեան մէջ: Գերմանիոյ մէջ նաեւ օղի կը պատրաստուի այս բոյսին արմատով:

Համին մէջ նկատելի է քաղցրութիւն, պրոքլիի արմատին նմանող ջրիկութիւն, ինչպէս նաեւ տանձի նմանող թեթեւ համ մը ունի, ուրկէ ալ նաեւ «գետնատանձ» կը կոչուի:

Քաղցրութիւն ըսի ու յիշեցի, երբ մի քանի ամիս առաջ, ճաշարանի մը մէջ բուսաթէյերուն (չիչխան, ուրց, երիցուկ, եւ այլն) հետ մատուցեցին գետնախնձորով պատրաստուած քաղցր, մեղրանման հեղուկ մը, զոր շաքարի տեղ կ՚օգտագործէին թէյին քաղցրութիւն հաղորդելու: Ահաւասիկ գետնախնձորի օգտագործման այլ ոճ մը: 

Իսկ տեսքը կը յիշեցնէ արեւելեան երկիրներու «քէմէ»ն, որ դարձեալ արմատ է, զոր տարին մէկ-երկու անգամ հազիւ կը համտեսէինք խորովածի շամփուրներուն վրայ, իւղոտ միսերուն հետ շարուած, եփած վիճակով, որ քաղցրութեան հետ իւղի ու միսի խառնուրդի համ մը կը հաղորդէր: Հայրս կը պատմէր, որ այդ արմատը միայն կ՚աճի կարկուտ տեղացած անապատային վայրերուն մէջ, ահա թէ ինչու սակաւ կը հանդիպէինք ու բաւական սուղ կ՚արժէր:

Գետնախնձորը համտեսելով կը փնտռեմ տակաւին մեր գիտցած գետնախնձորին հայերէն անունը եւ կը հասկնամ բանջարավաճառներուն զարմացկոտ նայուածքներուն պատճառը, երբ Երեւան նոր հասած էինք ու կը պնդէինք որ մեր գիտցած փաթաթէսը գետնախնձորն է, մինչ հայաստանցին ասիկա կը պատկերացնէր մեր գետնախնձորին՝ կարտոֆիլին փոխարէն: Կը թերթեմ Ամասիացիի «Օգուտ բժշկութեան» գիրքը, ուր գետնախնձորի օգուտներուն ու անունին փոխարէն կը կարդամ հեղինակին ոսկեայ տողերը արարչական ստեղծագործութեան կատարելութեան մասին՝

«Բայց կենդանին զուժն եւ զօրութիւնն ի կերակրոց կու առնէ. եւ կերակուրն ի բուսոց լինի. եւ բուսն ի նիւթոյ գոյանայ եւ սնանի, ի յարեգակնէն եւ ի գիճութենէն եփի եւ հասնի կատարեալ: Եւ այն տեղն որ արեգակ չի ցաթէ՝ իսկի բոյս եւ անասուն եւ կենդանի չի լինի. եւ իմացուաւ որ ամէն գոյութեան պատճառն ի յայս չորս նիւթէն, եւ իւրեանց խառնուիլն արարչին հրամանաւն է: Ամէն մէկին խառնուիլն մէկ մէկի հակառակ է ստեղծել արարիչն Աստուած իւր կարող զօրութեամբն, եւ անունն արարածքն է անուանել: Եւ փառք արարչին եւ անմահին Աստուծոյ, որ է օրհնեալ յաւիտեանս. ամէն»:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2019