ԳԵՐԲՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

«Պատ­մու­թիւ­նը ինք­զինք կը կրկնէ». Ին­չո՞ւ չէ, քա­նի որ մարդն է, որ պատ­մու­թիւն կը կեր­տէ,  կ՚ապ­րի,  կ՚ար­ձա­նագ­րէ եւ այն ե­րե­քի մար­տէն ի՞նչ փոխուած է: Նոյն «զէն­քե­րո­վ» նեն­գու­թիւն, դա­ւա­ճա­նու­թիւն, գե­րա­կա­յու­թեան ո­գի, պա­տե­րազմ­ներ եւ այլն. մա­նա­ւանդ այս վեր­ջին­նե­րէն, երբ ա­նա­սուն­ներ ու­նին, մար­դը ին­չո՞ւ չու­նե­նայ:

Սա­կայն, մար­դու մօտ կայ տես­քի հարց. պա­լատ, ե­կե­ղե­ցի (ա­ղօ­թա­տուն) թան­գա­րան կամ բանտ. ո՛չ նոյն ո­ճով եւ ո՛չ ալ նոյ­նան­ման նիւ­թե­րով կը կա­ռու­ցուին, ինչ­պէս նաեւ զգեստ­ներ, ի մաս­նա­ւո­րի թա­գա­ւո­րի ծի­րա­նին, պա­լա­տա­կան­նե­րու, կրօ­նա­պետ­նե­րու, զի­ն-ւո­րա­կան­նե­րու եւ՝ պարզ քա­ղա­քա­ցիի, եւ … ստ­րու­կի կամ մու­րաց­կա­նի:

Իմ «խոր վի­րա­պ»էս ել­լե­լով, ե­րե­կո­յեան ը­սի ճամ­բաս փո­խեմ քիչ մը, ին­ծի հա­մար հա­ճե­լի, թէեւ յոգ­նե­ցու­ցիչ պի­տի ըլ­լայ, բայց հա­ճե­լիին ա­նու­շու­թիւ­նը վա­յե­լել  կ՚ար­ժէ այս տօ­նա­կան օ­րե­րու մօ­տե­ցող օ­րե­րուն:

Խա­նութ­ներ, խա­նութ­ներ, մէ­կը միւ­սէն շլա­ցու­ցիչ, կար­ծես ի­րա­րու հետ մրցան­քի ե­լած են, եւ այդ­պէս ըլ­լա­լու է յա­ճա­խորդ­ներ գրա­ւե­լու սի­րոյն, ուր հա­գուստ­նե­րու ճոխ տե­սա­կա­նի­ներ կը սպա­սեն գնող­նե­րու, որ­պէս­զի հագ­նո­ղը տար­բեր տեսք ու­նե­նայ, ան­շուշտ նոյն խոր­քով եւ քիչ մըն ալ ա­ւե­լի ամ­բար­տա­ւան, երբ շրջա­նա­կի ան­ձեր, ծա­նօթ-ան­ծա­նօթ ի­րեն «look»ը գնա­հա­տեն ա­ւե­լիով:

Զգե՞ստն է, որ մար­դը  կ՚ը­նէ ա՛յն ինչ որ է, թէ՝ look-ն է տի­րա­կան: Թա­գա­ւո­րը ծի­րա­նի կը հագ­նի, բայց ծի­րա­նի հագ­նո­ղը թա­գա­ւո՞ր  կ՚ըլ­լայ… ի մի­ջի այ­լոց, հի­ւանդ ըն­կե­րու­թիւն, որ կը տարուի տես­քով ա­ւե­լի քան խոր­քով:

Իսկ այլ փո­ղոց մը… ստա­մոք­սէն ա­ւե­լի գլուխ լեց­նող… «բա­պ» ճա­շա­րան, սրճա­րան… մարդ­կա­յին շա՜տ բնա­կան եւ սո­վո­րա­կան ըն­թացք:

Քիչ մըն ալ այ­ցե­լե՞նք Ճա­բոն, Զէն Ու­սու­ցի­չի…

Հա­րուստ նուի­րա­տու­ներ Մասդր Ի­քու­յուն կը հրա­ւի­րեն խրախ­ճան­քի: Մասդ­րը կը հաս­նի պա­լատ, իր սո­վո­րա­կան աղ­քա­տի հա­գուս­տով. ի­րեն  կ՚ը­սեն. «Մենք պի­տի պա­տուենք Մասդր Ի­քու­յուն, քեզ այս­պէս չենք կրնար ըն­դու­նիլ: Մասդ­րը կը վե­րա­դառ­նայ տուն, կը հագ­նի իր ոս­կե­զօծ ծի­րա­նին ու կը վե­րա­դառ­նայ, զինք սի­րով ու պա­տուով  կ՚ըն­դու­նին ու կը հրա­ւի­րեն նշուած տե­ղը։ Մինչ Մասդ­րը ծի­րա­նին հոն թո­ղ­լով կը վե­րա­դառ­նայ տուն ը­սե­լով՝ «դուք իմ ծի­րա­նիս պա­տուե­ցիք, ես զայն հոս, ձե­զի կը թո­ղու­մ»:

Այս՝ Ա­րե­ւել­քէն: Դառ­նանք:

Մեր բեր­նի հո­լով­նե­րէն մին է «Մենք ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ ազգն են­ք». ու­րեմն՝ եր­կու հա­զար տա­րուան կրօ­նի մը ջա­հա­կի­րը: Գանք Աս­տուա­ծա­շուն­չին-Ղու­կա­սու է: 25.- «Ի՞նչ տես­նե­լու ե­լաք, փա­փուկ հան­դերձ­ներ հա­գած մա՞րդ մը: Ա­հա ա­նոնք փա­ռա­ւոր հա­գուստ­նե­րով փափ­կու­թեան մէջ են, թա­գա­ւո­րա­կան պա­լատ­ներն ե­ն»:

Եզ­րա­կա­ցու­թիւն.

Ա­սոնք վեր­յի­շե­լէս ու ա­հա գրու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­լէս ետք, պի­տի ՓՈՐ­ՁԵՄ ապ­րիլ հե­տե­ւեալ սկզբուն­քով.- «Երբ Հռո­մի մէջ ես, հռով­մէա­ցիի պէս ապ­րէ», որ­պէս­զի ըն­դու­նե­լի ըլ­լայ ընդ­հա­նու­րին կող­մէ… ե­թէ այդ ՀՈԳԴ է… ան­շուշտ ՀՈԳՍ ՉԷ, երբ կայ ա­ւե­լի գե­րա­զան­ցը…

Վար մնա­ցած մար­դու հա­մար­

Ար­դէն խորթ է իմ հո­գին: (Յ. Թու­մա­նեան)

Յ.Գ. ՊՈՒՏ­ՏԱ­յի գերբ­նա­կան ու­ժե­րու ար­դիւնք.-

ՏԵՍ­ՆԵԼ- ա­ռանց խա­բուե­լու տես­քէն կամ գոյ­նէն:

ԼՍԵԼ- ա­ռանց խա­բուե­լու ձայ­նէն:

ՇՆՉԵԼ- ա­ռանց խա­բուե­լու բոյ­րէն:

ՀԱՄ­ՏԵ­ՍԵԼ- ա­ռանց խա­բուե­լու հա­մէն:

ՀՊԻԼ- ա­ռանց խա­բուե­լու հպուա­ծէն:

ՄՏԱ­ԾԵԼ- ա­ռանց խա­բուե­լու պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թե­նէն:

ԱՍ­ՏՈ­ՒԱԾ ՕԳ­ՆԱ­ԿԱՆ:

Ա­ՄԷ­ՆՈՒՍ:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2016