ԾԱՌԸ
Երկինքէն հոյլ մը թափաւ կարծես,
Լուսաւորեց խաւարած տունն ամբողջ.
Տարիներու խաւարը ջնջեց,
Ու փարատելով ճամբեց դառն հողմերն ամբողջ:
Մանուկ մը նստած գորգին վրայ՝
Հատիկ-հատիկ աստղերը շարել սկսաւ,
Կեղծ եղեւնիի դալար փուշերը զարդարեց.
Փուշ-փուշ լուսաւորեց անմեղ մատիկներով:
-Զգո՛յշ, փուշերը չցաւցնեն քեզ, մանկի՛կս,
Երջանկութիւնդ չկասեցնեն,
Մանուկ ես դեռ, ի՞նչ գիտես այս աշխարհէն...:-
Մօտեցաւ մայրը մանկիկին,
Ինք ալ զուարթ դէմքով միացաւ,
Արծաթագոյն ու ոսկեգոյն գնդակները՝
Փայլ-փայլ զետեղեց խնամքով մեղմագին,
Եղեւնիին փուշերը փայլեցան պսպղագին:
Յաղթանդամ տան նահապետը
Փունջ մը լոյսով զարդարուն աստղը
զետեղեց ծառին գագաթին:
Մինչ հոն, դրան սեմին,
Ուր պիտի դրուի ծառն անգին,
Մսուրը կը յարդարէր տան պատանուհին
Ու համն ու հոտը կը սփռէր երկար ատեն բացակայած Ծնունդին:
Զարդի մը հետ միաձուլուած մաղթանքը,
Ցանկութիւնը, անասելի փափաքը իւրաքանչիւրին՝
Եկաւ, բազմապատկեց խորհուրդը ծառին:
Կաթիլ մը հպաւ ձեռքին մանկիկին,
-Մամի՛, եկ կաթիլներդ կաթոգին
Կը սպասեն իրենց կարգին,
Տեսնենք այս օր կրկին
Պիտի մաղթե՞ս որ նմանիմ
Այս հսկայ, լուսատու ծառին:
Ու ահա արարողութեան աւարտին,
Մամին իր կաթիլներով թանկագին,
Մօտեցաւ լուսատու ծառին:
Աղօթք մ՚էր ան կը կրկնէր սրտագին,
Ամէն տարի այս արարողութեան աւարտին,
Որպէս օրհնանք դէպ իր ընտանիքն անգին
Եւ աղերսանք պայծառ գալիքին:
-Կաթիլ մը համերաշխութեան ու երջանկութեան իմ ընտանիքին,
Կաթիլ մը՝ յոյսի,
Կաթիլ մը՝ լոյսի,
Կաթիլ մը՝ աւարտին այս պատերազմին,
Կաթիլ մը՝ խաղաղութեան վերականգնումին,
Իսկ վերջին կաթիլը՝ մեր մանկիկին,
Որ աս ծառին նման լուսատու ծառ մ՚ըլլայ պանծագին:-
Մանկիկը, թէ՝
-Մամի՛, ինչպէ՞ս ես ծառ ըլլամ,
Մարդը ծառ կ՚ըլլա՞յ միթէ:-
-Ահա այս հարցումով տունկ մ՚ես արդէն,
Կը հասկնաս, կը հասկնաս, երբ մեծնաս:-
Սենեակին լոյսերը մարեցան,
Ծառին լոյսին շուրջ նստեցան անոնք ջերմագին,
Ամէն ոք դիտեց իր մաղթանքին շողը պլպլագին:
Մինչ դուրսը՝ ձիւնի սպիտակ փաթիլները
Կը ծածկէին մութ ասֆալթը փողոցին: