ՏՕՆԱԿԱՆ ԿԵՐԱԿՈՒՐ. ՀԱՅԵԱՑՔ ՆԵՐՍԷՆ ԵՒ ԴՈՒՐՍԷՆ

Տա­րին շու­տով կը հաս­նի իր լրու­մին: Մեր ի­րա­կա­նու­թեան հետ ա­ռըն­չու­թիւն ու­նե­ցող հայ մար­դու հա­մար, բա­ցի ար­ցա­խեան ճա­կա­տին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած սրա­ցու­մէն, տա­րին կը հա­մա­րուի բնա­կա­նոն, ա­ռանց անս­պա­սե­լի մեծ ցնցում­նե­րու:

Մինչ Ապ­րի­լին տե­ղի ու­նե­ցած գոր­ծո­ղու­թիւնն­նե­րը եւ պա­տե­րազ­մա­կան քա­ռօ­րեան ի­րենց ան­մի­ջա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը կ­­՚ու­նե­նա­յին ամ­բողջ տա­րուան վրայ, ան­դին սփիւռ­քի բո­լոր գա­ղութ­նե­րուն մէջ ալ միա­պա­ղաղ եւ «հան­դարտ» կշռոյ­թի մը թե­ւե­րուն մէջ հայ­կա­կան կեան­քը կը շա­րու­նա­կէր իր հե­զա­սահ ըն­թաց­քը:

Ի՞նչ տուաւ տա­րին մե­զի:

Կամ՝ ի՞նչ էին մեր ընդ­հա­նուր ակնկա­լու­թիւն­նե­րը տա­րիէ մը, ո­րուն նա­խա­մու­տին մեզ­մէ ոչ մէ­կը ծրագ­րուած եւ սեր­տուած ծրա­գիր­նե­րու ծրա­րով ներ­կա­յա­ցաւ:

Այս­պէս, նոր տա­րի կը մտնէինք ազ­գո­վին 1915-ի 100-րդ տա­րե­լի­ցի «շռնդալից» ո­գե­կո­չում­նե­րու «ցնծու­թեան» մը ազ­դե­ցու­թեան տակ ու ինչ­պէս ա­մէն ան­գամ, Յու­նուա­րի 1-ին ալ՝ յան­պատ­րա­ստից եւ զար­մա­ցած:

Զար­մա­ցած էինք, ո­րով­հե­տեւ մեր պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն մէջ չկար այն ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նը, ո­րուն ա­կա­նա­տես ե­ղանք, երբ ա­մողջ հա­յու­թեամբ նշե­ցինք մեծ ա­ղէ­տին կլոր տա­րե­թի­ւը:

Պէյ­րու­թէն Պո­լիս, Լոս Ան­ճե­լըս ու Ե­րե­ւան, ա­մէ­նու­րեք մեր ձայ­նը (յա­ճախ տար­բեր ձայ­նա­կա­նու­թեամբ) բարձ­րա­ցու­ցինք ու խօ­սե­ցանք պա­հանջ­նե­րու, ար­դա­րու­թեան, հա­տուց­ման եւ բա­ւա­կան բարդ օ­րա­կար­գե­րու մա­սին:

Տա­կա­ւին մեզ­մէ շա­տեր դժգոհ էին Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի գա­գա­թին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած (29 Յու­նուար 2015) հռչա­կագ­րին պայ­ման­նե­րը:

Մեր ու­զա­ծը ա­ւե­լին էր:

Ա­ռանց նկա­տի առ­նե­լու այդ պա­հանջ­նե­րէն շա­տե­րուն դժուար ըլ­լա­լը, կամ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հա­մար ալ՝ ա­նի­րա­կա­նա­նա­լի ըլ­լա­լը:

Մարդ իր տան սե­ղա­նին շուրջ, իր զա­ւակ­նե­րուն, իր մօր եւ շատ ա­տեն մա­հա­ցած հօր պատ­կե­րին առ­ջեւ տար­բեր տե­սա­կի ե­րանգ­նե­րով կը խօ­սի, իսկ տու­նէն դուրս՝ տար­բեր:

Մեր տան սե­ղա­նին շատ յա­ճախ խօ­սե­ցանք անհ­նա­րին ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րու, եր­կար պտոյտ­նե­րու, հրա­շա­գեղ պա­լա­տի մը մէջ Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ սուրճ մը վա­յե­լե­լու ե­րա­զան­քին մա­սին, մին­չեւ ան­գամ նա­ւակ մը գնե­լու եւ Սե­ւա­նի ջու­րե­րէն նա­ւա­րա­կե­լու մա­սին:

Հոն ոչ մէկ կաշ­կան­դում կայ, ոչ ոք պի­տի ա­ռար­կէ, որ տան հայ­րը ինչ չքնաղ ե­րազ­նե­րու մէ­ջէն կը «նա­ւար­կէ» ու մեզ ալ մաս­նա­կից կը դարձ­նէ իր մեծ ե­րա­զին:

Ա­ւար­տին լոյ­սը կը մա­րենք, կանց­նինք մեր սե­նեակ­նե­րը, տան մայ­րը աղ­տոտ ա­ման­նե­րը կը լուայ ու ա­նոնց հետ ջու­րին ու օ­ճա­ռին կը խառ­նուին մեր ե­րազ­նե­րէն ծնած մտքե­րուն վեր­ջին բա­յար­մատ­նե­րը:

«Պի­տի ը­նենք, կ՚ը­նենք, միա­սին կ՚ը­նենք եւ ան­պայ­ման կ­­՚ըլ­լայ»ի ո­ճով բա­ռե­րը կը խառ­նուին վե­ցե­րորդ յար­կէն վար ի­ջած կո­յու­ղիի ջու­րե­րուն, ո­րոնք ի­րենց կար­գին կը լե­ցուին Դաւ­թա­շէ­նի թիւ քսա­ներ­կու շէն­քի կեղ­տա­ջու­րի մեծ ամ­բա­րին մէջ:

Ու վերջ:

Յա­ջորդ օ­րը նոր օր է ու նոյ­նիսկ մո­ռա­ցու­թեան կը մատ­նուին մտեր­միկ սե­ղա­նին շուրջ տա­րուած խօ­սակ­ցու­թիւն­ներն ու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը:

Բո­լո­րը գի­տեն, որ ար­տա­սա­նուած խօս­քերն ու մտքե­րը ե­ղած են ներ­քին սպառ­ման հա­մար:

Պար­զա­պէս այդ­քան:

Այս­պէս է ան­հա­տա­կան գետ­նի վրայ ու այս­պէս է նաեւ հա­ւա­քա­կան գետ­նի վրայ ե­ղած բարձ­րա­ձայն խոս­տում­նե­րուն դի­մաց:

Կը խօ­սինք գե­ղե­ցիկ հա­յե­րէ­նով, աշ­խար­հին կը պատ­գա­մենք, որ տէր ենք մեր պա­հանջ­նե­րուն, աշ­խար­հէն կը պա­հան­ջենք ճա­նա­չում եւ հա­տու­ցում եւ մեր պող­պա­տէ գլուխ­նե­րով պա­տուած նե­տե­րը կը նե­տենք մին­չեւ հե­ռու հե­ռու­նե­րը:

Կը նա­խընտ­րենք դժուարն ու ա­նի­րա­կա­նա­նա­լին, քան մտա­ծենք հեշ­տին, հա­սա­նե­լիին ու կա­րե­լիին մա­սին:

Երբ նստած ենք մենք ու մե­րոն­ցով, շատ հեշտ ու կա­ռա­վա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ա­մէն ինչ:

Հոն խան­գա­րող­ներ չկան: Հոն դժկա­մող­ներ չկան: Հոն ա­մէն բան մեր ու­զա­ծին պէս է ու մենք այդ մեր ու­զա­ծին պէս ե­ղա­ծը գոր­ծի դնե­լով, մեծ-մեծ բա­ռեր կ՚ար­տա­սա­նենք ճա­շի սե­ղա­նին վրայ, մոռ­նա­լով, որ այդ մեծ բա­ռե­րը դա­տարկ պի­տի պա­հեն մեր փո­րը:

Կը մոռ­նանք հացն ու ա­ղը եւ կը խօ­սինք աւստ­րա­լիա­կան Սեւ Truflles-ին կամ Հռո­մի ա­մե­նէն թանկ խա­նութ­նե­րէն գնուած prosciutto crudo-ին մա­սին:

Ար­դիւն­քը կը մնայ նոյ­նը, ճա­շը, ո­րուն պատ­րաս­տու­թիւ­նը չենք ը­րած, կը դառ­նայ ե­րա­զա­յին բան մը ու մեր առ­ջեւ դրուած ո­րո­վայ­նը լեց­նե­լու խնդի­րը կը հո­գանք կտոր մը չոր հա­ցով ու շատ հա­ւա­նա­բար Ե­րե­ւա­նի ա­մէն ան­գամ նոր հա­մով, բայց նոյն կար­միր թուղ­թով փաթ­թուած յար­մար գին ու­նե­ցող պա­նի­րով:

Այդ­պէս էինք ե­րէկ:

Ու այդ­պէս ենք այ­սօր:

Մեր ձեռքն ու միտ­քը տար­բեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ են ու մեր հո­գին սրտա­ռուչ, ան­կա­սե­լի ու զար­մա­նա­լի ա­լիք­նե­րով կը թե­լադ­րէ մե­զի ան­կա­րե­լի սպա­սում­նե­րու կարգ մը, ո­րուն մէջ ա­մե­նէն տար­րա­կան եւ կա­րե­ւոր պէտ­քե­րը կը բա­ցա­կա­յին:

Այս տա­րին ալ պի­տի փա­կենք:

Մեր սե­ղան­նե­րուն ա­ռատ ու­տե­լիք­ներ պի­տի ըլ­լան, գի­տեմ ա­տի­կա, բայց կը վախ­նամ, որ մեր հա­ւա­քա­կան սե­ղա­նին վրայ դրուած ճոխ ու­տե­լիք­նե­րը պի­տի հին­նան ու ա­նար­դիւնք՝ աղ­բը թա­փուին:

***

Անց­նող տա­րուան ըն­թաց­քին տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով խօ­սե­ցանք հայ­կա­կան նե­րու­ժին մա­սին: Տա­կա­ւին հայ­կա­կան աշ­­խար­հին մէջ օ­րա­կարգ կազ­մող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց խօս­քը նոյ­նիսկ հա­սա­նե­լի է մի­ջազ­գա­յին լսա­րան­նե­րու, ա­րագ ու թարմ թե­լադ­րանք­ներ կա­տա­րե­լով նոր պա­տու­հան մը բա­ցին հա­յու­թեան հա­մար ու խօ­սե­ցան «Կլո­պըլ հայ» մօ­տեց­ման մը մա­սին:

Ճիշդ է, որ մօ­տե­ցու­մը ար­դիա­կան էր, բայց եւ այն­պէս շատ մը պա­րա­գա­նե­րու ա­նըմբռ­նե­լի:

«Կլո­պըլ հայ» բա­նա­ձե­ւու­մին ե­տին կանգ­նող ա­նուա­նի հա­յոր­դի­նե­րը կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ մը ապ­րի­լեան ծանր օ­րե­րէն քիչ անց Ե­րե­ւա­նի մէջ մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ աշ­խար­հին կը ներ­կա­յաց­նէին «Աւ­րո­րա մրցա­նակ»ը: Այդ օ­րե­րուն ալ քիչ չե­ղան մար­դիկ, որ բա­ւա­կան ծանր քննա­դա­տու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին այս մի­ջազ­գա­յին պրիս­մակ ու­նե­ցող նա­խա­ձեռ­նու­թեան վրայ, զայն հա­մա­րե­լով Հա­յաս­տա­նին ու հա­յու­թեան հա­մար բա­ւա­կան «զեխ» նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը:

Բայց նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կա­յա­ցաւ մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ եւ այս առ­թիւ Հա­յաս­տան ժա­մա­նած հա­րիւ­րա­ւոր ա­նուա­-նի գոր­ծիչ­ներ, ի­րենց հետ դէ­պի Ե­րե­ւան ուղ­ղե­ցին ամ­բողջ աշ­խար­հին ու­շադ­րու­թիւ­նը:

Գաղտ­նիք ալ չէ, որ այդ տի­տա­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը յղա­ցող­նե­րուն ա­ռաջ­նա­յին նպա­տակ­նե­րէն մին էր աշ­խար­հի բո­լոր լու­սար­ձակ­նե­րը ուղ­ղել հա­յոց քա­ղա­քա­մայ­րին՝ Ե­րե­ւա­նի վրայ:

Նպա­տա­կը միայն ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեծ ցա­ւը պատ­մե­լը չէր, ոչ ալ պա­հանջ­նե­րու դրօ­շակ­նե­րը ծա­ծա­նե­լը, այլ աշ­խար­հին հետ նո՛ր ո­ճով եւ նո՛ր ե­րանգ­նե­րով խօ­սե­լու կեր­պը՝ ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ դարձ­նե­լու հա­մար հա­յու­թեան նրբա­գոյն ե­րանգ­նե­րը եւ նոր սկիզբ մը տա­լու մեր հա­մա­հայ­կա­կան եր­թին:

Ե­թէ պահ մը մէկ կողմ դնենք «Աւ­րո­րա»ի ե­րե­ւա­նեան «յաղ­թա­նակ»ը եւ հարց տանք մենք մե­զի, թէ ի՞նչ պի­տի պակ­սէր հա­յու­թե­նէն, ե­թէ նման նոր եւ ար­դիա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը չու­նե­նա­յինք, շա­տեր ինք­նավս­տա­հօ­րէն պի­տի պա­տաս­խա­նեն՝ ո՛չինչ:

Բայց ե­թէ խոր­քա­յին հա­յեաց­քով մը մօ­տե­նանք խնդրին, մենք ալ պի­տի հա­մո­զուինք, որ հա­յու­թեան հա­մար այ­սօր ա­մէ­ն բա­նէ ա­ւե­լի հար­կա­ւոր են նոր մօ­տե­ցում­նե­րը:

Նոր մօ­տե­ցում ու­նե­նալ չի նշա­նա­կեր հին հա­գուստ­նե­րը, հին գիր­քե­րը, հին­ցած վե­րար­կու­ներն ու սեւ­ցած պա­հա­րան­նե­րը այ­րել:

Այլ փո­խել, նո­րաց­նել:

Այդ մօ­տե­ցու­մով էր նաեւ, որ հրա­պա­րակ կը հա­նուէր «Կլո­պըլ հայ» մօ­տե­ցու­մը:

Թե­րեւս ա­ռա­ջար­կուա­ծը սաղ­մի մը մէջ ե­ղող գա­ղա­փար մըն է, որ կա­րիք ու­նի ժա­մա­նա­կի, ա­ճե­լու՝ մեծ­նա­լու հա­մար:

Թե­րեւս ալ այդ սաղ­մին մէջ ե­ղող պտու­ղը չհաս­նի իր ա­ռա­ջին շուն­չը քա­շե­լու ու մեռ­նի: Սա­կայն կա­րե­ւորն ու անհ­րա­ժեշ­տը փորձն է:

Փոր­ձը՝ պատ­մու­թեան նե­տը ճի՛շդ ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կե­լու, նո՛ր ա­կօս­ներ բա­նա­լու եւ նո՛ր ու­ղի­ներ գտնե­լու:

Միշտ չէ, որ հռե­տո­րա­կան ո­ճով պա­րու­րուած եւ կեղ­ծի­քի ա­ռա­գաստ­նե­րուն բա­ցուած մեզ ներ­սէն կրծող սո­վո­րա­մո­լու­թիւ­նը կրնայ յաղ­թել:

Վի­րա­ւոր, յոգ­նած, տխուր ու աղ­քատ պա­տու­հան­նե­րէն հա­յու­թեան վառ լոյ­սե­րուն սպա­սող ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ալ բա­ւա­կան ան­հիմն է խօ­սիլ ա­պա­գա­յի տե­սիլ­քին մա­սին, պա­հու մը, երբ ա­նոր օրն ու ա­ղօթ­քը դէ­պի եր­կինք չէ, որ կը բարձ­րա­նան, այլ կ՚ա­ղօ­թեն ու­շա­ցած անձ­րեւ­նե­րու վե­րա­դար­ձին, պահ­պա­նե­լու եւ հնձե­լու հա­մար բեր­քին՝ ոս­կին:

Մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ են այդ հար­ցում­նե­րը, բայց վա­ղուան կա­մար­նե­րը հիւ­սե­լու հա­մար ա­մե­նէն էա­կա­նը ե­րա­զին ներ­կա­յու­թիւնն է:

Ա­ռանց այդ ե­րա­զին, նոյն­պէս կը մեռ­նի հո­րի­զո­նա­կան ու դէ­պի հո­ղը վա­զող ա­ղօթ­քին բա­ռը:

Այս տա­րին ալ պի­տի փա­կենք:

Մեր սե­ղան­նե­րուն ա­ռատ ու­տե­լիք­ներ պի­տի ըլ­լան, գի­տեմ ա­տի­կա, բայց յոյ­սով եմ, մեր հա­ւա­քա­կան սե­ղա­նին վրայ դրուած ճոխ ու­տե­լիք­նե­րը դառ­նան վա­ղուան սե­ղա­նին հա­մար ըն­ծա­յուե­լիք մշտա­կան ուխ­տի նշխար­ներ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2016