ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ… ԵՒ ԱՆԳԱՐԱՆ

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նոր նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի երդ­մա­նա­կա­լու­թե­նէն ժա­մեր ա­ռաջ, ա­մե­րի­կեան բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը Ան­գա­րա­յի մէջ հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նար թուրք բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հետ:

Ա­ւե­լի վերջ, Յու­նուա­ր 20-ի իր թի­ւին մէջ «Հիւ­րրի­յէթ» (անգ­լե­րէն տար­բե­րակ) օ­րա­թեր­թը կը հրա­պա­րա­կէր հար­ցազ­րոյց մը՝ այդ պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը գլխա­ւո­րող «Ատ­լան­տեան խոր­հուրդ»ի փոխ-քար­տու­ղար Սթի­վըն Հատ­լիի հետ: Հատ­լի, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րէն Ճորճ Ու. Պու­շի խորհր­դա­կան­նե­րէն է, կը հա­մա­րուի երկ­րի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ազ­դե­ցիկ օ­ղակ­նե­րուն մօտ «խօսք ու­նե­ցող» անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը:

Հատ­լիի հար­ցազ­րոյ­ցը, զոր վա­րած է լրագ­րող Մու­րատ Եէթ­քին, կ՚ա­ռան­ձա­նա­ցուի յատ­կա­պէս, ո­րով­հե­տեւ կը տրուի այն­պի­սի հանգ­րուա­նի մը, երբ շրջա­նի բո­լոր եր­կիր­նե­րը ու­շի ու­շով կը հե­տե­ւին թուրք-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն:

Ա­մե­րի­կա­ցի փոր­ձա­ռու դի­ւա­նա­գէ­տը ա­ռանց թաքց­նե­լու կը յայ­տա­րա­րէ, որ եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բո­լո­րե­ցին «քննու­թեան շրջան» մը եւ այ­սօր ա­նոնք եր­կուքն ալ կը պատ­րաս­տուին նոր փու­լի մը:

Հատ­լի, որ իր նախ­կին գոր­ծու­նէու­թեան բե­րու­մով բա­ւա­կան «ման­րազննին» հա­յեացք ու­նի մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան խնդիր­նե­րուն վրայ՝ լաւ գի­տէ, որ Ան­գա­րան ան­հանգս­տաց­նող գլխա­ւոր խնդի­րը Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին մաս­նակ­ցող քրդա­կան ջո­կատ­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս ԵՓԿ-ին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու բա­ցա­յայտ նե­ցուկն է, որ կը շա­րու­նա­կուի ցայ­սօր:

Մինչ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի կա­ռա­վա­րած վար­չա­մե­քե­նա­յին հա­մար Սու­րիոյ մէջ «պայ­քա­րող» այդ խմբա­ւո­րում­նե­րուն մա­սին յստակ կե­ցուածք մը ու­նե­նա­լը բա­ւա­կան բարդ կը հա­մա­րուէր, ան­դին Ան­գա­րա­յի կող­մէ այդ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն զէնք մա­տա­կա­րա­րե­լու մա­սին զգու­շա­ցում­նե­րը կամ զա­նոնք նոյն Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) մա­կար­դա­կին դա­սե­լը կը մնա­յին ա­նա­րա­ձա­գանգ:

Ու այս կէտն էր, ո­րուն մա­սին կա­րե­ւոր շեշ­տադ­րում կը կա­տա­րէր Հատ­լին՝ նշե­լով, որ այդ «քրդա­կան թնճուկ»ին պատ­ճա­ռով է, որ Ան­գա­րա-Ո­ւա­շինկ­թըն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ո­րոշ ցնցում­ներ ապ­րած էին:

Ան այս ա­ռու­մով բա­ռա­ցիօ­րէն կ՚ը­սէր. «Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ քրդա­կան խմաբ­ւո­րում­նե­րուն ցուաց­բե­րուած նե­ցու­կը ան­հանգս­տու­թիւն ստեղ­ծած է Ան­գա­րա­յի մօտ: Մե­զի հա­մար այս ան­հանգս­տու­թիւ­նը հասն­կա­լի պէտք է ըլ­լայ»:

Հատ­լի նաեւ ընդ­հա­նուր վե­րա­քաղ մը ը­նե­լով շեշ­տած է, որ Թուր­քիոյ կող­մէ առ­նուած ո­րոշ կե­ցուածք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ ա­մե­րի­կեան հա­սա­րա­կու­թեան մօտ ո­րոշ անյս­տա­կու­թիւն, հե­տե­ւա­բար, ո­րոշ մեր­ժում մը կայ։ Այս պատ­ճա­ռով է նաեւ, որ այդ հան­րու­թիւ­նը (ա­մե­րի­կեան) շատ յա­ճախ կո­պիտ ձե­ւով կը հա­կազ­դէ։ Բան մը, որ ա­ւե­լիով կը լա­րէ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:

Բա­ւա­կան բարդ ան­կիւն­նե­րէ կը խօ­սի ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը ու ա­նոր մօ­տե­ցում­նե­րուն մէջ կան ոչ միայն քա­ղա­քա­կան, այլ նաեւ հո­գե­բա­նա­կան շեր­տեր:

Այս­տեղ պէտք է ան­պայ­ման յղում ը­նել ա­մե­րի­կեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ փրակ­մա­թիզ­մի յղացք­նե­րը:

Այ­սինքն՝ Հատ­լիի հնչե­ցու­ցած խօս­քե­րը պէտք է ըն­կա­լել որ­պէս բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հանգ­րուա­նի մը ա­ւար­տին (բնա­կա­նա­բար դրա­կան) կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք ա­ւե­լին են քան իղ­ձե­րը, կամ տուեալ պա­րա­գա­յին փա­փաք­նե­րը:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կա­րե­ւոր բա­նա­լի­ներ ու­նի Թուր­քիոյ բո­լոր հար­ցե­րուն ա­ռըն­թեր: Ա­ւե­լի՛ն. երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման հա­մար Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ պէտք է գո­հա­ցում տայ Ան­գա­րա­յի՝

ա.- Քրդա­կան բո­լոր ջո­կատ­նե­րը ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­ներ հա­մա­րե­լով,

բ.- Լու­ծե­լով Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի հար­ցը: Առ­նուազն ա­նոր ար­տա­յանձ­նու­մին փո­խա­րէն՝ ճնշման սեղմ օ­ղա­կի տակ առ­նե­լով Ան­գա­րա­յի հա­մար «փե­րո­սան­նա նոն կրա­թա» հա­մա­րուող կրօ­նա­կան գոր­ծի­չը եւ ա­նոր վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ գոր­ծող բո­լոր բջիջ­նե­րը կազ­մա­քան­դե­լով:

Այս հար­ցե­րուն դի­մաց կան նաեւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի կող­մէ առ­կայ պա­հանջ­նե­րը։ Ա­նոնք կը վե­րա­բե­րին Թուր­քիոյ ներ­քին առ­կայ խնդիր­նե­րը կար­գա­ւո­րե­լու մա­սին կը դա­սա­կար­գուին որ­պէս «փա­փաք»ներ, ո­րոնք կը հա­մա­րուին երկ­րորդ հար­թու­թեան վրայ գտնուող հար­ցեր:

Եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ապ­րուած «ցնցում»նե­րուն ա­ռըն­թեր կա­րե­ւոր «դեր» ու­նե­ցաւ սու­րիա­կան տագ­նա­պը: Տագ­նապ, որ պատ­ճառ դար­ձաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով կոշտ կեցուածք­նե­րով հան­դէս գա­լու: Բա­ցի այն փաս­տէն, որ լա­րուա­ծու­թիւ­նը մնաց Էր­տո­ղան-Օ­պա­մա վեր­ջին շրջա­նի յա­րա­բե­րու­թեանց հիմ­նա­կան խո­րա­գի­րը։ Փաստ է նաեւ, որ ա­մե­րի­կեան զի­նուո­րա­կան բարձ­րաս­տի­ճան մար­մին­նե­րու դէ­պի Ան­գա­րա այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը եր­բեք չդադ­րե­ցան:

Իսկ գա­լով Սու­րիոյ խնդրին, այդ ա­ռու­մով եւս բա­ւա­կան յստակ է, որ այ­սօր ըն­թա­ցող գոր­ծըն­թաց­նե­րով այդ երկ­րին մէջ կա­տա­րուող բո­լոր հիմ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը ան­ցած են Մոս­կուա­յին ձեռ­քը: Այ­սինքն, ե­թէ Մոս­կուա-Ո­ւա­շինկ­թըն սպա­սե­լի դրա­կան տե­ղա­շար­ժը ապ­րին, այն ա­տեն Ռու­սաս­տան պի­տի յա­ջո­ղի փա­րա­տել Ան­գա­րա-Ո­ւա­շինկ­թըն այդ պա­տու­հա­նի հար­ցե­րը՝ միա­ժա­մա­նակ լու­ծում­ներ տա­լով քիւր­տե­րու հետ հար­ցե­րուն:

Ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը այն է, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ Մի­ջին Ա­րե­ւելք կը վե­րա­դառ­նայ: Կամ առ­նուազն կը փոր­ձէ վե­րա­դառ­նալ: Ճիշդ է, որ հզօր կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն­ներ ու­նե­ցող այս եր­կի­րը յատ­կա­պէս ձա­խող դրսե­ւո­րում­ներ ու­նե­ցաւ «մեր ա­ւա­զան»ին մէջ ու իբր այդ ալ կա­րե­լի է ը­սել, թէ ան կը վե­րա­դառ­նայ, կամ պի­տի վե­րա­դառ­նայ:

Ու աս­կէ վեր ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը այն է, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ճար­տա­րա­պետ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնց­մէ մէկն է Սթի­վըն Հատ­լին, շատ յստա­կօ­րէն կ­­՚ու­րուագ­ըծ-ւի, թէ ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բա­րե­յա­ջող վե­րա­դար­ձին հա­մար կա­րե­ւոր դեր վե­րա­պա­հուած է Ան­գա­րա­յին:

Այս մօ­տե­ցում­նե­րը բնա­կա­նա­բար հիմ­նուած են շա­հե­րու եւ եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ գու­մա­րուած փոխ­յա­րա­բե­րու­թեանց ընդ­հա­նուր հան­րա­հա­շի­ւին վրայ:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նոր նա­խա­գա­հին հա­մար կա­րե­ւոր փոր­ձա­քա­րը միայն Մոս­կուա­յի հետ յա­րա­բե­րու­թեանց կար­գա­ւո­րու­մը չէ, այլ ճիշդ եւ ա­րագ քայ­լե­րով Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի իր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ «հաշտ եւ հա­մե­րաշխ» գոր­ծե­լը:

Բա­ցի Թուր­քիա­յէն, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մար նոյն­քան կա­րե­ւոր է Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ հետ առ­կայ խնդիր­նե­րու կար­գա­ւո­րու­մը եւ ընդ­հա­նուր հա­սա­րակ յայ­տա­րա­րի մը հաս­նի­լը:

Ի վեր­ջոյ մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան քար­տէ­սին վրայ Սպի­տակ տան եր­կու հիմ­նա­կան դաշ­նա­կից­նե­րը Ան­գա­րան եւ Ռիատն են, ո­րոնց հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը յայտ­նուած են բա­ւա­կան նուրբ դրու­թեանց մէջ:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ պի­տի կրնա՞յ վերս­տին «ջեր­մաց­նել» այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Պա­տաս­խա­նը յստակ չէ, սա­կայն ե­թէ նկա­տի առ­նենք առ­կայ տագ­նապ­նե­րուն պար­զած ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը, ա­պա պարզ է, որ այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­կար­գա­ւոր­ման կամ «ժա­մա­նա­կա­ւոր ա­պա­հար­զան»ի ժամ­կէտ­նե­րը հե­ռու չեն:

«Թուր­քիոյ եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ գտնուող բազ­մա­թիւ­նե­րու նման, ես ալ լիա­յոյս եմ, որ նա­խա­գահ Թրամփ եւ իր վար­չա­կա­զը կա­րե­ւոր եւ ե­րե­ւե­լի ճի­գեր կ՚ը­նեն ոչ միայն կար­գա­ւո­րե­լու հա­մար Ո­ւա­շինկ­թըն-Ան­գա­րա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, այլ նաեւ աշ­խա­տանք տա­նե­լու եւ ա­պա­հո­վե­լու Ա­մե­րի­կա­յի դէ­պի Մի­ջին Ա­րե­ւելք վե­րա­դար­ձը եւ թէ բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ», ը­սած է Սթի­վըն Հատ­լի եզ­րա­փա­կե­լով իր տուած հար­ցազ­րոյ­ցը թրքա­կան պար­բե­րա­կա­նին, ամ­րագ­րե­լով բո­լոր այն միտ­քե­րը, ո­րոնք ար­ծար­ծուե­ցան այս յօ­դուա­ծին մէջ:

Թրամ­փի Ա­մե­րի­կան Մի­ջին Ա­րե­ւելք կ՚ու­զէ վե­րա­դառ­նալ եւ այդ վե­րա­դար­ձի հիմ­նա­կան դու­ռը՝ Ան­գա­րան է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017