ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՍՈՒԱԾՔԸ

Տօնածառին լոյսերը կը վառին ու կը մարին: Կը նայիմ անոնց՝ անփոյթ եւ անգործ: Ի՜նչ լաւ է այս զգացումը, կը խորհիմ: Տաքուկ, հանգիստ եւ անհոգ, տունը նստած՝ տօնածառը կը դիտեմ:

-«Ո՜հ, մեր կրակարանն ալ եթէ ըլլար», դժգոհանքի աղբիւրն է խօսողը: Գոհունակութեան աղբիւրը կը փութայ պատասխանելու. «Աշխարհի վրայ գիտե՞ս քանի մարդ կայ, որ անտուն է, ամենէն պարզ իրաւունքներէն զրկուած է եւ չքաւոր: Պէտք է փառք տալ»: Անմիջապէս փառք կու տամ:

Յիշողութեանս մէջ, սակայն, կ՚արթննան մանկութեանս եւ պատանեկութեանս շրջանէն մեր կրակարանին ջերմ յուշերը: Ամենէն նորերը Սուրիոյ պատերազմի առաջին տարիներէն են: Երբ ելեկտրականութիւնը կ՚անջատուէր, ժամեր կրակարանին քով նստած՝ դաս կը սորվէի, կամ գիրք կը կարդայի լուսարձակի լոյսով: Այդ պատկերը պղտորած էր մտքիս մէջ, սակայն պայծառ է եւ ջերմ՝ անոր արթնցուցած զգացումը:

Վերջերս «Ինսթակրամ»ի մէջ շատ նկարներ կը տեղադրեն՝ կրակարանին կողքը նստած, ծածկոց մը իրենց ոտքերուն վրայ եւ գաւաթ մը տաք խմիչք իրենց կողքը զետեղած: Ճիշդ այդ նկարներուն պէս է այս յիշողութիւնս, բայց՝ շա՜տ աւելի պարզունակ եւ հարազատ: Նորաձեւութեան ամենէն նոր ծածկոցները չես տեսներ հոն, ոչ ալ՝ մարշմելլոյով լեցուն տաք տուրմով լի բաժակ մը եւ ոչ ալ՝ համաչափ աղիւսներով կրակարան մը:

Մեր կրակարանին աղիւսներէն երկուքը ինկած էին, իսկ միւսները՝ ծուխէն սեփ-սեւ դարձած: Մէջը այրող փայտերը հայրս իր ձեռքերով ջարդած կ՚ըլլար եւ տուն բարձրացուցած՝ շալակով: Մեր կրակարանը յաճախ կը մխար: Կողքիս գաւաթը պատանեկան բանակումներու գաւաթը կ՚ըլլար: Թէյը՝ Քեսապի կանաչ թէյերէն դաղձը՝ քերենոխը, որ մայրս կամ մեծ մայրս հաւաքած կ՚ըլլային մեր չքնաղ Տափասայի սարէն եւ չորցնելու դրած՝ ձմեռուան համար: Իսկ ծածկոցը, որ դրած կ՚ըլլայի ոտքերուս, մեծ մօրս կամ հօրս հօրաքրոջը ձեռակերտը կ՚ըլլար: Ծածկոցնե՜ր…, որոնց անհամաչափութիւնը եւ հորիզոնական երիզներու վառ երանգները կ՚օրօրէին երեւակայութիւնս:

Տարիներ առաջ, ամէն Կաղանդին, մեծ մայրս եւ հօրս հօրաքոյրը Նոր տար-ւան իբրեւ նուէր, նարինջին եւ չիր ու չամիչին կողքին, ընտանիքի պզտիկներուն մէկական բուրդէ քազակ կը հիւսէին՝ սիրուն զարդանախշերով: Քեսապի Ամանորեայ աւանդական սովորութիւն մըն էր ասիկա: Իսկ երբ քազակները կը պզտիկնային, կը քակէին, կը վերահիւսէին, այս անգամ կը պատրաստէին նախշուն ծածկոցներ: Շատ տաք կը պահէին եւ բաւական ալ ծանր կ՚ըլլային: Կը յիշեմ՝ մանուկ տարիքէս անկողինիս պատրաստի ծածկոցներուն վրայ միշտ կը դնէի հարազատներուս պատրաստածները, առանց անոնց չէի կրնար քնանալ: Կարծես առանց անոնց չէի տաքնար: Կապ մը կը զգայի այդ բուրդէ հիւսուածքներուն հետ: Խորհուրդ ունէին: Յարատեւ աշխատանքի ներկայացուցիչներ էին ինծի համար:

***

Մեր ազգային-հանրային կեանքի մէջ չկայ աշխատանք, որ ըլլայ անկարեւոր: Ամէն աշխատանք իր յատուկ տեղը ունի, ցայտուն գործ ըլլայ, թէ փոքր ու աննշան: Ինչ մարզի ալ պատկանին աշխատանքները, որոշ եւ յստակ արժէք ու նշանակութիւն ունին: Եթէ նոյնիսկ կատարուածը մէկ բարակ երանգ մը պիտի բերէ մեր պատմութեան հիւսուածքին: Այդ երանգը այլազանութիւն եւ նոր թափ պիտի յառաջացնէ այլ գործողի մը մօտ: Թերեւս առանց այդ երանգաւորման՝ ամբողջական չի դառնար մեր պատմութեան ձեռքի գործը, եւ բացթողումներ կը տեսնենք: Ամէն դերակատար իր կոչումը պիտի գտնէ, պէ՛տք է գտնէ եւ կատարէ ամբողջացնելու համար մեր գլուխ գործոցը: Հարազատ հիւսուածքէ դուրս՝ բոլոր աշխատանքները դատապարտուած են կորուստի:

Հայ ազգի իւրաքանչիւր սերունդ պիտի հիւսէ իրեն բաժին հասած երանգը՝ մայիսեան յաղթանակներու ղօղանջներէն ներշնչուած, մինչեւ որ իրականանան ազգային մեր բոլոր երազները: Երիզ առ երիզ, երանգ առ երանգ՝ անկասկած պիտի ամբողջանայ հայկական փառահեղ հիւսուածքը ու տարածուի հայկական լեռնաշխարհին վրայ: Այն ատեն կրկին անգամ պիտի ցնծայ հայոց աշխարհը, ու մեր բոլոր նահատակներուն հոգիները, դարերու սպասումէն ետք, պիտի խաղաղին վերջապէս:

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018