ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾԻՆ ՀԱՆԳՈՅՑՆԵՐԸ
Մանուկ էի, քնացած միջոցիս մօրս ձեռագործի զոյգ միլերուն ձայնը օրօրի պէս կը թմրեցնէր զիս: Մայրս օրն ի բուն տան գործերով զբաղելէն ետք, միլերը ձեռքը կ՚առնէր ու մեզի բուրդէ հագուելիքներ կը գործէր: Երկար տարիներ առանձին չէի քնանար, կը սոսկայի մենութենէն: Մայրս ամէն ինչ մէկդի դնելով կողքս կը նստէր, կը զրուցէինք, հեքիաթներ կը պատմէր, բայց ձեռքը միշտ կը շարժէր, զբաղում մը, գործ մը անպայման կը ճարէր նոյնիսկ նստած պահուն: Ուշի ուշով կը հետեւէի իր ձեռքի շարժումներուն ու մի քանի տարի ետք, արդէն դիտելով սկսած էի սորվիլ աշխատանքին ոճը ու մօրս ցուցմունքներով զարգացնել զայն: Առաջին գործածս բուրդէ շալ մըն էր՝ քիչ մը անճոռնի, մայրս բաւական ուղղեց սխալ գործը ու պատրաստ ըլլալէն ետք երկար ատեն գործածեցի, մաշեցաւ ալ, բայց շատ մեծ հաճոյքով կը կրէի զայն ու կը պարծենայի ընկերուհիներուս ցոյց տալով:
Շատ կը հրճուէի մանաւանդ, երբ տարին երկու անգամ մայրս կը բանար իր ննջասենեակի պահարանին պոխչաները, որպէսզի արեւ տեսնեն, օդ առնեն մէջի ապրանքները: Պոխչաները ձեռքով աշխատցուած էին ու շատ գեղեցիկ, իսկ անոնց մէջ կը գտնուէին մօրս ձեռագործները: Մեծամասնութեամբ՝ ասեղնագործներ: Շատ կը փափաքէի տեսնել մօրս ասեղնագործ հիւսելը: Օր մը ան ցոյց տուաւ, երբ խաչ կը հիւսէր: Խաչը հանգոյց-հանգոյց կը գծուէր մատներու ներդաշնակ շարժումներով, մտքի սեւեռումով ու ուշադրութեամբ, մէկ խօսքով մարմնի բոլոր զգայարանքներու կեդրոնացումով: Համբերութեան դաս մ՚էր կարծես կ՚աւանդուէր, պատմութեան՝ թէկուզ, կը տեսնէի հայ կիներու ձեռքերը մօրս մատներուն շարժումներուն ընդմէջէն, հայ ճարտարապետն էր կարծես խաչքար կը քանդակէր, բայց ոչ, հոս նրբութիւն կար, նուրբ արուեստ մը՝ հինէն աւանդուած:
Մայրս գիտէր իմ հետաքրքրութիւնս ու այդ պոխչա բանալու արարողութիւնը միշտ իմ ներկայութեանս կ՚ընէր: Զգուշութեամբ մէկ-մէկ ձեռագործները կը հանէինք ծրարէն, կը ձեռնէի ամէն մէկը երկարօրէն կարծես կը զգայի մօրս մատներուն ջերմութիւնը այդ գործերը հիւսած միջոցին, անոր գեղեցիկի հանդէպ ունեցած երեւակայութեան դրսեւորումն էին անոնք, ինչպէս գծագրիչը կը պատկերէ բնութիւնը, կամ այլ տեսարաններ, մէկ տարբերութեամբ միայն, կրնայ ըլլալ որ գծագրիչը կ՚ընդօրինակէ այդ գեղեցկութիւնը իր վրձնահարուածներով եւ անձնական դրոշմ մը կը դնէ իւրաքանչիւր պատկերին մէջ, բայց ասեղնագործը զուտ երեւակայութեամբ հիւսուած գործ մըն է, միայն հիմք ունի ասեղն ու թելը, որուն հանգոյցներու հիւսուածքին վարպետութեամբ կը գծագրուի ձեռագործին տեսքը:
Ճամբորդութեանս կը պատրաստուէի, երբ մայրս ինծի յանձնեց այդ հարստութիւնը, գիտէր ինծի համար անոնց ունեցած նշանակութիւնն ու արժէքը: Այդ պահուն ինքզինքս տարագրեալներուն նման զգացի, որոնք եւս իրենց հետ հատ ու կենտ նման հիւսուածքներու օրինակներ բերած էին, երբեմն մխրճած էին զանոնք քանի մը կտոր հագուելիքներու ծրարին մէջ, կամ Աստուածաշունչ մը փաթթած անով ու պահած հագուստներուն մէջ, կամ իրենց իսկ հագուստներուն օձիքները ձեռքի գործով հիւսուած էին ու այդ պատառիկները անոնք հասցուցած էին որպէս յուշեր հայրենական տունէն, թերեւս նաեւ իրենց մանկութենէն ու պատանութենէն յուշ մըն ալ քաշքշած էին անոնց հետ:
Պատառիկները սակայն յետոյ գործի ծառայեցին, հայ կինը վարժ է աշխատելու ու արարելու, ան զինուած է նաեւ գիտակցութեամբ. անցեալի դառնութիւնները մէկդի ձգելով ան ջանաց պայծառացնել ապագայի տեսլականը: Օրն ի բուն աշխատեցաւ ու ստեղծագործեց, տարուէ տարի զարգացաւ ու մտաւ կեանքի ասպարէզ: Պատսպարաններուն մէջ հայ աղջիկներուն սորվեցուց ձեռագործի աշխատանքներ, որոնք հետզհետէ հմտացան: Աւելին նաեւ կարելի է ըսել, անոնք գաւառներէն եկած մէկզմէկուն սորվեցուցին իրենց հմտացած աշխատանքին գաղտնիքները: Մարաշցին սորվեցուց Մարաշի գործը, ուրֆացին՝ Ուրֆայի գործը, վանեցին՝ Վանի գործը ու այսպէս բոլորը միասին ձեռք ձգեցին զանազան հմտութիւններ, որոնք հետագային՝ համայնքի կազմակերպումէն ետք հայու դրոշմ դարձան իրենց ապրած երկիրներուն մէջ:
Կը յիշեմ Սիւլէմանիէ պողոտային վրայ կը գտնուէին երկու թել վաճառող խանութներ: Դէմ դիմաց էին անոնք: Սինամա Սուրիային կողքն էր մէկը, որ աւելի ընդարձակ էր եւ ունէր ամէն տեսակի հիւսուածքներու յարմարող թելեր՝ հաստը, բարակը, մետաքսը, սիմը, կերպասներ, որոնք միայն ձեռագործներու համար կ՚օգտագործուէին՝ օպիսոնը, մուսլինը, էդամինը, կանեւան, միւս վաճառողին խանութը ճիշդ դէմի մայթին վրայ կը գտնուէր, իսկ խանութը աւելի փոքր ըլլալուն համար կարծես յաճախորդները նուազ էին, անոնք երբ իրենց խնդրած տեսակը չգտնէին ընդարձակ խանութէն, հոս կը փնտռէին: Տէրերը տեղացիք էին: Բայց անոնց յաճախորդները գրեթէ հայ կիներ էին: Երկար տարիներու իրենց հաղորդակցութեան պատճառով արաբները քանի մը բառ հայերէն ալ սորված էին, այն բառերը որոնք կ՚առընչուէին իրենց ապրանքներուն հետ: Այդ էր նաեւ պատճառներէն մէկը, որ հայ կիները հոնկէ ընէին իրենց գնումները, քանի որքան ալ լաւ արաբերէն գիտնային անպայման կը շփոթէին արուն ու էգը, որ հիմնական դժուարութիւնն է արաբերէն լեզուին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
•շար. 1