ԼԷՈՆԻՏ ԵՆԳԻԲԱՐԵԱՆ. «ՁԵՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ԵՍ ՉԿՐՑԱՅ ԱՊՐԻԼ, ԻՍԿ ԻՄ ԱՇԽԱՐՀԻՍ ՄԷՋ՝ ՄԻԱՅՆԱԿ ԵՄ»
«Ծնած եմ Մոսկուա: Ինը տարի անցուցած եմ ռինկէն ներս: ...Շատ մասնագիտութիւններ փոխած եմ: Քսաներկու տարեկանիս ինծի կը մնար միայն դերասան դառնալ: Գրել սկսած եմ նոյն ժամանակ, ակամայ: Հեղինակներէն ոչ ոք կ՚ուզէր աշխատիլ հետս. ինքս ստիպուած էի սցենարիստ (շարժանկարի ուրուագիծ գրող) դառնալ: Դուր եկաւ: Այժմ սարսափով կը մտածեմ՝ իսկ եթէ յանկարծ յայտնուի՞ իրական սցենարիստը...»:
Իր մասին այսպէս կը գրէր ընդամէնը 37 տարի ապրած, «աշունը սրտին մէջ ծաղրածուն» (ինչպէս կոչած են անոր), տաղանդաւոր մնջկատակ, կրկէսի անզուգական դերասան, ՀԽՍՀ ժողովրդական արթիստ Լէոնիտ Ենգիբարեանը:
1935 թուականի մարտ 15-ին, Մոսկուայի Մարյինա Ռոշչա արուարձանին մէջ ծնած Լէոնիտին հայրը հայ էր, մայրը՝ ռուս: Լէոնեան (այսպէս յաճախ կը կանչէին անոր) մինչ կրկէս մուտք գործելը՝ «իրը» գտնելու փնտռտուքներու մէջ էր. աւարտելով դպրոցը, նախ կ՚ընդունուի ձկնային տնտեսութեան ինստիտուտ՝ ուսանելով վեց ամիս միայն: Ապա կը տեղափոխուի մարմնամարզութեան ինստիտուտ: Առաջին կարգ հասած հրաշալի բռնցքամարտիկը, որ բաւական լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած էր՝ մրցոյթներու ժամանակ գրաւելով երրորդ եւ առաջին տեղերը, շուտով այդ ասպարէզէն ալ կը հեռանայ: Որեւէ մասնագիտութիւն փորձելու ժամանակ, «...սիրտս կը շշնջար՝ աս քուկդ չէ. դուն դեռ պիտի գտնես քուկդ»: 1955-ին, Կրկէսային արուեստի պետական ուսումնարանին մէջ նոր բացուած ծաղրածուական բաժինը մտնելով, ան կը բացայայտէ որ ատիկա այն «ճակատագրականն ու վերջնականն է, որու մասին անդադար կը շշնջար սիրտս»: Ուսումնարանը աւարտելէ վերջ, Լէոնիտ իբրեւ ծաղրածու իր առաջին քայլերուն կը սկսի Երեւան երթալով եւ հայկական կրկէսախումբ ընդունուելով:
«Երբ կը ստեղծէի իմ ծաղրածուական կերպարը,- կը պատմէ ան,- յաջողեցայ զայն օժտել մարդկային յատկութիւններով՝ ի տարբերութիւն ծաղրածուական շատ դիմակներու։ Ծաղրածուներու կաղապարային դիմակներէն կը բացակայի մարդկային բնաւորութիւնը, հետեւաբար, նաեւ թախիծը։ Նման դիմակներու վրայ կայ միայն հերթապահ ծիծաղ։ Հետեւաբար, չկայ մարդը։ Իսկ իմ հերոսս մարդն է։ Այդ պատճառով կը ծիծաղի, կը տառապի, կը թախծի եւ իրեն պատասխանատու կը զգայ շուրջը կատարուող ամէն ինչի համար»։
20-րդ դարու կրկէսի նշանաւոր դերասանը 1956-էն մուտք կը գործէ նաեւ շարժանկարի ասպարէզ, «Կոմունիստ» շարժանկարին մէջ փոքրիկ դրուագով մը՝ կերտելով գլխաւոր հերոսը սպաննող յանցագործներէն մէկուն կերպարը։
Հայկական շարժանկարի տաղանդաւոր բեմադրիչ Հենրիկ Մալեան եւ Լեւոն Իսահակեան կ՚որոշեն շարժապատկեր մը ստեղծել կրկէսի ծաղրածուի մասին՝ ներկայացնելով անոր իրական անցած ուղին, որ պէտք է մարմնաւորէր ինքն իսկ՝ Ենգիբարեանը: Կը ստեղծուի «Ճանապարհ դէպի կրկէս» (1963թ.) շարժանկարը: Լէոնիտը պարզապէս կը զարմացնէ իր անզուգական դիմախաղով ու բացառիկ ճկունութեամբ, խորիմաստ եւ վարպետ կատարումով, զոր ամբողջ շարժանկարի ընթացքին կ՚ուղեկցուի իր էութիւնը հարազատօրէն բացայայտող թախիծի շղարշով մը:
Յետագային, ան ինքնատիպ դերեր կը ստանձնէ շարժանկարի հանրահռչակ բեմադրիչներ Սերկէյ Փարաճանովի «Մոռացուած նախնիներու ստուերները», Ռ. Պիկովի «Այպոլիտ-66», Վ. Շուք-շինի «Վառարան-նստարաններ» շարժանկարներու մէջ: Իր մասնակցութեամբ, յետոյ իր մասին բազում շարժանկարներ կը ստեղծուին. «Կրկէսաբեմին վրայ պատանեկութիւնն է», «Ծանօթացէք՝ Լէոնիտ Ենգիբարեան», «2-Լէոնիտ-2», «Վզնոց իմ սիրելիին համար», «Մեր մանկութեան կրկէսը», «Լէոնիտ Ենգիբարով», «Լէոնեայ, մեզ բան մը ցոյց տուր», «Մարդը՝ դեղին մոլորակէն», «Բոլորը ծաղրածու են: 4-րդ Եթերաշրջան: Լէոնիտ Ենգիբարով», «Լէոնիտ Ենգիբարեան: Հեռուստամեմուարներ: Ան արեւոտ ծաղրածու էր...», «Լէոնիտ Ենգիբարեան բոլոր ռէփրիզները», «Գրպանահատներու արքան» (որու բեմադրիչը ինքն էր), «Աստղային ծաղրածուն», «Ծիծաղի արքաները: Ենգիբարեան», «Լէոնիտ Ենգիբարեան (Ինչպէս գացին կուռքերը)», «Սիրտը ափին մէջ» (իր ծննդեան 70-ամեակին նուիրուած), «Ծաղրածուն հրաժեշտ կու տայ Փրահային», «Լէոնիտ Ենգիբարեան. Ժպիտ՝ արցունքներու մէջէն», «Պոետն ու ծաղրածուն»:
1964-ին Փրակի մէջ տեղի ունեցած ծաղրածուներու միջզգային մրցոյթին Ենգիբարեան կ՚արժանանայ առաջին մրցանակի՝ Է. Պասի անուան գաւաթին։
«Բոլոր ժամանակներու ծաղրածու»ն մեծ յաջողութեամբ հիւրախաղերով հանդէս կու գայ ԽՍՀՄ-ի, Ռումանիոյ, Լեհաստանի եւ Չեխիայի մէջ, արուեստասէր հանդիսատեսին հրամցնելով Ենգիբարեանական բարդ ու ինքնատիպ, ճշմարիտ եւ հաւաստի, հետաքրքրական կատարումներ: Կատարումներ, որոնք այսօր ալ անգերազանցելի մնացած են. եւ արուեստ, զոր ունէր ըսելիք, միտքի թռիչք, լի էր նորարար մտայղացումներով եւ մտորելու ու խորհելու կը մղէր:
Ենգիբարեան նաեւ կը գրէր հրաշալի արձակ ստեղծագործութիւններ՝ նովելներ, որոնց մէջէն ի յայտ կու գայ «արեւոտ ծաղրածուի» հանճարեղ, քնարական, տխրաթախծոտ, խորաթափանց, նրբագեղ եւ զգայուն հոգին: Ան 100-է աւելի նովելներու, նաեւ «Առաջին ռաունտ» եւ «Վերջին ռաունտ» գիրքերու (ռուսերէն) հեղինակն է:
Սակայն աւելի «իր սրտին հարազատը» կրկէսն էր, ուր ինք կը ստեղծէր, կը բեմադրէր եւ կը ներկայացնէր կերպարները: Տարախոհ, տարաճաշակ հանդիսատեսը հաճոյքով կը դիտէր անոր հեղինակած՝ «Ջութակ», «Բռնցքամարտ», «Փողոցային լարախաղաց», «Քայլեր», «Սիրտը ափին մէջ», «Մանկական կեանքը», «Հովանոց», «Լոյս եւ ստուեր», «Մարդ, որուն հետ պատերազմած եմ», «Ողջն ու մեռածը», «Ողիմպիական մետալներ» եւ այլ մանրապատումները:
Աշխարհի շատ բեմեր նուաճած Ենգիբարեան, կը ստեղծէ մնջախաղի իր էսթրատային թատրոնը, ուր կը խաղայ իր հեղինակած ներկայացումները (որոնք կը ներկայացնէր նաեւ կրկէսին մէջ), ստեղծելով եւ կատարելով ողբերգական եւ կատակերգական տեսարաններ, բազմազան կերպարներ ու իրավիճակներ, բարդ հնարքներ: Յիշարժան են «Աստղային անձրեւ» եւ «Ծաղրածուի տարօրինակութիւնները» մանրապատումները:
Բարձրարուեստ ծաղրածումնջախաղացը մարդոց ծիծաղ պարգեւող խոհուն եւ փիլիսոփայ արուեստագէտ մըն էր, որ լռելեայն կը խօսէր կեանքի, ճշմարտութեան, բարիի եւ չարի, լոյսի եւ ստուերի, խիղճի մասին: Իր սկզբունքն էր. «Առանց որեւէ իզմի, թեքուելու կամ տատանուելու… կը կենաս ձեռքերուդ վրայ, հաց կ՚ուտես»:
Բազմաթիւ հռչակաւոր անձերու պէս՝ բարձր գնահատելով Ենգիբարեանի տաղանդն ու արուեստը, չեխ նշանաւոր դերասան, գրող, բեմադրիչ, նկարիչ եւ թատրոնի տեսաբան Միրոսլաւ Հորնիչէք ըսած է. «Հազարաւորներ կու գան, շարունակ կը խօսին եւ ոչինչ կ՚ըսեն: Ան եկաւ, լռեց եւ ամէն ինչ ըսաւ»:
«Սովորաբար կրկէսին մէջ ծաղրածուները դադարները կը լրացնեն՝ արթիստներու ելոյթներու միջեւ: Ենգիբարեանի պարագային հակառակն էր. մենք՝ արթիստներս, կը լրացնէինք անոր ելոյթներու դադարները», ըսած է Հայաստանի կրկէսի գեղարուեստական ղեկավար, Ենգիբարեանի սան Սօս Պետրոսեան, զոր 1972-ին Երեւանի մէջ հիմնեց «Ենգիբարեանի անուան մանկական կրկէս-սթուտիօ»ն:
Քաղաքներէն Ենգիբարեան կը սիրէր Երեւանը, Մոսկուան, Փրակը, տարուան եղանակներէն՝ աշունը, զոր «բոլոր ժամանակներու ծաղրածու» կը կոչէր:
Չնայած ձեռք բերած մեծ փառքին, «արցունքներու մէջէն ժպտացող» Ենգիբարեան բնաւ հարուստ չեղաւ, բայց հոգիով հարուստ, նրբամիտ եւ ողջ կեանքի ընթացքին մանուկ մնացած, մաքուր սրտով երիտասարդը՝ հեքիաթի հերոսի մը պէս, հանդիպած աղջիկներուն ծաղիկներ նուիրել կը սիրէր, չնայած՝ «Մեծ քաղաքին մէջ ծաղիկներ նուիրելը շատ դժուար գործ է», կ՚ըսէր:
Տարիներ շարունակ իր հանդիսատեսը լռութեամբ զուարճացնող եւ յուզող, այդ թախծոտ ծաղրածուն իր արուեստի պէս ալ լուռ եւ հանգիստ, իր ննջասենեակին մէջ, միայնութեան մէջ հրաժեշտ տուաւ կեանքին: 1972 թուականի յուլիս 25-ի առտուն, մայրը կը մտնէ սենեակ զայն արթնցնելու..., լռութիւնը կ՚ըլլայ միակ պատասխանը: «Հեռանալիս մի՛ մարեր դիմացինիդ հոգւոյն լոյսը», կ՚ըսէր Լէոնիտ: Ինք հեռանալով, հաւատարիմ մնաց իր խօսքերուն՝ իր ձգած ժառանգութեամբ լոյս պարգեւելով հանդիսատեսի հոգւոյն:
Տաղանդաւոր դերասանը իր խաղով եւ ստեղծած կերպարներով ոչ մէկ բանով ետ կը մնար աշխարհահռչակ մնջկատակներէն: Տակաւին որքա՜ն գլուխգործոցներ ունէր աշխարհին տալու ան, որքա՜ն անաւարտ հեքիաթներ տարաւ ան իր հետ...
«Ծաղրածուներու արքայ» անուանուած՝ հաճելի դիմագիծերով, երազկոտ ու բարի աչքերով, այդ հրաշք դերասանէն շատ սորվելիքներ ունին ներկայիս եւ ապագայի մնջախաղի դերասաններն ու ծաղրածուները:
«...Ես այնպիսին չեմ, ինչպէս բոլորը: Ծաղրածուն չի կրնար ըլլալ ինչպէս բոլորը: Ծաղրածուն մասնագիտութիւն չէ, աշխարհայեացք է: Եթէ դուք այդպէս՝ ծաղրածուի աչքերով կը նայիք աշխարհին, ապա ինչով ալ զբաղիք, միեւնոյն է՝ ծաղրածու էք: ...Կը վախնամ բարեկեցութենէ: Կը սիրեմ ծովը, աշունը... Վինսենթ վան Կոկ»: «Համաձայն չեմ որ մնջախաղը կոչուի «լռութեան արուեստ»: Ինծի կը թուի, թէ շարժումն ու դիմախաղը իրենց հնչողութիւնը ունին, ինչպէս գոյնը: Մնջախաղը հրաշալի է անով, որ մարդուն կը ստիպէ մտածել, ... կը վստահի մարդուն եւ կը բարձրացնէ զայն իր սեփական աչքին: ...Բեմ կու գայ ներկուած դէմքով, տարօրինակ ու զուարճալի մարդը, կը խնդացնէ մեզ, եւ յաճախ ինք արտասուելով կը հեռանայ», Լէոնիտ Ենգիբարեան:
«...Ենգիբարովը առանց որեւէ բառ արտասանելու հանդիսատեսին հետ կը խօսի սիրոյ ու ատելութեան, մարդու նկատմամբ յարգանքի, ծաղրածուի յուզառատ սրտի, մենութեան եւ ունայնութեան մասին: Եւ այս բոլորը ան կ՚ընէ մաքուր, նուրբ, անսովոր», ԽՍՀՄ ժողովրդական արթիստ, յայտնի ծաղրածու Եուրի Նիքուլին:
«Մտայղացումներով լի հետաքրքիր ու դժուարին շատ կատարումներ մինչեւ օրս մնացին չգերազանցուած, մնացին՝ Ենգիբարեանական: ...Ցաւօք, Լ. Ենգիբարեանն աւելի շատ մտայղացումներ տարաւ իր հետ, քան ըրաւ ողջութեան ժամանակ: Կեանքէն հեռացաւ, երբ կ՚ապրէր ստեղծագործական բուռն զարգացման ու վերելքի շրջանը: Ափսոս, անոր «ջութակը» վաղաժամ կոտրեցաւ. բայց ամոքուինք այն բանով, որ մեծ հայորդիի ջութակի ձայնը դեռ կը լսուի», circus.am կայք:
ՄԱՆՐԱՊԱՏՈՒՄՆԵՐ՝ ԼԷՈՆԻՏ ԵՆԳԻԲԱՐԵԱՆԷՆ
ԳՐՊԱՆԱՀԱՏԸ
Ես գրպանահատ եմ: Ես գրպանահատներու արքան եմ: Ես հարուստ եմ եւ երջանիկ: Գրեթէ երջանիկ: Միայն թե ափսո՜ս, որ ոչ ոք գրպանին մէջ իր սիրտը կը պահէ:
ԼԱՊՏԵՐՆԵՐԸ
Գիշեր է: Անձրեւ կը մաղէ: Կաթիլները... երբ կ՚իյնան լապտերներու լոյսին տակ, կը թուի, թէ փողոցի երկայնքին շարող լապտերները կ՚արտասուեն:
Ինչի՞ մասին: ...Ամբողջ գիշեր անոնք կ՚արտասուեն մենակութենէ...
ԴՈՒՆ, ԵՍ ՈՒ ԻՄ ՏԽՐՈՒԹԻՒՆԸ
Սրճարանը կը դատարկուի: Կը շարժին աթոռները, կը շխկշխկայ սպասքը խոհանոցին մէջ:
Կը մնանք միայն դուն, ես ու իմ տխրութիւնը: Ներէ, գիտեմ որ կ՚ուզէիր երկուքով ըլլանք այսօր, բայց հետս է իմ տխրութիւնը... Ըհը՜, դուն արդէն կը զայրանաս, զանգել կ՚ուզես, շտապ է:
Կը մնանք երկուքով, ես ու դուն՝ իմ տխրութիւն...
ՉԷ ՈՒ ՀԱ
Ես անդունդի եզրին եմ՝ «Ոչ»ի ու «Այո»ի արանքը։ Քո «Ոչ»էն ես իմ «Այո»ին կը հասնիմ ցանկութենէ, ամաչկոտութենէ եւ սէրէ հիւսուած պարանով։ Այն կը ցնցուի, կը ճօճուի, ու իմ վրաս կախուած է Միայնութիւնը եւ «Այո»ն, որ այնքան գրաւիչ ու մօտ կը թուէր, հիմա անհասանելի է: Բայց ես կը քալեմ, Հպարտութիւնը կը պահէ հաւասարակշռութիւնս: Նաեւ հին ու բարի Յոյսի վալսը, զոր կը հնչէ բարդ համարներու կատարման ժամանակ, ուժ կու տայ ինծի։
...Ես կու գամ. փորձելով չնայիլ ներքեւ, եւ չմտածել որ յանկարծ, մինչ ես կու գամ դէպի քո «Հա»ն, ինչ-որ մէկն արդէն հասած է քեզի, օգտագործելով Բարեկեցութեան աստիճանը...
ԵՍ ԿՐԿԻՆ ՄԻԱՅՆԱԿ ԵՄ...
...Իմ հանդիսատես, ես կը հաւատամ այն բանին որ դուն պիտի բարի ըլլաս: Ինչի՞ մասին դուն այսօր, այժմ, այս երեկոյ, կը մտածես, դուն, որ վաղը գալու ես ինծի նայելու: Երեւի, ոչ իմ մասին: Իսկ եթէ նոյնիսկ իմ մասին, միտքովդ ալ չ՚անցնիր, թէ ինչ տխուր է, եւ ինչքան չ՚ուզեր ապրիլ այս ծաղրածուն, թէ ինչ միայնակ է ան:...
Միթէ՞ քո միտքով կ՚անցնի, որ ես լիովին, կը հասկնա՞ս, բացարձակապէս մինակ եմ:
Չեմ հասկնար, ...չեմ հասկնար ձեր օրէնքները, ձեր բարոյականութիւնը, ձեր սէրը, մեծահասակներ: Չեմ գիտեր, թէ ես ինչպէս պիտի ապրիմ: Ձեր աշխարհին մէջ ես չկրցայ ապրիլ, իսկ իմինիս մէջ՝ ես լրիւ միայնակ եմ:
ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ
Կը մեկնիմ: Ես վաղը կը մեկնիմ: Ճանապարհը՝ երկա՜ր-երկա՜ր։ Եւ նոյնքան երկար է գնացքը:
Ան կազմուած է տասնեակ, գուցէ նաեւ հարիւր հազարաւոր վակոններէ: Ամէն վակոնին մէջ՝ հարիւրաւոր լուսամուտներ, որովհետեւ ամէն մի վակոն մէկ հարիւրամեակ է:
Ես կը մտնեմ վերջին վակոն, որ գոնէ փոքր ինչ մօտ ըլլամ քեզի:
(Յապաւումներով)
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ