ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ (ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ)
ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍ ՅԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ
Հարցում.- Գիրքի մը մէջ հետեւեալ հարցումին հանդիպած եմ. յստակեցում կ՚ուզեմ:
«Ի՞նչ էր Յիսուսի աւարտը յարութենէն ետք»:
«Իր կենդանի մարմինո՞վ, թէ Իր հոգիով երկինք բարձրացուեցաւ»:
«Հիմա ո՞ւր է. նկատի ունենալով, որ Աստուած շօշափելի սահմանուած վայր չունի, որպէսզի բարձրացումը զգայականօրէն ըլլայ»:
Պատասխան.- «Յիսուսի աւարտը» նախադասութիւնը, ճիշդ արտայայտութիւն չէ:
Տէր Յիսուս աւարտ չունի: Ինչպէս Գիրքը կ՚ըսէ. «Իր կեանքին ո՛չ սկիզբը գիտենք եւ ոչ ալ վախճանը» (Եբր 7.3): Տակաւին, Դանիէլի մարգարէութեան մէջ Իր մասին ըսուած է. «Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի» (Դն 7.14):
Իսկ «կենդանի երկինք բարձրացուեցաւ» նախադասութեան ձեւը այս հարցումին մէջ, ո՛չ քրիստոնէական արտայայտութիւն է: Այս մասին Գործք Առաքելոցին մէջ լաւ ըսուած է. «...մինչ Անոր կը նայէին, Յիսուս երկինք համբարձաւ, եւ ամպ մը ծածկեց զԻնք անոնց տեսողութենէն» (Գրծ 1.9): Այսինքն, Ան ուժ ունէր երկինք բարձրանալու, եւ արտաքին ուժ մը չէ, որ զԻնք երկինք բարձրացուց: Եւ ասիկա Տէր Յիսուսի փառաւոր մարմինին հրա՛շքն է, հոգեղէն մարմին, որ երկրի քաշողականութիւնը իշխանութիւն չունի իր վրայ:
Իսկ ո՞ւր է հիմա:
Աստուածութեամբ ամէն տեղ է: Աւազակին խոստացաւ, թէ իր հետ պիտի ըլլայ դրախտին մէջ (Ղկ 23.43): Ան Աստուծոյ աջ կողմն է, ինչպէս ըսուած է մեր ուսուցիչ Մարկոս Առաքեալի Աւետարանին մէջ. «Տէր Յիսուս աշակերտներուն հետ խօսելէ ետք երկինք համբարձաւ եւ Հօր աջ կողմը նստաւ» (Մր 16.19): Նոյն բանը Սուրբ Ստեփանոս Սարաւագը ըսաւ, երբ կը քարկոծուէր. «Ահա բացուած է երկինքը, եւ կը տեսնեմ Մարդու Որդին, որ Աստուծոյ աջին կանգնած է» (Գրծ 7.56):
Իրապէս, Աստուած շօշափելի սահմանուած վայր չունի:
Սակայն, Տէր Յիսուս, Իր մարդկային բնութեամբ կրնայ որեւէ մէկ վայրի մէջ ըլլալ, եւ այդ վայրէն ուրիշ վայր մը կրնայ փոխադրուիլ:
Իր Աստուածութեամբ Ան ամէն տեղ է, սակայն Իր մարդկային բնութեամբ կրնայ Երուսաղէմի մէջ ըլլալ, ապա անկէ կրնայ Բեթանիա տեղափոխուիլ օրինակ:
ՈՂՋԵՐՆ ՈՒ ՄԵՌԵԼՆԵՐԸ
Հարցում.- Տէր Յիսուս Իր փառքով պիտի գայ՝ դատելու ողջերն ու մեռելներ:
Որո՞նք են ողջերը եւ որո՞նք՝ մեռելները:
Պատասխան.- * Մեռելները, որոնց Տէրը պիտի դատէ, Իր գալուստի ժամանակուան մեռելներն են, որոնց մեռելներէն պիտի յարուցանէ ու դատէ զանոնք (Յհ 5.28,29):
Իսկ ողջերը անոնք են, որոնք Տիրոջ երկրորդ գալուստին ողջ պիտի ըլլան տակաւին. ատոնք եւս դատաստան պիտի մտնեն:
* Ընդհանուր առումով նկատի առնուածը բոլորին դատաստանն է, ընդ որում մարդիկը, որոնք կը մեռնին իրենց հոգիներուն մարմիններէն բաժնուելով. կամ դեւերուն դատապարտութիւնը, որոնք մարդոց նման մարմինով չե՛ն մեռնիր, սակայն կենդանի հոգիներ ունին, որոնց նաեւ կը վերաբերի Սուրբ Գիրքին ըսածը, որ «...միայն անունով ողջ ես, բայց իրականութեան մէջ մեռած ես» (Յյտ 3.1):
* Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ ողջեր արտայայտութեամբ նկատի առնուած են արդարները, իսկ (մեռելներ) արտայայտութեամբ նկատի առնուած են չարերը, ինչպէս հայրը կորսուած որդիին մասին ըսաւ. «...Այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ» (Ղկ 15.24,32):
* Ողջերու արտայայտութիւնը կրնայ նաեւ վերաբերիլ այն հոգիներուն, որոնք իրենց բնութեամբ չե՛ն մեռնիր, ինչպէս, օրինակ, չար ու պիղծ հոգիները (դեւերը): Իսկ մեռելները կը նշանակէ մեռած մարդիկը:
ԱՐՔԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐԸ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԽԱՒԱՐԸ
Հարցում.- Տէրը ըսաւ. «Գիտցէք նաեւ, թէ շատեր արեւելքէն ու արեւմուտքէն պիտի գան եւ երկինքի արքայութեան մէջ սեղան պիտի բազմին Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի հետ, իսկ անոնք որոնք երկինքի Արքայութեան ժառանգորդները պէտք էր ըլլային՝ դուրսը խաւարին մէջ պիտի նետուին, ուր պիտի լան եւ ակռաները կրճտեն» (Մտ 8.11-12). որո՞նք են Արքայութեան ժառանգորդները, արտաքին խաւարին մէջ պիտի նետուին:
Պատասխան.- Արքայութեան ժառանգորդները հրեաներն են:
Անոնք են, որոնց մասին Պօղոս առաքեալ ըսած է. «Պիտի ուզէի ես ինքս նզովուած ըլլալ Քրիստոսէ՝ իմ արենակից եւ ազգակից եղբայրներուս համար, որոնք իսրայէլացի են, եւ իրենցն են՝ թէ՛ Աստուծոյ որդիները ըլլալու փառքը, թէ՛ Ուխտին գիրքերը, թէ՛ օրէնսդրութիւնը, թէ՛ պաշտամունքը եւ թէ խոստումները: Իրենցն են նաեւ նահապաետները, եւ իրենցմէ էր որ մարմնաւորապէս ծնաւ Քրիստոս...» (Հռ 9.3-5):
Որովհետեւ անոնք չընդունեցին Յիսուսին, Արքայութիւնը կորսնցուցին:
Հակառակ անոր, որ Արքայութեան ժառանգորդներն են, սակայն անոնք արտաքին խաւարին մէջ պիտի նետուին, Յիսուսին չհաւատալնուն պատճառով: Սակայն, ասոր հակառակ, բոլոր հեթանոս ժողովուրդները [արժանացան Արքայութեան]: Տէրը այս նախադասութիւնը ըսաւ, երբ հեթանոս հարիւրապետը կը գովէր, երբ անոր համար ըսաւ. «Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ նոյնիսկ Իսրայէլի մէջ այսպիսի հաւատք ունեցող մը չգտայ» (Մտ 8.10):
Այսպէսով, «արեւելքէն ու արեւմուտքէն պիտի գան» նախադասութիւնը կը վերաբերի այն հեթանոս ժողովուրդներուն, որոնք իրենց հաւատքին շնորհիւ, Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին հետ պիտի նստին: Թերեւս անոնցմէ մէկն է նաեւ հարիւրապետը, եւ միւս հարիւրապետը, որ հաւատաց Իրեն խաչելութեան ժամանակ (Մր 15.39), որ փառաւորեց զԱստուած, ըսելով. «Իրապէս, որ այս մարդը արդար էր» (Ղկ 23.47). տակաւին, ինք եւ իր հետ եղողները երբ տեսան երկրաշարժը, շատ վախցան ու ըսին. «Իրապէս, որ ասիկա Աստուծոյ Որդին էր» (Մտ 27.54):
Թերեւս հեթանոսութենէ [նորադարձներուն] անդրանիկը Կոռնելիոսն է (Գրծ 10), եւ անոնք, որոնց մասին Տէր Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ. «Գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք։ Զանոնք մկրտեցէք...» (Մտ 28.19) եւ «...բոլոր մարդոց քարոզեցէք Աւետարանը» (Մր 16.15):
ՅԱՓՇՏԱԿՈՒԹԻՒՆ
Հարցում.- Ո՛չ ուղղափառ գիրքի մը մէջ կարդացած եմ յափշտակութեան մասին, եւ թէ երկինք պիտի յափշտակուինք: Ի՞նչ է յափշտակութեան իրականութիւնը: Ե՞րբ պիտի պատահի: Ինչպէ՞ս պիտի պատահի:
Պատասխան.- Յափշտակութեան ժամանակը Տէր Յիսուսի երկրորդ գալուստին ատեն է: Իսկ երկինք յափշտակուողները երկրորդ գալուստի ժամանակ ողջ եղողները պիտի ըլլան:
Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած իր առաջին նամակի չորրորդ գլուխին մէջ կը խօսի յափշտակութեան մասին՝ ըսելով. «Մեզմէ անոնք որոնք ողջ մնացած կ՚ըլլան Տիրոջ գալուստին ատեն, մեռածներէն առաջ պիտի չանցնին: Որովհետեւ երբ հրամանը լսուի, հրեշտակապետը ազդարարէ եւ Աստուծոյ փողը հնչէ, Տէրը Ինք երկինքէն պիտի իջնէ, եւ նախ յարութիւն պիտի առնեն անոնք՝ որ Քրիստոսի հաւատացին եւ մեռան: Եւ ապա, մեզմէ անոնք որ այն ատեն դեռ ողջ պիտի ըլլան՝ անոնց հետ միասին ամպերու վրայ երկինք պիտի յափշտակուին Տէրը դիմաւորելու համար. եւ այնուհետեւ Տիրոջ հետ միասին պիտի ըլլանք յաւիտեան» (Ա.Թս 4.15-17):
Այսինքն՝ Տիրոջ գալուստին մեռելները յարութիւն պիտի առնեն (որոնք նախապէս ննջեցին), եւ Տիրոջ հրեշտակները զանոնք երկինք պիտի տանին: Ատկէ ետք, պիտի կատարուի յափշտակութիւնը անոնց՝ որոնք տակաւին ողջ պիտի ըլլան աշխարհի վրայ:
Սակայն, յափշտակութիւնը ինչպէ՞ս պիտի պատահի: Արդեօք մեր նիւթական մարմիններո՞վ: Ո՛չ:
Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ այս մասին խօսելով կը բացատրէ՝ ըսելով. «Հիմա ձեզի ծածուկ խորհուրդ մը յայտնեմ: Բոլորս չէ՛, որ պիտի մեռնինք. բայց երբ վերջին փողը հնչէ՝ ամէնքս ալ յանկարծ պիտի նորոգուինք ակնթարթի մը մէջ։ Որովհետեւ փողը պիտի հնչէ եւ մեռելները անեղծ մարմիններով, եւ մենք պիտի նորոգուինք։ Որովհետեւ մեր այս եղծանելի բնութիւնը պէտք է անեղծ բնութեան փոխուի. այս մահկանացու բնութիւնը պէտք է անմահ բնութեան փոխակերպուի» (Ա.Կր 15.51-53):
Նիւթական մարմինները Արքայութիւնը չե՛ն ժառանգեր, այդ պատճառով անպայման պէտք է հոգեւոր երկնաւոր մարմիններու փոխակերպուին (Ա.Կր 15.44,49):
Այս երկնաւոր մարմիններով պիտի կատարուի յափշտակութիւնը. «Մարմինն ու արիւնը իրենց ներկայ վիճակով չե՛ն կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը ժառանգել» (Ա.Կր 15.50): Եւ այս փոփոխութիւնը՝ նիւթական մարմիններէ հոգեւոր մարմիններու, ակնթարթի մը ընթացքին պիտի պատահի, երբ փողը հնչէ՝ յայտարարելով Տիրոջ գալուստը, ինչպէս Առաքեալը ըսաւ. «Ապա պիտի կատարուի ողջերուն յափշտակութիւնը՝ ննջեցեալներուն յարութիւն առնելէն ետք... անոնք եւս հոգեւոր ու երկնաւոր մարմիններով յարութիւն պիտի առնեն» (Ա.Կր 15):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ