Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (Գ.)

- Ի՞նչ բանի խորհրդանիշ են եկեղեցւոյ Խորանը եւ անոր խորը դրուած Ս. Սեղանը։

- Եկեղեցւոյ Խորանը կը խորհրդանշէ երկինքը, իսկ Ս. Սեղանը՝ Աստուծոյ գահը, երկնքի սրբարանը, ուր Յիսուս կը քաւէ եւ մշտնջենական բարեխօսութիւն կ՚ընէ հաւատացեալներուն համար։

Օձնեցի Հայրապետի մեկնութեամբ. «Ինչպէս որ երկնքի հրեշտակները հրեղէն խորանով շրջապատեց, որպէսզի Իրեն մօտիկ կանգնին եւ աստուածային անմատչելի լոյսին փառաւորիչները ըլլան, նոյնպէս ալ նիւթեղէն այս Խորանին մէջ վարագոյրով կը շրջապատուին քահանաները, որոնք կը սպասարկեն Տիրոջ Մարմինին եւ Արեան սոսկալի եւ ահաւոր Խորհուրդին, որ կը կատարուի աշխարհի փրկութեան համար։ Երկնքի մէջ մարմնացեալ Բանը Քերովբէներու աթոռին վրայ կը նստի Հօրը աջակողմը, եւ բիւրաւոր զօրքեր կ՚երկրպագեն Իրեն, իսկ այստեղ քառաթեւ Սեղանին (խաչին) վրայ պատարագուած Բանը հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ կը հանգչի եւ Իրմով մեր հոգեւոր պաշտամունքը կը վերանուիրէ Աստուծոյ…»։

- Ինչո՞ւ սարկաւագներն ու դպիրները արարողութեանց ընթացքին յատուկ շապիկներ կը հագնին։

- Եկեղեցական շապիկը Քրիստոսի անմեղութեան ու սրբութեան խորհրդանիշն է։ Իւրաքանչիւր սարկաւագ կամ դպիր շապիկ հագնելով իր վրան զգեցած կ՚ըլլայ զՔրիստոս (Հռ 13.14, Գղ 3.27, Եփ 4.24)։ Ինչպէս սովորական հանդերձ մը մարդ արարածին մերկութիւնը ծածկելով զայն կը պաշտպանէ տաքէն ու ցուրտէն, նոյնպէս ալ Քրիստոսի սրբութիւնը՝ շապիկը հաւատքով հագնող հաւատացեալները՝ կը մաքրուին իրենց մեղքերէն ու կը պաշտպանուին սատանային սադրանքներէն եւ փորձութիւններէն։

- Ինչո՞ւ Պատարագի ընթացքին քահանան կը զգեստաւորուի։

- Զգեստաւորումը Քրիստոսի սրբութեան ու հովանաւորութեան ներքեւ մտնելու, Անով մեղքերէ սրբուելու եւ հաւատքով գօտեպնդուելու նշանակ է։

- Ուրկէ՞ ծագում առաւ քահանաներու զգեստը։        

- Առաջին երեք դարերու ընթացքին, Եկեղեցւոյ մէջ քահանայական եւ կամ Պատարագի արարողութեան յատուկ զգեստներ չկային։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, երբ ձեւափոխուեցաւ քաղքենիի հագուստը, յաջորդող դարերու ընթացքին եկեղեցականները շարունակեցին պահել հին ձեւերը։ Հետեւաբար, այդ բոլորը քահանայագործման յատուկ եւ կամ Պատարագի արարողութեան վերապահուած զգեստաւորման բնոյթ ստացան։

Դ. եւ Ե. դարերու ընթացքին, Պատարագի զգեստները ճոխ հանդերձներու հանգամանքը առին, եւ «շքեղ զգեստաւորում» մը դարձան։ Սակայն այս յեղաշրջումը, տեղի ունեցաւ ի հեճուկս աւելի պահպանողական իշխանութիւններու եւ խստակրօն եպիսկոպոսներու բուռն ընդդիմութեանց։

- Ի՞նչ նշանակութիւն ունի քահանային զգեստին իւրաքանչիւր մասը։

- Պատարագի զգեստներուն իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ նշանակութիւն։

Սաղաւարտ (փրկութեան թագ)։ Կը խորհրդանշէ Փրկիչին կրած փուշէ պսակն ու վարշամակը, եւ կը գործած-ւի իբրեւ զրահ թշնամիին զօրութեան դէմ պատերազմելու։ Նշենք, թէ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Սաղաւարտը կլորաձեւ է, իսկ անոր գագաթը՝ սուր։ Թագին կլորաձեւութիւնը կը խորհրդանշէ պատարագումը ու Քրիստոսի քահանայութիւնը, իսկ սրութիւնը՝ Քրիստոսի թագաւորութիւնը։

Շապիկ։ Ահարոնի պատմուճանին օրինակն է։ Սպիտակութիւնը նշանակ է Փրկիչին անախտ ծննդեան ու անարատ կեանքին, Անոր անմեղութեան եւ սրբութեան։

Փորուրար։ Կը նշանակէ Քրիստոսի այն ծանր, բայց միաժամանակ քաղցր լուծը, զոր քահանան իր վրայ կ՚առնէ։ Փորուրարը նշան է նաեւ խոնարհութեան, հեզութեան, արդարութեան, որոնցմով քահանան կը զարդարէ իր սիրտը։ 

Գօտի։ Կը խորհրդանշէ Քրիստոսի կողմէ շնորհուած իշխանութեան եւ հոգեւոր զօրութեան ու քաջութեան՝ պայքարելու համար ընդդէմ սատանային ու մեղքին։

Ղենջակ կամ թաշկինակ։ Ղենջակի գործածութիւնը յառաջ եկած է վերնատան մէջ Յիսուսի գործածած թաշկինակէն, որով սրբեց Իր 12 աշակերտներուն ոտքերը։ Կը խորհրդանշէ մաքրութիւն եւ սրբութիւն։

Բազպան (շապիկին թեւերուն վրայ անցուած բազկուրար)։ Նշանակ է Յիսուսի ձեռքի կապանքներուն, ինչպէս նաեւ՝ բազուկներու զօրութեան՝ թշնամիին դէմ պատերազմելու եւ ուրիշներուն բարիք գործելու։

Վակաս (վիզի կամ ուսի ծածկոց)։ Խորհրդանիշն է մոլորեալ ոչխարին՝ զոր Յիսուս ուսին վրայ կրեց։

Շուրջառ (նափորտ)։ Խորհրդանիշն է Յիսուսի անկար քղամիտին ու այն ծիրանին, զոր չարչարանքի օրը ձգեցին Անոր վրայ։ Նշանակ է նաեւ սրբութեան եւ փրկութեան պատմուճանի, եւ պարիսպ է՝ չարին ու մեղքին դէմ։

Հողաթափ։ Նշան է այն պատուէրին, զոր Յիսուս տուաւ առաքեալներուն՝ թշնամիին ամբողջ զօրութիւնն ու ծածուկ մեղքերը կոխկռտելու։

- Եպիսկոպոսը քահանայի զգեստներէն բացի ունի՞ այլ զգեստներ, եթէ ունի ի՞նչ է անոնց նշանակութիւնը։

- Եպիսկոպոսը քահանայի զգեստներէն զատ կը կրէ նաեւ Սաղաւարտի տեղ խոյր կամ թագ, արտախուրակներ, եմիփորոն ու գաւազան։

Խոյր։ Երկփեղկեան գլխարկ է՝ ակնակուռ եւ գոհարազարդ։ Հին ուխտի ժամանակ ալ կար խոյրը։ Նշանակ է Հին ու Նոր կտակարաններու գիտութեան եւ այն իմաստութեան, զոր եպիսկոպոսը պէտք է ունենայ։

Արտախուրակներ։ Արտախուրակները Խոյրի կամ Վակասի ետեւէն կախուած կէս կանգուն երկայնութեամբ զարդարուն կապերն են։ Հին ուխտի ատեն եբրայեցիներու քահանայապետը կը կրէր զայն ապարօշի ձեւով։

Եմիփորոն։ Եմիփորոնը լայն ու հինգ խաչով զարդարուած ուրարն է, զոր եպիսկոպոսը կը կրէ շուրջառին վրայ։ Ան ուսերուն վրայէն կը տարածուի դէպի կուրծք ու մէջք՝ հասնելով մինչեւ ոտքերը։

- Կաթողիկոսի գործածած կոնքեռն ու արծուեգորգը ի՞նչ կը խորհրդանշեն։

Կոնքեռ։ Բացի եպիսկոպոսական զգեստներէ, կաթողիկոսը կը գործածէ նաեւ կոնքեռ, որ խաչաձեւ ու եռանկիւն զարդ է՝ պատարագիչ եպիսկոպոսին գօտիէն կախուած, որ խորհրդանիշ է հովուական մախաղի, եւ նշանակ է Յիսուսի ղենջակին եւ բոցեղէն սուրին։

Նշենք, թէ կոնքեռը իբրեւ նշան գերագոյն յարգանքի կը տրուի նաեւ պատրիարքներուն եւ այն արքեպիսկոպոսներուն, որոնց Հայրապետը կ՚արտօնէ կրել։

Արծուեգորգ։ Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն, արծիւը իբրեւ բարձրաթռիչ ու սրատես՝ ուղղափառ վարդապետութեան նշան կը համարուի։

- Ինչո՞ւ վարդապետներ, եպիսկոպոսներ եւ կաթողիկոսներ արարողութեանց ու քարոզի ընթացքին կը գործածեն օձազարդ գաւազան։      

- Կուսակրօն հոգեւորականներու հովուական նշանն է գաւազանը, որ երկու տեսակ կ՚ըլլայ.

Ա) Երկգլխեան օձազարդ գաւազանը կը կրեն կուսակրօն քահանաները՝ վարդապետներն ու ծայրագոյն վարդապետները։ Օձագլուխ գաւազանը կը յիշեցնէ Մովսէսի գաւազանը եւ այն ձողը, որուն վրայ օձը բարձրացուց անապատին մէջ՝ Քրիստոսի Խաչին իբրեւ օրինակ։

Բ) Հովուական գաւազանը նաեւ կը կոչուի Լուսաւորիչի գաւազան, որ կոր գլուխով ունի հովիւի ցուպի ձեւ։ Այս յատուկ է միայն կաթողիկոսի, որ բոլոր ժողովուրդին հովուապետն է, բայց այսօր կը կրեն նաեւ եպիսկոպոսները։

Գ) Ասա.- Կաթողիկոսը հայրապետանոցէն դուրս ելլելու ատեն՝ ձեռքը կը կրէ Հայրապետական Ասա=ցուպ։

- Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի արարողութիւնը քանի՞ մասերէ կը բաղկանայ։

- Չորս մասերէ.

1) Պատրաստութիւն։ Պատրաստութեան բաժինին մէջ քահանան կը զգեստաւորուի, ինքզինք եւ Ս. Սեղանը կը պատրաստէ Պատարագ մատուցելու համար։

2) Երախայից Պատարագ կամ Պաշտօն Ճաշու։ Այս բաժինին մէջ կը կատարուին թափօրն ու երախայից Պատարագը։

3) Հաւատացելոց կամ Բուն Պատարագ։ Այս միջոցին տեղի կ՚ունենան վերաբերումը, ողջոյնը, սրբագործումը եւ Ս. Հաղորդութեան մատակարարումը։

4) Օրհնութիւն եւ Արձակում։ Այս ընթացքին կը կատարուի գոհաբանական աղօթքը, Աւետարանի ընթերցումը եւ արձակման օրհնութիւնը։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018