ԱԶԱՏԱՄՏՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ՍՏՐԿԱՄՏՈՒԹԻՒՆ

Այսօրուան մեր ընկերութիւնը բաժնուած է երկու հսկայ հակադիր խումբերու: Եթէ փորձենք այդ խումբերուն անուն մը տալ, հետեւեալը կ՚ունենանք. ազատամիտներ եւ պահպանողականներ (պահպանողականներուն մասին առանձին յօդուածով պիտի անդարադառնամ): Այս երկու խումբերուն մաս կազմողներուն մեծամասնութիւնը սակայն, ցաւ ի սիրտ առանց հասկնալու եւ առանց գիտակցելու իրենց խումբին պատկանած ըլլալու իմաստը, կուրօրէն կը պաշտպանեն ու կը պայքարին այն գաղափարներուն եւ թեզերուն համար, որոնք կը կազմեն այդ ուղղութիւններուն գոյութեան իմաստը:

Այս յօդուածով միայն պիտի անդրադառնամ ազատամիտներուն:

Առաջին հերթին դիմենք բառարանին, լաւապէս հասկնալու համար, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ազատամիտ:

«Հայոց Լեզուի Նոր Բառարան»ին մէջ (տպուած Պէյրութ, 1992թ.) այսպէս կը կարդանք. «1. Լայնախոհ, լայնամիտ: 2. Արդիական բարքի հետեւող»:

«Հայերէն Բացատրական Բառարան»ին մէջ (տպուած Երեւան, 1944թ.) այպէս կը կարդանք. «1. Ազատ մտածող. նա որի միտքը կաշկանդուած չէ գոյութիւն ունեցող կարգերով: Ազատամիտ մարդը ձգտում է յառաջդիմութեան: 2. Լիբերեալ, լիբերալիզմ»:

Տրուած իմաստներուն փորձենք առանձին-առանձին անդրադառնալ:

Առաջին՝ ազատամիտ տեսանք, թէ լայնախոհ կը նշանակէ, այսինքն՝ լայն մտահորիզոն ունեցող, լայնամտութեամբ մտածող մարդ, որու մտածելակերպը սահմաններ գրեթէ չի ճանչնար: Այս տիպի ազատամտութիւնը եթէ բարոյականութեան եւ մարդկայնութեան սահմանները յարգել գիտէ, արդարեւ դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մարդու ներաշխարհին վրայ՝ անհատապէս եւ օգուտ՝ հասարակութեան՝ ընդհանրապէս: Բայց երբ այս տիպի ազատամտութիւնը ամէն տեսակի բարոյականութիւն եւ մարդկայնութիւն կ՚ոտնահարէ, բնականաբար վնասէն բացի ոչինչ կրնայ տրամադրել թէ՛ ինքն իրեն եւ թէ ալ ընկերութեան:

Երկրոդ՝ «արդիական բարքի հետեւող». այս բացատրութիւնը եւս երկու ընկալումներ ունի. մէկը կշռադատուած իսկ միւսը՝ ծայրայեղ: Կշռադատուած ընկալումը այն է, որ կան մարդիկ, որոնք միշտ կը փորձեն եւ կ՚աշխատին անպայման քայլ պահել ժամանակին հետ, այսինքն՝ ինքնազարգացմամբ կը զբաղին, չե՛ն բաւարարուիր իրենց ստացած վկայականներով, այլ՝ միշտ կը փորձեն ամէն օր զարգացաման ընթացքի մէջ եղող մարդկային գիտութեան հետ քայլ պահել: Բնականաբար երբ մարդիկ կ՚ըսենք, պէտք է նկատի ունենանք բոլոր խաւի մարդիկը, այսինքն՝ գիւղացիէն մինչեւ քաղաքներուն մէջ ապրող յառաջադէմ անհատներ, այսինքն՝ հողագործ, անասնապահ, բժիշկ, փաստաբան, համալսարանի դասախօս, ուսուցիչ, մանկավարժ, հոգեբան, հոգեւորական, հաստատութեան տնօրէն, որեւէ կուսակցութեան ղեկավար, եւ այլն: Այլ խօսքով, երբ այս եւ այլ բազմաթիւ զբաղումներ ու պաշտօններ ունեցող մարդիկ եթէ իրենց բնաւորութեամբ «արդի բարքի հետեւող» են, բնականաբար իրենց այդ բնաւրութիւնը կը տարածեն նաեւ իրենց զբաղեցուցած պաշտօնին եւ շրջանակին վրայ, որով օգուտ բերած կ՚ըլլան ո՛չ թէ միայն իրենց անձին, այլեւ՝ ընկերութեան, որովհետեւ ինքնազարգացմամբ եւ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ կատարուող զարգացումներուն տեղեակ ըլլալով եւ ուսումնասիրելով այդ կատարուող զարգացումները, կը փորձեն յարմարեցնել իրենց իրականութեան, իրենց ընկերութեան, իրենց մշակոյթին եւ իւրովի այդ զարգացումը կը փորձեն մատուցել իւրայիններուն:

«Արդիական բարքի հետեւող»ներու այլ խումբ մըն ալ կայ, որ ծայրայեղ կերպով կը հետեւի «արդիական բարք»երուն: Այս խումբին համար ո՛չ մէկ արժէք ունին իրենց ընկերութիւնը, իրենց մշակոյթը, այսպիսիներուն առաջնորդը իրենց ե՛սն է, այլ խօսքով իրենց հանգիստը, իրենց քմահաճոյքը: Այս խումբին պատկանողները մտածելով, թէ իրենք արդի ընկերութեան հետ քայլ կը պահեն, ամէն կերպով կ՚աշխատին ընդօրինակել այդ արդի ընկերութեան «լաւ» կողմերը, որով ականատեսը կը դառնան տարօրինակ եւ այլանդակ երեւոյթներու: Պահ մը պատկերացուցէք դուք ձեզ ձեր ապրած գիւղի կամ քաղաքի հրապարակը կանգնած էք ծանօթներով ու ականատեսը կը դառնաք երիտասարդներու այլանդակ պահուածքին, ըլլա՛յ հագուկապ կամ ըլլա՛յ վարուելակերպ, առաջին հերթին ի՞նչ կ՚ըլլայ ձեր կեցուածքը. բնականաբար ընդվզում եւ ջղայնութիւն, որովհետեւ դուք ձեր ապրած ընկերութեան մէջ ունիք ձեզի յատուկ, ձեր ընկերութեան յատուկ սկզբունքներ եւ համոզումներ, որոնց առկայութեամբ դուք ձեր առօրեան կ՚ապրիք, դուք ձեզ կը պահէք այնպիսին, ինչպիսին Նախախնամութիւնը պարգեւած է ձեզի, որ ըլլաք:

Այս «արդիականացած»ները կարեւոր մէկ բան կը մոռնան, որ իրենց համար «ճիշդ» կարծուածը կամ «բնական» թուացողը պայման չէ, որ դիմացինին համար ճիշդ կամ բնական ըլլայ: Այդպիսիները իրենց «արդիականացումը» շատ յաճախ կ՚արդարացնեն ազատամտութեամբ. սակայն, դարձեալ կը մոռնան կամ թերեւս կարելի է ըսել ընդհանրապէս տեղեակ չեն հետեւեալ ճշմարտութեան, որ կ՚ըսէ, թէ «քու ազատութիւնը կանգ կ’առնէ այնտեղ, ուր կը սկսի դիմացինիդ ազատութիւնը»: Ոմանք կրնան ըսել, թէ այդ մարդոց համար ճշմարտութիւնը, իրականութիւնը, սկզբունքայնութիւնը ա՛յդ է, բարի ա՛յդ թող ըլլայ, սակայն այստեղ նկատի պէտք է ունենալ այն ընկերութիւնը, ուր ի՛նք կ՚ապրի: Եթէ այդ ընկերութեան համար խնդիր չեն այդ մարդուն կամ անհատին որդեգրած ապրելակերպը, բնականաբար, հարց ալ չի՛ ծագիր, սակայն երբ այդ ընկերութիւնը ունի ի՛ր սկզբունքները, ի՛ր ընկալումները, ի՛ր մշակոյթը, ապա ուրեմն այդպիսիները պէտք է յարգեն իրենց ընկերութիւնը, չնայած այդպիսիներուն համար յարգանք գոյութիւն չի կրնար ունենալ, որովհետեւ ուր ե՛սը կը տիրապետէ, այնտեղ յարգանքը, մարդկային փոխյարաբերութիւնները տեղ չունին:

Այս խումբին պատկանող մարդիկ, ինչպէս վերը նշեցի, որ իրենց «արդիականցումը» ազատամտութեամբ կ՚արդարացնեն: Պահ մը մտածենք սակայն. արդեօք այդ մարդիկ ազատամի՞տ են, արդեօք այդ մարդիկ իրենց սեփական սկզբունքներուն եւ ընկալումներուն կրողնե՞րն են, թէ՞ կրողներն են այլոց սկզբունքներուն եւ պարտադրած ընկալումներուն:

Արարիչ Աստուծոյ կողմէ մարդ արարածը ազատ ստեղծուած է եւ Արարիչը մարդուն շնորհած է բանականութիւն, որով մարդը դարձուցած է ինքնիշխան. ինքնիշխան՝ իր կայացուցած որոշումներուն, իր ընտրած ուղղութեան եւ իր որդեգրած ապրելակերպին: Այս բոլորին դիմաց, Աստուած մարդուն տուած է որոշակի կանոններ ու պատուիրաններ, ինչպէս նաեւ այդ կանոններուն եւ պատուիրաններուն բացատրութիւնները, ըստ որում մարդ արարածը տեղեակ կրնայ դառնալ, թէ այդ կաննոներն ու պատուիրանները պահելու-գործադրելու կամ չպահելու-չգործադրելու պարագային ի՞նչ իրավիճակի կրնայ հասնիլ մարդը: Այստեղ, պէտք է նկատի ունենաք հետեւեալ ճշմարտութիւնը, որ Աստուած այս բոլորով ո՛չ մէկ պարտադրանք կը դնէ մարդուն վրայ, ընդհակառակը մարդուն ձգած է ազատ ընտրութիւն կայացնելու որոշումը. եւ այս իւրայատուկ ազատութիւնն է, որ քրիստոնէական կրօնը կը զանազանէ միւս կրօններէն: Շատեր այլեւայլ առարկութիւններ կը կատարեն ըսելով, որ Աստուած Իր սահմանած կանոններով ու թելադրած պատուիրաններով սահմանափակած է մարդուն ազատութիւնը. այս բոլոր առարկութիւնները սակայն կը ջրուին Աւետարանական հետեւեալ դէպքով.

«Հազիւ Յիսուս հոնկէ ճամբայ կ՚ելլէր, ահա մեծահարուստ մարդ մը վազելով եկաւ Իր մօտ, ծունկի եկաւ եւ հարցուց.

-Բարի՛ Վարդապետ, ի՞նչ պէտք է ընեմ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար։

Յիսուս ըսաւ անոր.

-Ինչո՞ւ զիս բարի կը կոչես։ Միայն Աստուած բարի է։ Պատուիրանները գիտես «մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, ուրիշին իրաւունքը մի՛ յափշտակեր, պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ»։

Անիկա պատասխանեց.

-Վարդապե՛տ, այդ բոլորը պատանութենէս ի վեր պահած եմ, հետեւաբար ալ ի՞նչ կը պակսի ինծի։

Յիսուս սիրով աչքերը յառեց անոր եւ ըսաւ.

-Մէկ բան տակաւին պէտք է ընես։ Եթէ կ՚ուզես կատարեալ ըլլալ՝ գնա՛, ինչ որ ունիս՝ ծախէ եւ աղքատներուն տուր. այդպիսով երկինքի մէջ գանձ պիտի ունենաս, եւ յետոյ ա՛ռ խաչդ եւ հետեւէ՛ Ինծի։

Երիտասարդը երբ ասիկա լսեց, խոժոռեցաւ եւ տրտում-տխուր գնաց, որովհետեւ շատ հարուստ էր» (Մր 10.17-22):

Այս եւ նման դէպքերը բազմաթիւ են Աստուածաշունչին մէջ, որոնք մէկ բան կը վկայեն, թէ Աստուած երբեք չի՛ բռնանար մարդու կամքին, այսինքն՝ չի՛ բռնանար անոր առած որոշումներուն, այլ՝ ձգած է զինք ազատ իր ընտրութեան մէջ:

Այս բոլորին լոյսին տակ կրնանք ենթադրել կամ նոյնիսկ հաստատել, որ այն մարդիկը, որոնք իրենց արտասովոր արարքները կ՚արդարացնեն ըսելով, թէ իրենք ազատամիտ են, իրականութեան մէջ ճիշդ հակառակն է, անոնք ո՛չ թէ ազատամիտ են, այլ՝ ստրկամիտ են, որովհետեւ գերիները դարձած են այլոց սկզբունքներուն եւ ընկալումներուն եւ որովհետեւ իրենց կարծիքով իրենք զիրենք «հանգիստ» կը զգան այդ վիճակին մէջ, ամէն բան կը զոհեն յանուն իրենց այդ «ազատամտութեան», որ իրականութեան մէջ այլ բան չէ, եթէ ոչ ստրկամտութիւն: Այս իրողութիւնը կը նմանի մարդ արարածի հոգեւոր ներաշխարհին, երբ սովորութեան (որ շատ յաճախ ժամանակի ընթացքին մեղքի կը վերածուի) մը գերին դառնալով, այդ սովորութեան ստրուկը կը դառնայ անգիտակցաբար, այստեղ ալ նո՛յնն է պարագան, մարդ կարծելով, թէ իր բռնած ուղին ազատամտութեան ուղին է եւ «իրաւունքի» ուղին է, ինքզինք ստրկութեան կարգավիճակի մէջ մտցուցած կ՚ըլլայ, որմէ դուրս գալը բաւականին հսկայ աշխատանք եւ կամք կը պահանջէ:

Ընտրութիւնը մե՛րն է, ազատամիտ կամ ստրուկ ըլլալու:

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Վաղարշապատ, 21 մայիս 2019

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2019