«ՔՈՐՈՆԱ» ՎԱՐԱԿԸ, «ՀԵՌԱՎԱՐ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ» ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ

Քորոնա վարակի հետեւանքով ստեղծուած իրականութիւնը պատճառ կը դառնար, որ ինչպէս զանազան ոլորտներ, նոյնպէս ալ կրթական հաստատութիւնները վերատեսութեան ենթարկէին մինչ այդ ընդունելի համարուած իրենց աշխատելաոճը. աւելի՛ն, գործի լծէին նոր մեթոտներ իրականացնելու համար «հեռավար կրթութիւն» ընդհանուր խորագրին տակ ամփոփուող կրթական գործընթաց մը։

Բնականաբար այդ «հեռավար կրթութիւն»ը կը կիրառուէր ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռքի զանազան հայագաղութներու մէջ։

«Հեռավար կրթութեան» մասին խօսելով՝ նախեւառաջ հարկ է նշել, թէ քորոնան պատճառ կը դառնար, որ ամբողջ աշխարհի մէջ ընկերային կեանքի ընդհանուր իրավիճակը փոխուի։ Վարակի տարածման հետեւանքով իրենց դռները կը փակէին ոչ միայն մանկապարտէզները, միջին դպրոցները, այլ նաեւ արուեստից ու արհեստից դպրոցներն ու համալսարանները։ Մարդիկ հասկցած էին, որ այս վարակին դէմ պայքարելու հիմնական միջոցը ընկերային բազմաբնոյթ միջոցառումներէն եւ հաւաքներէն հեռու մնալն է:

Այդ ծիրին մէջ էր նաեւ պսակի, նշանտուքի, մկրտութեան կամ նոյնիսկ թաղման արարողութիւնները, որոնք կը ձեւափոխուէին եւ կը կատարուէին բաւական «խիստ» պայմաններու տակ։ Համավարակը իր հետ կը բերէր ընկերային նոր կանոններ եւ անոնցմէ մեծ մասը կ՚ընկալուին որպէս «անգիր օրէնք» կամ հետեւանք, իսկ համաճարակի «ամբողջական» դառնալէ ետք պետական մարմիններ եւ կառավարութիւններ ստիպուած կ՚ըլլային նոյն այդ «անգիր օրէնքներ»ը վերածելու օրէնքի եւ կանոնի։ Անոնց հանրութեան կողմէ գործադրութեան չդրուիլը կ՚ենթադրէր ոչ միայն յանդիմանական մօտեցում, այլ նաեւ տուգանք։

«ՀԵՌԱՎԱՐ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ» ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ

Աւելի յսատկ եւ անմիջական վկայութիւններու փունջ մը ունենալու համար օրերս կարողացայ կարճ զրոյցներ ունենալ մերձաւորարեւելեան սփիւռքի երեք կարեւոր գաղթօճախներու մէջ գործող անձնաւորութիւններու հետ, որոնցմէ երկուքը՝ Կրեկուար Գալուստն ու Ներսէս Սարգիսեանը կոչուած են իրենց համայնքներուն մէջ կարեւոր դեր ստանձնելու եւ կը վարեն առաջինը՝ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ վարժարանին, երկրորդը՝ Քուէյթի Ազգային վարժարանին տնօրէնի պաշտօնները, իսկ երրորդ վկայաբերը՝ Հրաչ Քալսահակեանն է, որ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ զանազան առիթներով ալ հանդէս կու գայ «պլոկըր»ի դերով։

Լսենք, թէ ինչ կը պատմեն մեր հայրենակիցները քորոնա վարակին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին եւ յատկապէս «հեռավար կրթութեան» դրութեան մասին։

ԿՐԵԿՈՒԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ (ՏՆՕՐԷՆ՝ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ)

Յատուկ ողջոյն Պուրճ Համուտէն, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանէն:

Համավարակի հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը հարթելու համար մեր վարժարանը սկսաւ գործածել առցանց կրթութեան համակարգ՝ Platform մը, որ շատ համառօտ կը կոչուի microsoft teams platform։ Այս մէկը հնարաւորութիւն կու տայ մեզի, որպէսզի աշակերտները, որոնք այսօր իրենց բնականներուն մէջ կը գտնուին, դասարանը ուղղակի փոխադրեն իրենց մօտ: Ուսուցիչները այս պարագային ունին երկընտրանք, առաջինը՝ իրենց սեփական բնակարանէն պնակիտներու (լեփթոփ) միջոցաւ դասաւանդելու, ապա կը հարցաքննեն աշակերտները, ինչպէս նաեւ կու տան պարտականութիւններ: Իսկ երկրորդ ընտրանքը՝ եթէ ուսուցիչը կը փափաքի վարժարան ներկայանալ, այս պարագային դասարանը նախապէս կը հականեխուի եւ ուսուցիչը առանձին, միակ անձը կ՚ըլլայ դասարանէն ներս եւ գրատախտակը կը վերածուի խելացի գրատախտակի, ինչպէս կը կոչուի՝ smart կամ interactive board եւ այս միջոցաւ մենք մեր սովորական դասընթացքները եւ ուսումնական կեանքը կը շարունակենք: Մաղթանքս է, որ այս պսակաձեւ քորոնաժահրը շատ երկար չտեւէ, նաեւ արագօրէն վերանան անոր հետեւանքները եւ մենք վերադառնանք մեր սովորական կեանքին ու գործունէութեան:

ՏՔԹ. ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ (ՏՆՕՐԷՆ՝ ՔՈՒԷՅԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ)

Որպէս Քուէյթի Ազգային վարժարան, մենք հեռակայ դասաւանդութեան ծրագիր չունէինք, որովհետեւ դասաւանդութիւնը կը կատարուէր դպրոցէն ներս դասական ձեւով: Ուսումնական այս տարեշրջանի սկիզբը, մենք վարժարանը օժտեցինք դպրոցի ղեկավարման համակարգով (School Management System), խորքին մէջ մեր նպատակը այլ բան էր, կամ առաջնահերթութիւնները ուրիշ էին: Մեր առաջնահերթութիւնը աշակերտութեան եւ ծնողներուն դասացուցակները եւ գնահատականները ղրկել էր, արձանագրութեան բաժինը աւելի համակարգել էր եւ անշուշտ այլ գործողութիւններու դիւրացումը ապահովելը։ Սակայն երբ համաճարակը եւ տագնապը սկսաւ եւ այն պատճառով, որ մենք ստիպուած էինք հեռակայ դասաւանդութեան անցնելու, մենք ուշադրութիւն դարձուցինք այդ բաժնին վրայ։ Մեր ուսուցչական կազմը, բազմաթիւ գործնական դասերէ ետք, ատակ դարձուցինք, որպէսզի մեր ուսուցիչները կարենան այս համակարգին մէջ գործել: Ուսուցիչները իրենց յարմար տեսած ձեւով եւ կարգ մը լսատեսողական կամ այլ յարմարութիւններ օգտագործելով, դասերը եւ պարտականութիւնները կը ղրկեն աշակերտութեան եւ ծնողներուն, յատուկ ժամով, անոնք պարտաւոր են պատրաստել այդ դասերը, լուծել պարտականութիւնները եւ ետ ղրկել ուսուցիչին: Այս բոլոր գործընթացը կը վերահսկուի վարչական բաժնին կողմէ, տնօրէնութեան կողմէ, յստակ կերպով տեսնելով, թէ ինչ նիւթեր կ՚ուղարկուին աշակերտին եւ աշակերտը ինչ կ՚ընէ, անշուշտ կան շատ մը այլ մանրամասնութիւններ: Հեռակայ դասաւանդութեան այս դրութիւնը, որ մենք սկսանք կիրառել փետրուար ամսուայ վերջին շաբաթէն սկսեալ, բաւական յաջող փորձ մըն է, աշակերտութեան մասնակցութեան տոկոսը 75 առ հարիւրէ աւելին է, աշակերտները եւ ծնողները հետաքրքրուած են, անշուշտ կան շատ մը մարտահրաւէրներ, որոնք չեն վերաբերիր միայն մեզի, այլ ընդհանրապէս հեռակայ դասաւանդութեան դրութեան եւ մենք կը փորձենք լուծել զանոնք: Ես պիտի թելադրեմ, որ հայկական ուսումնական այն հաստատութիւնները, որոնք կ՚ուզեն ծանօթանալ այս համակարգին՝ դիմեն մեզի, որովհետեւ մենք պատրաստ ենք մեր փորձը փոխանակել իրենց հետ։

ՀՐԱՉ ՔԵԼՍԱՀԱԿԵԱՆ (ՊԼՈԿԸՐ՝ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)

Համավարակին հետեւանքով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բոլոր դպրոցները անցան հեռակայ ուսուցման դասընթացքներու: Այդ պատճառով ուսուցիչներու կարեւոր տոկոս մը՝ 25 հազար ուսուցիչ վերջին երկու շաբթուան ընթացքին, մարզուեցան այս ծրագիրներու մէջ, ապա պատրաստուեցան դպրոցական ընդհանուր յայտագիրը փոխանցել աշակերտներուն հեռակայ ուսուցման կարգով, աշակերտներուն նաեւ ցուցմունքներ տրուեցան, որպէսզի հեռակայ ուսուցման ընթացքին այլ հարցերով չզբաղին, այլ կեդրոնանան իրենց դասերուն վրայ, նաեւ փորձառական երկու օրուայ շրջան մը տեղի ունեցաւ, այս նոր մեթոտին անցնելու համար: Այս քայլը շատ կարեւոր էր. երբ դպրոցները դադրեցան գործելէ, անմիջապէս այդ գործին լծուեցաւ նախարարութիւնը: Պէտք է այստեղ նշել, որ Էմիրութիւններու կրթական համակարգը արդէն նախքան այս համաճարակը ունէր պաշտօնապէս վաւերացուած տնային ուսուցման օրէնք, որ կը թոյլատրէր զանազան երկիրներէ եկած ծնողներուն, որպէսզի իրենց զաւակներուն համար կիրարկեն իրենց երկիրներու ծրագիրը, անշուշտ պետութեան կողմէ վաւերացնելէ ետք։ Դժբախտաբար Էմիրութիւններու հայկական միօրեայ վարժարանը երեք տարի առաջ դադրեցուց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ առաջարկուած «օնլայն-վըրչուալ» կրթական ծրագիրը եւ հիմա կը տեսնենք, որ այդ որոշումը ճիշդ չէր։ Իրականութեան մէջ պէտք էր իսկապէս այդպիսի ծրագիրներ շարունակել, որպէսզի այսպիսի դժուար ժամանակներուն հայ աշակերտներ չզրկուէին հայերէն լեզուի ուսուցումէն:

ՍՓԻՒՌՔԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ԼՈՒՐՋ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԱՌՋԵՒ

Այսօր համայն աշխարհին համար աւելի քան պարզ է, որ քորոնայի հետեւանքով ձեւաւորուած նոր դրութիւնը տակաւին երկար ժամանակ մը պիտի շարունակուի։

Մինչ կարգ մը երկիրներու մէջ դպրոցներ հետամուտ են վերաբանալ իրենց դռները, անդին կայ խօսակցութիւն, թէ յառաջիկայ աշնան երեւելի պիտի դառնայ համավարակի նոր ալիք մը, որ դարձեալ պիտի խանգարէ կրթական նոր տարեշրջանին բնականոն մեկնարկումը։

Այս բոլորի լոյսին տակ ալ յստակ է արդէն, որ հայկական սփիւռքի մէջ գործի դրուած «հեռավար կրթութեան» դրութիւնը պիտի շարունակուի։

Ճիշդ է, որ շուրջ երկու-երեք ամիսներէ ի վեր մեկնարկած եւ գործադրութեան դրուած «հեռավար կրթութեան» դրութեան մէջ կան խոցելի կէտեր, երեսակներ, սրբագրութեան կարօտ բաժիններ եւ անշուշտ այդ բոլորը կարելի է իրականութիւն դարձնել միայն փորձարկումներով եւ փորձառութիւն կուտակելով եւ, յատկապէս, այդ փորձառութիւնը իրարու հետ կիսուելով։ Ասոր կողքին հարկ է նաեւ նշել, որ «հեռավար ուսուցման» դրութեան կողքին կարեւոր դեր կրնան ունենալ հայագաղութներու կրթական եւ ազգային մարմինները, որոնք մասնաւորապէս այսօրուան դժուարին պայմաններուն մէջ պարտաւոր են նիւթաբարոյական նեցուկ ներկայացնել համայնքի վարժարաններուն։

Մեր յիշողութեան մէջ է այն փաստը, որ նոյնիսկ նախքան քորոնայի երեւումը բաւական բարդ դրութեան մէջ էին մեր վարժարանները, այդ դժուարութիւնները միայն նիւթական չէին ու վստահաբար այդ նիւթը բաւական երկար քննարկումի եւ բարձրաձայն խօսակցութեան արժանի նիւթ մըն է, որուն մասին նշումը կը սկսի այստեղ ու կրնայ շարունակուիլ այլ հարթակներու վրայ, սակայն աւելի քան իրաւացի է ըսել ու նշել, որ այսօր ամբողջ սփիւռքի տարածքին հայկական կրթական հաստատութիւնները կ՚ապրին բաւական բարդ ժամանակներ ու այդ դժուարութիւնները հարթելու, հիմնահարցերը շեշտադրելու եւ առկայ խնդիրներու ախտաճանաչումը կատարելու գործընթացները ուշացնելը, կամ խնդիրներու հանդէպ «աչք փակել»ը կրնան աւերիչ հետեւանքներ ունենալ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020