ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Բարկամիտ եւ երկայնամիտ մարդոց մասին որեւէ մէկ բան կ՚ըսէ՞ առակագիրը:

Պատասխան. 15-րդ գլուխին 18-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Բարկասիրտ մարդը վէճ կը հանէ, բայց երկայնամիտը կռիւը կը դադրեցնէ»: Առակագիրին այս խօսքերէն կրնանք եզրակացութեան գալ, ըսելով, թէ բարկացող մարդը խառնակութիւն, անկայունութիւն եւ անապահովութիւն տարածող ու սերմանող մարդն է, մինչ երկայնամիտը՝ խաղաղութիւն, անդորրութիւն եւ հանդարտութիւն:

Վստահաբար, մեզմէ շատեր պահի տակ կը բարկանան, կը զայրանան, երբեմն չեն կրնար տիրապետել իրենց զգացումներուն եւ կամ բարկութեան, ու այնպիսի բաներ կ՚ընեն, որ երբ զգաստանան կամ իրենց բարկութիւնը անցնի, իրենք իսկ կ՚ամչնան իրենց խօսածներուն եւ ըրածներուն համար, եւ գիտակցելով իրենց գործած սխալին, ներողութիւն կը խնդրեն: Այս մէկը բնական երեւոյթ է մարդու կեանքին մէջ, կարեւորը բարկութիւնը դիմացինը վիրաւորելուն չհասնի եւ ամենէն կարեւորը, բարկութեան պատճառով մարդ պէտք չէ մեղանչէ։ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ՝ բարկացէք, բայց մի՛ մեղանչէք, եւ ինչ որ ձեր սիրտին մէջ ըսէք՝ անկողինին մէջ զղջացէք, այսինքն՝ օր թող չանցնի ձեր բարկութեան վրայ, իսկ եթէ մեղանչած էք, գիշերը նախքան ձեր քնանալը անպայման զղջացէք:

Իսկ առակագիրին նշած բարկասիրտ մարդիկը անոնք են, որոնք բարկութիւնը իրենց համար սովորական երեւոյթի վերածած են, աւելին՝ բարկութիւնը իրենց ձեռքին մէջ զէնքի վերածած են, արդարացնելով իրենց անտրամաբանական քայլերը, միաժամանակ իրենց ուզածին հասնելու համար: Այդ տեսակի մարդիկ, ո՛ւր ալ գտնուին, միշտ խառնակութիւն, վէճ եւ կռիւ կը յարուցեն, այսինքն՝ իրենց վերաբերմունքով կը խաթարեն իրենց գտնուած միջավայրին անդորրութիւնը:

Ասոնց ճիշդ հակառակ մարդիկը, այսինքն՝ վէճէ ու խառնակութիւններէ զգուշացող ու միշտ հեռու մնացող մարդիկը, իրենց վերաբերմունքով, իրենց պահուածքով ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի իրենց գտնուած միջավայրին անդորրը չխաթարուի, իսկ եթէ այնպէս ըլլայ, որ վէճ կամ կռիւ ծագի, ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի կարենան դադրեցնել զայն, այդպիսով իրաւունքի ու ճշմարտութեան զինուրներ դառնալով, ինչպէս Սուրբ Եփրեմ Ասորին կ՚ըսէ. «Ով որ դիւրութեամբ չի՛ բարկանար ու պարապ խօսքերէն չի՛ յուզուիր, այդպիսին իրաւունքի եւ ճշմարտութեան գործիչ է». միաժամանակ, Սուրբ Հոգիին կացարան դառնալով, դարձեալ նոյն Սուրբին համաձայն. «Ով իր մէջ դիւրութեամբ չ՚ընդունիր դիւրագրգռութեան ոգին, այդպիսին Սուրբ Հոգիին կացարան կը դառնայ»:

Հ. Ի՞նչ կ՚ընեն իմաստուն ու անմիտ տղաները:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Իմաստուն տղան իր հայրը կ՚ուրախացնէ, բայց անմիտը իր մայրը կ՚անարգէ» (Առ 15.17): Այս տողը կարդալով յատկապէս ծնողները պէտք է ուշադիր ըլլան, մանաւանդ՝ մայրերը, որովհետեւ զաւակներուն իրենց ծնողներուն ուրախացնելը եւ անարգելը անմիջականօրէն կախում ունին ծնողներուն տուած դաստիարակութենէն; Եթէ ծնողները պէտք եղածին պէս ու ճիշդ կերպով վարուին իրենց զաւակներուն հետ, պէտք եղած դաստիարակութիւնը եւ մանաւանդ սէր գուրգուրանք տան իրենց զաւակներուն, ապա անոնք երբ մեծնան՝ ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի ուրախութիւն պատճառեն իրենց ծնողներուն, իսկ եթէ պէտք եղած դաստիարակութիւնը, սէրը եւ գուրգուրանքը չտան ծնողները իրենց զաւակներուն, ապա անոնք երբ մեծնան՝ անտարբեր կը դառնան իրենց նկատմամբ եւ նոյնիսկ չեն ալ ամչնար անարգելէ զանոնք:

Այստեղ, մեր մէկ ամփոփ գրութիւնը կը տեղադրենք, որ գրած ենք 29 օգոստոս 2015-ին, «Ծնող-զաւակ փոխյարաբերութիւն» վերանագիրով:

Մարդկային ընկերական կեանքէն ներս բազմաթիւ են փոխյարաբերութիւնները զանազան ոլորտներու, մակարդակներու եւ շրջանակներու մէջ: Սակայն, ամենէն կարեւոր եւ էական փոխյարաբերութիւնը Աստուած-մարդ փոխյարաբերութենէն ետք, ըստ իս ծնող-զաւակ փոխյարաբերութիւնն է, որու վրայ կ՚աճին ու կը զարգանան միւս փոխյարաբերութիւնները: Այստեղ միայն երկու երեւոյթներու մասին պիտի անդրադառնամ, մէկը ծնողներու եւ միւսը զաւակներու վարուելակերպին ու պահուածքին մասին:

Նախ սկսիմ ծնողներով: Դժբախտաբար, տակաւին մինչեւ մեր օրերը ծնողներ կան, որոնք կը կարծեն, թէ ինչքան ալ իրենց զաւակները մեծնան, աճին, ուսում ստանան, յաջողութիւններու հասնին, ծնող դառնան՝ միեւնոյնն է, իրենց համար կը մնան զաւակ եւ միայն, եւ առ այդ իրենց համար իրաւունք կը վերապահեն ցանկացած առիթի կոպտելու, վիրաւորելու, յանդիմանելու եւ երբեմն նոյնիսկ անարգելու, մոռնալով, որ իրենց զաւակները արդէն չափահաս դարձած են՝ ծնող են արդէն, եւ նման վերաբերմունքը իր ժխտական անդրադարձը կրնայ ունենալ զաւակ-ծնող փոխյարաբերութեան վրայ: Բնական է, որ որպէս ծնող իրաւունք ունին երբեմն յանդիմանելու, որովհետեւ իրենք իրենց զաւակներուն պատասխանատուններն են՝ վերակացուներն են, սակայն այդ իրաւունքը պէտք չէ անդրանցնի չափն ու սահմանը, զաւակներուն մօտ արթնցնելով վիրաւորուածութեան ու լարուածութեան զգացում: Յանդիմանելը՝ իր տեղին, երբ յանդիմանութեան նախորդած ըլլան խրատն ու թելադրութիւնը, սակայն կոպտել, անարգել ու յանդիմանել տեղի ու անտեղի, այդ մէկը արդէն մտածել կու տայ, որ տուեալ ծնողը հոգեկան լուրջ ու վտանգաւոր խնդիրներ ունի:

Երկրորդ, զաւակներուն վերաբերմունքը: 21-րդ դարը իր հետ բարոյական արժէքներու անկում բերաւ: Անկում՝ գրեթէ ամէն մակարդակներու եւ ոլորտներու մէջ: Այդ անկումներուն ամենէն սարսափելին սակայն զաւակ-ծնող փոխյարաբերութեան խախտումն է: Այսօր, զաւակներ կան, որոնք այնպիսի առաքինի ծնողներէ  սերած են, սակայն երբ ընկերութեան մէջ եւ փոխյարաբերկան կեանքին մէջ անոնց հետ շփում կ՚ունենաս, ուղղակիօրէն կը զարմանաս ու կ՚ապշիս, եւ կը սկսիս մտածել, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ այսպիսի առաքինի ծնողէ մը կրնայ այսպիսի անառակ զաւակ մը յառաջ գալ: Գլխաւոր պատճառը այս երեւոյթին, զաւակներուն ծնողներուն նկատմամբ ունեցած անյարգալիր վերաբերմունքն է, իրենց ծնողներուն վարկն ու անունը շահագործելը, եւ այլն, եւ այլն: Նման զաւակներու համար, ո՛չ ընտանեկան յարկի հասկացողութիւն գոյութիւն ունի, ո՛չ ընտանեկան սրբութիւն եւ ոչ ալ ընտանիքի ըմբռնողութիւն: Նման զաւակներ հակառակ իրենց մաքրասէր մայրերուն՝ իրենք հակառակ պատկերը կը ներկայացնեն՝ անհոգ, անմաքրասէր ու թափթփած: Հակառակ իրենց հիւրասէր հայրերուն, իրենք ագահութեամբ տառապած միայն իրենց եսին մասին կը մտածեն: Հակառակ իրենց առաքինի ծնողներուն, իրենք ճիշդ հակառակը անառակ ու անբարոյ կ՚ըլլան: Հակառակ իրենց ծնողներուն տուած դրական դաստիարակութեան, իրենք ճիշդ հակառակը՝ որովհետեւ յաջողած են իրենց ծնողները խաբել եւ իրենք զիրենք «առաքինի» ներկայացնել, կ՚ըլլան անկիրթ, փողոցային, լկտի եւ ինչե՜ր չեն ըներ շահագործելով իրենց ծնողներուն բարեմտութիւնն ու առաքինութիւնը:

Երկու երեւոյթներուն ալ պատճառը խորքին մէջ ծնող-զաւակ եւ զաւակ-ծնող երկխօսութեան բացակայութիւնն է: Այսօրուան ծնողները ժամանակ չունին իրենց զաւակներուն տրամդրելու, իսկ զաւակները կարծելով որ ժամանակները փոխուած են, կը մտածեն, թէ իրենց ծնողները «հին ուղեղ» ունին, եւ առ այդ կը զլանան զրուցել եւ կիսել իրենց մահոգութիւնները:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 43

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2023