ՄԵԾ ԱՓՍՈՍԱՆՔԷ ՎԵՐՋ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԲԱՆԸ ԳՏՆԵԼՈՎ
Յաճախ կը պատահի բոլորիս, երբ բան մը կը կորսնցնենք եւ շատ նեղուինք: Նեղութիւնն ու ափսոսանքը կրնան երկար տեւել կամ անհատուցելի ըլլալ, երբ չկարենանք վերագտնել մեր կորսնցուցածը: Իսկ երբ ուշ կամ կանուխ նոյն մեր կորսնցուցած իրը գտնենք, շատ աւելի մեծ ուրախութիւն եւ ցնծութիւն կ՚ապրինք, քանի ձեւով մը եւ ակամայ մեր ուրախութիւնը կ՚ուզէ ոչ միայն նոյն գտնուած իրով լիացնել մեզ, այլեւ միեւնոյն ատեն մեզ տանջած ափսոսանքէն ու նեղութենէն ալ տեսակ մը աւելիով «վրէժ կ՚ուզէ լուծել»: Այդպիսով մենք մեզ կը կարծենք նեղութեան յաղթած եւ բաւարարուածութիւններ կ՚ապահովենք զգալ սխրանք համարելով մեր ըրածը:
Ուրեմն այս միտքի շրջանակին մէջ մեզի պատահեցաւ դէպք մը, որ նոյն հերթականութեամբ սկիզբը շատ նեղութիւն պատճառեց, բայց 10-15 վայրկեան վերջ երբ վերականգնեցինք կորսուածը, աւելի մեծ ուրախութիւն մը ապրեցանք:
Ես, Յակոբը, Նունէն եւ Անին. Յակոբենց ինքնաշարժի ետեւը կանգնած էինք եւ չնկատեցինք, որ ճիշդ մեր տեղէն կէս մեթր անդին կայ կոյուղիի փոս մը, որ փակուած է ճաղեայ, երկաթէ եւ հաստ կափարիչով մը: Նունէն Յակոբէն ինքնաշարժին մէջ դրուած վարորդի վկայականը խնդրեց եւ ուզեց թուղթերը, որոնք դրուած էին թափանցիկ պահարանի մը մէջ, որուն մէկ կողմը բաց էր: Յակոբը հանեց թուղթերը եւ անզգալաբար պահարանին մէջէն ինկաւ նոյն ինքնաշարժին վկայականի քարտը եւ գլտորեցաւ ու սպրդեցաւ՝ մտնելով կոյուղիի երկաթէ կափարիչի ծակէն ներս:
Բոլորս սառեցանք պահ մը եւ սկսանք իրարու հարցնելու, թէ ինչպէ՞ս եղաւ այս մէկը եւ ի՞նչ կրնանք ընել հիմա:
Ցնցումը մեծ էր եւ շշմեցուցիչ, քիչ մը խօսելէ եւ քննարկելէ ետք սկսանք լուծումներ փնտռել, քանի նկատեցինք, որ քարտը 1-1.5 մեթր խորութեամբ յատակին վրայ է եւ չէ կորած մեծ ծակին մէջ: Ի վերջոյ ըսինք, որ քանի գիշեր է, յաջորդ օրը «կը կապուինք քաղաքապետարանի ծառայութեան հետ եւ իրենք թող գան ու վերցնեն կափարիչը, որպէսզի հանուի քարտը»: Ամէն մէկս կը փորձէինք -ինչպէս նման դէպքերու կը պատահի- մեր ունեցած փորձն ու ճարպիկութիւնը գործի լծել եւ լուծում մը գտնել եղած իրավիճակը գոնէ մեղմելով, հակառակ երբեմն մեր միտքերը սին ու երեւակայածին էին:
Նախ մտածեցինք ծայրը բռնիչ եւ ունելի ունեցող ձող մը ճարելու մասին եւ յուսահատօրէն անցանք գործի:
Կ՚արժէ նշել, որ պահերը միշտ համապարփակ չեն հակակշռեր հնարաւորութիւնները եւ որեւէ միտք կամ հնարք այսպէս ըսած՝ մեղմացուցիչ գործիք է կամ եղած նեղութիւնը համեմատօրէն փարատելու միջոց, յոյս մը ստեղծելու եւ ընելիքը յաջողցնելու առումով: Վստահաբար բոլորս գիտենք, որ յոյսն ու մանաւանդ յոյսի անկեղծ գտանումն ու իւրացումը շարժիչ ու կենարար գիծն է ամէն ինչին եւ որ ընթացքը ապագայապաշտ ու պայծառ կը դարձնէ:
Ժամը ուշ ըլլալով՝ դժուար թէ գտնէինք մեր պատկերացուցած «փրկող ձողը» ունելի ունեցող ծայրով: Դիմացը կար հանրախանութ մը, ուր մեր աչքին զարկաւ փակցնելիք ունեցող կլորակները եւ մի քանի նոր միտք յղացանք:
Նախ մտածեցինք բարակ ու երկար գաւազան մը ճարել եւ ատկէ ետք փակցնել անոր վրայ նոյն այդ կլոր փակցնելիքի ժապաւէնէն երկար մասեր, յետոյ միտքը վերամշակեցինք եւ ըսինք, որ եթէ նոյն բարակ գաւազանին ծայրին փաթթենք այդ փակցնելիքէն հաստ ու խիտ շերտեր, հաւանաբար այսպէս ըսած՝ մագնիսի կը վերածուի՝ դեռ չգտնուած ձողին կամ գաւազանին ծայրը: Կը մնար մեզի գտնել այդ գաւազան կամ ձողը եւ սկսանք հարցնել անոր մասին: Բարեբախտաբար հանրախանութի աշխատողը իրենց պահեստէն բերաւ ձող մը եւ մենք անցանք ծրագրուած լուծումը գործադրելու:
Յաջողած էր մեր կատարած հաւաքական գործը եւ ես կրցայ անձամբ ձողը իջեցնել կափարիչի բացուածքէն եւ փակցնել անոր ծայրը ինկած քարտին: Բոլորս մտահոգ էինք, որ եթէ փրթէր ու գլորուէր քարտը ձողի եզերքէն վար, այս անգամ շատ հաւանական էր, որ ան մտնէր կոյուղիի ծակին մէջ եւ կորած պիտի ըլլար ոչ միայն մեր ջանքը, այլ քարտը ինքնին, մեր ափսոսանքն ու նեղութիւնը կրկնապատկելով:
Բարեբախտաբար զգուշօրէն կատարուած գործողութիւնը յաջողեցաւ եւ կրցայ հանել քարտը: Մեր ուրախութիւնը շատ մեծ էր եւ հաւաքական մեր գործը բաւարարուած ու արդարօրէն ըմբոշխնուած էր մեր կողմէ:
Քիչ մը կէս-կատակներով զիրար մեղադրեցինք, որ ով ի՞նչ ըրաւ, միեւնոյն ատեն գնահատականներ ալ տալով մէկզմէկու։
Այո՛, ուրախ էինք բոլորս ո՛չ միայն մեծ նուաճման կատարումով կամ վնասի չէզոքացմամբ, այլ միեւնոյն ժամանակ մեր հնարած հաւաքական միտքը յաջողցնելով: Ինքնեկ ու ինքնաընդլայնող եւ ընդգրկուն ջերմութիւնը վարակիչ էր ու հոգեշնչուածութիւն ստեղծող:
Ուրեմն, վերջապէս կրնամ ըսել ու կը կարծեմ, թէ մեր բոլորիս՝ մա՛նաւանդ հաւաքականացող առօրեան, իր փոքր պատահարներով միշտ ուրախութեան աղբիւրներ հայթայթելու առաքելութիւն մը ունի իր մէջ, եւ որուն մենք բոլորս մշտապէս ու գիտակցօրէն կամ անգիտակցօրէն կը ձգտինք: Մենք տեղ մը միշտ կը սիրենք փոքր, ապրուստ հոտող եւ մեզ խորապէս իրենք զիրենք զգացնող ու զգացուածութիւններ պարգեւող պատահարները, դրուագները, եղելութիւնները, անակնկալները եւ այլն, որոնց ամենամեծ յատկանիշը անոնց անկեղծ ու անմիջական բռնկումներն ու դրսեւորումներն են:
Մենք ուրախ էինք պատահարէն, անկախ մեր հարցերուն ու զգացած տխրութեան եւ մեր օրը լիակատար կրցանք համարել մեր հաւաքական տեսքով, անկախ ամէն մէկուս անձնական կեանքէն եւ մանաւանդ անկախ աստղագիտութեան այդ վայրկեանին եղած նորութիւններէն կամ շատ մեծ դէպքերէն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան