ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՍԻՐՈՅ ԹՐԹԻՌՆԵՐ

-Քա ի՞նչ են ա­սոնք: Ո՞վ կը դնէ գրա­սե­ղա­նիս դա­րա­կը: Ո՞վ է աս Նո­րայ­րը: Ի՜նչ ալ ճա­շա­կա­ւոր է ան: Գծագ­րու­թեան ալ լաւ կա­րո­ղու­թիւն ու­նի...:

Այս­պէս կը մտա­ծէ Ար­միկ, երբ ա­մէն օր կու գայ դպրոց ու գրա­սե­ղա­նին դա­րա­կին մէջ տե­ղա­ւո­րուած թուղ­թի ծրար­ներ կը գտնէ, ո­րոնց վրայ գրուած են սի­րոյ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, սիր­տե­րու եւ ծա­ղիկ­նե­րու գե­ղե­ցիկ գծագ­րու­թիւն­նե­րու կող­քին: Բայց այդ գրու­թիւն­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ան­հասկ­նա­լի է: Ո՛չ ա­րա­բե­րէն են ա­նոնք, ո՛չ ալ՝ հա­յե­րէն, միայն ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րը գե­ղա­գիր հա­յե­րէ­նով «Նո­րայ­ր» են: Ա­րա­բե­րէնն ու հա­յե­րէ­նը շատ լաւ գի­տէ Ար­միկ, քա­նի ան փո­խադ­րուած է Լի­բա­նա­նէն ու Ե­րե­ւա­նի մօ­տիկ Ա­բո­վեան քա­ղա­քին մէջ ըն­տա­նի­քին հետ կը բնա­կի ու բնա­կա­րա­նին մօ­տա­կայ դպրոց­նե­րէն մէ­կը կը յա­ճա­խէ: Դա­սըն­կեր­նե­րուն քսա­նը պարս­կա­հայ են, եր­կու­քը՝ տե­ղա­ցի, մէ­կը՝ սու­րիա­հայ, իսկ ինք՝ լի­բա­նա­հայ:

Աչ­քա­ռու, ճլվլուն աղ­ջիկ մըն էր Ար­միկ, տասն­չոր­սա­մեայ, տա­քա­րիւն պա­տա­նե­կիկ մը: Ա­նոր յա­ճա­խած դպրո­ցը ու­նէր առ­տուան եւ ե­րե­կո­յեան դա­սըն­թացք­ներ: Ինք կը յա­ճա­խէր ե­րե­կո­յեան բա­ժի­նը: Մինչ առ­տուան իր գրա­սե­ղա­նը զբա­ղեց­նո­ղը պարս­կա­հայ պա­տա­նի մըն էր, որ ա­մէն օր ար­ձա­կուած պա­հուն զինք կը տես­նէր ու միշտ կը հե­տաքրք­րուէր իր մա­սին պարս­կա­հայ դա­սըն­կեր­նե­րուն հարց­նե­լով: Մինչ Ար­միկ չէր նկա­տեր ա­նոր հե­տաքրք­րու­թիւ­նը:

Դպրո­ցի գրե­թէ բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը գի­տէին Ար­մի­կին ու Նո­րայ­րին մա­սին, բա­ցի նոյ­նինքն՝ Ար­մի­կէն, որ եր­բեմն-եր­բեմն հա­րե­ւան­ցի հար­ցում­նե­րով կ­­՚ու­զէր Նո­րայ­րին մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղել, իբ­րեւ թէ ա­ռանց զգաց­նե­լու իր ապ­րում­նե­րը, բայց ինչ­պէ՞ս կրնար պա­հել վառվ­ռող դէմ­քը, խռո­վա­լի նա­յուածք­նե­րը, ան­յագ պրպտում­նե­րը գրա­սե­ղա­նի դա­րա­կին մէջ, ա­պա կա­րօ­տա­լի ըն­թեր­ցումն ու հիա­ցու­մը: Ան ո՛չ կը բա­րե­ւէր, ո՛չ կը խօ­սէր մէ­կու մը հետ, հեւ ի հեւ կը բարձ­րա­նար դա­սա­րան ու իր ա­ռօ­րեայ ո­րո­նում­նե­րուն մէջ կը թա­ղուէր: Շատ կը փա­փա­քէր ան­ձամբ ծա­նօ­թա­նալ Նո­րայ­րին հետ, ո­րուն նե­րաշ­խար­հին ար­դէն ծա­նօթ էր, ու ան­մեկ­նա­բա­նե­լի զգա­ցում մը կ­­՚ո­ղո­ղէր իր ամ­բողջ էու­թիւ­նը: Այս­պի­սի ապ­րում­նե­րու ծա­նօթ չէր ան, հան­դի­պած էր պա­տա­նի­նե­րու ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, չա­րաճ­ճիու­թիւն­ներ ը­րած ա­նոնց հետ, սա­կայն նման ապ­րում­ներ եր­բեք չէր ու­նե­ցած: Ան շատ կ­­՚ու­րա­խա­նայ մա­նա­ւանդ երբ կը տե­ղե­կա­նայ, որ Նո­րայ­րը կը բնա­կի ի­րենց տան դէ­մի հան­րա­կա­ցա­րա­նին մէջ, ու ա­ւե­լին՝ ան իր ննջա­սե­նեա­կի պա­տու­հա­նէն կրնայ տես­նել ա­նոր սե­նեա­կի պա­տու­հա­նը եւս...: Պի­տի կա­րե­նայ զայն տես­նել պա­տու­հա­նէն ա­մէն օր, որ­քա՜ն ու­րախ է, ա­մէն վայր­կեան կ­­՚ապ­րի Նո­րայ­րին հետ ար­դէն, նոյ­նիսկ քնա­ցած պա­հուն Նո­րայ­րը կ՚այ­ցե­լէ ի­րեն՝ գե­ղա­դէմ, սե­ւա­հեր, հա­սա­կա­ւոր ու վա­յե­լուչ իր տես­քով, այս­պէս կ­­՚ե­րե­ւա­կա­յէր ան Նո­րայ­րը, ու ա­մէն օր դպրո­ցէն վե­րա­դար­ձին կը գա­մուէր ննջա­սե­նեա­կի պա­տու­հա­նին առ­ջեւ, կը սպա­սէր Նո­րայ­րի սե­նեա­կէն լոյ­սի ճա­ռա­գայ­թու­մին: Նո­րայրն ալ կար­ծես գի­տէր Ար­մի­կին տան տե­ղը ու ա­նոնք ժա­մե­րով պա­տու­հան­նե­րէն բա­րեւ­ներ կը փո­խա­նա­կէին, բայց յստակ չէր տես­նուեր ա­նոնց դէմ­քը, ի՜նչ փոյթ, կա­րե­ւո­րը զգալն է ի­րա­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, որ­մէ միայն ու միայն սէր կը յոր­դի: Ար­մի­կին հրճուան­քը կը բազ­մա­պատ­կուէր, երբ եր­կու­քին թե­ւե­րը բարձ­րա­նա­յին ու բա­րեւ­նե­րու այս փո­խա­նա­կու­մը Ար­մի­կին պա­տա­նի սրտի­կը այն­պէս ա­րագ կը բա­բա­խեց­նէր, որ կար­ծես ան դուրս պի­տի ել­լէր մարմ­նէն: Հա­պա՛ ե­թէ տես­նէ Նո­րայ­րը, զգայ ա­նոր գո­յու­թիւ­նը, հա­յեացք­նե­րու փո­խա­նա­կու­մով ին­չե՜ր կրնան պա­տա­հիլ ար­դեօք...:

Ար­մի­կին մայ­րը զար­ման­քով յա­ճախ սե­նեակ կը մտնէր, ո­րուն ներ­կա­յու­թիւ­նը նկա­տե­լով Ար­միկ դա­սագր­քե­րու կոյ­տին դէմ կը նստէր ու դա­սա­պատ­րաս­տու­թեամբ զբա­ղա­ծի մը տես­քը կ՚ու­նե­նար: Կի­նը նկա­տե­լով աղջ­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, նոյ­նիսկ ընթ­րի­քը ննջա­սե­նեակ կը բե­րէր, որ­պէս­զի ան կեդ­րո­նա­ցու­մէն չշե­ղէր: Բայց ի՞նչ դաս, ո՞վ կը մտա­ծէ դա­սի մա­սին...: Ար­միկ այդ­քան ալ ու­սում­նա­սէր մէ­կը չէր, բայց շատ ու­շիմ էր, հա­կա­ռակ որ միշտ ալ չա­րու­թիւն­նե­րով աչ­քի կը զար­նէր: Ա­հա թէ ինչ ը­րաւ օր մը: Ար­միկ վարժ չէր ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի հնչիւն­նե­րուն, միշտ կը ծի­ծա­ղէր դա­սըն­կեր­նե­րուն խօ­սե­լա­ձե­ւին վրայ, միայն սու­րիա­հա­յը կը հասկ­նար իր խօս­քե­րը եւ ին­չո՞ւ չէ՝ նաեւ եր­բեմն ալ կը մաս­նակ­ցէր Ար­մի­կին կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն: Օր մը Ար­միկ տու­նէն խա­ւա­քարտ մը կը բե­րէ ու մէ­կիկ-մէ­կիկ դա­սըն­կեր­նե­րուն կար­դալ կու տայ ա­նոր վրա­յի մե­ծա­տառ գրու­թիւ­նը: «Բա­դը պա­տին վրա­յ» գրուած էր խա­ւա­քար­տին վրայ․ պարս­կա­հա­յերն ու հա­յաս­տան­ցիք կը կար­դան ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն հնչիւն­նե­րով՝ «պա­տը բա­դին վրա­յ», Ար­միկն ու սու­րիա­հա­յը չեն կրնար զսպել ի­րենց քրքի­չը, ու­շա­թա­փե­լու չափ կը խնդան ու փո­րեր­նին բռնած, կաս-կար­միր կտրած կ՚ար­տա­յայ­տուին՝ «Ծօ ինչ­պէ՞ս պա­տը բա­դին վրայ կ՚ել­լէ, հա­հա­հա»: Դա­սըն­կեր­նե­րը եւս կը զուար­ճա­նա­յին այս չա­րու­թիւն­նե­րով ու չէին նե­ղա­նար Ար­մի­կէն:

Այս­պէս ա­միս­ներ կ­­՚անց­նին ու տա­կա­ւին Ար­միկ ան­ձամբ չէ տե­սած Նո­րայ­րը: Յա­ճախ, սա­կայն, տա­րօ­րի­նակ կը թուի շի­կա­հեր պարս­կա­հայ պա­տա­նիի մը հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ի­րեն հան­դէպ, ո­րուն հետ հեգ­նան­քով կը խօ­սի Ար­միկ, բայց շի­կա­հեր Սա­հա­կը յա­մա­ռօ­րէն դէ­մը կ­­՚ել­լէ Ար­մի­կին, ճամ­բուն մէջ­տե­ղը կը կեց­նէ, ա­ռա­ջարկ­ներ կը տե­ղաց­նէ, ժա­մադ­րա­վայ­րեր կ՚ո­րո­շէ, բայց Ար­միկ միշտ ալ խոյս կու տայ ան­կէ:

Ու ա­հա ճա­կա­տագ­րա­կան օ­րը կը հաս­նի.Ար­միկ սո­վո­րա­կա­նին պէս դա­րա­կը կը խու­զար­կէ, վեր­ջերս ինքն ալ սկսած է նա­մակ­ներ գրել Նո­րայ­րին ու եր­կուքն ալ մէկզ­մէ­կու սի­րոյ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը կը գգուեն ու ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սեն նոր նա­մակ­նե­րու: Կը կար­դայ ան օ­րուան նա­մա­կը, կը հրճուի ու յու­զու­մը կը պա­տէ պա­տա­նի հո­գին, կ­­՚ու­զէ տես­նել զայն, այս­քան մօտ ըլ­լա­լով չտես­նե՞լ, ինչ­պէ՞ս չտես­նել, այս­քան հա­րա­զատ ապ­րում­ներ ու սէր պա­րու­նա­կող ան­ձի մը հետ ինչ­պէ՞ս չծա­նօ­թա­նալ...: Դա­սըն­կեր­նե­րէն՝ պարս­կա­հայ Կա­րօն, որ Նո­րայ­րին մտե­րիմ բա­րե­կամն էր, կը մօ­տե­նայ ու կը յայտ­նէ, որ Նո­րայ­րը դպրո­ցէն ար­ձա­կուե­լու ժա­մա­նակ տես­նել կ՚ու­զէ զինք: Ի՞նչ, վեր­ջա­պէս պի­տի տես­նէ՞ Նո­րայ­րը, վեր­ջա­պէս պի­տի խօ­սի՞ ա­նոր հետ, հե­քիա­թա­յին սպի­տակ ձիա­ւորն է ան Ար­մի­կին: Վայր­կեան­նե­րը ժա­մե­րու տե­ւո­ղու­թիւն ու­նին կար­ծես, չեն անց­նիր, մինչ Ար­միկ հան­գիստ չու­նի, չի գի­տեր ի՞նչ ը­նէ, ե­րա­նի կա­խար­դա­կան գա­ւա­զան մը ու­նե­նար ու ժա­մա­ցոյ­ցին սլա­քի շար­ժու­մը ա­րա­գաց­նէր: Քա­նի կը մօ­տե­նայ հան­դիպ­ման ժա­մա­նա­կը, այն­քան ան­հան­դարտ վի­ճակ մը կ՚ու­նե­նայ Ար­միկ, կը վառվ­ռի, ա­ռա­ջին սի­րոյ ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ, ո­րուն շա՜տ եր­կար սպա­սեց...

Վեր­ջին պա­հու զան­գը կը հնչէ ու Կա­րօն կը մօ­տե­նայ Ար­մի­կին ու­ղեկ­ցե­լու դէ­պի ժա­մադ­րա­վայր, ան կ՚ու­զէ թռչիլ, ա­րագ հաս­նիլ Նո­րայ­րին, սա­կայն կը զսպէ ինք­զինք․ կը հաս­նին, բայց ա­հա դէ­մը կ՚ել­լէ շի­կա­հեր Սա­հա­կը. «Ո՞ւր­կէ ե­լաւ հի­մա աս տղան, ես ե­կած եմ Նո­րայ­րը տես­նե­լու, խո­չըն­դո­տի մը պէս ե­կեր ու կանգ­ներ է հոս, ինչ­պէ՞ս զինք հե­ռաց­նենք, որ­պէս­զի կա­րե­նամ հան­գիստ զրու­ցել Նո­րայ­րին հետ, բայց ո՞ւր է Նո­րայ­րը»․ այս­պէս կը մտա­ծէ Ար­միկ, կը մօ­տե­նան ա­նոնք Սա­հա­կին ուղ­ղու­թեամբ, Կա­րօն կը ծա­նօ­թաց­նէ. «Ա­հա Սա­հակ-Նո­րայ­րը, որ շատ կ­­՚ու­զէ հետդ ծա­նօ­թա­նալ, ան է նա­մակ­նե­րուն հե­ղի­նա­կը»: Ի՞նչ, ի՜նչ հիաս­թա­փու­թիւն մը կը տի­րէ Ար­մի­կին, սէ­րը կա­թիլ-կա­թիլ կը թա­փի աչ­քե­րէն, կար­ծես հո­գիին հրա­ժեշտ տա­լով, ու չի գի­տեր ինչ­պէ՞ս փախ­չիլ այդ տե­ղէն: Ա­միս­նե­րէ ի վեր ինչ­պէ՞ս կը պատ­կե­րաց­նէր Ար­միկ Նո­րայ­րը եւ ի՞նչ տե­սաւ․ այդ նոյն պա­տա­նին, որ տես­նել իսկ չէր ու­զեր ան, չէր մար­սեր ա­նոր ներ­կա­յու­թիւ­նը...: Քա­նի՜ ան­գամ փա­խուստ տուած է ան­կէ... ու լա­լով տուն կը հաս­նի Ար­միկ:

Յա­ջորդ օ­րը կը հի­ւան­դա­նայ ու դպրոց չ՚եր­թար: Սա­կայն ան­կո­ղի­նին մէջ, ջեր­մու­թիւն­նե­րով պա­տուած կը մտա­ծէ, բա­նի մը բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կը զգայ ան, նա­մակ­նե­րը կար­դա­լու ժամն է, կը յի­շէ նա­մակ­նե­րուն պա­րու­նա­կու­թիւ­նը, կը յի­շէ նաեւ շի­կա­հեր Սա­հակ-Նո­րայ­րը, կը հա­մե­մա­տէ զայն իր ե­րե­ւա­կա­յու­թեան կեր­տած պատ­կե­րին հետ, չ­­՚ու­զեր հա­ւա­տալ ի­րա­կա­նու­թեան, բայց ի՛նք է, որ գրած է այդ նա­մակ­նե­րը, բա­ցիկ­ներ շի­նած չոր վար­դե­րով ու կար­միր սիր­տե­րով... ի՛նք է այդ զգա­ցում­նե­րը մարմ­նա­ւո­րո­ղը:

Այ­լեւս Ար­միկ նոյն հրճուան­քով չի բարձ­րա­նար դա­սա­րան, պա­հեր կ­­՚անց­նին ու դա­րա­կը խու­զարկ­ե­լու մա­սին իսկ չի մտա­ծեր, հոգն իսկ չէ, հիաս­թա­փու­թեան ձգած սպին դեռ կը կոտ­տայ: Այս­պէս օ­րեր կ՚անց­նին ու ա­հա թուղ­թի կտոր մը կը հպի մատ­նե­րուն դա­րա­կին մէջ, որ ին­չե՜ր կ­­՚արթնց­նէ ա­նոր պա­տա­նի հոգ­ւոյն մէջ, կա­րօ­տով կը բա­նայ թուղ­թի կտո­րը եւ կար­ծես կը լա­փէ հոն գրուած տո­ղե­րը...

Կը մտեր­մա­նան ա­նոնք ու եր­կուքն ալ կը վա­յե­լեն պա­տա­նե­կան ա­ռա­ջին սի­րոյ ապ­րում­նե­րը: Սա­կայն եր­կար չի տե­ւեր այս մտեր­մու­թիւ­նը, Ար­մի­կը ըն­տա­նեօք կը վե­րա­դառ­նայ Լի­բա­նան:

Ա­մէն օր կեան­քի դպրո­ցէն սոր­վե­լիք մը ու­նինք, այս մէ­կը ծա­ռա­յեց Ար­մի­կին հա­սու­նաց­ման, եւ այս տա­րի­քին ան հասկ­ցաւ, որ մար­դուս ար­տա­քին տես­քը կապ չու­նի ա­նոր նե­րաշ­խար­հին հետ:

Տա­րի­ներ անց, երբ Ար­միկ ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դի հա­մար կու գայ Ե­րե­ւան, կ՚այ­ցե­լէ Ա­բո­վեան քա­ղա­քը, կը դի­տէ դպրո­ցը ու այդ թա­ղե­րուն մէջ կը շրջի յու­շե­րուն հետ, մինչ ե­րի­տա­սարդ մը հե­ռուէն կը նկա­տէ զինք, կը մօ­տե­նան ի­րա­րու, կը ճանչ­նան զի­րար, սա­կայն սառ­նո­րակ ապ­րում­նե­րով հա­զիւ թէ կը ձեռ­նուին ու ա­մէն ոք կը շա­րու­նա­կէ իր ու­ղին: Կեան­քի դպրո­ցը ի­րենց հա­մար նոր գի­տե­լիք­ներ չու­նի ալ:

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2016