Հայ­կը Եւ Իմ Կի­րա­կիս

Կրկին ուրախ լուր: Այս անգամ Հայկը մեր քովն է: Նոր խապրիկ: Վեց եւ քիչ մը աւելի տարիք ունեցող մեր թոռնիկը այս շաբթուան բոլոր օրերը մեզի հետ պիտի անցընէր, որովհետեւ իր հայրն ու մայրը, իր չար բախտէն, իսկ մեր բարի բախտէն՝ իրենց աշխատանքին կամ գործի բերումով քաղաքէն պիտի բացակայէին եւ իրարմէ տարբեր նահանգներու մէջ սեմինարներու ներկայ պիտի ըլլային պարտադրաբար: Զուգադիպութիւն:

Ահա՛ քեզի Ամերիկա, որուն առօրեայ հեւքին մէջ շատ ծանր կը պայքարինք բան մը պահելու համար: Բայց եւ այնպէս, խօսքը մեր մէջ, մեզի նման մեծ ծնողներու համար ասկէ աւելի հաճելի բան չէր կրնար ըլլար: Թոռնիկի ներկայութիւնը վայելել եւ ան ալ՝ երկար օրեր: Զինք կերակրել, հետը խաղալ, պտտիլ, կերցնել եւ տակաւին ինչե՜ր: Ան, որ թոռնիկ ունի, կրնայ հաստատել: Վարժուած ենք եւ կը սիրենք այսպէս ապրիլ:

Եւ էրիկ-կնիկ անձայն եւ ուրախութեամբ  ծրագրեցինք ու բաժնեցինք մեր աշխատանքները: Իսկ վերջին օրը՝ Կիրակին, եկեղեցւոյ  յատկացուցինք:

Իր կարգին, Հայկը առաջին օրերուն եւ մանաւանդ ծնողքի բացակայութիւնը զգացնող առաջին ժամերուն մանկական տագնապներ անցուց: Երակներուն մէջ մխրճուած յոյզեր ապրեցաւ: Սիրտը մանկական ձայնաւոր եւ անձայն փլուզումներու ենթարկուեցաւ: Կցկտուր յուզումներ եւ յուզումնախառն վայրկեաններ: Բառերը խառնուեցան լեզուին տակ: Մեր տան բոլոր պատուհաններու առջեւ թափառեցաւ: Մամա-պապա փնտռեց: Անոնց ոտնաձայները մեզի լսել տուաւ: Քիչ մը լացաւ: Աչքերը ապակիներէն անդին «պտտցուց», լեռներուն վրայ թափառող ամպերուն նման:

Իսկ ես ալ այս բոլորը փորձեցի իմ ձեւովս մոռցնել տալ: Զանազան կատակներ ընելով՝ փորձեցի «խնդացնել»: Դարձայ խաղալիք, եղայ կապիկ,  ակամայ դերասան, ծաղրածու: Ուրախութեան հեւքով կեանքի պարապը փորձեցի լեցնել: Թէեւ շատ յաճախ հայերէնը բացակայեցաւ, բայց փորձեցի համակերպիլ, որպէսզի նոր կացութեան դիմաց չգտնուէի: Ճիշդ էր, որքան որ մենք հոգատար եւ մեծ խնամատարներ ըլլայինք, ծնողքի ներկայութիւնն ու նոյնիսկ շուքը տարբեր կ՚ըլլային: Այդ մէկը կրկին անգամներ հաստատեցինք: Ի՛նչ ընենք: Այս էր իրենց ընտանեկան կեանքի ձեւն ու աշխատանքի վիճակն ու դրութիւնը:

Ու կամաց-կամաց կարծես իրականութեան աշակերտելով, համոզուելով՝ խուճապն ու յուզումը կարծես հեռացան իր մտքէն եւ ժամերէն: Ու կեանքը,  մանաւանդ ինծի համար, դարձաւ բեմական: Ժամ մը խաղալով, ժամ մըն ալ ապրումներ կիսելով ու բաժնելով, կարդալով եւ հայերէն երգելով՝ էրիկ-կնիկ մեր օրերը ամբողջացուցինք ու հասանք օրհնուած «Կիրակիին»: Կանուխէն պատրաստուեցանք: Չար բախտէս ինծի վիճակուեցաւ մեր պզտիկ հիւրը եկեղեցի տանիլ, որովհետեւ յանկարծ կինս, չես գիտեր՝ ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս, ինքզինք բազմազբաղ «հռչակած էր»:

-Քա՛ մա՛րդ, չե՞ս տեսներ, ահագին «բաներ» ունիմ ընելիք, չոճուխին՝ կերակուրը, լուացքը, տղադ ու հարսդ այս գիշեր կը հասնին… -եւ տակաւին՝ երկար արդարացումներ: Համակերպեցայ: Քիչ մը ուշ եւ սակայն վերջապէս ես ու Հայկը հասանք եկեղեցի: Դրան մուտքին եկեղեցւոյ թաղականներէն ինծի ծանօթը մեզ դիմաւորեց իր լայն ժպիտով, եւ ինքզինք ուրախ ձեւացնելով՝ մօտեցաւ Հայկին եւ ինքնակոչ անկէ խնդրեց, որ եթէ կարենար խաչակնքել, իրեն, առ ի գնահատական, մոմ մը նուէր պիտի տար: Այս ձեւական եւ անսպասելի «արարողութեան» Հայկը հնազանդեցաւ ու տիրացաւ մոմին: Թաղականը երկար ժպտեցաւ: Ինձմէ աւելի ինք Հայկով հպարտ էր: Մոմը ձեռքը ամուր բռնած՝ Հայկին հետ մտանք ներս: Գրեթէ պարապ: Դրան մօտիկ նստարանի մը ծայրը տեղ գրաւեցինք երկուքով, պապիկ ու թոռնիկ: Ակամայ կրկին հայրերէնը ձգած էի դուրսը, որպէսզի նոր տագնապներու չհանդիպէի: Թելադրեցի լուռ մտիկ ընել: Ըսեմ, որ ամբողջ շաբթը-ւան ընթացքին «ոչ մէկ նեղութիւն» կամ սրտաճմլիկ պահեր ապրեցուցած էր մեր այս փոքրիկ պարոնը: Կը յուսայի, որ հոս ալ նոյնը պիտի կրկնուէր: Հազիւ «Հայր Մեր»ս շշնչացած էի, երբ յանկարծ ականջիս իր ձայնը հասաւ.

-Պապի՛կ, «ուայ տեր իզ է իկլ» (ինչո՞ւ արծիւ կայ «ըսթէյճին» (բեմին) վրայ:

Աչքերս կեդրոնացուցի խորանին ու փնտռեցի այդ անիծեալ արծիւը: Եղածը պարզ էր: Աղաւնի մը գծագրուած էր խորանի առաստաղին: Փսփսալով՝ ըսի, որ այդ մէկը աղաւնի էր եւ հոն կեցած էր, որպէսզի պզտիկ Յիսուսը հսկէր:

-«Ռիլի ֆանի», պատասխանը ստացայ: Իսկ եթէ մեծ մը ըլլար իր տեղը, «պարապ խօսք» պիտի ըսէր:  Չուզեցի հակաճառել, ու փորձեցի հետեւիլ յառաջացած պատարագին: Քարոզի պահն էր արդէն:

-«Հու իզ տաթ ֆանի կայ», (ո՞վ է այդ ծիծաղելի մարդը, «ուայ հիս եէալինկ», (ինչո՞ւ կը պոռայ),- կրկին անգամ լսեցի բողոքող իր ձայնը: Իր մատնանշած «կայ»ը տէր հայրն էր, իսկ «ֆան»ին ալ, անոր պատարագի հագուստի թելադրանքէն ծնած մակ­անգըդիր մը, իսկ բարձր ձայնով քարոզելն ալ կ՚երեւի խանգարած էր Հայկին ուշադրութիւնն ու «կեդրոնացումը»:

Ի՞նչ կրնայի պատասխանել: Մենք ալ փոքր եղած էինք: Սակայն՝ ո՛չ այսքան համարձակ եւ «անվախ»: Նման հարցումի մը պարագային, եթէ անշուշտ համարձակէինք, հաւանաբար տուն մեր վերադարձին, իբրեւ անհաւատ, կարգով, մեր մեծերէն մէկական ծեծ կերած կ՚ըլլայինք:

Հապա՞ դրամահաւաքի պահը, աւելի ճիշդ՝ «պնակ» պտտցնելու բաժինը… Օ՜հ, մի՛ հարցնէք… Նախ կամաց մը գրպանէս թուղթէ տոլար մը ծալելով՝ թոռնիկիս ափին մէջ պահել տուի: Խեղճ տղեկը յանկար որ իրեն «թոյ» (խաղալիք) առնեն: Պապի՛կ, իրենց ըսէ՛, որ «թոյզ առ աս»էն գնեն, հոն «սէյլ է», մամաս ըսաւ:

Դրամը նետեցինք կարմիր թաւիշէ զամբիւղի մը մէջ, ու խուսափելու համար հաւանաբար տակաւին շատ մը նոր ու տարրօրինակ հարցումներէ, արագ մը դուրս եկանք:

-Պապի՛կ, «այ լայք եուր չըրչ»,- ըսաւ Հայկը, երբ կրկին ինքնաշարժ կը նստէինք :- «Լասթ թայմ» (անցեալ անգամ), շարունակեց նոյն քաղցրութեամբ եւ աւելի համարձակ,- երբ մամայիս հետ ամերիկեան «չըրչ» գացի, հոն քունս եկաւ: Հոս «ըսլիփ» չըրի:

Անկեղծ բաղդատական: Տարբերութիւն դնել: Հաւանաբար «սիրտս առնել» կ՚ուզէր:  Զգաց, որ ես քիչ առաջուան պապիկը չէի: Շուարած էի եւ քրտնած: Գրեթէ ջղային:

Ու եռանդէս մնացորդ փշրանք պաշարով տուն մտայ: Կիսատ ժպիտով: Կրնամ նաեւ ըսել՝ քիչ մըն ալ յուսահատ: Գլխուս մէջ շատ մը բաներ սկսած էին «երգել»:

Հայկը կնոջս յանձնեցի ու սենեակս քաշուեցայ: Մէջս յուզում բան մը կար: Յուզիչ, նոյնքան ալ՝ ցաւալի: Կը զգայի այդ մէկը: Մինակութեանս մէջ իրապէս մոռցած էի Հայկն ու մեր եկեղեցին: Ու ծունկի գալով լռութեանս առջեւ, անակնկալ հարուած մը ստացողի նման ինքզինքս փորձեցի վերագտնել:

Ո՞վ եւ ե՞րբ Հայկին եւ անոր նմաններուն, որոնք հեռու են հայութեան ամէնօրեայ տրոփումներէն, պիտի բացատրէր մեր հաւատքի էջերը, պիտի բանար անոր պարզ եւ խորունկ ակերը, պիտի սորվեցնէր մեր մայրենին, որպէսզի մեր երթը շարունակուէր:

Հաստատապէս դէմքիս վրայ տարբեր ստուերներ նստած էին: Տխուր ու ծանր: Հայկը յանցանք չունէր: Ան անմեղ զոհ մըն էր՝ երկրին եւ դարուն: Իր նմանները բոլորն ալ զոհերն էին ներկայ պայմաններու: Դաժան իրականութիւն էր այս մէկը:

-Է՜հ, կ՛ըսէի մտովի,- որքա՛ն խոր է մեր դժբախտութիւնը: Ուր մնացած էր մեր ազգային էութեան ճանաչումը: Մէկ խօսքով՝ մեր ինքնաճանաչումը: Ու այս բոլորին յանցաւորը մենք էինք՝ ծնողք եւ մեծ ծնողք, դպրոց կամ ակումբ եւ կամ կեդրոն, կամ դաստիարակ եւ կամ խնամակալ: Բայց անպայման, այս բոլորէն առաջ ծնողք:

Զգացումներու խաբկանք մը կար մէջս: Զսպուած եւ վտանգաւոր: Աչքերուս մէջ ինքնածին տեսիլքներս ամրացած էին: Յուսախաբութենէ աւելի՝ ինքնախաբէութեան դիմաց կանգնած էի կարծես: Կը հաւատայի, որ Ամերիկայի մէջ դէպքերն են, որոնք կը վազեն ճակատագրին ետեւէն: Ուղեղս տեւական կ՚արձագանգէր:

Սկսելով իմ զաւակներէս եւ, ինչո՞ւ չէ, հասնելով թոռներուս, մեր ցեղը, մեր ժողովուրդը մեր ազգը, գալիք ժամանակներու ներկայութեան համար եւ սիրոյն իր հոգիէն ու մտքէն բխող աւանդութիւնները կենդանի եւ հիւթեղ պահելու համար պէտք է ունենայ իր առնական կամքը:

Ահա այս բոլոր մտահոգութիւններուն համար՝ արդար եւ անմեղ դեղատոմս մը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 23, 2017