ՖՐԵՏԵՐԻՔ ՖԷՅՏԻ ՄԵԾԱՎԱՍՏԱԿ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ
Ֆրետերիք Ֆէյտին այն գիտնականն է, որ հայոց լեզուն ուսումնասիրած է ոչ միայն ելլելով լեզուի տեսութեան պահանջներէն, այլեւ փորձած է ճանչնալ հայոց դարաւոր մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը, պատշաճ արժեւորումը տալ հայ ժողովուրդին։
Ֆէյտին վաստակաշատ այն ուսուցիչներէն է, որոնք անջնջելի տպաւորութիւն մը կը թողուն աշակերտին ողջ աշխարհայեացքին ու մտածելակերպին վրայ։ Ան իր ուշագրաւ համեստութեամբ, ուսանողներուն կարծիքներուն շուրջ իր ցուցաբերած յարգանքով ու առողջ թելադրանքով, անոնց մտավախութիւններն ու կասկածները փարատելու իր պատրաստակամութեամբ, անոնց ձիրքերն ու կարողութիւնները քաջալերողի իր բարի կամեցողութեամբ, ոչ միայն արժանացած է աշակերտներու խոր յարգանքին, այլեւ զիրենք առաջնորդած է դառնալու հայոց լեզուի մասնագէտներ եւ հմուտ գիտնականներ։
Իսկ ինչ որ իւրայատուկ է ու ակներեւ, Ֆէյտիի ջերմ հայասիրութիւնն է, հայ ժողովուրդին հանդէպ տածած մեծ համակրանքն է, որ զինք կ՚առանձնացնեն օտար լեզուաբաններու փաղանգէն։ Հաւանաբար ըսողներ ըլլան, թէ տաղանդի գնահատումը չնոյնացնենք հայասիրութեան զգացումին հետ։ Սակայն չմոռնանք, երբ կը խօսինք մէկու մը մասին, ըլլայ գրող, ուսուցիչ, արուեստագէտ կամ հասարակական գործիչ, ամէն բանէ առաջ պարտինք զինք գնահատել իբրեւ մարդ։
Հետեւաբար, առանց վարանելու կարելի է հաստատել, որ Ֆէյտին՝ իր գիտական մեծութեան կողքին՝ օժտուած է նաեւ մարդասիրական լաւագոյն յատկութիւններով։ Մարդասիրութեան սկզբունքներէն բխող իր արժանիքներով՝ Ֆէյտին լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէր հայրենի գիտնականներու եւ սփիւռքահայ շարքերէն ներս։ Ան ոչ միայն մեծ հաւատքով ու համոզումով մօտեցած է հայութեան ստեղծած արժէքներուն, այլ երբեւիցէ թերացած չէ իր բարձր գնահատանքն ու սքանչացումը արտայայտելու սխրագործ ու ազատատենչ հայ ժողովուրդին մասին։ Հայ ազգին հանդէպ որքա՜ն հաւատք ու մեծ սէր կրցած էր ներդնել հայոց եղեռնի մասին իր գրած յօդուածներուն մէջ։
Հմուտ լեզուագէտի իր կարողութիւններէն ելլելով, Ֆէյտին բազմակողմանի քննութեան ենթարկած է հայոց լեզուի քերականական համակարգը եւ զայն բաղդատած՝ եւրոպական լեզուներու հետ, յանգելով ինքնուրոյն եւ իւրայատուկ տեսակէտներու, որոնք համոզիչ ձեւով կը հաստատեն հայոց լեզուի յատկանշական առաւելութիւնները։
Այս առումով, արժէքաւոր աշխատութիւն մըն է Ֆէյտիի «Հայոց Լեզուի Ձեռնարկ»ը, որ լայն ընդունելութիւն գտած է Ֆրանսայի մէջ։ Հեղինակը՝ լեզուագիտական մեթոտներով ու մատչելի ձեւով՝ ներկայացուցած է արեւմտահայերէնի լեզուական կառուցուածքը։ Օգտաշատ աշխատանք մը, որ կը միտի դիւրացնելու հայերէնի ուսուցումը ֆրանսախօս հասարակութեան եւ հայոց լեզուով հետաքրքրուող օտարազգիներու համար։
Մեծավաստակ հայագէտը ոչ միայն զբաղած է գիտահետազօտական աշխատանքով, այլ Սորպոնի Արեւելեան կենդանի լեզուներու հաստատութեան մէջ ծանօթ է իբրեւ ազնիւ ու անխոնջ ուսուցանող։ Հոն կը վայելէր հայ եւ օտար աշակերներուն պատկառանքն ու մեծ համակրանքը։ Ան երբեք յաւակնութիւնը չէ ունեցած աշակերտին պարտադրելու իր տեսակէտներն ու որդեգրած մեթոտները, այլ այդ բոլորը կը թողուր աշակերտին հայեցակէտին ու համոզումին։ Հաճոյքով ու մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէի Փրոֆ. Ֆէյտիի դասախօսութիւններուն։ Ան ֆրանսերէնով կը բացատրէր հայերէնի լեզուական կանոնները՝ յագեցուած կուռ ու տպաւորիչ օրինակներով։ Աշակերտներուն հարցումները կը լուսաբանէր առանց դժկամութեան՝ համոզիչ բացատրութիւններով։ Յաճախ դասախօսութիւնը կը վերածուէր հարցազրոյցի, ուր կարելի էր լսել տարբեր ազգութիւններէ եկած աշակերտներու առաջադրած հարցերն ու տեսակէտները։ Ան ճիգ չէր խնայեր զանոնք առաջնորդելու մինչեւ հայոց լեզուի հսկայ գանձարանը, պարզապէս անոնց հիացում ներշնչելու Մեսրոպաշունչ հայերէնի նկատմամբ։
Ֆէյտիի գրաբարեան խորագիտակ ուսումնասիրութիւնները, զգալիօրէն կը բացայայտէին գրաբարի եւ արեւմտահայերէնի հանդէպ ունեցած իր իւրայատուկ սէրն ու պաշտամունքը։ Իրեն համար գրաբարը մեռած լեզու չէր, երբ մեծ հաճոյքով զայն կը դասաւանդէր արդի աշխարհաբարի երկու տարբերակներուն՝ արեւելահայերէնին եւ արեւմտահայերէնին առընթեր։
Սփիւռքահայ ուսանողներուս համար Ֆէյտիի աշխատասենեակը (այդ ժամանակ իրենց բնակարանի վերի յարկը), դարձած էր հարցազրոյցներու ժամադրավայր։ Հայոց լեզուի մասին մեր զրոյցները ընդհանրապէս կ՚ընթանային հայերէնով։ Այդ զրոյցներէն մէկը արեւմտահայերէնի «կոր» մասնիկին մասին էր։ Այս հարցով հետաքրքրուած էր բանաստեղծի հակումներ ունեցող մեր դասընկերը։ Ան կ՚ուզէր իմանալ՝ հաւանակա՞ն է, որ օր մը արեւմտահայերէնի խօսակցական ոլորտին բնորոշ «կոր» մասնիկը մուտք գործէ գրականութիւն, ինչպէս յաճախ պատահած է լեզուի զարգացման ընթացքին, երբ խօսակցական որոշ բառաձեւեր բարձրացած են գրական լեզուի մակարդակին ու գործածութեան։ Թէ ան ինչո՛ւ իր չափածոյ գրութիւններուն մէջ կը նախընտրէր օգտագործել արեւելահայերէնի «ում» մասնիկը, արտայայտելու համար գործողութեան շարունակական ընթացքը։ Նկատի ունենալով, որ արեւելահայերէնի «գրում եմ» բայաձեւը աւելի յարմար է ընթացքի մէջ գտնուող գործողութիւնն արտայայտելու, քան գրական արեւմտահայերէնի «կը գրեմ» բայաձեւը։ Այս առնըչութեամբ յիշենք, որ Հայաստանի մէջ մեր ուսումնառութեան տարիներուն արեւելահայերէն լեզուամտածողութիւնը սփիւռքահայերուս համար դարձած էր աւելի մատչելի ու դիւրահաղորդ։
Յարգելի հայագէտը այս հարցին շուրջ դիտել կու տայ, թէ գրական արեւմտահայերէնը կարիք չունի «կոր» մասնիկը ներմուծելու, որովհետեւ գործողութեան շարունակական իմաստը «կը» մասնիկով պարզ է եւ հասկնալի։ Ան կը հաստատէ, թէ արեւմտահայերէնը իր կուռ կառուցուածքով հարուստ ու ճոխ լեզու է։ Եւ այդ մասին չեն խուսափած արտայայտուելու Հայաստանի գրողները։
Ֆէյտիի տեսակէտը հիմնուած էր լեզուագիտական տուեալներու վրայ։ Նկատի ունենալով որ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի բայաձեւերը միեւնոյն իմաստը կ՚արտայայտեն։ Որովհետեւ, «կը» մասնիկի հին ձեւն է «կոյ», որ յետագային դարձած է «կու»։ Իսկ մեր այժմեան լեզուին մէջ՝ «կու» ձեւը սղուելով դարձած է «կը». «կոյ» մասնիկը սկզբնապէս եղած է անկախ բառ մը «ահա» նշանակութեամբ, որ նոյնպէս կը դրուէր մեր հին լեզուի սահմանական ներկայ ժամանակին հետ, իբրեւ տեւական ներկայ հաստատ եւ առանց երկդիմութեան հին նշանակութիւնը պահելու համար։
Անտարակոյս պէտք է ըսել, որ լեզուագիտութեան հարցերու շուրջ այդ զրոյցները նոր հետաքրքրութիւններ կ՚արթնցնէին աւելի խորանալու հայոց լեզ-ւի մեր ուսումնասիրութիւններուն մէջ։ Ինչ որ զարմանալի կը թուէր եւ հիացումի արտայայտութիւններ կը խլէր մեզմէ, ֆրանսացի գիտնականին մաքուր առոգանութեամբ արտասանուած սահուն ու վճիտ հայերէնն էր։ Եթէ պատահէր, որ խօսակիցը օտար բառ մը օգտագործէր՝ անմիջապէս կը փութար անոր յիշեցնելու, թէ հայոց լեզուն կարիք չունի դիմելու օտար բառերու, որովհետեւ հայոց լեզուն օժտուած է բառաշինութեան լաւագոյն միջոցներով, ուր ոչ միայն հնարաւոր է, այլեւ մեծ դիւրութեամբ կարելի է ստեղծել օտար բառերու համազօր հայերէն բառեր։ Հայերէնի լեզուական առանձնայատկութիւններուն մասին իր նկատառումները մեզ կը յիշեցնէին, թէ հայոց լեզուի որոշ իւրայատկութիւններ վրիպած են մեր տեսադաշտէն։
Ահա թէ ինչպէս, վաստակաշատ ուսուցիչը իր ազնիւ նկարագիրով, աշակերտներուն հանդէպ ցուցաբերած իր ուշադիր, ջերմ ու համեստ վերաբերմունքով, կրցած էր նուաճել անոնց խոր ակնածանքն ու մեծագոյն յարգանքը։ Այդ մասին ժամանակին անդրադարձած ենք «Զարթօնք»ի էջերուն մէջ։
Այդ մասին կը խօսին հայագէտի կեանքին վերջին տարիներուն մեզի հասած հայերէն ձեռագիր նամակին հետեւեալ տողերը,-
Փարիզ, Հոկտ. 30, 1987
«Յարգելի Տիկին եւ Սիրելի աշակերտուհի,
Բարեկամներու միջոցով իմացած էի, որ իմ մասին շատ սիրալիր յօդուած մը գրեցիք ժամանակին, բայց երբեք այդ յօդուածին ինչի մէջ տպուիլը չիմացայ, ուստի երբեք չեմ կրցած գտնել։
Կիպրոսի մէջ է, որ բարեկամներու հետ հաճոյքն ունեցայ Ձեր մասին խօսելու եւ այսպէս Ձեր լուրերն առնելու։ Ուրեմն, քանի որ Ձեր յօդուածը կարդալու հաճոյքէն զրկուած եմ մինչեւ հիմա, Ձեզի կրկնապէս շնորհակալ կ՚ըլլայի, եթէ բարեհաճէիք ինծի լուսապատճէն մը ղրկել։
(ստորագրութիւն)
Թէ որքան նրբանկատ ու համեստ անձնաւորութիւն մըն էր Ֆրետերիք Ֆէյտին, կարելի է նկատել իր յստակ ու ընթեռնելի ձեռագիրին հետեւեալ խօսքերուն մէջ. «ՅԳ. Ներողութիւն գիրին համար, ձեռքս շատ կը յոգնի։ Տարիքին հետեւանքն է…»։
Թէ ինչ տարողութեամբ եւ ինչպէս իր մտքի բոլոր թելերով կապուած էր ան հայութեան հետ, կրնան վկայել անոնք, որոնք պատեհութիւնը ունեցած են այցելելու Ֆէյտիներու բնակարանը։ Հոն դժուար թէ նկատած չըլլան՝ այդ յարկէն ներս տարածուած հայկական բոյրն ու Մաշտոցի շունչը։ Հայագէտին աշխատասենեակի գրասեղանին վրայ դիզուած գիրքերն ու թուղթերը կը խօսէին հայերէնի մասին։ Այն ինչ որ զգալի կը դարձնէր Ֆէյտիի իւրացուցած հայկական մտածելակերպի ու խօսելաձեւի ընդհանրական որոշ գիծերը, որոնք անկասկած իր մէջ ներմուծած էր իր կեանքի ընկերուհին՝ Հերմինէն։ Եռանդուն ու գործունեայ հայուհի մը, որ ամուսնոյն հետ իր անկաշառ մասնակցութիւնը կը բերէր Փարիզի Սամուէլ Մուրատեան եւ Սեւրի Դպրոցասէր վարժարաններու բարեխնամ գործին։ Տիկ. Հերմինէին սրտաբաց հիւրասիրութեան, իր պատրաստած հայկական ճաշատեսակներուն մասին կրնան վկայել շատերը։ Ֆէյտիներուն ճաշասեղանին շուրջ մթնոլորտը կը ջերմանար, երբ կը հնչէր հայագէտին մաքուր ու անկաշկանդ հայերէն խօսքը։ Երբ հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի մասին կ՚արտայայտէր վերլուծողի իր միտքերն ու գաղափարները։
Միթէ այս բոլորը բաւարար չե՞ն, որպէսզի ֆրանսացի հայագէտներու շարքին, Ֆրետերիք Ֆէյտին ունենայ իր առանձնայատուկ տեղը, զինք առանձնացնելու իբրեւ հայ ժողովուրդի կեանքով ապրող հայասէր հայագէտը։
Մէկը, որ քաջ ծանօթ էր գաղութահայութեան կենսապայքարին, յոյզերուն ու ցաւերուն։ Ան, որ երբեք չէր զլացած զօրավիգ կանգնելու հայ հոգիներուն, յաղթահարելու համար իրենց դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Այդ մասին կ՚իմանայինք, երբ հետաքրքրական միջադէպեր կը պատմէր Արշակ Չօպանեանի կեանքէն։
Մեծահոգի հայագէտին համար միայն հայերէնը չէր «զարմանալի» լեզու, այլեւ հայ ժողովուրդին անսասան հաւատքով լեցուած կենսունակութիւնը, որ դարեր շարունակ հայութիւնը առաջնորդեց միշտ դէպի լոյս…։
ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Հալէպ