ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԵՒՐՈՊԱ «ԽՈՅՍ ՏՈՒՈՂ» ԶԻՆԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑ. ՀԻՆ ՏԱԳՆԱՊ ՄԸ՝ ՆՈՐ «ԵՐԱՆԳՆԵՐ»ՈՎ

Լիբանանեան բազմաթիւ լրատուական կայքէջեր, վերջին օրերուն, տեղեկութիւն փոխանցեցին այն մասին, որ երկրի հարաւային մայրաքաղաք համարուող Սայտա գաղթակայանին մէջ «պատսպարուած» զինեալներ գաղտնի ճանապարհներով դուրս կու գան հասնելու համար Եւրոպա։

Ի դէպ սա առաջին անգամը չէ, որ նման նիւթ կը բարձրացուի, մանաւանդ որ Լիբանանի իշխանութիւններուն համար «գլխացաւ» համարուող այդ գաղթակայանները կը շարունակեն մնալ «ապահովութենէ» դուրս եւ «անվերահսկելի» շրջաններ։

Այս բոլորը անշուշտ կապ ունին 1948 թուականէն ասդին Լիբանանի մէջ իրենց գոյութիւնը հաստատած պաղեստինեան զինեալ ջոկատներու հետ, որոնք սկիզբի շրջանին զինեալ գոյութիւն մը չէին համարուեր, սակայն աւելի ուշ կը դառնային զինուած, մարզուած եւ պատերազմելու ունակութիւն ունեցող հրոսակային ջոկատներ։

Հետեւաբար «Այն ալ Հըլուէ» գաղթակայանին մէջ այսօր տիրող ընդհանուր իրադրութեան արմատները կ՚երթան մինչեւ 70-ականներ ու յստակ է նաեւ, որ ինչ-ինչ ներքին ու շրջանային պատճառներու բերումով այդ գաղթակայանները ցայսօր ալ դուրս կը մնան Լիբանանի կառավարութեան ընդհանուր վերահսկողութենէն։

Այս առումով ալ կարեւոր է յիշատակել, որ Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ գործող յատկապէս քրիստոնէական ուժերը տարբեր առիթներով ակնարկներ կը կատարեն այս գաղթակայաններուն մասին՝ միշտ նշելով եւ յիշատակելով, որ այդ կայանները այսօրուան կտրուածքով ալ կը հանդիսանան Լիբանանի գլխուն եղած մէկական Դամոկլեան սուրեր։ Քրիստոնեայ ղեկավարներ, նոյնիսկ շահարկելով այս նիւթը զայն կը փոխառընչեն

«Հիզպուլլահ»ի ջոկատներուն եւ զինեալ ներկայութեան հետ, հաստատելով եւ կարծիք յայտնելով, որ Լիբանանի հարցերը կրնան լուծում գտնել միայն այն ժամանակ, երբ երկրին մէջ լուծում կը գտնէ «զինեալ ներկայութեան» այդքան խճճուած ու բաւականին «պայթիւնավտանգ» խնդիրն ու սպառնալիքը։

Բնականաբար այս երկու հարցերը, այսինքն մէկ կողմէ «Հիզպուլլահ»ի զէնքը եւ միւս կողմէ ալ պաղեստինեան զինեալ ապօրինի ներկայութիւնը իրարու հետ փոխառընչելը ոչ այդքան ճիշդ է, տրուած ըլլալով, որ մասնաւորապէս «Հիզպուլլահ»ը խնդիր չէ դրած երկրին մէջ զինեալ ճանապարհներով հարցեր «կարգաւորելու», այլ անոր համար հիմ-նական հարցն է հակամարտիլ Իսրայէլի հետ, նաեւ պաշտպանել երկրի հարաւային տարածքները, որոնք կը համարուին շիի համայնքի գլխաւոր շըր-ջաններ։

Բաց աստի, եթէ քրիստոնէական ընդդիմադիր կողմերուն համար «Հիզպուլլահ»ի զէնքի խնդիրը տագնապի ծնունդ տուող հարց է, ապա նոյնպէս կարեւոր է դիտարկել, որ Թեհրանի նեցուկը ունեցող այս զինեալ ուժը սոսկ զինուորական շարժում չէ, այլ ունի գաղափարական յենարան եւ ատոր շնորհիւ է նաեւ, որ կարողացած է դառնալ շրջանային քաղաքական ազդեցիկ ուժ։

«ԱՅՆ ԱԼ ՀԸԼՈՒԷ» ԿԱՄ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ «ՍԻՐՏ»Ը

Պաղեստինեան սփիւռքի «սիրտ»ը։ Պաղեստինցիներ եւ Պաղեստինի հարցերով զբաղուող լրագրողներ այսպէս կը կոչեն «Այն ալ Հըլուէ» գաղթակայանը։

Այսօր այդ գաղթակայանին մէջ կ՚ապրին շուրջ 15 հազար պաղեստինցիներ, որոնց մեծ մասը լիբանանեան օրինական փաստաթուղթեր չունին։ Ի դէպ, այս գաղթակայանը հիմնուած է 1949 թուականին, երբ տեղի ունեցած էր պաղեստինեան «Նաքպէ»ն (1948), որուն հետեւանքով ալ հազարաւոր պաղեստինցիներ ստիպուած էին լքել իրենց ծննդավայրը եւ գաղթել աւելի ապահով վայրեր։

Նախնական տեղեկութիւններով՝ Սայտա քաղաքին մէջ գտնուող այս գաղթակայանը Լիբանանի այդ օրուան կառավարութիւնը վարձու առած է «Միջազգային կարմիր խաչ» կազմակերպութենէն, նպատակ ունենալով ապաստան տալ այն փախստականներուն, որոնք ծովային ճանապարհով Պաղեստինի նաւահանգիստներէն կը հասնէին լիբանանեան ափեր։

Մինչեւ պաղեստինեան զինեալ պայքարին հրահրումը եւ անոր գլխաւոր զինուորական թեւին՝ «Պաղեստինի ազատագրութեան ճակատ»ին (ՊԱԿ) հրապարակ գալը՝ գաղթակայանը ոչ մէկ վտանգ ներկայացուցած է Լիբանանին։ Վաղ 70-ականներուն, երբ ՊԱԿ-ի առաջնորդ Եասէր Արաֆաթ կը յայտարարէր զինեալ նոր փուլի մը սկիզբին մասին, ոչ ոք կը մտածէր, որ «Այն ալ Հըլուէ»ն կամ անոր նման տասնեակ գաղթակայաններ «փորձանք» պիտի դառնային Լիբանանի «գլխուն»։ Իրադրութիւնը աւելի կը թէժանար, երբ սկիզբ կ՚առնէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որ կը տեւէր տարիներ։ Սկիզբը պաղեստինեան զինեալ ներկայութեան դէմ ընթացք առած բախումները հազար գոյն ու ձեւ կը փոխէին։ Մեծագոյն խնդիրը այն էր, որ պաղեստինեան զինեալ ջոկատներուն նեցուկ կանգնող մասնաւորապէս արաբական կողմերուն մօտ գոյութիւն ունէր տրամադրութիւն, որ վատ չէր ըլլար, եթէ Լիբանանը հանդիսանայ պաղեստինցիներու համար «այլընտրանք հայրենիք մը»։ Այդպէսով արաբները «ազատուած» կ՚ըլլային այդ «հոգէն» եւ կը մտածէին, որ այդ կերպով նոր էջ պիտի բացուէր Միջին Արեւելքի ընդհանուր քաղաքական կեանքին մէջ։

Բնականաբար այս մէկը «վատ» այլընտրանք մը չէր պաղեստինցիներուն համար, որոնց հիմնական առաջնորդը՝ Եասէր Արաֆաթ կը յայտարարէր. «Պաղեստինի ճանապարհը կ՚անցնի Ճիւնիէն...»։ Այս խօսքը «պայթում»ի հնչեղութիւն կ՚ունենար, յատկապէս երկրի քրիստոնեայ հատուածներուն համար, որոնք ստիպուած կ՚ըլլային զինուիլ, փրկելու համար Լիբանանը «պաղեստինացում»ի ակներեւ դարձած սպառնալիքներէն։ Այս բոլորին առընթեր կարեւոր է հասկնալ, որ սիւննի մեծամասնութիւն հանդիսացող պաղեստինցիները կը յաջողէին Լիբանանի մէջ «վիճակ» ստեղծել՝ յենլով երկրի ոչ-քրիստոնեայ հատուածներուն վրայ, որոնք նոյնպէս դժգոհ էին երկրի կառավարումը իրենց ձեռքերուն մէջ առած քրիստոնեայ հատուածներէն։ Եւ այդ կերպով անոնք պաղեստինեան զինեալ թեւերուն հետ հրապարակ գալով՝ արաբական աշխարհին կը ներկայանային որպէս «Ազգային ուժեր», որոնց գլխաւոր նպատակն էր արտաքին ճակատին վրայ պատերազմիլ Իսրայէլի դէմ եւ միւս կողմէ ալ՝ զինեալ ուժի ճանապարհով տիրապետել Լիբանանին։

Բաւական բարդ, արիւնահեղութեամբ առլցուն եւ Միջին Արեւելքի արդի պատմութեան էջերուն մէջ սեւով գրուած էջեր են Լիբանանի զարգացումները, որոնք իրենց ծայրայեղ գիծերով ու երանգներով կը հանդիսանային շրջանին մէջ արձանագրուած ամենէն քաոսային բնութագիրը կրող ընդհարումներ։ Պայքար, որուն մէջ կ՚ընդելուզուէին ոչ միայն գաղափարական, կրօնական կամ էթնիք մօտեցումները, այլ որուն միջամուխ կը դառնային արեւմտեան պլոքի, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Միութեան նեցուկով գործող երկիրները։

ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱ..., ԲԱՅՑ Ի՞ՆՉ ՆՊԱՏԱԿՈՎ

Վերադառնալով նիւթի սկիզբը արարծուած թեմային՝ նշենք, որ ըստ լիբանանեան «Ալ Ախպար» թերթին, վերջին ամիսներուն մէկէ աւելի իսլամամէտ զինեալներ փորձած են եւրոպական քաղաքներ հասնիլ։ Թերթը, որ այս թեմային շուրջ հետաքննական նիւթ պատրաստած է՝ կը նշէ, որ լիբանանեան ապահովական մարմիններուն կողմէ հետախուզման տակ եղող տասնեակ զինեալներ օգտագործելէ ետք Սուրիոյ ցամաքային ճանապարհները՝ հասած են Գերմանիա։ Ըստ թերթին, գոյութիւն ունի փախստական «փոխադրող» յանցախումբ մը, որ այդ «պարտականութիւն»ը կը կատարէր նիւթական յատկացումներու փոխարէն։ Եւ այսպէս իւրաքանչիւր զինեալ, որ կը փափաքի Եւրոպա մեկնիլ, պարտաւոր է անձ-գլուխ վճարել մինչեւ 10 հազար ամերիկեան տոլար։ Երեւելի դարձած է նաեւ, որ զինեալներուն համար «սիրելի» ուղղութիւն է Գերմանիան, հաշուի առնելով, որ այնտեղ կան նոյն «հաւատալիքներ»ը ունեցող այլ իսլամամէտներ, որոնց ներկայութիւնը «ապահովութեան» զգացում պիտի տայ Լիբանանի հարաւէն այդ շրջանները գաղթող զինեալներուն։

Թերթը նաեւ նկատել կու տայ, որ իսլամամէտ զինեալները միշտ չէ, որ «ճիհատ» կատարելու նպատակով Եւրոպա կ՚ուզեն հասնիլ, այլ անոնց մէջ կան մեծաթիւ երիտասարդներ, որոնց հիմնական նպատակն է խոյս տալ «Այն ալ Հըլուէ»ի դժոխքէն։

Մեր ընթերցողներու ուշադրութեան պէտք է յանձնել, որ Սայտայի պաղեստինեան գաղթակայանը այսօր ալ Լիբանանի ապահովական մարմիններու ուշադրութեան կեդրոն կը համարուի։ Այն իմաստով, որ սիւննի խմբաւորումներու աճէն ետք այդ գաղթակայանը դարձաւ ապաստանարան այնպիսի վտանգաւոր տարրերու, որոնց նպատակն էր ստեղծել իսլամական խալիֆայութիւն։ Խօսքը մասնաւորապէս Ահմատ ալ Ասիրի մասին է, որ «հաւատքի խմբակներ» ստեղծելէ ետք անցաւ զինեալ խմբաւորումներ կազմելու գործին։

Ասիր, որ 1997-ին կը դառնար Սայտայի «այլախոհ սիւննիներ»ու գլխաւոր կեդրոնին՝ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթին իմամը, մուտք կը գործէր նաեւ գործօն քաղաքական կեանք։ Ան Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ հաւաքներ կը կազմակերպէր քննադատութեան սուր սլաքներ ուղղելով «Հիզպուլլահ»ի հասցէին ու յայտարարելով, որ ինք որպէս սիւննի իսլամ մինչեւ վերջ պիտի պայքարի շիի «Հիզպուլլահ»ին դէմ։

Շատ կարճ կը տեւէր Ասիրի բաւական «աշխոյժ» քաղաքական կեանքը։ Ընդյատակեայ կերպով անոր «պատրաստած» զինուորական խմբակները երեւան կ՚ելլէին յատկապէս 2013 թուականի Յունիսին, երբ բախումի կ՚երթար լիբանանեան բանակի ստորաբաժանումներուն հետ։ Սայտա քաղաքի Ապրա շրջանին մէջ տեղի կ՚ունենար զինեալ մեծ բախումը, որուն հետեւանքով ալ երկու կողմերը տասնեակ զոհեր կու տային։

Այնուհետեւ Լիբանանի «իրանեան թեւ»ին դէմ պայքար յայտարարած Ասիր կը դառնար բոլոր լիբանանցիներուն թշնամին։ Որոշ շրջան մը կ՚անցընէր ընդյատակեայ եւ 2015 թուականին Լիբանանը լքել փորձելու ատեն կը ձերբակալուէր Պէյրութէն թռիչք առնել փորձող օդանաւին մէջ։

Այս բոլորը ներկայացնելու գլխաւոր նպատակս այն էր, որ ընթերցողը իրազեկուի, թէ խօսքը ինչ տիպի զինեալներու մասին է, որոնք այսօր կը փորձեն իրենց ապրած «դժոխք»էն դուրս գալով Եւրոպա հաստատուիլ։

Ըսեմ նաեւ, որ այս զինեալներուն մեծ տոկոսը լիբանանցիներ են, որոնք «դաստիարակուած» են Ասիրի շունչին տակ եւ որոնց հիմնական նպատակն է պայքար տանիլ Իրանի եւ իրանեան քաղաքականութիւնը ներկայացնող կողմերուն դէմ։

Թէ ինչքանո՞վ վտանգաւոր են անոնք Եւրոպայի համար եւ ի՞նչ պայմաններու տակ կրնան ահաբեկչութիւն գործել, ցարդ պարզ չէ։ Յստակ է միայն, որ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ «գործող» գաղթակայանները կը շարունակեն մնալ երկրին համար իրական սպառնալիք։

Երկիր մը, որուն մէջ կ՚ապրին շուրջ երկու միլիոն սուրիացի գաղթականներ եւ կէս միլիոնի չափ պաղեստինցիներ, կրնայ արագօրէն վերածուիլ պայթելու պատրաստ «վառօդի տակառ»ի մը, այնքան ժամանակ, երբ զինուած ըլլալու, ապօրինի զէնք ունենալու երեւոյթները դարձած են համատարած եւ «ընդունելի»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018