Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (ԺԱ.)

- «Որդի Աստուծոյ» հոգեգրաւ շարականի ընթացքին քահանան ի՞նչ կը կատարէ։

- Սարկաւագը կը հրաւիրէ հաւատացեալները Աստուծոյ երկրպագելու, որմէ ետք դպիրները կ՚երգեն. «Որդի Աստուծոյ, որ պատարագեալ Հօր ի հաշտութիւն հաց կենաց բաշխիս ի մեզ, հեղմամբ Արեան Քո սուրբ, աղաչեմք զՔեզ, ողորմեա՛ Արեամբ Քով փրկեալ հօտի» (Որդի՜ Աստուծոյ, որ Հայրը մեզի հետ հաշտեցնելու համար զոհ մատուցիր եւ իբրեւ կեանքի Հաց կը բաշխուիս մեզի։ Քու թափած սուրբ Արեանդ միջնորդութեամբ, կ՚աղաչե՜նք Քեզի, ողորմէ՛ Քու Արիւնովդ փրկուած բանաւոր հօտիդ)։

Այս խորհրդաւոր պահուն, պատարագիչը կը վերցնէ Սկիհին ծածկոցը եւ կ՚աղօթէ առ Աստուած՝ ըսելով. «Երկրպագելով կ՚աղաչենք եւ կը խնդրենք Քեզմէ, բարերա՜ր Աստուած։ Քեզի մշտնջենակից եւ փառակից Սուրբ Հոգիդ ղրկէ մեզի եւ Սեղան դրուած այս ընծաներուն»։ Այս աղօթքէն յետոյ երեք անգամ խաչակնքելով՝  կ՚օրհնէ հացը։ Նոյն ձեւով կ՚օրհնէ գինին, եւ ապա երեք անգամ խաչակնքելով՝ միատեղ կ՚օրհնէ հացն ու գինին եւ կը խնդրէ, որ Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ անոնք ճշմարտապէս եւ ստուգապէս փոխակերպուին (խորհրդափոխուին) Քրիստոսի Մարմինին եւ Արեան։ Այս աղօթքէն ետք քահանան դարձեալ ընծան ծածկոցով կը քօղարկէ։ Նշենք, թէ «Քահանան ասկէ ետք չի խաչակնքեր Խորհուրդին վրայ։ Ձեռքերը միշտ Սկիհէն աւելի ցած կը տարածէ, իսկ աչքերը Սուրբ Խորհուրդին յառած կը պահէ» («Խորհրդատետր»)։

- Հայ Եկեղեցին ինչպէ՞ս կը բացատրէ ընծաներու խորհրդափոխութեան այս խորհուրդը։

- Հայ եւ Արեւելեան բոլոր եկեղեցիներու աստուածաբանական հասկացողութիւնը այն է, որ հացին ու գինիին՝ Քրիստոսի Մարմինին եւ Արեան փոխակերպումը մինչեւ այս հանգրուանը տակաւին ամբողջացած չէ։ Խորհուրդը կ՚ամբողջանայ եւ փոխակերպումը իր լրումին կը հասնի միայն այն ատեն, երբ պատարագիչը Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ կ՚օրհնէ հացն ու գինին, մինչ ժողովուրդը կ՚երգէ «Որդի Աստուծոյ» երգը։ Ս. Հոգին Իր էջքո՛վ է, որ կը սրբագործէ ընծաները եւ կը կատարէ փոխակերպումը։ Հացը իր գոյացութեամբ կը մնայ հաց, եւ գինին՝ գինի, այսինքն՝ անոնք երեւութապէս կը մնան նիւթեղէն տարրեր, բայց խորհրդաւորաբար Քրիստոսի Մարմինն ու Արիւնն են, որովհետեւ Քրիստոս Իր աստուածութեամբ կը միանայ անոնց, այնպէս՝ ինչպէս Իր մարդեղութեան ժամանակ նոյն աստուածութեամբ միացաւ մարմինին, եւ եղաւ «մէ՛կ անձ, միաւորեալ մէ՛կ բնութիւն», միաժամանակ Աստուած եւ մարդ։ Միութիւն մը, որ երբեմն կ՚արտայայտենք «Աստուածամարդ» բառով կամ բացատրութեամբ, որովհետեւ ինչպէս Քրիստոսի մէջ զԱստուած կը տեսնենք մարդացած, այնպէս ալ մարմինը կը տեսնենք աստուածացած։

- Ընծաներու խորհրդափոխութենէն ետք դպիրները ի՞նչ կ՚երգեն, իսկ պատարագիչը ծածկաբար ի՞նչ կ՚աղերսէ Աստուծմէ։

- Ս. Հոգիին կատարած այս հրաշալի ներգործութենէն ետք դպիրները կ՚երգեն. «Հոգի Աստուծոյ, որ զփառակցի Քո զխորհուրդ, իջեալ ի յերկնից կատարես ի ձեռն մեր, հեղմամբ արեան սորա՝ աղաչեմք զՔեզ, հանգո՛ զհոգիս մեր ննջեցելոցն»։ (Հոգի՛ Աստուծոյ, Դուն՝ որ երկինքէն կ՚իջնես՝ մեր ձեռքերով իր լրումին հասցնելու համար Քեզի փառակից Որդիին [պատարագումին] խորհուրդը։ Անոր թափած Արեան միջնորդութեամբ կ՚աղաչենք Քեզի, հանգի՜ստ պարգեւէ մեր ննջեցեալներու հոգիներուն)։

Իսկ քահանան այս ընթացքին ի ծածուկ կ՚աղօթէ Հօր Աստուծոյ, որ այս Ընծայով, Քրիստոսի պատարագումով՝ շնորհէ սէր, հաստատութիւն եւ խաղաղութիւն ամբողջ աշխարհին, Ս. Եկեղեցւոյ ու անոր պաշտօնէութեան, բոլոր թագաւորներուն, իշխաններուն, ճամբորդներուն, կալանաւորներուն, վտանգի տակ գտնուողներուն, տաժանելի աշխատանքի մատնուողներուն եւ բարբարոսներու դէմ պատերազմի մէջ եղողներուն։ Կ՚աղօթէ նաեւ օդի բարեխառնութեան, երկրի պտղաբերութեան եւ հիւանդներու առողջութեան համար։ Կը յիշէ Ս. Եկեղեցւոյ ննջող անդամները եւ Աստուծմէ ողորմութիւն կը հայցէ անոնց հոգիներուն համար։ Ապա, բարձրաձայն կը խնդրէ՝ ըսելով. «Ընդ որս եւ մեզ այց արասցես բարերար Աստուած աղաչեմք»։ (Անոնց հետ միասին մեզի՛ ալ ողորմէ, բարերա՛ր Աստուած)։

- Մինչեւ 13-րդ դար «Հայր երկնաւոր», «Որդի Աստուծոյ» եւ «Հոգի Աստուծոյ» երգերը մեր Պատարագին մէջ գոյութիւն ունեցա՞ծ են։

- Անցեալին, դեռ մինչեւ 13-րդ դարու «Հայր Երկնաւոր», «Որդի Աստուծոյ» եւ «Հոգի Աստուծոյ» երգերը մեր Պատարագամատոյցին մէջ գոյութիւն չեն ունեցած։ Անոնք 13-15-րդ դարերու յաւելումներ են, որովհետեւ 15-րդ դարէն սկսեալ կը յայտնուին Պատարագամատոյցներուն մէջ: Որքան ալ մենք այսօր դժուար կը պատկերացնենք մեր Պատարագը առանց այս երգերուն, բացորոշ է, որ շուրջ տասն դար առանց անոնց Պատարագները կատարուած են: Ինչպէս անոնց յաւելման ճշգրիտ ժամանակը, այնպէս ալ դժբախտաբար անոնց հեղինակները կամ հեղինակը մեզի անծանօթ կը մնան:

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Երեք երգերը ձեւով մը մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն (թէպէտ ընդմիջումով), որովհետեւ առանձին-առանձին Ամենասուրբ Երրորդութեան երեք անձերուն ուղղուելով հանդերձ՝ Քրիստոսի փրկագործական զոհագործման մէջ Հօրը կամքը եւ նպատակը, Որդիին ինքնանուէր ընծայումը, եւ Սուրբ Հոգիին կամակցութիւնը կը յայտնեն, միաժամանակ այս Պատարագին խորհուրդին ընդմէջէն աղաչելով, որ Հայրը ողորմի իր բանաւոր հօտին, ինչպէս Իր կամքն է արդէն, Որդին Հօրը հետ հաշտեցնէ մեզ՝ Իր Սուրբ Արիւնով փրկուած հօտը, եւ Սուրբ Հոգին գայ եւ իր լրումին հասցնէ իրեն փառակից Որդիին պատարագումին խորհուրդը»:

- Պատարագիչին Ս. Աստուածածնին, Յովհաննէս Մկրտիչին եւ Ս. Ստեփանոս նախավկային անունները յիշատակալէ ետք, սարկաւագը ի՞նչ կ՚արտասանէ։

- Այս պահուն, սարկաւագը անցած կ՚ըլլայ Ս. Սեղանին աջ կողմը եւ այնտեղէն բարձրաձայն կը յիշատակէ «Յաղթական Եկեղեցի»ին մաս կազմող առաքեալները, մարգարէները, վարդապետները, մարտիրոսները, հայրապետները, եպիսկոպոսները, երէցները, սարկաւագները եւ բոլոր սուրբերը, որոնց կեանքը ինքնին հարազատ արտայայտութիւնը եղած էր Գողգոթայի խորհուրդին, որոնք իրենց կեանքով թարգմանած էին քրիստոնէական հաւատքը եւ արժանավայել կերպով կոչուած էին դառնալու աշակերտները Քրիստոսի, եւ որոնք իրենց կրած խաչով քալած էին իրենց հաւատքի Առաջնորդին՝ Աստուածորդւոյն ետեւէն։ Դպիրները «Յիշեա՜ Տէր, եւ ողորմեա» երգելով կը ձայնակցին սարկաւագին։ Իսկ պատարագիչը այդ ընթացքին ի ծածուկ կ՚աղօթէ Ս. Եկեղեցւոյ խաղաղութեան, անսասանութեան եւ ուղղափառ եպիսկոպոսներուն համար։

Ապա սարկաւագը կը բարձրաձայնէ՝ ըսելով. «Ընդհանուր ամենայն հաւատացելոց, արանց եւ կանանց, ծերոց եւ տղայոց, եւ ամենայն չափու հասակի հաւատով եւ սրբութեամբ ի Քրիստոս ննջեցելոցն, եղիցի յիշատակ ի Սուրբ Պատարագս աղաչեմք» (Այս Սուրբ Պատարագի ընթացքին յիշէ՛ բոլոր հաւատացեալները, այր եւ կին, ծեր թէ մանուկ, եւ ամէն տարիքի այն անձերը, որոնք հաւատքով եւ սրբութեամբ ի Քրիստոս ննջեցին, կ՚աղաչենք)։

«Ընդհանուր ամենայն հաւատացելոց» երգուած ատեն սարկաւագներու խումբը կու գայ կեդրոն, Ս. Սեղանը համբուրելու եւ Սեղանին ձախակողմը անցնելու համար։ Պատարագիչը բարձրաձայն կը յիշէ օրուան կաթողիկոսին եւ թեմի առաջնորդին անունները։ Իսկ սարկաւագը «Գոհութիւն» քարոզով գոհութիւն եւ փառաբանութիւն կը մատուցանէ Աստուծոյ Ս. Սեղանին վրայ մատուցուող Ս. եւ անմահ Պատարագին համար։ Անով կը խնդրէ՝ սէր, հաստատութիւն, ըղձալի խաղաղութիւն՝ համայն աշխարհին, Ս. Եկեղեցւոյ, ուղղափառ եպիսկոպոսներուն, օրուան հայրապետին, վիճակի առաջնորդին եւ պատարագիչին համար ու նաեւ քրիստոնեայ թագաւորներուն եւ բարեպաշտ իշխաններուն։ Կը հրաւիրէ ժողովուրդը, որ աղաչեն եւ խնդրեն հանգուցեալ հոգիներուն համար։ Կը հայցէ ազատութիւն՝ գերութեան մէջ եղող անձերուն համար։

- Ինչո՞ւ Հայ Եկեղեցին Պատարագի ընթացքին ննջեցեալները կը յիշատակէ։

- Պէտք է գիտնալ, որ Սուրբ Պատարագը կը մատուցուի «վասն կենդանեաց եւ ննջեցելոց»: Եւ ահա, ողջերուն համար անդադար եւ բազմաթիւ աղաչանքներ մատուցանելէ ետք, այժմ այն հանգրուանն է, երբ յատուկ աղօթքներով կը յիշատակենք նաեւ ննջեցեալները: Եւ ասիկա այն պարզ պատճառով, որ Եկեղեցին Քրիստոսի Մարմինն է, իսկ «Քրիստոսի Մարմին» ըսելով միայն ողջերը, այսինքն՝ «Զինուորագրեալ Եկեղեցին» չէ որ կը հասկնանք, այլ նաեւ ննջեցեալները, այսինքն՝ «Յաղթական Եկեղեցին»: Ուրեմն, մեր հաւատքին մէջ Եկեղեցին միութիւնն է այս երկուքին, որոնք անբաժանելի են, միացած՝ նո՛յն Տիրոջ, նո՛յն հաւատքին եւ նո՛յն յոյսին մէջ, նո՛յն սիրոյն եւ փոխադարձ աղօթքին մէջ: Մենք միշտ կը յիշատակենք զանոնք ու կ՚աղօթենք անոնց համար, ինչպէս անոնք մեզ կը յիշատակեն եւ կ՚աղօթեն մեզի համար: Ասիկա առաքելահիմն եւ անխախտելի համոզումն է Եկեղեցիին, որ այս փոխադարձ յիշատակումին եւ աղօթքին մէջ կը տեսնէ Քրիստոսական սիրոյ պատուէրին կատարումը եւ լրումը: 

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018