Էրեբունիի դէպքէն ետք Հայաստան կանգնած է կարեւոր քննութեան մը առջեւ

Քա­ղա­քա­գէտ Մի­քա­յէլ Զո­լեա­նի կար­ծի­քով, ե­թէ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­րագ քայ­լե­րու չձեռ­նար­կեն ու չդար­մա­նեն Ե­րե­ւա­նի Սա­րի Թաղ շրջա­նին մէջ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կը, ա­պա այս խռո­վու­թիւն­նե­րու ա­լի­քը կրնայ ա­ճիլ եւ հու­նա­ւո­րուիլ ամ­բողջ երկ­րին մէջ:

Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­կայ պա­հու դրու­թեամբ ա­մե­նէն թէժ օ­րա­կար­գը Է­րե­բու­նի շրջա­նին մէջ ե­ղող ՊՊԾ (Պա­րեկ պա­հա­կա­յին ծա­ռա­յու­թիւն) խնդրի լու­ծումն է: Յի­շեց­նեմ, որ Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ (16 Յու­լիս) կա­նուխ, ա­ռա­ջին ան­գամ «Սաս­նայ ծռե­ր» ա­նու­նով հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցող խում­բը մուտք կը գոր­ծէր զօ­րա­կա­յան եւ պա­տանդ կը վերց­նէր հոն գտնուող տասն ոս­տի­կան­ներ: Զօ­րա­կա­յան մտնող զի­նեալ­նե­րուն եւ տե­ղւոյն ոս­տի­կան­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի կ՚ու­նե­նար փոխհ­րաձ­գու­թիւն, ո­րուն ար­դիւն­քով դէպ­քին վայ­րը կը զո­հուէր ՊՊԾ­-ի կեդ­րո­նի փոխ-հրա­մա­նա­տար գնդա­պետ Ար­թուր Վա­նո­յեա­ն: Եր­կու կող­մե­րէն ալ կը գրան­ցուէին վի­րա­ւոր­ներ, ու վի­րա­ւո­րեալ ոս­տի­կան­նե­րէն ե­րե­քը կը փո­խադ­րուէին հի­ւան­դա­նոց:

Ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ տա­րա­ծուող լու­րը, որ հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ սկիզ­բը կ­­՚ըն­կա­լուէր, ո­րոշ վե­րա­պա­հու­թիւն­նե­րով կը հաս­տա­տուէր, ոչ միայն իբ­րեւ լուր, այլ որ­պէս նոր ի­րա­վի­ճակ:

Ոս­տի­կա­նու­թեան տաս­նեակ կառ­քեր կը փու­թա­յին շրջան եւ Է­րե­բու­նի շրջա­նի յա­րա­կից հիմ­նա­կան փո­ղոց­նե­րը կը փա­կուէին:

Դէպ­քի ա­ռա­ջին գի­շե­րը ե­րե­ւան­ցիք մին­չեւ ուշ գի­շեր գա­մուած կը մնա­յին հա­մա­կար­գիչ­նե­րու առ­ջեւ՝ հե­տե­ւե­լու հա­մար յա­ռա­ջի­կայ հա­ւա­նա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն: Ե­թէ ա­ռա­ջին օ­րը ի­րադ­րու­թիւ­նը կը հա­մա­րուէր հա­մե­մա­տա­բար խա­ղաղ, յա­ջորդ օ­րե­րուն հան­րու­թեան տար­բեր խմբա­ւո­րում­ներ, ինչ­պէս՝ «Մենք ենք տէ­րը մեր երկ­րին» եւ «Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, կ­­՚ո­րո­շէին մին­չեւ ուշ ժա­մեր մնալ Է­րե­բու­նի զօ­րա­կա­յա­նի մօտ ե­ղող «հատ­ման գի­ծի­ն» մօտ:

Քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ մինչ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը նա­խընտ­րէին մին­չեւ Հինգ­շաբ­թի գի­շեր (ՀՀԿ­-ի գոր­ծա­դիր խոր­հուր­դի նիստ) լռու­թիւն պա­հել ե­ղա­ծին ա­ռըն­թեր, շատ նօսր թի­ւով քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ կը փոր­ձէին մօ­տէն հե­տե­ւիլ դէպ­քե­րու յա­ռա­ջի­կայ զար­գա­ցում­նե­րուն: Այդ գոր­ծիչ­նե­րուն մէջ ե­րե­ւե­լի դեր կը կա­տա­րէր «.Քա­ղա­քա­ցիա­կան պայ­մա­նա­գի­ր» կու­սակ­ցու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ան­դամ՝ Նի­կոլ Փա­շի­նեան, որ դէպ­քին նոյն օ­րը մուտք կը գոր­ծէր զօ­րա­կա­յան եւ կը նկա­րա­հա­նէր իր ու­նե­ցած զրոյց­նե­րը, թէ՛ զի­նեալ եւ թէ՛ պա­տանդ առ­նուած ոս­տի­կան­նե­րուն հետ:

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն տար­բեր քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ կը փոր­ձէին Է­րե­բու­նի շրջան հաս­նե­լով կապ ստեղ­ծել հան­րու­թեան եւ զօ­րա­կա­յա­նին մէջ գտնուող զի­նեալ տղոց մի­ջեւ:

Պէտք է նաեւ յի­շեց­նել, որ զի­նեալ տղոց հա­մար գլխա­ւոր նա­խա­պայ­մա­նը Հա­յաս­տա­նի բո­լոր քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րուն ա­զատ ար­ձա­կումն էր: Ա­նոնք դէպ­քի ա­ռա­ջին օ­րը ե­ղած յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը, կը պնդէին, որ «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րա­ն­»ին հա­մա­կար­գո­ղը՝ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեան պէտք է ա­զատ ար­ձա­կուէր եւ զօ­րա­կա­յան գա­լով ուղ­ղա­կիօ­րէն մաս­նա­կից դառ­նար խնդրի հան­գու­ցա­լուծ­ման հա­մար տա­րուող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն:

Ան­շուշտ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ եզ­րը ա­ւե­լիով կը շեշ­տուէր Ե­րեք­շաբ­թի ա­ռա­ւօտ, երբ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նի գլխա­ւոր զի­նա­կի­ցը հա­մա­րուող՝ Ա­լեք Ե­նի­գոմ­շեան կը ժա­մա­նէր Է­րե­բու­նի զօ­րա­կա­յա­նի շրջան եւ լրագ­րող­նե­րուն հետ խօ­սե­լով կը յայտ­նէր խնդրի լու­ծու­մը խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով ա­ւար­տե­լու հա­մար տա­րուող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Ե­նի­գոմ­շեան նաեւ կը խոս­տա­նար, որ «Սաս­նայ ծռե­ր» խմբա­կի տղա­քը իր մի­ջո­ցաւ ԱԱԾ-ին ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցած էին, ու նոյն (Ե­րեք­շաբ­թի) ե­րե­կո­յեան ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը պի­տի պա­տաս­խա­նէին այդ ա­ռա­ջար­կին: Ե­նիգ­մո­շեան իր խօս­քին մէջ կը շեշ­տէր, որ այս հանգ­րուա­նին կա­րե­ւոր չէ ե­ղած ա­ռա­ջարկ­նե­րուն բո­վան­դա­կու­թիւ­նը եւ կա­րե­ւո­րը լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կի վե­րա­ցումն էր:

Հա­յաս­տա­նի տար­բեր շրջա­նակ­նե­րուն հա­մար եւս կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդի­րը հա­ւա­նա­կան ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան մը ա­ռաջ­քը առ­նելն էր, ու այս ա­ռու­մով էր նաեւ, որ խումբ մը մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­ներ բաց նա­մակ մը պատ­րաս­տե­լով կը դի­մէին Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նին, որ իր զի­նեալ ըն­կեր­նե­րը յոր­դո­րէ, ի­րենց մօտ ե­ղած զէն­քը վար դնե­լու եւ ոս­տի­կա­նու­թեան յանձ­նուե­լու:

Կար նաեւ այն խօ­սակ­ցու­թիւ­նը, ըստ ո­րուն Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը  անց­նող Ե­րեք­շաբ­թի գի­շեր Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նը Վար­դա­շէ­նի բան­տէն փո­խադ­րած էին Է­րե­բու­նի շրջան, որ­պէս­զի վեր­ջինս ան­ձամբ հե­տե­ւի տե­ղի ու­նե­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն:

Թէ որ­քա­նով ճիշդ էր այս տե­ղե­կու­թիւ­նը յստակ չէ, բայց եւ այն­պէս ե­րե­ւե­լի է, որ տե­ղի ու­նե­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, մին­չեւ այս տո­ղե­րուն գրուի­լը, չէին յա­ջո­ղած դրա­կան ար­դիւնք­նե­րու յան­գիլ:

Իշ­խա­նու­թեան լռու­թիւ­նը հասկ­նա­լի էր: Ու հասկ­նա­լի էր նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ կը փոր­ձէին խնդրին շուրջ առ­կայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը նուա­զեց­նել ու այդ­պէ­սով զայ­րա­ցած հան­րու­թեան մօտ ե­ղած «ա­րեան ճնշու­մ­»ը ի­ջեց­նել նուա­զա­գոյ­նի:

Ու հա­կա­ռակ այս մօ­տե­ցու­մին՝ հան­րու­թեան մէջ ե­րե­ւե­լի ժխտա­կան ե­րանգ մը կար, նման այն ե­րան­գին, որ ե­րե­ւե­լի դար­ձաւ ան­ցեալ 2015 թուա­կա­նի Յու­նիս-Յու­լիս ա­միս­նե­րուն, երբ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան թան­կաց­ման դէմ սկիզբ ա­ռած ար­շա­ւը կը վե­րա­ծուէր մե­ծա­ծա­ւալ ցոյ­ցե­րու, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով նաեւ Բաղ­րա­մեան գլխա­ւոր պո­ղո­տան եր­կար ժա­մա­նա­կով փա­կուած կը մնար:

Պէտք չէ մոռ­նալ, որ գետ­նի վրայ պա­տա­հած դէպ­քե­րը յա­ճախ այն­քան ա­րագ զար­գա­ցում­նե­րու կրնան տա­նիլ, որ նոյ­նիսկ մո­ռա­ցու­թեան կը մատ­նուին դէպ­քին իս­կա­կան պատ­ճառ­նե­րը:

Այ­սինքն՝ հի­մա բո­լորս ձե­ւով մը մոռ­ցած ենք ե­ղած «գրա­ւու­մ­»ին իս­կա­կան նպա­տա­կը եւ Հա­յաս­տա­նով ու սփիւռ­քով մէկ մտա­հոգ ենք, ի­րա­վի­ճա­կի խա­ղաղ կա­րա­գա­ւոր­մամբ:

Ճիշդ է, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար հար­ցը ու­ժա­յին մի­ջոց­նե­րով լու­ծե­լու բո­լոր բե­մագ­րու­թիւն­նե­րը կան, բայց նոյն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ու յատ­կա­պէս երկ­րի թիւ մէկ դէմ­քը՝ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­ն կը գի­տակ­ցի, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ նոր ա­րիւն­հե­ղու­թեան ո­րե­ւէ դէպք տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ երկ­րին հա­մար պի­տի ըլ­լայ շատ վնա­սա­կար ու այդ ա­րիւն­հե­ղու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը եր­կար ա­տե­նով պի­տի մնան հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դի թէ՛ յի­շո­ղու­թեան եւ թէ՛ հա­ւա­քա­կան տրա­մա­բա­նու­թեան վրայ:

Թէ ի՞նչ հան­գու­ցա­լու­ծում պի­տի ու­նե­նայ Է­րե­բու­նի զօ­րա­նո­ցի խնդի­րը, պարզ չէ։ Յստակ է միայն, որ նման  բարդ ի­րադ­րու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձեն ու պի­տի փոր­ձեն նուա­զա­գոյն վնաս­նե­րով դուրս գալ ի­րադ­րու­թե­նէն:

Պէտք է նաեւ նկա­տել, որ Հա­յաս­տա­նը այ­սօր կա­րե­ւոր քննու­թիւն մը կ՚անց­ը­նէ: Բո­լո­րին հա­մար յստակ է, որ այս դէպ­քե­րու ա­ւար­տին պարզ պի­տի դառ­նայ, թէ եր­կի­րը ներ­քին ի՛նչ «ի­մու­նի­թէ­տ» ու­նի, ու պարզ պի­տի դառ­նայ նաեւ, որ Ապ­րի­լին ար­ցա­խեան սահ­ման­նե­րը «վա­զա­ծ» Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը որ­քա՛ն խո­հե­մու­թեամբ դուրս պի­տի գան այս տագ­նա­պէն:

Հա­յաս­տա­նին կը սպա­սեն կա­րե­ւոր օ­րեր: Խօս­քը ան­շուշտ ար­ցա­խեան հար­ցին կը վե­րա­բե­րի ու այս պրիս­մա­կին մէջ, յստակ է նաեւ, որ ներ­քին ճա­կա­տին վրայ ե­ղած ո­րե­ւէ պա­ռակ­տում կրնայ խոր­քա­յին վնաս տալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին պատ­րաս­տուող Հա­յաս­տա­նին:

Այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­տեն Հա­յաս­տա­նը մէկ մար­դու նման պի­տի խօ­սի: Մէկ մար­դու նման պի­տի մտա­ծէ ու մէկ մար­դու նման պի­տի ըն­դու­նի կամ մեր­ժէ: Ու այս ա­ռու­մով ներ­քին խլրտում­նե­րով ստեղ­ծուած ան­հան­գիստ ի­րա­վի­ճա­կը պէտք է ա­րա­գօ­րէն իր դար­մա­նը գտնէ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2016