ԽՕՍԻԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒԻ ԷԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԱՅԼԵՒՍ ԱՆԹԱՔՈՅՑ ԱՂԷՏԻ ՄԱՍԻՆ
Ֆրանսացի ուսուցիչ եւ գրող Ժան-Փոլ Պրիկելի ահազանգ կը հնչեցնէ ֆրանսերէնի նահանջի եւ ձեւազեղծման ի տես: Իր յօդուածին խորագիրն է. «Պաշտօնական լեզուն ֆրանսերէնն է, ոչ կլուպի-պուլկան»: Եթէ ֆրանսացին կ՚ահազանգէ, ի՞նչ պէտք է մտածէ եւ ընէ հայը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), երբ օտար բառերով խճողել հայերէնը կամ օտար լեզուով խօսիլ եւ գրել յառաջդիմութիւն կը համարուին, այսինքն՝ դասակարգ կը փոխենք, կ՚ըլլանք բանգէտ եւ ազնուական, կը ծալենք եւ կը նստինք վրան մեր ինքնութիւն-հարազատութեան:
Հայաստանի սահմանադրութեան օրէնքով, երկրի պաշտօնական լեզուն հայերէնն է: Ամէն առիթով Սահմանդրութիւն յիշեցնող ղեկավարները կը կարդա՞ն ԼԵԶՈՒԻ ՄԱՍԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾԸ: Ֆրանսացի ուսուցիչի օրինակին հետեւելով, կրնանք ըսել, մեր կարգին, որ Հայաստանի պաշտօնական հայերէն լեզուն կլուպի-պուլկա չէ, այդ պէտք է ըսեն անոնք որոնք որոշող են, վերահսկողութեան իրաւունք ունին: Սփիւռք(ներ)ի մէջ, այլազան լեզուներով բարձրագոչ ըսուածը հայու ինքնութեան մասին, կ՚ըլլայ հայերէնով, հակասութեան մէջ կ՚իյնանք երբ ինքնութեան քարոզ կը կարդանք եւ կը պոռանք հայերէնի անտեսումով, օտարաբարբառ կեղծիք բուրող ճառով: Հայկական սփիւռքի լեզուն ալ հայերէնն է, պէտք է ըլլայ, ինչ որ յաճախ կը մոռնանք յանուն պատշաճեցումներու, յաջորդական տեղատուութիւններով, եւ մարդորսական նկատումներով (prosélytisme): Սփիւռքը սահմանադրութիւն չունի, ոչ ոք վերահսկողութեան իրաւունք ունի: Ով ինչ ուզէ կ՚ընէ: Չափանիշը պատշաճեցում կը կոչուի:
Յաճախ կը յիշեմ հայ մամիկի մը խօսքը: Ան կ՚ըսէր, որ «ամէն անգամ որ ուղտը ծունկը գետին կը դնէ, հոն քարվանսարայ չի շինուիր»: Սփիւռքի ղեկավարութիւնները, փոխանակ ժողովուրդ ղեկավարելու, ղեկավարուեցան այդ գործնապաշտ եւ անմիջականի բաւարարման հետամուտ հաւաքականութիւններէն, անոնց հետեւեցան: Այդ ըրին մարդորսական պատճառներով, եւ հայերէնի տեղատուութիւնը անխուսափելի համարելու (չ)իմաստութեան քաղաքականութիւն որդեգրեցին, եւ իւրաքանչիւրին հետ, ինչպէս մամիկին ծունկը գետին դնող ուղտի պարագային, լեզուական քարվանսարայներ շինեցին: Անգլերէն, սպաներէն, ֆրանսերէն, թրքերէն, արաբերէն, եւ անհամար քարվանսարայներ, որոնք հայուն ՏՈՒՆ չեն, ինչպէս կ՚ըսէ բանաստեղծը, որ «Հայ լեզուն տունն է հայուն, աշխարհի չորս ծագերուն»: Ո՞վ ժամանակ ունի բանաստեղծ լսելու, մանաւանդ՝ հայ բանաստեղծ:
Եւ այդպէս, չենք անդրադառնար, որ քարվանսարայի լեզուները մեր անհետացման ճանապարհին գտնուող կայաններ են:
Ֆրանսացի ուսուցիչը յստակ խօսք կ՚ըսէ. «Երբ կրթութեան մակարդակին կը լքենք լեզուն, այդ կը նշանակէ, որ ազգը կը լքուի քաղաքական մակարդակի վրայ: Մենք կը ճանչցուինք մեր լեզուով: Կը յիշեցնեմ, որ որեւէ երկիր կը սահմանուի իր խօսած լեզուով»: Բնական հետեւութեամբ, որեւէ ժողովուրդ կը սահմանուի իր խօսած լեզուով: Լքուած լեզուով ի՞նչ քաղաքականութիւն եւ ո՞ւր հասնելու համար, ո՞ւր տանելու ազգին տատանող նաւը:
Բայց մեծ բաւարարութիւն եւ ինքնահիացում կ՚ապրինք մեր սորված (եւ ձեւով մըն ալ պարտադրուած) նոր լեզուով: Հոգեբանութիւն՝ որուն անուն պէտք է տալ:
Մօտաւոր անցեալին, հայկական սփիւռք(ներ)ի հասարակաց լեզուն հայերէնն էր: Այժմ ան փոխարինուած է ամերիկերէնով, Հայաստանէն եկող-գացող պաշտօնական անձերն ալ չեն վարանիր անգլերէնով հաղորդակցիլ: Իսկ Հայաստանի հայերէնը ողողուած է օտար բառերով, Ազգային ժողովէն մինչեւ լրատուամիջոցներ, ծանուցումներ, մանաւանդ՝ վաճառատուները, սպասարկութիւնները, ցուցանակները: Տուրիստները ասդին-անդին տանող առաջնորդները կը խօսին էսփերանթօ: Անոնք կրնան, ըստ հիւրերու, խօսիլ պարսկերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն կամ այլ լեզու մը, բայց երբ հայերէն պէտք է խօսին, իրենց խօսքին մէջ կը խուժեն օտար բառերը:
Նոյնիսկ «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» հայերէնը բաւարար չափով արտայայտիչ եւ գօտեպնդող չգտաւ, չըսաւ սրտանց, խանդավառ, հաւատքով: Հայերէնը կարծէք բաւարար չէր յեղափոխութեան թռիչք տալու, եւ ըսուեցաւ՝ դուխով: Չբաւեց, հիմա գլխարկներու վրայ ալ թառած է դուխովը, մեր գլուխներուն վրայ բազմեցնելով անհարազատը: Պիտի չզարմանամ, եթէ վաղը մի ոմն լեզուաբան, լեզուն կը հարստանայի ուղիին հետեւելով, յայտարարէ, որ դուխը մաս կը կազմէ հայերէնի բառապաշարին, ինչպէս պեդրուշքան, մաղատանոսը, նաանան, մեքենայ նորոգողներու դիակնոստիկան, ատամնաբուժարաններու ստամոլագիան, բնակարաններու էլիտարը, վաճառատուներու տենդենձան, վաճառատունը՝ մարկետ եւ սիթի: Իսկ արդէն առօրեայ գործածութեան մէջ սիթիզըն են աբոնեմենտի պէս բառեր:
Իսկ սփիւռք(ներ)ի նահանջականութիւնը կը յիշեցնէ ֆրանսացի գրող Անթուան Սէն թ՚Էկզուփերիի թելադրութիւնը անոնց՝ որոնց օդանաւը խորտակուած կ՚ըլլայ ձիւնապատ տարածութիւններու վրայ, որ պէտք է ոտքի ելլել եւ ընել առաջին քայլը, երկրորդ առաջին քայլը եւ այդպէս շարունակել, սա տարբերութեամբ, որ սփիւռք(ներ)ը կ՚ընէ պատշաճեցման առաջին ետքայլը, երկրորդ առաջին ետքայլը, եւ այդպէս շարունակ, հեռանալով մեկնակէտէն, այսինքն՝ հարազատէն եւ ինքնութենէն, եւ հայերէնն ալ ֆրանսացի ուսուցիչի ըսած կլուպի-պուլկան կ՚ըլլայ:
Հայերէնը, ան ըլլայ արեւելահայերէն թէ արեւմտահայերէն, ոչ Երեւանի եւ ոչ ալ Պուրճ Համուտի բարբառ է: Հայերէնը հարուստ բառապաշարով յղկուած լեզու է: Ազգային-քաղաքական պատասխանատուութիւն է այդ լեզուին պաշտպանութիւնը եւ անեղծ պահպանումը: Ամէն գոյնի եւ մակարդակի ղեկավարութիւնները պէտք է ըմբռնեն, ինչպէս կ՚ըսէ ֆրանսացի ուսուցիչը, «Մենք կը ճանչցուինք մեր լեզուով: Կը յիշեցնեմ, որ որեւէ երկիր կը սահմանուի իր խօսած լեզուով»:
Այս տարրական ազգային-քաղաքական իմաստութիւնը գունաթափուած է յաջորդական պատշաճեցումներով, վասն բիզնեսի եւ մարդորսութեան:
Եթէ ղեկավարութիւնները օր մը անդրադառնան, որ անցած ենք անվերադարձի գիծը, point of no return, ուշ կ՚ըլլայ, եւ մեր ժողովուրդէն կը մնան ծագումով հայեր, որոնք բազմացուցած կ՚ըլլան ուրիշ երկիրներու բնակիչները: Իսկ Հայաստա՞նը…
Այսօր լեզուի քաղաքականութիւն ունի՞նք, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), թէ հաշտուած ենք, որ պատշաճեցման-յառաջդիմութիւն-բիզնեսի հեղեղը պիտի թաղէ մեր ինքնութեան կնիքն ու ժառանգութիւնը:
Հայոց պատմութիւնը երախտագիտութեամբ պիտի յիշէ բոլոր անոնք, որոնք լեզուի հարազատութեան վերականգնումը պիտի համարեն ազգային վերականգնումի առաջնահերթութիւն եւ անսեթեւեթ կերպով գործեն անոր իրականացման համար:
Լեզուի վերականգնումի յեղափոխութիւնն ալ պէտք է ընել սրտով, որպէսզի մեր երկիրը ունենայ իր ճիշդ սահմանումը, անեղծ ինքնութիւնը, եւ սփիւռք(ներ)ը կուլ չերթայ գինովութիւն պատճառող օտարումներու (aliénation):
Երբ կռնակ կը դարձնենք վտանգին եւ նահանջը ինքնագոհութեամբ բնական կը համարենք, այդ կ՚ըլլայ խուճապ եւ պարտութիւն, անհետացում:
Վաղը միշտ ուշ է… ըսած էր Ֆետէրիքօ Մայոր, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի տնօրէն մը…
Ընդունիլ, որ հայերէնը կրնայ բաւարարուիլ gloubi-boulga-յով, կը նշանակէ որ ազգը հարա-քիրի կ՚ընէ:
Ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր դուխով պիտի դատուին ազգը հարա-քիրի ընելու մղողները:
Եթէ ֆրանսացին, որուն լեզուն եւ ինքնութիւնը չեն վտանգուած, կ՚ընդվզի, ի՞նչ պէտք է ըսէ եւ ընէ հայը, մանաւանդ ի՞նչ պէտք է ընեն Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի բազմերանգ էսթէպլիշմընթները, երբ հայերէնի մէջ կը թխմուին օտար բառեր եւ շարահիւսական ձեւեր, կամ արդիական ըլլալու համար ան կը փոխարինուի օտար լեզուով մը:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան