ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ա.

Հարցում. Ինչո՞ւ համար Եսային որպէս վկայ կը բերէ:

Պատասխան. Երկու պատճառով.

Նախ՝ որովհետեւ Եսային այդ խօսքէն մինչեւ գիրքին վերջը Քրիստոսի գալուստին եւ Անոր Եկեղեցիին մասին կը մարգարէանայ, որ աւելի աւետարանիչ կը թուի ըլլալ, քան՝ մարգարէ:

Երկրորդ՝ Եսային ցոյց կու տայ, թէ Յովհաննէսը ինչ բանի ու գործի համար եկած էր, այսինքն՝ կարապետ ըլլալ Քրիստոսի եւ՝ անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը:

Ասիկա երկրորդ վկայութիւնն է՝ ցոյց տալ, թէ Քրիստոս Աստուած է.

Առաջին՝ որ կ՚ըսէ. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը: Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր», ու ապա կ՚աւելցնէ՝ «եւ Բանը մարդ [մարմին] եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ», եւ այլն:

Երկրորդ՝ այս է Յովհաննէսի ու Եսայիին վկայութիւնը, որ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը. “Տիրոջ ճամբա՛ն պատրաստեցէք ու ամայութեան մէջ մեր Աստուծոյ համար շաւի՛ղ շտկեցք”» (Ես 40.3), եւ այլն, «Տիրոջ փառքը պիտի յայտնուի եւ ամէն մարմին մէկտեղ զանիկա պիտի տեսնէ» (Ես 40.5), ինչպէս Մատթէոսի մեկնութեան մէջ գրուած է (Մտ 3.3):

Սակայն, երբ առաքեալները Յովհաննէսին հարցուցին իր անձին մասին, ապա կը հարցնեն նաեւ անոր գործին մասին, երբ կ՚ըսեն. «Հապա ինչո՞ւ կը մկրտես» (Յհ 1.25), եւ այլն:

Խօսք. «Ղրկուած պատգամաւորները, որոնք փարիսեցիներ էին» (Յհ 1.24):

Մեկնութիւն. փարիսեցիները հրեաներուն մէջ աւելի ճգնաւոր եւ օրինապահ կ՚երեւէին, այդ պատճառով փարիսեցի կը կոչուին, որովհետեւ փարէս բաժանում կը թարգմանուի: Անոնք իւրայատուկ էին հագուստներով ու համեստութեամբ, կերակուրներով եւ վարքով, ատոր համար ալ օրէնքին նկատմամբ աւելի նախանձաւոր էին, ու Յովհաննէսի եւ Քրիստոսին հակառակ էին: Տակաւին, Յովհաննէսի մկրտութեան մասին, թէ Մովսէսինէն աւելի է, եւ Քրիստոսի մկրտութիւնը Յովհաննէսինէն աւելի, Մատթէոսի [Աւետարանին] մէջ կը գտնես: Ասիկա երկրորդ վկայութիւնն է, թէ Քրիստոս Աստուած է: Առաջին՝ կ՚ըսէ. «Աւետարանիչը վկայեց», երկրորդը՝ Եսայի Մարգարէն:

Խօսք. «Ձեր մէջ կայ մէկը» (Յհ 1.26):

Մեկնութիւն. Նախ՝ ձեր մօտ եկած է, որպէս Միջնորդ ձեր եւ Աստուծոյ միջեւ: Երկրորդ՝ միջին եւ հասարակ վարք ունի:

Խօսք. «Թէպէտ դուք չէք ճանչնար» (Յհ 1.26):

Մեկնութիւն. Անոր Աստուածութիւնն ու Տնօրինութիւնը չէք գիտեր: Դուք, նախ՝ սկիզբը չէիք ճանչնար մինչեւ մկրտուիլը, երկրորդ՝ որովհետեւ տգէտներու եւ անհաւատներու նման էիք:

Խօսք. «Ես Անոր կօշիկներուն կապերն անգամ» (Յհ 1.27):

Մեկնութիւն. Նախ՝ իր խոնրահութիւնը ցոյց կու տայ, թէ նոյնիսկ Անոր ոտքերուն ծառայելու արժանի չեմ: Ասիկա ըստ ճառին:

Երկրորդ՝ Քրիստոսի Աստուածութիւնը ցոյց կու տայ եւ իր ծառայական բնութիւնը:

Երրորդ՝ Քրիստոսի տնօրինութիւններուն չե՛մ կրնար հասու ըլլալ կամ ճառել: Եւ կօշիկներուն կապերը կ՚ըսէ:

ԹԷ ԿՕՇԻԿ ՉԷՐ ՀԱԳՆԵՐ

Եթէ քննես, բազմաթիւ վկայութիւններ կ՚երեւին, թէ Քրիստոսի, առաքեալներուն՝ Յովհաննէսի, Եղիայի, Մովսէսի, Յեսուի եւ նմանապէս բոլոր մարգարէներուն ոտքերուն կօշիկ չկար:

Շատերէն յայտնի է, թէ Քրիստոս կօշիկ չունէր. նախ՝ որովհետեւ առաքեալներուն ըսաւ, որ հողաթափեր ունենան, եւ ոչ՝ կօշիկներ, ապա Ինքը չհագուեցաւ: Երկրորդ՝ յայտնի է, որովհետեւ կինը, որ արցունքներով կը թրջէր Յիսուսին ոտքերը եւ մազերով կը սրբէր ու կ՚օծէր (Հմմտ. Ղկ 7.37-38): Արդ, եթէ Քրիստոս Իր ոտքերուն կօշիկ ունէր, չէր կրնար այդ բանը ընել:

Երկրորդ՝ որովհետեւ երբ աշակերտներուն ոտքերը լուաց, գրուած է, թէ Իր հագուստները հանեց (Հմմտ. Յհ 13.4), սակայն՝ Քրիստոսի եւ աշակերտներուն համար չէ գրուած, թէ կօշիկները հանեցին, նոյնպէս երբ զինուորները Քրիստոսի հագուստները իրենց միջեւ բաժնեցին, կօշիկներուն մասին ո՛չ մէկ բան գրուած է (Հմմտ. Յհ 19.23-24): Այլակերպութեան մասին գրուած է, թէ Անոր հագուստները փայլուն սպիտակ եղան (Հմմտ. Մտ 17.2), եւ կօշիկ չի՛ յիշեր: Առաքեալերուն ըսաւ. «Երբ ձեզ առանց կօշիկի եւ մախաղի ղրկեցի, որեւէ մէկ բանի պէտք ունեցա՞ք -եւ ըսին- եւ ո՛չ մէկ բանի» (Հմմտ. Ղկ 22.35-36): Այսպէս, Եղիայի եւ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին գրուած է, թէ ինչպիսի հագուստներ ունէին, եւ երբ Եղիան յափշտակուեցաւ, գրուած է, թէ մաշկեակը ձգեց (Հմմտ. Դ.Թգ 2.12-13), եւ գրուած չէ, թէ կօշիկ կը տանէր դրախտ եւ կամ Եղիսէին տուաւ:

Քրիստոսի ոտաբոպիկ ըլլալը շատ անգամ օրիանկուած է. նախ՝ որովհետեւ Եսայի մարգարէն երեք տարի ոտաբոպիկ շրջեցաւ: Դարձեալ՝ Աստուած Մովսէսին ըսաւ. «Կօշիկներդ հանէ՛ քու ոտքերէդ» (Ելք 3.5), եւ չէ գրուած, թէ ատկէ ետք կօշիկ կը հագնէր: Նոյնպէս Տիրոջ զօրավարը Յեսուիին ըսաւ. «Ոտքերէդ կօշիկներդ հանէ» (Յես 5.15): Նոյնպէս, Ադամի մասին գրուած է, թէ՝ «կաշիէ հանդերձներ շինեց» (Ծն 3.21), եւ կօշիկներ չյիշեց: Նոյնպէս Ահարոնի մասին գրուած է, որ Աստուած հրամայեց, թէ ինչ հանդերձներ պէտք է պատրաստել, եւ կօշիկ չյիշեց (Հմմտ. Ելք 28.1-4): Նոյնպէս հրեշտակները, թէ՛ Հին եւ թէ՛ Նոր կտակարաններուն մէջ կ՚ըսուի, թէ առանց կօշիկներու կ՚երեւէին: Ասոնք բոլորը կը մատնանշէին զՔրիստոս եւ առաքեալները, որովհետեւ ոտաբոպիկ կ՚ընթանային, այդ պատճառով եթէ մէկը ըսէ, թէ Քրիստոս կօշիկ ունէր, Սուրբ Գիրքին կը հակառակի, իսկ այն, որ կ՚ըսէ. «Այս խօսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Բեթաբրայի մէջ» (Յհ 1.28), իսկ ոմանց գրութիւններուն մէջ՝ «Բեթանիա» կ՚երեւի, տխմար գրիչներու սխալ է, կ՚ըսէ Որոգինէս: Արդ, եթէ թէ՛ Բեթանիա կը գրուի, թէ Բեթաբրիա, ուրիշ գիւղ է եւ ո՛չ թէ Ղազարոսինը, որոհետեւ Բեթանիա, ուր Ղազարոսն էր, Յորդանանի այս կողմն էր, իսկ այն որ Աւետարանիչը կը յիշէ, Յորդանանի այն կողմը կը գտնուի, երկու ցեղերուն վիճակի մէջ եւ կէսը:

Երբ Յովհաննէսի ընդարձակ վկայութիւնը պատմեց, մինչ Քրիստոս հեռու էր, այժմ, կը դնէ վկայութիւնը երբ Քրիստոս մօտիկ էր, երբ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Յաջորդ օր Յովհաննէս դարձեալ հոն կեցած էր». (Յհ 1.35):

Լուծում. Այս խօսքը երկու մասի կը բաժնուի. նախ՝ քանի որ Յովհաննէս ժողովուրդին առջեւ կը վկայէ: Երկրորդ՝ միայն աշակերտներուն առջեւ, երբ կ՚ըսէ. «Յաջորդ օր Յովհաննէս դարձեալ հոն կեցած էր իր երկու աշակերտներուն հետ» (Յհ 1.35):

Առաջին մասը երեքի կը բաժնուի, որովհետեւ նախ՝ Յովհաննէսի վկայութիւնը կը դնէ: Երկրորդ՝ այստեղ կարծիք մը կը վերացնէ, երբ կ՚ըսէ. «Ասիկա է այն անձը, որուն համար կ՚ըսէի» (Յհ 1.30): Երրորդ՝ վկայութիւնը կը հաստատէ, երբ կ՚ըսէ. «Յովհաննէս տուաւ այս վկայութիւնն ալ» (Յհ 1.32):

Առաջինին մասին Աւետարանիչը կ՚ըսէ.

Խօսք. «Յաջորդ օրը» (Յհ 1.29):

Մեկնութիւն. Յաջորդ առաւօտ կ՚ըսէ, իսկ յաջորդը՝ ըսել կ՚ուզէ ուրիշ օր մը, որպէզի չկարծուի, թէ ինչ որ պատմեցինք եւ ինչ որ պիտի պատմենք, մէկ օրուան ընթացքին պատահեցան, կամ իրարու ետեւէ, առանց ուրիշ օր մը ըլլալու այդ օրերուն մէջտեղը: Ոմանք կ՚ըսեն, թէ Յովհաննէսի հարցնելէ ետք է, երբ մկրտութեան եկաւ՝ կրկնակի իմացումով. նախ՝ որովհետեւ կ՚ըսէ. «Իրեն կու գար» (Յհ 1.29): Երկրորդ՝ որովետեւ կ՚ըսէ՝ «Աստուծոյ Գառնուկը» (Յհ 1.29), որ մկրտութենէն ետք Քրիստոս կոչուեցաւ, իսկ Սուրբ Նանան կ՚ըսէ. «Մկրտութենէն ետք երկրորդ գալուստին», որովհետեւ մկրտութեան օրը Մատթէոս կ՚ըսէ (Մտ 3.13-17), իսկ ասիկա երկրորդ գալուստը: Երկրորդ՝ որովհետեւ բոլորը բաները պատմելով կ՚ըսէ. «Կը տեսնէի Հոգին եւ վկայեցի» (Հմմտ. Յհ 1.32-34), եւ այլն:

Խօսք. «Ահաւասիկ»:

Լուծում. որպէս թէ հիմա գտանք ու տեսանք, որ Եսային խօսքով ըսաւ, իսկ Մովսէսը գործով օրինակեց:

Խօսք. «Աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յհ 1.29):

Մեկնութիւն. Նախ՝ ցոյց կու տայ, թէ մաքրութեան կարօտ չէ: Երկրորդ՝ որոհետեւ ինձմէ չի՛ մաքրուիր: Երրորդ՝ աշխարհը կը մաքրէ ու կը փրկէ, եւ ո՛չ միայն Իսրայէլը:

Իսկ կը վերցնէ ըսելը. Նախ՝ որովհետեւ խաչով վերցուց, երկրորդ՝ որովհետեւ միշտ կը վերցնէ՝ ամէն օր պատարագուելով: Տե՛ս, թէ մէկ պատարագը ամբողջ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ, ինչպէս որ ծանր կշիռքին մէջ թեթեւը կը վերնայ: Եւ այս է չորեքկերպեան կենդանիներուն խորհուրդը, որ Գառնուկը խաչին վրայ զենուեցաւ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 12

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2019