ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
ՍԹՈՓ - ՍԱՄ ՊՐԱՈՒՆ (STOP! - SAM BROWN)
Stop երգը բրիտանացի երգչուհի Սամանթա (Սամ ) Պրաունի ամենայայտնի երգն է։ Ան բրիտանական հիթ-շքերթին առաջատար դիրքերուն վրայ մնաց աւելի քան տասներկու շաբաթ, վաճառուելով հազարաւոր օրինակով եւ երգչուհիին յայտնի դարձնելով ամբողջ աշխարհով մէկ։ Թէեւ ան երգչուհիին ամենավառ եւ ամենայայտնի երգերէն մին է, այնուամենայնիւ ան չի համարուիր իր լաւագոյն ստեղծագործութիւնը։
Քանի որ երգի հեղինակը նոյնինքն՝ երգչուհին է, երգի թողարկումէն յետոյ բոլորը կարծեցին, որ այնտեղ տեղ գտած են երգչուհիին անձնական ապրումները: Այս ենթադրութեան ի պատասխան երգչուհին հարցազրոյցներու ժամանակ յայտարարեց, որ երգը պարզապէս պահին ազդեցութեամբ գրուած երգ է, եւ ոչ մէկ կապ ունի անձնական ապրումներուն հետ։ Ան կը պատմէ․ «Սովորաբար երգը գրելու ժամանակ ամենադիւրին ձեւն է ինձ համար, երբ ես մօտաւորապէս գիտեմ բնագրի հիմնական գաղափարը, կամ առանցքային բառերը։ Երբ պատրաստ են բնագիրն ու բառերը, մեղեդի գրելը աւելի հեշտ կը դառնայ։ «Սթօփ» երգի պարագան ալ նոյնն է։ Ես գրեցի զայն ճանապարհին վրայ, երբ կը ճամբորդէի դէպի Գալիֆորնիա, ուր իմ ձայնագրման սթիւտիոյի տնօրէնը ինծի կ՚ուղարկէր հանգստանալու Լոս Անճելըսի լողափներուն վրայ, լիցքաւորուելու նոր միտքերով եւ ստեղծագործելու։ Չեմ կրնար ըսել, թէ այդ իմ սրտովն էր, մանաւանդ, որ չյաջողեցայ հանգստանալ: Կ՚ըսեմ աւելին, ես կը կարծեմ, որ այդ վատագոյն բանն էր, որ կրնային մտածել ինծի համար։ Այնուամենայնիւ, մի քանի լաւ երգեր ես յաջողեցայ ստեղծագործել այդ օրերուն։ Անոնցմէ մէկը «Սթոփ»ն է, որ ես գրեցի Լոս Անճելըսի մայրուղիներէն մէկով ընթանալու պահուն։ Այդ ժամանակ ես տասնինն տարեկան, պզուկոտ երեսներով, անհասկնալի տաբատով ու գլխարկով աղջիկ էի եւ այս բանը ինծի շատ հաճելի կու գար»։
«Ես երգը գրեցի 1986 թուականին։ Իրականին մէջ ան ոչ մէկ կապ ունի իմ անձնական զգացողութիւններուն կամ կեանքին հետ։ Ան ինքնակենսագրական չէ։ Այո, ան շատ տխուր եւ զգացական երգ մըն է, եւ երեւի այդ է պատճառը, որ մարդիկ կարծած են, որ եթէ նման յուզիչ երգ գրած եմ, ուրեմն անպայման ան իմ սիրոյ պատմութիւնն է», յայտնած է Սամը։
Երգը թողարկուեցաւ 1988 թուականին, ու բրիտանական հիթ-շքերթին 42-րդ տեղը զբաղեցուց։ Մէկ տարի անց ան վերաթողարկուեցաւ՝ այս անգամ նոյն հիթ-շքերթին մէջ զբաղեցնելով 4-րդ տեղն ու այնտեղ մնալով տասներկու շաբաթ շարունակ։ Երգը յայտնի դարձաւ ու զբաղեցուց նաեւ Իրլանտայի, Պելժիոյ, Նորվեկիոյ եւ եւրոպական այլ երկիրներու ազգային հիթ-շքերթները։
Այնուամենայնիւ, Սամը այս երգը չի համարեր իր լաւագոյն ստեղծագործութիւնը։ «Հարցուցէք ոեւէ ունկնդիրի. ո՛վ ծանօթ է իմ երգերուն, թէ ո՛ր մէկն իմ լաւագոյն ստեղծագործութիւնը եւ ան կը պատասխանէ՝ «43 վայրկեան» ալպոմը, անոնք չեն ըսեր «Սթոփ»ը։ Ան իմ իրական արտացոլումը չէ, ինչպէս «43 վայրկեան»ն է», կ՚ըսէ Սամը։
2004 թուականին երգը վերաերգուեց Ժամելիան՝ «Պրիժիտ Ճոնս. Ողջամտութեան սահմանը» (Bridget Jones: The Edge of Reason) շարժանկարի համար։ Այն նաեւ «Դառն լուսին» (Bitter Moon) շարժապատկերին մէջ գործածուեցաւ որպէս բներգային։
«Այն ամէն ինչը, որ ես կ՚ուզեմ, նստիլ դաշնամուրի մօտ եւ գրել երգ՝ չմտածելով «Սթոփ» երգը կրկնօրինակելու մասին», ըսած է Սամ Պրաուն։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան