ԼԻԲԱՆԱՆ. ՄԷԿ ՏԱՐՈՒԱՅ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՊԱՅԹՈՒՄ...
Տարի մը առաջ օգոստոսին Պէյրութի մէջ որոտացած աղէտալի պայթումը կը շարունակէ մնալ կիզակէտային։ Անշուշտ այսօրուան դրութեամբ ամբողջ Լիբանանի համար հիմնական խնդիր կը համարուի պայթումի թղթածրարին փակումը ու յանցաւորներուն բացայայտումը։
Այս բոլորէն բացի հարկ կը համարեմ նշել, որ անցեալ կիրակի օր՝ արեւծագին նոր պայթում մը տեղի կ՚ունենար այս անգամ երկրի հիւսիսային Աքքար նահանգին մէջ գտնուող վառելանիւթի պահեստարանէն ներս, պատճառ դառնալով տասնեակ քաղաքացիներու սպանութեան։
Այս կէտին պէտք չէ մոռնալ, որ երկրի տնտեսական ծանր տագնապին հետեւանքով առկայ է վառելանիւթի ու այլ կարեւոր նիւթերու (նոյնիսկ դեղօրայքի) սուր պակաս։ Իբր այդ, քաղաքացիներ իմանալէ ետք, որ Թիլէյլ աւանին մէջ կայ վառելանիւթի մեծ պահեստանոց մը, հասած էին այնտեղ ու մինչեւ այս պահը անյայտ մնացած անձ մը կրակ բանալով պայթումին պատճառ դարձած էր... անշուշտ աղէտալի հետեւանքներով պայթում։ Կարծէք լիբանանցիներուն չէր բաւեր տարի մը առաջ պատահած աղէտալի պայթումը, ահա երկրորդ պայթում մը կը հարուածէր Լիբանանը, առկայ անորոշութիւնն ու մտավախութիւնները հասցնելով ամեհի մակարդակներու։
Ամէն պարագայի, մեզի համար, որպէս հայութիւն Լիբանանը ունի յատուկ երանգ եւ բոյր ոչ միայն այդ երկրի ունեցած մշակութային առաւելութեանց համար, այլ հոն ապրող ու դեռ ալ իրենց ապրելու պայքարը շարունակող հայութեան համար։ Այս առումով ալ օրերս հեռավար զրոյց ունեցանք Պէյրութի «Պատկեր» մշակութային կեդրոնի սեփականատէր Արփի Մանկասարեանին հետ։ Ան պատմեց ոչ միայն տարի մը առաջ եղած պայթումին մասին, այլ ներկայացուց այսօր Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
*
-Մէկ տարի անցած է այն օրէն, երբ Պէյրութը կը ցնցուէր աղէտալի պայթումի մը հետեւանքով։ Ի՞նչ կը յիշէք պայթումի առաջին վայրկեաններէն։
-Պայթումի օրը, որ երեքշաբթի էր, առաւօտուն բարեկամի մը հեռաձայնեցի եւ ըսի, թէ Այնճար պիտի պիտի այցելեմ մեր պարտէզի պտուղները քաղելու համար, եւ արդեօք կ՚ընկերանա՞յ ինծի: Տարօրինակ էր, որ շաբթուայ մէջ սովորական օր մը, երբ պէտք է գործերով զբաղած ըլլայի, յանկարծ ուզեցի Այնճար բարձրանալ։ Կէսօրէ ետք ճամբայ ելանք, ինչ որ կրցանք քաղեցինք եւ երեկոյեան 6-ի ատեն արդէն պատրաստուած էինք վերադառնալու, հեռաձայնս հնչեց եւ հեծկլտալով, աղերսալի ձայնով մը «Պատկեր»ի աշխատակիցներէն մին «Օրդ. Արփի հասիր, մեր կեդրոնին վրայ ռումբ ինկած է...», ըսաւ ու հեռախօսը անջատեց։ Քանի մը վայրկեան յետոյ կրկին հեռաձայն մը ստացայ, այս անգամ իմ տունէս, այն տիկինն էր, որ ծնողներուս հոգ կը տանէր ու քանի մը ժամուայ ընթացքին ան ալ լալով, ցնցուած վիճակի մէջ՝ «Օրդ. Արփի հասիր, ձեր տան վրայ ռումբ ինկաւ, մայրդ գետինն է չեմ կրնար զինք ոտքի հանել», ըսաւ ու հեռախօսը փակեց։ Մինչ այդ արդէն լուրերը լսեցինք, թէ Պէյրութը մեծ պայթումով ցնցուած է, վիճակը ահռելի, հարիւրաւոր մարդիկ արիւնլուայ, ճամբաները փակ եւ ես... պէտք է արագօրէն հասնէի Պէյրութ: Մինչեւ քաղաք հասնիլս սովորական օրերուն մէկուկէս ժամ կը տեւէ: Ուժերս հաւաքեցի ու քշեցի ինքնաշարժը: Այնպիսի հոգեվիճակի մը մէջ էի, անստոյգ թէ ինչ պատահած է ծնողքիս, հարազատներուս, «Պատկեր«ի տիկիններուն:
Երբ հասայ տուն, հոգ տանող կինը գացած էր, իսկ հայրս ու մայրս փշրուած ապակիներուն մէջ նստած էին, բարեբախտաբար անվնաս: Քիչ անց մայրս պատմեց, որ տան խոհանոցը եղած է պայթումի ատեն, կռնակին վրայ ինկած ու այդպէս մնացած է անկարող շարժելու... Մինչ այդ սառնարանի բոլոր ուտելիքներն ու ապակեղէնները մօրս վրաս թափած են ու ան մտածած է, թէ արդէն կը մահանայ... «Միտքէս ըսի,- մայրս է պատմողը, այս ուտելիքներէն օգտուիմ, գոնէ կուշտ փորով կը մահանամ...»։ Մեծ դժուարութեամբ եւ շէնքի պահակին օգնութեամբ կարողացած են մայրս ոտքի հանել ու ապահով անկիւն մը նստեցնել, մինչեւ որ հասնիմ։
-Զանազան վարկածներ առաջ կը քաշուին պայթումին վերաբերեալ։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, պայթումը արկած էր, թէ ահաբեկչութիւն։
-Ես ո՛չ քաղաքագէտ եմ, ոչ ալ ռազմագէտ, որ հասկնամ, թէ ճիշդ ինչ էր պատճառը այս ամեհի պայթումին։ Արդեօք ամոնիաքի նիթրաթն է՞ր, որ կուտակուած էր, իսկ յայտնի չէ, թէ ի՞նչ պատճառով կուտակուած էր, անհոգութեա՞ն արդիւնք էր, կամ օդանաւային պաթում էր թշնամիին կողմէ: Միայն գիտեմ, որ աղէտը կարծես դիտումնաւոր էր, նպատակն էր ժողովուրդին մէկ խաւը հարուածել եւ ողջ Լիբանանը ցնցել: Չեմ վերագրեր արկածի մը, նպատակադրուած էր, որ Լիբանան հարուածուի: Որո՛ւն ձեռքով էր եւ որուն կողմէ, այդ արդէն պետութիւնը պէտք է բացայայտէ ու պատժէ կազմակերպողները:
-Պայթումին հետեւանքով ինկան երկուհարիւրէ աւելի զոհեր։ Այսօր Լիբանանի մէջ ստեղծուած է «Նահատակուածներու ծնողներ» անունով յայտնի շարժում մը։ Ի վերջոյ, ի՞նչ է անոնց նպատակը եւ արդեօք պիտի կարողանա՞ն հասնիլ իրենց նպատակին։
-Այո, կազմուեցաւ պայթումի զոհերու ծնողներու միութիւն մը, որուն նպատակն է իրականութիւնը բացայայտել ու նաեւ մեղաւորները դատարանի առջեւ կանգնեցնել։ Ի վերջոյ պէտք է պատժուին բոլոր անոնք, որոնք մատ ունին այս աղէտին մէջ, զոհերուն տէրերը իրաւունք ունին արդարութիւն պահանջելու եւ բացատրութիւն ստանալու, որովհետեւ անոնց հոգիները տակաւին հանգիստ չեն: Հազար փառք, որ ընտանիքս, «Պատկեր»ի տիկիններն ու հիւրերը փրկուած են, բայց զօրակից ենք բոլոր զոհերու տէրերուն, մենք ալ իրենց հետ կը պահանջենք, որ իրականութիւնը ի վերջոյ երեւան ելլէ: Եւ այսօր բոլորս հարց կու տանք, ինչո՞ւ մինչեւ օրս գաղտնի կը պահուի, ինչո՞ւ հարցաքննութիւնները չեն շարունակուիր: Կարելի չէ անմեղ մարդիկ այդպէս զոհուին, երեխաներ, հիւանդապահուհիներ, տարեցներ, հրշէջներ, աշխատողներ, որոնք չլքելով Լիբանանը, Լիբանանի բարօրութեան համար կ՚աշխատէին, բոլորը զոհուեցան, ի՞նչ պատճառով:
Նահատակներու ծնողները, անոնց մօտիկ հարազատները, զօրակիցները, բարեկամները, իրենց ցաւը կիսող մարդիկ կը պահանջեն ու պիտի պահանջեն, որպէսզի այս խնդիրը չմոռցուի: Եթէ իսկապէս պետութիւն կայ եւ պատասխանատուներ կան, պէտք է այս արարքը պատճառող կողմը ի յայտ բերուի, եւ մարդիկ իրաւունքները ստանալէ առաջ հոգեպէս խաղաղին ու հանգչին...։
200 զոհ ու 6000 վիրաւոր հսկայական խմբակ մը կը կազմէ: Բոլորը խոցուած են հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս: Ասիկա հսկայական հարուած մըն էր, զոր կարելի չէ դիւրիւն ձեւով մոռնալ, քալել անցնիլ ու երթալ, սպին պիտի մնայ, բայց ինչքան կարելի է, մեղմացնել գոնէ այդ սպին:
Պատասխանելով ձեր հարցումին, որ արդեօք ծնողները կրնա՞ն հասնիլ արդիւնքի, ես կը կարծեմ, որ եթէ յամառօրէն պահանջեն եւ հետապնդեն, անպայման պիտի հասնին արդարութեան։ Հիմա կը պահանջեն, որ կարգ մը երեսփոխաններու, պետական պատկան մարմիններու անդամներու անձեռնմխելիութիւնը վերացուի։ Այս հարցը այսօրուան կտրուածքով շատ կարեւոր է բոլոր լիբանանցիներուն համար, որովհետեւ խնդրոյ առարկան երկրի դատական համակարգն ու արդարադատութիւնն են։ Ինչքան ալ իշխանութիւնները փորձեն լարուած մթնոլորտ մը ստեղծել, կամ այլ կողմեր տարբեր միջոցներ ի գործ դնեն, որպէսզի հարցը մոռացութեան տրուի, անոնք պիտի չյաջողին...։
-Հայութիւնը, ինչպէս միւս համայնքներու անդամները մեծապէս տուժեցին այս ծանր հարուածէն։ Արդեօք մէկ տարի անց լիբանանահայութիւնը կարողացա՞ւ դարմանել իր վէրքերը։ Այս առումով ինչպէ՞ս կը գնահատէք լիբանանահայութեան կողմէ իրավիճակի դարմանման միտուած քայլերը։
-Պէտք է ըսել, որ բոլոր համայնքներն ալ տուժեցին, անշուշտ, հայ համանքն ալ իր կարգին տուժեց, որովհետեւ բոլոր շրջանները որոնք մօտ էին նաւահանգիստին, կը համարուին հայաբնակ շրջաններ։ Մեր համայնքը մեծ վնասներ կրելէ ետք, արագ կազմակերպուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան, նաեւ Թեմի Առաջնորդարանին միջոցաւ կազմուեցաւ Լիբանանի վերակառուցման մարմին. մէկ տարուայ ընթացքին գնահատումներ եղան ու ապա պէտք եղած հատուցումները տրամադրուեցան։ Այդ հատուցումները փոքր կամ մեծ շատ կարեւոր էին, որովհետեւ ցոյց տուին, որ համայնքը ականջալուր է ժողովուրդի տառապանքին: Ամենէն փոքր հատուցումն իսկ իր օգուտը բերաւ նախ հոգեպէս եւ ապա նիւթապէս:
Ողջունելի էր քայլը, եւ առաւել ողջունելի էին նուիրատուները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան: Եւ ի մասնաւորի յիշուեցան Անի եւ Ալեքօ Պեզիկեանները, որոնք մի քանի առիթներով զանազան ձեւերով օգտակար եղան՝ դեղօրայքով, առարկաներով, տուներու կառուցման համար հատուցումներով:
-Քիչ չեղան անոնք, որոնք արուեստի շունչով փորձեցին արձագանգել աղէտին։ Ովքե՞ր կը յիշէք եւ արդեօք տպաւորեցի՞ն ձեզ։
-Այս պայթումն ու անոր հետեւանքները պատճառ դարձան, որ պոռթկում յառաջանայ արուեստագէտներուն մօտ։ Այդ պոռթկումը իրենք կ՚արտայայտեն դրական ձեւով, արուեստի միջոցաւ եւ աշխարհին լսելի կը դարձնեն: Այդ արուեստագէտներէն յիշեմ, լիբանանահայ գեղանկարչուհի Միրէյ Կոկիկեանը, որ յառաջիկայ 22-30 Հոկտեմբերին պիտի ներկայացնէ շատ արտայայտիչ ու խօսուն գործեր, որոնք «կը պատմեն» Պէյրութի պայթումին մասին։
Ուշագրաւ էր Զիատ Ապու Շաքէրի նախաձեռնութիւնը, որ պայթումէն ետք, մօտաւորապէս 5 թոն ապակի հաւաքեց ու Թրիփոլիի գործարանի մը մէջ կուժեր պատրաստեց։
-Յոյս ունի՞ք, որ Պէյրութը մանաւանդ՝ հայ գաղութը դարձեալ ոտքի պիտի կանգնին։
-Ես ուրախ եմ, որ հայ ժողովուրդը դարձեալ փաստեց, թէ ի՛նք կ՚ապրի, ինք ողջ է, ինք բազկերակ է, ինք սիրտ է, որ կը տրոփէ Լիբանանի համար, Լիբանանի ցաւին հետ, ինքն ալ մաս մըն է Լիբանանէն: Թէեւ չէինք ուզեր, որ տխուր ու ցաւոտ առիթով ցոյց տար, թէ հայ համայնքը կ՚ապրի, արթուն է, խիղճը արթուն է, առաւել՝ հաւաքական ձեւով զօրակից է Լիբանանին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան