ԻՍՐԱՅԷԼ ՃԱՄԲՈՐԴԱԾ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ԶԻԱՏ ՏՈՒԱՅՐԻԻ ՄԱՍԻՆ. ԵՒ ՈՉ ՄԻԱՅՆ… ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տասն օրեր առաջ լիբանանցի հանրածանօթ բեմադրիչ Զիատ Տուայրի ձերբակալուեցաւ: Պէյրութի օդակայանին մէջ եղած ձերբակալումէն ետք ապահովական մարմիններ առգրաւեցին անոր երկու՝ ֆրանսական եւ լիբանանեան անցագրերը եւ զինք առին կալանքի տակ:
Ձերբակալութիւնը բաւական մեծ աղմուկ կը ստեղծէր յատկապէս ընկերային ցանցերու վրայ եւ լիբանանցի տասնեակ օգտատէրեր բողոքի ձայն բարձրացուցին՝ ապահովական մարմիններու պահուածքին դէմ:
Յիշեցնեմ, որ Լիբանանի նման բաւական սուր տարակարծութիւններ ապրող երկրի մը մէջ ընկերային ցանցերու հարթակը կը դառնայ այնպիսի վայր մը, ուր որեւէ հարց կը շահագործուի «հակադիր» կողմին հարուած մը տալու նպատակով:
Բեմադրիչը, որ ձերբակալումէն միայն 24 ժամ ետք ազատ կ՚արձակուէր, բանտի ճաղերու ետին յայտնուած էր Իսրայէլ այցելութեան պատճառով: Ան Լիբանանի համար թշնամի համարուող երկիրը մուտք գործած էր երկու տարբեր առիթներով՝ 2010-ին եւ 2011-ին ու հոն յայտնուած էր. ինչպէս ինք յայտարարած էր իր «Ցնցում»ը ժապաւէնը նկարահանելու նպատակով: Անկախ շարժապատկեր մը նկարահանելու հանգամանքէն, որ Տուայրի իր տեսաֆիլմի նկարահանումը վստահած էր իսրայէլացի ընկերութեան մը (նկարահանող խումբ, դերասաններ, օգնական բեմադրիչներ եւ այլն, եւ այլն), ան կը խախտէր Լիբանանի օրէնսդրութիւնը, որուն թիւ 285 օրինագիծը կտրականապէս կ՚արգիլէր, ոեւէ լիբանանցիի Իսրայէլ այցելելէ:
Այդ օրէնքին տրամադրութեան համաձայն, յանցանք գործողը պիտի պատժուէր մէկ տարուան բանտարկութեամբ, առաւել պիտի վճարէր 2 հարիւր հազար լիբանանեան լիրա (որ կը համապատասխանէ 133 ամերիկեան տոլարի):
Լիբանանցի լրագրող Ռատուան Մուրթատա, որ քննադատած է լիբանանեան մարմինները Տուայրին ազատ արձակելու համար՝ գրած է, որ ան օգտուած է «եռամեայ ներման ժամանակ» բանաձեւէն, որուն հիմամբ Իսրայէլ մեկնած ոեւէ մէկը անպարտ կ՚արձակուի, եթէ իր արարքէն անցած ըլլայ երեք տարուան ժամանակաշրջան մը:
Անշուշտ այս բոլոր դէպքերը տեղի կ՚ունենային Տուայրիի «Դատական գործ թիւ 23» շարժապատկերի լիբանանեան սրահներ ներկայացուելու նախօրէին. բան մը, որ ըստ բեմադրիչին կը կատարուէր իր ֆիլմին դէմ արշաւ մը կազմակերպելու մտադրութեամբ:
Տուայրի, որուն «Դատական գործ թիւ 23» ժապաւէնը արժանացած էր Վենետիկի փառատօնի մրցանակին (շարժապատկերի գլխաւոր դերասան պաղեստինցի Քամէլ ալ Պաշային շնորհուած էր «լաւագոյն դերասան» մրցանակը), իր այս ստեղծագործութեամբ նպատակադրած էր ներկայացնել պատերազմած երկու «թշնամի» ժողովուրդներու միջեւ ներողամտութեան եւ հաշտութեան նիւթը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենէն ծանր փուլերը ներկայացնող շարժապատկերին մէջ Տուայրի իր երկու՝ պաղեստինցի եւ լիբանանցի հերոսներով հանրութեան կը ներկայացնէր պատերազմի բովէն անցած մարդկային յարաբերութիւններու պատում մը, որուն հիմնական առաջադրանքն էր «միասին մոռնալ» առկայ բոլոր թշնամութիւնները եւ նոր պատուհան մը բանալ դէպի բարեկամութիւն եւ... դէպի ապագայ:
Ցնցում յառաջացնող շարժպատկերներ նկարահանած Տուայրի կը հետապնդէ հանրութեան մէջ «շոքային» վիճակներ ստեղծելով մինչ այդ թապու իրավիճակները քննարկման նիւթ դարձնել ու անոր նկարահանած այս վերջին ժապաւէնը եւս կը ծառայէ այդ նպատակին:
«Ալ Ախպար» թերթի խմբագիր Փիէռ Ապի Սաահըպի կարծիքով՝ Տուայրի իր նկարահանած շարժանկարներուն համար դրամ կ՚ապահովէ իսրայէլեան աղբիւրներէ ու անոր համար Իսրայէլ այցելութիւն տալը յանցանք մը համարելը կամ հրապարակային կերպով այդ մեղքը ընդունիլը պիտի դառնար «մահացու մեղք» ու այդ պատճառով ալ Տուայրի «պիտի կտրուէր» իր դրամական աղբիւրներէն: Ապի Սաահըպ նաեւ նշած է, որ Տուայրիի վերջընթեր՝ «Ցնցում» շարժապատկերով ալ վիրաւորական դրսեւորումներ ունեցած է պաղեստինցիներուն եւ անոնց դատին նկատմամբ:
Ինչ կը վերաբերի Տուայրիի վերջին շարժապատկերին, ինչպէս վերը նշեցինք, ան կը պատմէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մասին: Տուայրի ըլլալով բնակիչը արեւելեան Պէյրութի, անոր համար անընդունելի եղած են քրիստոնեայ բոլոր միլիսները եւ մասնաւորապէս «Լիբանանեան ուժեր»ը: Սակայն այսօր այդ պատերազմէն երեսւն տարի անց Տուայրի որոշած է այդ օրերու կացութեան նայիլ ընդհանուր պրիսմակով մը: «Բեմագրութիւնը գրեցինք ես եւ Ժոէլ Թուման, որ եղած է բոլորովին այլ, ինծի հակադիր ճակատի անդամ: Ու նման ժապաւէնի մը ստեղծման համար կարեւոր էր, որ շարժապատկերին բեմագրութիւնը գրողները ըլլային հակադիր ճակատներէ, որպէսզի կարողանանք այդ օրերու Լիբանանի ընդհանուր վիճակը ներկայացնել», ըսած է Տուայրի նկատել տալով նաեւ, որ այս շարժապատկերի գլխաւոր նիւթն է մարդուն արժանապատուութիւնը: «Իմ նպատակս չէ տարիներէ ի վեր իրարու հետ խնդիրներ ունեցած մարդիկը կամ հաւաքանութիւնները իրարու հետ հաշտեցընելը: Շարժապատկերիս գերագոյն նպատակը այդ չէ, բայց եթէ այդ հաշտութիւնը իրականանայ, ապա այդ մէկը պէտք է համարել դրական արդիւնք մը: Ամէն պարագայի կարեւորագոյն կէտը մարդոց մօտ հարցադրում յառաջացնելն է: Հարցումները կարեւոր են նոր իրավիճակ ստեղծելու համար», ըսած է Տուայրի:
«Ալ Նահար» օրաթերթի աշխատակից հայազգի Յովիկ Հապէշեան, որ Տուայրիի ձերբակալումէն ետք իր դիմատետրի էջին գրառում մը ըրած է, անոր դէմ ընթացք առած արշաւը համարած է անընդունելի: Հապէշեան, որ կոչ ուղղած է լիբանանցի իր գործընկերներուն եւ արուեստագէտներուն՝ մասնաւորապէս գրած է. «Մենք՝ Լիբանանի արուեստագէտներս կտրականապէս կը մերժենք Տուայրիի դէմ եղած այս արշաւը եւ զայն կը համարենք անընդունելի միջամտութիւն»:
Ճիշդ է, որ Տուայրի բանտէն դուրս եկաւ ու ճիշդ է նաեւ, որ անոր շարժապատկերը ներկայացուեցաւ ու դեռ ալ կը շարունակուի ներկայացուիլ Լիբանանի շարժանկարի սրահներուն մէջ, սակայն յստակ է, որ անոր ընդհանուր կերպարը, առաջադրած մօտեցումները եւ «արուեստ»ին ընթացքը երկրին մէջ բաժանման գիծ մը կը ստեղծէ: Հորիզոնական եզրի մը վրայ գտնուող երկու զուգահեռ գիծեր, որոնք ցայսօր ալ կէտի մը վրայ միանալու պատրաստ չեն:
Լիբանանցի մէկ խաւին համար Տուայրի բարձր մշակոյթ ներկացնող բեմադրիչ մըն է: Լիբանանեան միւս թեւին համար Տուայրիի կերպարը անընդունելի է, որովհետեւ ան կը հատէ բոլոր ընդունելիի սահմանները եւ Թել Աւիւ կ՚երթայ շարժապատկեր նկարահանելու համար:
Այս բոլորէն անդին կայ նաեւ մօտեցումներու, «բացարձակ արժէքներու», մէկ թշնամի ունենալու հարցը, ինչ որ մեր նշմարածէն, մեր գիտցածէն ու մեր ընկալածէն շատ անդին գացող դրուածք ու մօտեցում է: «Հակասութիւններու» տոպրակ մը, որ միշտ ալ «պայթելու» եւ հակամարտութեան վերածուելու սպառնալիք կը պարունակէ:
Մարդու մտքին մէջ եղած հակասութիւնը եւ տուեալ հարցին նոյն հայեացքով չնայելու իրականութիւնը հասարակութիւնը կը տանին այնպիսի բաժանումներու, որոնց վերջաւորութեան դրական լոյսի շողը երեւելի պիտի չըլլայ:
Լիբանանի հասարակութիւնը, որ մօտէն հետեւացաւ արուեստագէտի «գործ»ին, ցայսօր ալ կը դժուարանայ իրական հիմքերով բնորոշել Զիատ Տուայրի բեմադրիչն ու մարդը:
Երկու կողմերուն համար որպէս ըմբռնում ընդունուած տեսակէտները շատ յաճախ կը վերածուին կարծրատիպերու, որոնք ալ իրենց կարգին պատրաստ են արագ քայլերով փակել երկխօսութեան որեւէ պատուհան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան