«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ

 «Սպանութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.13 )

Այս պատուիրանը սպանութիւնը կամ մարդասպանութիւնը կ՚արգիլէ, որ կա՛մ անձ-նական ձեռքով եւ կա՛մ ուրիշներու ձեռքով կատարուած է, ինքնակամ անիրաւութեամբ ընկերոջ կեանքէ զրկելն է, կամ խզել անոր ապրելու միջոցը, կամ այնպիսի նեղութիւն պատճառել, որու հետեւանքը մահ է:

Այնպիսի դէպքեր կան, որով մարդասպանութիւնը յանցանք չի համարուիր, այսինքն՝ երբ անիրաւութեամբ մեր վրայ կը յարձակին եւ հնարաւոր չ՚ըլլար մեզի մեր կեանքը պաշտպանել՝ առանց ուրիշներու կեանքը ընդհատելու: Կամ ալ, մեր առջեւ կայ այնպիսի պատերազմ, որու շարժառիթը մենք չենք, ուստի պարտաւորուած ենք մեր ամբողջ ուժով ընդդիմանալու՝ մեր Հայրենիքը պաշտպանելու համար: Տակաւին, դէպքեր կան, երբ դատաւորը արդարութեամբ մահուան կը դատապարտէ յանցաւորը, որուն մասին Ս. Գիրքը կ՚ըսէ. «Իսկ եթէ չար գործես՝ վախցի՛ր անկէ, որովհետեւ զուր տեղը չէ, որ սուր կը կրէ. որպէս Աստուծոյ պաշտօնեայ՝ բարկութեամբ կը դատէ եւ կը պատժէ չարագործները» (Հռ 13.4): Ի վերջոյ, երբ մենք պատահաբար եւ ո՛չ ազատ կամքով մահ պատճառած ենք մէկուն, կը տեսնենք, որ ասոր համար բոլոր ազգերուն մէջ ապահովութեան ապաստարաններ կային կամ տաճարներ, ուր փախչելով՝ ակամայ սպաննողը կ՚ապաւինէր: Այս պատճառով եբրայեցիներուն մէջ մի քանի տեղեր հիմնուած էին. «Եւ մարդասպանին հոն փախչելու կանոնը այս է: Մարդ մը եթէ նախապէս թշնամութիւն չունենալով՝ անգիտակցաբար եւ ակամայ իր ընկերը մեռցնէ, այս քաղաքներէն մէկը փախչի, որպէսզի ապրի» (Հմմտ. Բ.Օր 19.4-5): Ասոր վրայ հիմնուած է այն իրաւունքը, որ Իւս ազիլի կը կոչուի, այսինքն՝ ապաստանի իրաւունք: Տգիտութեան եւ նախապաշարումի դարերուն այս իրաւունքը կու տային իսկական յանցաւորներուն, որոնք այս տեղերը կը փախչէին, որ՝ սուրբ տեղեր կ՚անուանուէին: Արբեցութենէ [գինովութենէ] յառաջացած սպանութիւնը ակամայ սպանութեան շարժառիթ կարելի չէ համարել, այլ՝ մեծ յանցանք:

Մարդասպանութիւնը մեծ յանցանք է հետեւեալ պատճառներով.

ա) Կեանքէն կը զրկէ այն ընկերը, որ ամէն ինչէ թանկագին է: Այն ամէն տեսակի սեփականութենէ, պատիւէ եւ վայելչութենէ կը զրկէ:

բ) Այս յանցանքը անյետադարձ ու անդառնալի է:

գ) Սպանութեան հետեւանքը եւ հանգամանքը այս յանցանքը կրնան աւելի ծանրացնել: Մարդասպանութիւնը ընկերութիւնը կը զրկէ այնպիսի անդամէ մը, որ կրնար օգտակար ըլլալ. գերդաստանը կը զրկէ պահող եւ պաշտպանող գլուխէ մը, կամ այնպիսի անդամէ մը, որ ճշմարտապէս սիրելի էր: Մարդասպանութիւնը այնպիսի հետեւանք կրնայ ունենալ նաեւ, որ հոգիի կորստեան պատճառ կ՚ըլլայ:

դ) Մարդասպանութիւնը ո՛չ միայն յանցանք է ընկերոջ եւ ամբողջ հասարակութեան դէմ, որ հիմքերէն կը քայքայէ՝ ընկերական խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը խանգարելով, այլեւ՝ Աստուծոյ դէմ ամենէն մեծ յանցանքն է, որուն արարածը առանց պատճառի կ՚ոչնչացնէ, իր սեփականութիւնը կը դարձնէ իր ընկերոջ կեանքի իրաւունքը, որ միա՛յն Աստուծոյ կը պատկանի եւ կամ անոնց, որոնց Աստուած յանձնած է ընկերութեան կամ միաբանութեան բարութիւնը:

ե) Համարձակ կերպով կրնանք ըսել, որ մարդասպանութիւն է նաեւ գաղտնի սարսափելի մեղքերը, որովհետեւ, կ՚ոտնահարէ մարդկութիւնը, քաղցրութիւնը, մարդասիրութիւնը, բարեպաշտութիւնը եւ արդարութիւնը, ու այս պատճառով Աստուած յայտնապէս կ՚արգիլէ մարդասպանութիւնը եւ սաստիկ պատիժներով կը սպառնայ. «Ով որ արիւն թափէ, իր արիւնն ալ մարդէ պիտի թափուի. քանզի Աստուած Իր պատկերին պէս ստեղծեց մարդը» (Ծն 9.6): Չկայ այնպիսի մեծ յանցանք, որ այնքան սաստիկ կերպով մարդուն սիրտը խոցէ, ինչպէս՝ մարդասպանութիւնը: Դէպքեր եղած են, երբ մարդասպանները իրենք՝ խիղճի սաստիկ խայթէն մղուած՝ եկած են իրենց յանցանքներուն համար դատուելու՝ յուսալով, որ պատժուելով՝ կարող են խիղճի խայթոցէն ազատիլ:

Աստուած արգիլելով մարդասպանութիւնը՝ միաժամանակ կ՚արգիլէ նաեւ ամէն բան, որ կրնայ դէպի սպանութիւն առաջնորդել. օրինակ՝ բռնակալութիւն, ոխ եւ ատելութիւն, եւ այլն: Աստուած արդարն ու մեղաւորը կը քննէ եւ կ՚ատէ այն մարդը, որ բռնութիւն կը սիրէ: Աստուած կ՚արգիլէ նաեւ անարգական խօսքերը, կռիւը, վէճը, ատելութիւնը, նախանձը, բարկութիւնը եւ վրէժխնդրութիւնը. որովհետեւ, նմանօրինակ զգացումները կարելի է դէպի մարդասպանութիւն առաջնորդող ճանապարհ համարել: Յիսուս Քրիստոս յայտնապէս կ՚ուսուցանէ եւ կը յանդիմանէ եբրայեցի դպիրները, որոնք թիւրած էին այս՝ վեցերորդ պատուիրանին իմաստը, իրենց մեկնութիւնը աւելցնելով, թէ՝ ով որ կը սպաննէ, արժանի է դատաւորին պատիժին. «Լսեր էք, որ անցեալին ըսուած է. «Մի սպաններ, որովհետեւ ան որ կը սպաննէ՝ պիտի դատապարտուի»» (Մտ 5.21). որպէս թէ միայն մարդասպանութիւնը արգիլուած է եւ արժանի է դատաւորի պատիժին. իսկ Փրկիչը կ՚աւելցնէ՝ ըսելով. «Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի։ Ով որ իր եղբայրը յիմար կոչէ, ատեան պիտի բերուի եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի» (Մտ 5.22): Յովհաննէս առաքեալ մարդասպան կը կոչէ եղբայրը [ընկերը] ատողը՝ «Ով որ իր եղբայրը կ՚ատէ՝ մարդասպան մըն է» (Ա.Յհ 3.15): Ատելութիւնը մարդասպանութիւն է Աստուծոյ համար, որովհետեւ այն մեր սիրտը կը տոչորէ եւ ահա՛ սիրտն է, որ առաւելաբար սպանութիւն կը գործէ, քան՝ ձեռքը: Ով որ իր եղբայրը կ՚ատէ, այդպիսին խաւարի մէջ է, կ՚ըսէ Յովհաննէս առաքեալ, որովհետեւ խաւարէն կուրցած ըլլալով, չի գիտեր թէ դէպի ո՞ւր կ՚երթայ. «Իր եղբայրը ատողը, ընդհակառակը, խաւարի մէջ է, խաւարի մէջ կը քալէ եւ չի՛ գիտեր ուր կ՚երթայ, որովհետեւ խաւարը կուրցուցեր է իր աչքերը» (Ա.Յհ 2.11):

Բարկութեան մասին պէտք է նշել, որ այն սիրտի բնական շարժումն է, որ մեր բնութեան հետ առանձին կապ ունի եւ կը բորբոքէ մեզ, երբ որեւէ անարժան գործ կամ չարութիւն կը տեսնենք թէ՛ մեզի հասցուած եւ թէ ալ ուրիշներուն: Աստուած մեզ այս զգացողութեան մէջ ընդունակ ստեղծած է, որպէսզի աւելի ազդեցիկ կերպով կարենանք մեր դժգոհութիւնը ցոյց տալ իւրաքանչիւր չար գործի դէմ եւ մեր հոգիի ամբողջ զօրութեամբ զինուինք: Բարկութիւնը գովելի է, երբ մեր անձնական օգուտին դպնալէն չէ՛ յառաջացած: Ան, եթէ օրինաւոր է, մեզ խաղաղութեան մէջ կը պահէ եւ մեզ սաստկապէս կը շարժէ, որպէսզի հակառակինք ամէն բանի, ինչ որ Աստուծոյ փառքին եւ մեր ընկերոջ օգուտին հակառակ է: Այսպէս էր Մովսէս մարգարէին բարկութիւնը, որ իսրայէլացիներուն կռապաշտութիւնը տեսնելով՝ Օրէնքին տախտակները խորտակեց: Այսպէս էր նաեւ մեր Փրկչին զայրոյթը, որ լումայափոխներուն սեղանները ցրուեց եւ բոլորը տաճարէն դուրս հանեց՝ ըսելով. ««Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի», մինչ դուք զայն աւազակներու որջի վերածած էք» (Մտ 21.12):

Բայց բարկութիւնը ապօրինի է, երբ դրդուած է առանց արդար պատճառի եւ կամ թեթեւ բաներու համար: Ապօրինի է, դարձեալ, երբ չափազանց զայրանալով, արդարութեան եւ մարդասիրութեան հակառակ կը գործէ: Ի վերջոյ, ապօրինի է, երբ երկար ժամանակ կը տեւէ եւ ատելութեան կը փոխուի: Պօղոս առաքեալ զանազանելով բարկութիւնը՝ այսպէս կ՚ըսէ. ««Նոյնիսկ երբ բարկանաք՝ չըլլայ որ մեղանչէք». եւ բարկացած չմնաք մինչեւ իրիկուն» (Եփ 4.26). [իսկ Առակացին մէջ կը կարդանք.] «Բարկութիւնը անողորմ է ու սրտմտութիւնը՝ խիստ. բայց նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ» (Առ 27.4):

Բարկութիւնը տեսակ մը կատաղութիւն է, որ կրնայ նոյնիսկ մահ պատճառել բարկացողին եւ առողջութեանը վնասել: Ան սարսափելի նշաններ կը ձգէ բարկացողին վրայ, մարդուն միտքը կը պղտորէ, կը խլացնէ եւ թոյլ չի՛ տար, որպէսզի խրատներ լսէ: Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ բարկութենէն, որպէսզի մարդ ժամանակ ունենայ իր ընկերը սիրելու՝ «Ձեզմէ արմատախի՛լ ըրէք ամէն դառնութիւն, բարկութիւն ու զայրոյթ, պոռչտուք ու հայհոյութիւն, եւ առաջքը առած կ՚ըլլաք անոնց չար հետեւանքներուն։ Իրարու հանդէպ քաղցր ու գթած եղէք եւ ներեցէ՛ք իրարու, ինչպէս Աստուած ալ Քրիստոսի միջոցաւ ներեց մեզի» (Եփ 4.31-32). [իսկ Յակոբոս առաքեալ հետեւեալը կը գրէ.] «Յիշեցէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներս, որ աւելի պատրաստակամ պէտք է ըլլաք լսելու, քան՝ խօսելու: Դիւրաւ մի՛ բորբոքիք: Գիտցէք թէ մեր բարկանալովը չենք կրնար Աստուծոյ արդար ծրագիրը իրականացնել» (Յկ 1.19-20):

Մարդ պարտաւոր է զգուշանալ եւ իր անձը պահել իւրաքանչիւր անիրաւ եւ չափազանցուած բարկութենէ, որուն համար պարտաւոր է հետեւեալ պայմանները կատարել.

ա) Հեռանալ ամէն բանէ, որ կրնայ բարկութեան վնասակար կիրքը բորբոքել, ինչպէս են՝ վէճ, գինի, վատ մարդոց հետ ընկերութիւն, եւ այլն. «Բարկացող մարդուն հետ ընկերութիւն մի՛ ըներ ու ցասկոտ մարդուն հետ մի՛ երթար. որպէսզի չըլլայ թէ անոր ճամբաները սորվիս եւ դուն քեզ որոգայթի մէջ ձգես» (Առ 22.24-25):

բ) Իր անձին օրէնք եւ կանոն դնել՝ բարկութեան առաջին շարժումին երբեք չհետեւելու, եւ առաջին յուզումի ժամանակ, ինքզինքը զսպել եւ խորհելու յարմար նիւթ մը գտնել:

գ) Սկիզբէն ինքն իր անձը բարեխոհութեան վարժեցնել, անձնասիրութեան զգացումները սանձել եւ իշխել ինքն իր անձին:

դ) Մեր Փրկիչէն սորվելով՝ հեզ եւ սիրտով խոնարհ ըլլալ. «Ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սիրտով՝ խոնարհ» (Մտ 11.29):

ե) Աստուծմէ խնդրելով, որպէսզի մեր աշխատանքը օրհնէ, մեզի շնորհք եւ հեզութեան ու խոնարհութեան հոգի շնորհէ, որով կը կարողանանք մենք մեզ պահպանել ապօրինին եւ չափազանց բարկութենէն։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 15

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018