ՍՓԻ՞ՒՌՔ ԵՆ, ԹԷ՞… (Բ.)

Նախորդ յօդուածովս սկիզբ տուի «Պոլսահայերը սփիւ՞ռք են, թէ՞ չէ» յաճախ կրկնուող հարցումին անդրադարձող այս շարքին։ Այնտեղ շատ խիտ կերպով փորձեցի ներկայացնել ակադեմական աշխարհի մէջ սփիւռք հասկացութեան շուրջ հիմնական տեսութիւնները։

Ըսեմ, արդէն, որ վերջին մօտեցումը կը բաժնեմ. սփիւռքն ու սփիւռքցի ըլլալը սահմանել «ներսէն նայելով», տուեալ մարդուն կամ հաւաքականութեան  պատկանելիութեան եւ գիտակից դիրքաւորման տուրք տալով։ «Եթէ հայ է, եւ եթէ կը բնակի ներկայ թէ պատմական Հայաստանէն դուրս, ուրեմն սփիւռքցի է» մօտեցումը ամուլ կը գտնեմ, առնուազն եթէ դասակարգումը ընողին նպատակը տուեալ մարդը կամ հաւաքականութիւնը հասկնալ  եւ անոնցմէ ակնկալիքներ ձեւաւորելն է։

Սփիւռքահայ է ա՛յն, որ, նախ՝ ինքզինք կը դրսեւորէ իբրեւ հայ (ոչ թէ սոսկ ունի հայկական արմատներ), եւ երկրորդ՝ իրեն համար ունի հայրենիք մը, Հայաստան մը, իր ապրած տեղէն դուրս, եւ որուն հետ ունի կապեր՝ մտաւոր, հոգեւոր, թէ գործնական։ Այս արդէն ուշադրութեան արժանի յատուկ կարգավիճակ է, հոգեբանական-ինքնութենական, հասարակական, քաղաքական նշանակութիւն ունեցող։

Հիմա. պոլսահայոց ինչպէ՞ս մօտենալ։

Դասական, տարածուած եւ մակերեսային մօտեցումը պիտի ըլլայ մօտաւորապէս հետեւեալը. այդ մարդիկ հայ են, այդ մարդիկ դուրս են թէ՛ ներկայ, թէ՛ պատմական Հայաստաններէն, ուրեմն այդ մարդիկ սփիւռք են։ Բայց եկուր տե՛ս, որ շատ մը պոլսահայեր, եթէ ոչ՝ անոնց մեծ մասը, պիտի ժխտեն այսպիսի դասակարգում մը, եւ երբեմն խիստ ու զգացական ձեւով։ Ինչպէ՞ս բացատրել։ Աւելի ճիշդ, ինչպէ՞ս հասկնալ։

Ինծի համար ալ առեղծուած մը եւ թնճուկ մըն էր անշուշտ որոշ ժամանակ. յետոյ, սակայն, բազմաթիւ շփումներէ, հարցուփորձերէ եւ ուսումնասիրութենէ ետք, խնդրին մէջ յստակութիւն մտաւ։ Այստեղ եւ գալիք յօդուածովս կը ներկայացնեմ այս ժխտում-հերքումի երկու տարբերակ. առաջին՝ պարզ ու անկեղծ հերքում, որուն կ՚անդրադառնամ այստեղ, երկրորդ՝ բարդ, խնդրայարոյց ու բազմաշերտ ժխտում, որուն կ՚անցնիմ յաջորդիւ։

Հայրենիքի եւ պատկանելիութեան մասին հարցումներ տալով սկսած է փնտռտուքս։ Որոշ պոլսահայեր, քիչերը՝ գոնէ իմ հանդիպածներուս մէջ, որպէս հայրենիք նշած են միայն Պոլիսը։ Ուշադրութիւն՝ միայն Պոլիսը։ Ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ո՛չ ալ՝ Գաւառը, Անատոլուն, պատմական Հայաստանը, Կիլիկեան, եւ այլն... (այս վերջիններս նշողներուն է, որ պիտի անդրադառնամ գալ շաբաթ։)

Զուգադիպութիւն չէ, որ այս դիրքորոշումն ու դիրքաւորումը ունեցող մարդոց մէջ էին անոնք, որոնք բազմաթիւ սերունդներէ ի վեր պոլսեցի են, հին պոլսեցի, ոչ թէ գաւառներէն եկած հայերու զաւակ կամ թոռ։ Թէեւ կան նաեւ վերջիններէս ոմանք, որոնք նոյնպէս իրենց հայրենիքը միայն Պոլիսը կը նկատեն։ Պոլսոյ հայկական հետքերը, հի՛ն համայնքային կեանքը, մինչեւ այսօր մնացած ժառանգութիւնը մէկ կողմէն, քաղաքին եւ անոր կեանքին հանդէպ իրենց մշակութային կապուածութիւնը, միւս կողմէն՝ կու գան իրենց տալու իսկապէս տան զգացում մը. այնպիսի տան, որ մէկ այլի փնտռտուքի մը չի մղեր զիրենք։ «Ես որպէս պոլսահայ ինքզինքս տունը կը զգամ, այս քաղաքին կը պատկանիմ, այդ ալ քանի սերունդէ ի վեր… ուրիշ տուն չունիմ, ուրիշ հայրենիք չունիմ։ Հայաստանը կրնամ կարեւոր համարել, կ՚ուզեմ, որ լա՛ւ ըլլայ, բայց իմ տունս կամ հայրենիքս չէ, ո՛չ անցեալս հոն էր, ոչ ալ ապագաս այնտեղ կը պատկերացնեմ։ Անատոլուի հանդէպ ալ բան մը չեմ զգար, մերինները հոնկէ չեն արդէն, այսօր ալ հայկական բան մը չէ մնացած հոն… ես Պոլսոյ հայն եմ աղբարիկ»։

Այսպիսիները իրաւամբ կը թուին ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութեան, ո՛չ ալ կորուստեալ հայկական բնակավայրերու հանդէպ զգացական կամ գաղափարական կապ ունենալ, առնուազն՝ եթէ վստահինք իրենց խօսքի անկեղծութեան, ինչ որ չընելու պատճառ չեմ տեսներ։ Կարծեմ դիւրաւ պիտի համաձայնիք, ուրեմն, որ այս մարդիկ ինքնութենական առումով՝ սփիւռքահայ չեն։ Պոլսոյ հայ են ու վերջ։ Եւ իրենց ժխտումը, այսպիսով, յաւելեալ հարցումներու տեղիք չի տար։

Բայց, ինչպէ՞ս բացատրել «սփիւռք չեմ»ը ա՛յն պոլսահայերուն, որոնք կ՚ըսեն. «չէ չէ, Պոլիսը չէ, իրական հայրենիքս Կեսարիան է», «իրական հայրենիքս Սեբաստիան է», «Սասունն է»…

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2019