ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԹԱԴԷՈՍ ԵՍԱՅԵԱՆԻ «ՊԱՐԶ ՈՒ ՏԱՔՈՒԿ ԲԱՌԵՐՈՎ» ՆՈՐԱՏԻՊ ՀԱՏՈՐԸ

Վերջերս Երեւանէն, շնորհակալութեամբ ե՛ւ մեծ ուրախութեամբ, ստացած էի ճարտարագէտ-բանաստեղծ՝ Թադէոս Եսայեանի նոր լոյս ընծայած «Պարզ ու տաքուկ բառերով» բանաստեծութիւններու հաւաքածոն:

Բանաստեղծ Թադէոս Եսայեանի անունին մօտիկէն ծանօթ էի դիմատետրէն եւ անշուշտ, ցարդ մամուլի ճամբով իր ստորագրած արձակ եւ բանաստեղծութիւն էջերէն: Յայտնեմ, որ հայերէն նոր գիրքի մը հրատարակումը, ինծի համար միտք եւ հոգի ջերմացնող երեւոյթ ալ է: Որովհետեւ, տակաւին տեսանելի է, թէ ինչպէս տակաւ կը նուազի հայախօսներու թիւը, հայերէն իմացող սերունդը կը նօսրանայ, հայերէն գիրք կամ մամուլ կարդացողներու եւ գրողներու թիւին հետ միատեղ։ Հայուն համար ժամանակի սլաքները կը դառնան աղմուկով եւ նոյնքան ալ անաղմուկ։ Եւ տակաւին պիտի շարունակուին դառնալ: Ուզենք կամ չուզենք: Ամէն տեղ կը փորձենք նաւարկել աշխարհի բազմազան հոսանքներուն դէմ՝ յանուն հայապահպանման:

Ահա թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ հայերէն գիրքը ինծի համար դարձած է մեծ ցանկութիւն, ուղեկից եւ հաւատարիմ բարեկամ: Ան եղած է նաեւ միտքիս նոր ճանապարհ բացող, գեղեցիկը, բարին եւ ճշմարիտը բացայայտող ազդակ:

Ու Թադէոս Եսայեանը, ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ օտար միջավայրի մէջ հայութեամբ տագնապող հայ գրող մը: Աւելին՝ յորդառատ զգացումով բանաստեղծ մը: Հարուստ տողերով ու սրտի մօտիկ եւ տաղանդով։ Ան նաեւ ունի յատուկ երեւակայութիւն: Իր գրիչով, հաւատարիմ մնացած է իր գրականութեան ու այդ ձեւով ալ կը շարունակէ հարստացնել զայն, իւրայատուկ հաղորդականութեամբ: Իր էջերուն մէջ է, որ կը հանդիպինք աւանդական սէրերու, երախտապարտ բառերով յարգանքի եւ գուրգուրանքի շաղախուած տողերու:

Որովհետեւ, Թադէոս Եսայեան բանաստեղծի սիրտը միշտ կը տրոփէ հայ կեանքին, իր ծնողքին եւ ընտանիքին, հայ ժողովուրդին, իր հայրենիքին, հայ գրողներուն, հայոց պատմութեան եւ անոր մեծ ու փոքր արժէքներու առօրեային հետ։

Եսայեանը հասկնալու համար պէտք է ընթերցել անոր ստեղծագործութիւնները: Ունի գրելու մտերիմ եւ իւրայատուկ ձեւ ու խորք, հանդարտ, հասկնալի, պարզ եւ հաճելի ոճով: Ազգայինին կողքին, նաեւ տեսակ մը հայու շունչով մարդկային խորք կայ իր բառերուն տակ:

Եսայեան բանաստեղծը հայ գրականութեան ցանկապատէն ներս առաջին անգամ եւ համարձակ մուտք գործած էր 1985-ին, իր «Առաջին փորձեր» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյով: Ապա անկէ ետք, իրերայաջորդ կերպով հրամցուցած է «Երկրորդ փորձեր» (1985), «Պտղունց մը սէր» (1987), «Կեանք մը տողերու վրայ» (1989), «Պատկերազարդ ցուցահանդէս» (1991): Իսկ ճիշդ քսան տարիներ ետք, ահա այս օրերուն այս նորը՝ «Պարզ ու տաքուկ բառերով»ը:

Գիրքին մէջ համեստօրէն նաեւ յիշուած է, թէ ճարտարագէտ-բանաստեղծ մեր այս հեղինակը, «Finishing Works In Buildings» հինգ հատորներու ծաւալով պատկերազարդ ու լայնածաւալ անգլերէն լեզուով քաղուածք մը ունի, որ կը դասաւանդուի իր գործած պաղեստինեան ընկերութեան «Consolidated Contractors Company» արհեստավարժական դպրոցէն ներս:

Իսկ գալով նորատիպ այս հատորին, նախ պարզեմ, որ ան լոյս տեսած է այս տարի (2021), Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունէն:

Ընդհանուր բովանդակութիւն.-

Հատորը կը բաղկանայ 154 էջերէ, որոնց մէջ տեղաւորուած են 148 բանաստեղծութիւններ: Այս գիրքէն հրատարակած է միայն 300 օրինակ, եւ հեղինակը իբրեւ նուէր պիտի բաշխէ փափաքողներուն: Հատորին սրբագրութիւնը կատարած է «Ռատիօ Այգ»ի տնօրէն՝ հաղորդավար Շաքէ Մանկասարեան, որ միաժամանակ Երեւանի մէջ հետեւած է հրատարակութեան խրթին ու երկար գործընթացին:

Հատորի առաջին էջերը գրաւած են «Երկու խօսք»ն ու «Գիր ողջոյնի»ն: Առաջինը, դարձեալ ծանօթ գրիչ, ազգային գործիչ, առցանց «Radio Ayk»ի հիմնադիր տնօրէն-հաղորդավար ու ծանօթ դէմք՝ Շաքէ Մանկասարեանի ստորագրութեամբ, իսկ երկրորդը սփիւռքահայ հանրածանօթ առակագիր՝ Եզնիկ Բալայեան: Երկուքն ալ իրենց տողերով վեր առած են բանաստեղծի արեւմտահայ գրականութեան բերած վաստակը, խոհուն եւ գեղեցիկ ներաշխարհով, որակելով զայն՝ իբրեւ մեր «գրական ծաղկամանին ստեղծագործ մտքի ծաղիկներ»:

Նոր լոյս ընծայուած այս հատորին չափածոյ բոլոր ոտանաւորները կը ներկայացնեն խոհեր, կեցուածքներ եւ երախտապարտ զգացումներ, որոնք ի սրտէ բխած են զգացական, սակայն անկեղծ պոռթկումներով: Նաեւ էջերուն մէջ տեղ գրաւած են բանաստեղծի մտքի թռիչքէն ծնունդ առած ոտանաւորներ, որոնք նուիրուած են կամ իր հօր, մօր, քրոջ, գարնան, Արցախին, Շուշիին եւ նոյնիսկ՝ թոռներուն: Հետաքրքրական է, որ հայրենիքին, ծնողքին, բնութեան ու բազմատեսակ կարօտի ու սիրոյ իր էջերու կողքին, ան իբրեւ երախտապարտ գրիչ, իր բանաստեղծութիւններէն շատ-շատերը նուիրած է նաեւ արեւմտահայ գրականութեան տիտաններէն եւ իր սրտին մօտիկ՝ Դուրեանին, Մեծարենցին, Զարիֆեանին, Թէքէեանին, Օշականին, Սիւրմէլեանին, Զ. Եսայեանին եւ շատ մը ուրիշ «գրիչ»ներու: Ու առ ի յիշատակ նման ստեղծագործութիւններու շարքը բաւական կ՚երկարի:

Անկասկած, բանաստեղծ Թադէոս Եսայեան այս ձեւով կը հաստատէ իր յարգանքն ու խոնարհումը արեւմտահայ գրական աշխահի մեր մեծերուն: Հետաքրքրական ու աչքառու է տեսնել, թէ ամբողջ հատորին մէջ, ան ո՛չ մէկ ատեն վերջակէտ գործածած է, այլ միշտ գոհացած է «կախման» կէտերով, իր քառեակները ամբողջացնել: Իբրեւ հաստատ օրինակ, անկեղծօրէն փորձեցի իր ստեղծագործութիւններէն քանի մը նմոյշ հրամցնել ընթերցողին, ու այս ձեւով ալ զարդարել տողերս: Բայց չկարողացայ հատորի բազմաշերշտ եւ բազմատեսակ ոտանաւորներէն կատարել ընտրութիւն մը: Ուստի այդ բաժինը ընթերցողի «ուսերուն» ձգեցի, որպէսզի ան ըմբոշխնէ հրամցուածը ու ինք անձամբ զատէ իր նախընտրած գեղեցիկ կամ բացառիկ «կտորը», որոնց շարքը կը կարծեմ բաւական երկար պիտի ըլլայ:

Ահա հոս է, որ կ՚իմաստաւորուի հատորի ներկայութիւնը մեր գրադարաններէն ներս:

Արդ, սրտանց կը շնորհաւորեմ մեր շատ սիրելի եւ տաղանդաւոր ճարտարագէտ-բանաստեղծը, իր այս նոր լոյս ընծայած քերթողագիրքին առթիւ եւ առողջութեան ու արեւշատութեան բարի մաղթանքներուս կողքին, նաեւ կ՚աւելցնեմ՝ նորանոր ու յաջող ստեղծագործութիւններու բաժինն ալ:

Գրիչդ դալար՝ յարգելի բանաստեղծ՝ Թադէոս Եսայեան։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2021