ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅ ԾՆՈՂ

Ազգի մը գոյութիւնը եւ ինքնութիւնը պայմանաւորուած է հողով, հայրենիքով, պետականութեամբ, իր սեփական լեզուով, մշակոյթով եւ հոգեկան-իմացական ապրումներով ու արժէքներով: Ամէն ազգ ունի իր իւրայատուկ ինքնութիւնը պահելու իրաւունքն ու ազատութիւնը, որոնք կ՚իրականան փոխադարձ պարտաւորութիւններով՝ պահել ու պաշտպանել հողը, հայրենիքը, սեփական լեզուն, մշակոյթը եւ հոգեկան ու իմացական արժէքները: Ազգի մը հիմքը լեզուն է. ան միակ տարրն է, որ տարբերութիւն կը դնէ ազգերու միջեւ. ամէն ազգ կենդանի է իր սեփական լեզուով. երբ լեզուն չգործածուի, ան կը մաշի եւ կը մահանայ: Լեզուին մահը ազգին մահն է:

Ազգը կազմուած է անհատներէ, որոնք կը ցոլացնեն ազգին մտապատկերը: Մենք ալ՝ որպէս հայ ազգի զաւակներ, ազատութիւնը եւ իրաւունքը ունինք հայ մնալու եւ ապրելու որպէս հայ: Սակայն ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ: Շատեր հայ ըլլալը կը բնորոշեն ծիներով եւ ժառանգականութեամբ: Սակայն հայ ըլլալը, ասոնց կողքին, կը նշանակէ հայ ըլլալ հոգիով, միտքով եւ ապրումով. իսկ հայ ըլլալու նախադրեալներն են՝

1.- Ամրապնդուիլ ազգային պատկանելիութեամբ,

2.- Ծանօթանալ հայ ժողովուրդի եւ Հայ Եկեղեցիի պատմութեան,

3.- Ծանօթանալ հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութիւններուն՝ երաժշտութեան, ճարտարապետութեան, քանդակագործութեան, մանրանկարչութեան, պարարուեստին, գրականութեան,

4.- Գիտնալ եւ գործածել հայ լեզուն՝ խօսիլ, գրել եւ կարդալ,

5.- Պահել եւ գործադրել հայ ժողովուրդի տոհմիկ աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները,

6.- Տէր կանգնիլ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական պահանջատիրութեան,

7.- Օժանդակել ազատ ու անկախ հայրենիքի, Հայաստանի, հզօրացման,

8.- Ապրիլ «Դէպի հայրենիք» մտասեւեռումով:

Հայ ըլլալը Հայաստանի մէջ բնական երեւոյթ պէտք է ըլլայ: Հոն անհատը կը ծնի հայ հողի վրայ, կը մեծնայ հայ միջավայրի մէջ, կ՚ապրի հայ վարժարանի մէջ, կը գործէ հայ հաստատութիւներու մէջ. հոն պետական լեզուն հայերէնն է, հոն ընդհանրապէս ամէն բան հայկականութիւն կը բուրէ՝ հակառակ շատ մը բացասական եւ յոռի երեւոյթներու:

Նոյնը չէ կացութիւնը սփիւռքի մէջ: Հայը սփիւռքի մէջ կ՚ապրի հեռու հայրենիքէն, ցիր ու ցան՝ տարբեր-տարբեր երկիրներու մէջ, բազմացեղ, բազմալեզու, բազմակրօն եւ բազմամշակութային միջավայրերու մէջ: Սփիւռքի մէջ հայը ենթակայ է հսկայական դժուարութիւններու եւ կաշկանդումներու: Օտարացումի ճամբան բաց է եւ հեշտ՝ յաճախելով օտար վարժարաններ, իւրացնելով օտար բարքեր, սովորութիւններ, կենցաղ, կնքելով օտար ամուսնութիւններ եւ կազմելով ոչ ամբողջական հայ ընտանիքներ: Սփիւռքի կարգ մը կեդրոններու մէջ հայը կ՚ապրի հայութենէ հեռու, հայկական իրականութենէ շատ հեռու: Սփիւռքի մէջ հայ լեզուի հանդէպ անտարբերութիւնը օրէ օր աւելի զգալի կը դառնայ. կարգ մը հայ դպրոցներու մէջ հայ աշակերտները օտար լեզու կը խօսին, եւ հայ լեզուն կը նահանջէ:

Սփիւռքի մէջ մեր մեծագոյն մարտահրաւէրը ըլլալու է՝ մնալ հայ, պահել մեր ինքնութիւնը եւ գոյատեւել որպէս հայ ազգի արժանաւոր զաւակները: Հայ ըլլալը եւ հայ մնալը սփիւռքի մէջ անհատական եւ հաւաքական որոշում է: Այս մարտահրաւէրը կ՚իրականանայ միայն ու միայն հայեցի դաստիարակութեամբ:

Բայց ի՞նչ է հայեցի դաստիարակութիւնը:

Հայեցի դաստիարակութիւնը հայ անհատին մէջ գիտակից եւ ամբողջական հայը կազմաւորելու գործընթացն է. ան սփիւռքի օտար եւ օտարացնող պայմաններու մէջ հայածին անհատը հայ պահելու ճիգերու ամբողջութիւնն է. անով կ՚իրականանայ հայ ըլլալու նախադրեալները եւ գործընթացը, ինչպէս նաեւ՝ հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանումն ու գոյատեւումը սփիւռքի մէջ:

Հայեցի դաստիարակութիւնը պէտք է ուղղուի բոլոր հայ անհատներուն, այսինքն՝ հայ ծնողքին, տարեցին, երիտասարդին եւ մասնաւորապէս կազմաւորուող նոր սերունդին, ուր որ ալ գտնուի ան, այսինքն, հայկական եւ ոչ հայկական վարժարանի մէջ: Այս պարագային, հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւնը հիմնականօրէն պէտք է ըլլայ՝

1.- Տէր կանգնիլ եւ գուրգուրալ հայ դպրոցին, պահել հայ դպրոցը առողջ եւ կենսունակ, որպէսզի ան արդարացնէ իր առաքելութիւնը:

2.- Տէր կանգնիլ ոչ հայ վարժարաններ յաճախող հայ աշակերներուն եւ միջոցներ որոնել զանոնք հայութեամբ հետաքրքրելու, հայութեան մօտեցնելու եւ անոնց մէջ հայ ըլլալու նախադրեալները իրականացնելու:

«Հայեցի դաստիարակութեան» կռուանները ըլլալու են՝ հայ ընտանիքը, Հայ Եկեղեցին, հայ դպրոցը, հայ կուսակցական-քաղաքական, մշակութային եւ մարզական միութիւնները, կազմակերպութիւնները եւ կեդրոնները, ինչպէս նաեւ՝ հայ մամուլն ու լսողատեսողական միջոցները:

Շատ որոշ է, որ հայեցի դաստիարակութիւնը կ՚իրականանայ պատասխանատու մարմիններու համոզումով, որոշումով, ծրագրումով եւ գործադրութեամբ:

Հայեցի դաստիարակութիւնը շատ հրատապ եւ այժմէական մտահոգութիւն մըն է ամբողջ հայութեան համար, սփիւռքի մէջ:

Մենք բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ հայ ծնողը ունի մեծ դերակատարութիւն՝ իր զաւակներու դաստիարակութեան մէջ ընդհանրապէս եւ մասնաւորապէս հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Հայ ծնողն է, որ ազգային դրոշմը կը դնէ նորահաս եւ մատղաշ սերունդներուն վրայ ու կը կերտէ մեր զաւակներու ապագայ հայ մարդու նկարագիրը, անհատականութիւնը, ինքնութիւնը եւ ազգային պատկանելիութիւնը: Հայ ընտանիքն է, որ ամբողջ մեր պատմութեան ընթացքին եղած է դաստիարակութեան առաջին դպրոցը, ինչպէս նաեւ ամուր բերդ մը՝ բոլոր հեռաւոր ու մօտաւոր սպառնալիքներու եւ վտանգներու դիմաց:

Հայ տունը եղած է միշտ եւ պէտք է ըլլայ սրբատեղի մը, ամուր բերդ մը, ուր կը կերտուին մեր զաւակներու ապագայ հայ մարդու նկարագիրը, ազգային պատկանելիութիւնը եւ պահանջատիրութիւնը:

Հայ ծնողը նախ ինքը պէտք է լուսաւորուի եւ իւրացնէ ազգային եւ եկեղեցական սրբազան սկզբունքները եւ հաւատքը, որպէսզի այս բոլորը կարողանայ փոխանցել իր զաւակներուն:

Հայ ազգը կը պահուի, կը գոյատեւէ եւ անոր ժառանգութիւնները, յատկանիշները, քաղաքակրթութիւնը, մշակոյթը եւ լեզուն կանգուն կը մնան հայ ընտանիքով, հայ դպրոցով եւ հայ միջավայրով. սակայն հայ ընտանիքն է առաւելաբար, որ ազգային դրոշմը կը դնէ նորահաս եւ մատղաշ սերունդներուն վրայ: Հայ ընտանիքը եղած է հայ ազգին միջնաբերդը, ուր ապաստան գտած է հայ ժողովուրդի ազգային անհատականութիւնը. երբ կործանի ընտանիքը, կը մեռնի ազգութիւնը. երբ օտարը թափանցէ հայ ընտանիքէն ներս, կը գրաւէ եւ կը քայքայէ մեր ազգային անհատականութիւնը, հետեւաբար ըլլանք աչալուրջ եւ չքաջալերենք խառնազգի ամուսնութիւնները:

Հայ ժողովուրդի գոյատեւման կարեւոր ազդակներէն մէկն է հայ լեզուն. եթէ նախանձախնդիր ենք մեր ազգային գոյութեան, պահպանելու ենք եւ զարգացնելու ենք մեր մշակոյթը եւ լեզուն: Կարելի չէ հայ մշակոյթ պահել եւ զարգացնել՝ առանց հայ լեզուի գործածութեան եւ տարածման: Մենք՝ ծնողներս, նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք խօսելու եւ կարդալու հայերէն՝ առանց մոռնալու այլ լեզուներու կարեւորութիւնը. երեխան լսելու է առաջին անգամ հայ լեզուն, որպէսզի խօսի հայերէն, մեծնայ հայօրէն եւ ապրի հայօրէն:

Վստահ եմ՝ մեր ծնողներէն շատերը իրենց կարելին կ՚ընեն իրենց զաւակները հայօրէն մեծցնելու եւ դաստիարակելու: Ճշմարտութիւն է, որ մեր զաւակները հայօրէն մեծցնելու եւ դաստիարակելու յատուկ տարազ մը գոյութիւն չունի, սակայն ոեւէ ողջմիտ, խոհեմ, գիտակից, պատասխանատու եւ հայօրէն դաստիարակուած ծնող դիւրաւ կրնայ իր զաւակը հայօրէն մեծցնել եւ դաստիարակել:

Մենք բոլորս՝ ծնողներս, գիտենք, որ մեր զաւակները իրենց փոքր տարիքէն կը դիտեն ու կը լսեն մեզ կը հետեւին մեզի, եւ ականատես կ՚ըլլան մեր ապրելաձեւին եւ գործելաձեւին: Անոնք ինքնաբերաբար կը դառնան մեր կրկնօրինակները: Հետեւաբար նախ մենք՝ ծնողներս, ջանանք իրաւացի հայ ծնողներ ըլլալ եւ ապա բերենք մեր բաժինը մեր զաւակներու հայեցի դաստիարակութեան գործընթացին: Բայց ինչպէ՞ս, պարզապէս կեանքի վերածելով, հարիւրաւոր թելադրութիւններու կողքին, հետեւեալ քանի մը ծնողական թելադրութիւնները.

Ա.- Սորվինք մեր մայրենի լեզուն: Խօսինք հայերէն, երբ կը գտնուինք հայ միջավայրի մէջ, մանաւանդ՝ տան մէջ մեր զաւակներուն հետ: Կարդանք հայերէն գիրք եւ սատարենք անոր տարածման: Հաղորդակցինք մեր հայրենակիցներուն հետ հայերէնով: Ունկնդրենք հայկական ռատիոժամերը եւ հետեւինք հայկական հեռատեսիլներուն: Վայելենք հայ թերթի ներկայութիւնը մեր տուներուն մէջ:

Բ.- Կատարենք մեր եկեղեցական պարտականութիւնները: Ներկայ ըլլանք մեր անչափահաս զաւակներուն հետ եկեղեցական արարողութիւններու, որոնք հարկ է, որ կատարուին հայ ինքնուրոյն լեզուով եւ հայ հոգեւոր երաժշտութեամբ:

Գ.- Բերենք մեր մասնակցութիւնը հայկական ամէն տեսակի ձեռնարկներուն:

Դ.- Ունկնդրենք մաքուր եւ հարազատ հայ երաժշտութիւնը մեր տուներուն մէջ:

Ե.- Պահենք մեր հայկական անձնանունները եւ նորաձեւութեան զոհ երթալով՝ չանուանենք մեր զաւակները օտարազգի անուններով:

Զ.- Պահենք ու պահպանենք մեր ազգային եւ եկեղեցական աւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ մեր հայկական տոհմիկ սովորութիւնները:

Է.- Ուղղենք մեր զաւակները Հայ Եկեղեցի, որպէսզի սնանին Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր աւազանին մէջ:

Ը.- Ուղղենք մեր զաւակները հայ վարժարան, որպէսզի անոնք՝

1.- Սորվին հայերէն եւ խօսին, գրեն ու կարդան հայերէն, ուր որ ալ գտնուին՝ տուն, դպրոց, ակումբ եւ կեդրոն:

2.- Ծանօթանան հայոց պատմութեան, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, հայ դատին, հայ մշակոյթին՝ գրականութեան, երաժշտութեան, պարարուեստին, թատրոնին եւ հայ արժէքներուն:

Թ.- Ուղղենք մեր զաւակները հայ կեդրոններ՝ մշակութային, մարզական, ընկերային եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ, որպէսզի՝

1.- Ներգրաւենք զանոնք հայկականութեամբ եւ հայ ապրումներով,

2.- Մեծնան հայկական մաքուր միջավայրի մէջ,

3.- Հեռու մնան վատառողջ եւ քանդիչ ընկերային մոլութիւններէ,

4.- Ունենան հայ ընկեր-ընկերուհիներ,

5.- Տեղեկանան հայ դատի հոլովոյթին,

6.- Գիտնան, որ իրենք մեծ ազգի մը զաւակներն են ու իրենց ճիտին պարտքն է՝ ըլլալ պահանջատէր եւ հետապնդել հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները:

Ժ.- Ուղղենք մեր զաւակները ամբողջական հայ ընտանիք կազմելու, որպէսզի հայ ժողովուրդը չունենայ քանակական եւ որակական կորուստ:

ԺԱ.- Ուղղենք մեր զաւակները դէպի Հայաստան, որպէսզի իրենց մտքին մէջ շօշափելի իրականութիւն դառնայ հայրենիքի եւ հայ ազգի պատկանելիութեան գաղափարը:

ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մոնրէալ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2019