ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ՝ ԴԵՍՊԱՆ ԱՆՏՐԷՅ ՔԱՐԼՈՎԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Արաբական աշխարհին համար բաւական առանցքային դիրք եւ դեր ունեցող Թուրքիոյ զարգացումները կ՚արժանան յատուկ ուշադրութեան:
Մանաւանդ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր արաբական երկու թեւերէն (ռուսամէտ եւ ամերիկամէտ) իւրաքանչիւրը կը փորձէ «գրաւել» Անգարայի սիրտը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի Ռուսաստան կատարած այցէն ետք սակայն, բոլորին յստակ կը դառնար, որ այս ամբողջ տեսարանին մէջ ամենէն առաջնայինը կը մնայ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը:
Լիբանանեան «Ալ Սաֆիր» օրաթերթը այս պատուհանէն կը նայի անցեալ Երկուշաբթի Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան: Թերթը կը գրէ, որ հակառակ պատահարի ահաւորութեան, երկու երկիրները՝ Թուրքիան եւ Ռուսաստանը չեն պատրաստուիր խզել իրենց յարաբերութիւնները:
Թերթը զուգահեռ մը գծելով Սուրիոյ վերեւ ռուսական կործանիչին վար առնուելու եւ Անգարայի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութեան դէպքերուն միջեւ՝ կը գրէ, որ մինչ առաջին պարագային պաշտօնական Անգարայի արձագանգը ուշացաւ, իսկ երկրորդ պարագային՝ Թուրքիոյ նախագահը ոչ միայն խստօրէն դատապարտեց արարքը, այլ նախաձեռնեց արագ կապ հաստատել Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ու ցաւակցութիւն յայտնել եղած ծանր եւ աննախընթաց ահաբեկչութեան կապակցութեամբ:
Ըստ «Ալ Սաֆիր»ի, այս բոլորը ցուցանիշներ են, որ ոչ միայն Անգարա, այլ նաեւ Մոսկուա հետամուտ են ամէն գնով պահպանել երկու երկիրներուն տեսակէտէ գերազանցօրէն ռազմավարական արժէք ներկայացնող յարաբերութիւնները:
Իր կարգին, «Ալ Ախպար» օրաթերթը անդրադարձած է դեսպան Քարլովի ունեցած դերին Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւններու «ձիւնհալ»ին հետ կապուած: Թերթը նաեւ կը փոխանցէ, որ Քարլով կարեւոր ճիգեր իրականացուցած է յաջողցնելու համար Թուրքիոյ նախագահին այցը՝ Մոսկուա: Յիշեցնելով նաեւ, որ այդ բոլոր գործընթացներէն ետք Մոսկուա տարբեր առիթներով զգուշացուցած է Քարլովը՝ ահաբեկչութեան թիրախ դառնալու վտանգներէն:
«Ալ Ախպար» վերլուծելով ահաբեկչութեան յաջորդող հանգրուանը՝ նշած է, որ «տաք վէրք»ի իրավիճակը մէկդի թողլով Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կը մասնակցէր Մոսկուայի մէջ կայացած «եռաչափ հանդիպումներուն», որոնց հիմնական օրակարգը Սուրիոյ տագնապն էր: Բացի այս բոլորէն, յստակ էր նաեւ, որ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումը կարեւոր քայլ մըն էր Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման վերաբերեալ յստակ եւ ժամկէտներով «յագեցուած» «ճանապարհային քարտէս» մը մշակելու ուղղութեամբ ու իբր այդ ալ Ռուսաստանի նախագահին ամէնամեայ «ամփոփիչ ասուլիսը» կը յետաձգուէր Դեկտեմբերի 23-ին:
Այս բոլորը ցուցանիշներ են, որ Մոսկուա եւ Անգարա ամէն գնով վճռած են դրական տեղաշարժ մը կատարել Սուրիոյ տագնապին գծով եւ Ռուսաստանի փակ սենեակներուն մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները երեւելի պիտի դառնան յառաջիկայ հանգրուանին:
Իր կարգին, Լոնտոն հրապարակուող «Ալ Հայաթ» օրաթերթը, որ կը համարուի Սէուտական Արաբիոյ անպաշտօն բայց կարեւորագոյն բանբերներէն մին, պատահած ահաբեկչութեան վերաբերեալ դիտարկումներ ընելով՝ հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ ապահովական մարմինները չկարողացան ձերբակալել մարդասպան Մեւլիւտ Մերթ Ալթընթաշը: Չորեքշաբթի օր լոյս տեսած իր առաջնորդող յօդուածին մէջ «Ալ Հայաթ» յղում կատարելով ամերիկեան AP-ին՝ գրած է, թէ հնարաւոր չէ, որ նման ահաբեկչութիւն մը մէկ անձի կողմէ կազմակերպուած արարք ըլլայ, անոր ետին կան բաւական մութ ծալքեր:
Իր կարգին, «Շարըք Ալ Աուսաթ»ի, որ Լոնտոնի մէջ կը հրատարակուի, որու գլխաւոր սիւնակագիրը՝ Ապտըլ Ռահման Ալ Ռաշէտ Չորեքշաբթի օր հրապարակուած իր «Դեսպանը ոճիրի եւ ահաբեկչութեան բրոբականտայի միջեւ» խորագրեալ յօդուածին մէջ բաւական «արմատական» համարուած մօտեցումներ ունէր։ Ան գրած է, թէ Քարլովի սպանութիւնը օգուտ էր Իրանին եւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն: Ալ Ռաշէտ առանց բացատրելու իր տեսակէտը, նկատել կու տար նաեւ, որ աշխարհը այսօր դարձած է անապահով վայր մը եւ նման ահաբեկչական արարքներ սպասելի են ամէնուրեք: Սիւննի յօդուածագրին կարծիքով՝ ստեղծը-ւած իրավիճակին մէջ «արմատական» դեր եւ պատասխանատուութիւն կը կրէ Մոսկուան, կապուած՝ Սուրիոյ մէջ իր որդեգրած կեցուածքներուն ու երկրի նախագահին ի նպաստ ունեցած դիրքորոշումներուն եւ գործնական քայլերուն ուղղութեամբ:
Ռաշէտ, որ տակաւին մեծ յոյսեր կը փայփայէ ռուս-արաբական աշխարհի մերձեցման հետ կապուած, անտեսելով այսօրուան նոր իրավիճակը՝ պատմական արագ հայեացք մը նետելով կը յիշեցնէ Քրեմլինի վաղ 70–ականներուն ունեցած դերը եւ ցոյց տուած նեցուկը արաբական աշխարհի «ազատականութեան» գաղափարները ներկայացնող ուժերուն եւ տէրութիւններուն:
Ռաշէտ այս մօտեցումին խորքային հայեացք մը նետելով՝ այդ օրերու Մոսկուան կը համարէ պաղեստինեան եւ արաբական դատին գլխաւոր ջահակիրն ու նեցուկը:
Ռաշէտի կարծիքով, Մոսկուա այսօր տարբեր մօտեցումներ ունի արաբներուն հանդէպ եւ միլիոնաւոր սիւննիներու կարծիքը կարեւոր չէ մասնաւորաբար այն առումով, որ անոնք իրենց պետութիւններուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու դրութիւններ չունին:
Նուազ մոխրագոյն կեցուածքներով չի յայտնուիր նոյն թերթի՝ «Շարըք Ալ Աուսաթ»ի արաբ-ռուսական հարցերու գլխաւոր մեկնաբաններէն Մուսթաֆա Ֆահս: Ան Մոսկուայի Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ ունեցած դերակատարութիւնը լոյսին բերելով՝ կը յայտնէ, որ սիւննի աշխարհին համար Ռուսաստանի կեցուածքները անմարսելի են, մանաւանդ, որ վերջին ամիսներուն Սուրիոյ բանակը միշտ ապաւինելով ռուսական ներկայութեան, յաջողեցաւ նոր իրավիճակ ստեղծել եւ չորս տարիէի ի վեր առաջին անգամ ըլլալով տիրապետել ամբողջ Հալէպին:
Ֆահս, որ բաւական շեշտակի «պատգամներ»ու ոճով կը գրէ, կ՚ըսէ, թէ Մոսկուայի համար շատ սպասելի է, որ Ռուսաստանի կամ անոր մերձակայ տարածքներուն մէջ ռուս քաղաքացիներ թիրախ դառնան՝ իսլամ խմբաւորումներու հարուածներուն:
Սակայն, իր կարծիքով՝ եղածը անըս-պասելի էր Անգարայի մէջ եւ այս «ոճը» կրնայ աւելի ծանր շարունակութիւններ ունենալ:
Մուսթաֆա Ֆահս, որուն բառերու ետին կայ Հալէպի մէջ պարտութիւն կրած սիւննիին ձայնը, կը հաւատայ, որ այդ դէպքերը չեն մոռցուիր ու Ռուսաստանի կողմէ որդեգրուած կեցուածքները կրնան նոր արհաւիրքներու դուռ բանալ:
Եզրակացութիւն՝
Դեսպան Քարլովի սպանութենէն ետք արաբական մամուլի յառաջատար յօդուածագիրներուն ըրած վերլուծումներուն հայեացք մը նետելով՝ յստակ կը դառնայ, որ արաբական աշխարհը այսօր բաւական բարդ բաժանումներու մէջ է:
Սկսեալ Հալէպի մէջ ստեղծուած եւ հասնելով մինչեւ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու լիարժէք գնահատական՝ արաբները կողմերու բաժնուած են եւ ունին հակասական կարծիքներ:
Մինչ իրանամէտ կողմը զգուշաւոր եւ զգօն կերպով կը հետեւի Անգարա-Մոսկուա մերձեցման գործընթացին կամ այդ առումով եղած ցնցումներուն, անդին սիւննի աշխարհին համար կարեւոր է, որ Մոսկուայի հիմնական «քանալ»ը Անգարան չըլլայ, այլ ըլլայ Ռիատը:
Այս տատանումներուն մէջ յստակ է նաեւ, որ դեսպան Քարլովի սպանութեան դէպքին կապակցութեամբ ալ արաբական աշխարհը ունի բաւական «սառն» եւ սպասողական գնահատականներ:
Թէեւ բոլոր կողմերը պատահարը «ցնցիչ ահաբեկչութիւն» կը համարեն, սակայն յստակ է նաեւ, որ արաբներուն համար կարեւորը ոչ թէ եղած դէպքն է, այլ անոր հաւանական հետեւանքները:
Այս կէտին պարտուողներ կամ յաղթողներ պիտի չըլլան, ամենէն հիմնականը այն է, որ Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւններու ամբողջ ընդածիրը իր մէջ կը պարունակէ շրջանէն ներս նոր հաւանական լուծումներ «պարտադրելու» ուժականութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան