ՏԷՐ, ՈՂՈՐՄԵԱ՛

Ե­թէ ա­րեւն այս դա­րա­ւոր կու տայ լոյ­սի ճա­ռա­գայթ­նե­րը, ո­րով կեան­քը կը շնչէ: Սա բնու­թեան ար­գա­սիքն է. իսկ բա­նա­կա­նու­թեան տուածն ալ բազ­մա­ճիւղ ու բազ­մա­զան, կեան­քին կու տան ի­մաստ, հա­ճե­լի միտ­քե­րով կ՚ո­ռո­գեն ան­ձը, ու պահ մը, դառ­նու­թիւն­ներդ սփո­փանք չեն գտներ, սա­կայն մխի­թա­րա­կան լա­րե­րով կը մեղ­մաց­նեն ու կ՚ա­նուշց­նեն… հոս, բա­նա­կա­նու­թե­նէն միա՛յն գրա­կան աշ­խարհ պի­տի մտնենք, կարգ մը պատ­կեր­նե­րու ընդ­մէ­ջէն, ո­լո­րապ­տոյտ ա­րա­հետ­նե­րով:

Ե­րի­տա­սար­դու­թեանս սե­մին՝ դպրո­ցա­կան դա­սա­պա­հե­րու պատ­մու­թեան թէ այլ դա­սա­պա­հե­րուն, մա­նա­ւանդ, հա­յոց պատ­մու­թեան՝ ան­կա­րե­լի էր որ չյի­շա­տա­կուէր ապ­րի­լեան եղեռ­նի մա­սին: Իսկ դա­սա­պա­հե­րէն դուրս, հոս գաղ­թող ա­ռա­ջին սե­րուն­դին աչ­քե­րէն, խօս­քե­րէն, ոչ ան­պայ­ման հա­յե­րէն լե­զուով, այլ… դառ­նու­թիւն կը ծո­րէր: Իսկ քեր­թուած­նե­րէն ա­մե­նէն ա­ւե­լի տպա­ւո­րած է զիս.- «փշրուե­ցինք աստ­ղե­րի պէս ու դրուե­ցինք աշ­խար­հում» (Սիլվա Կա­պու­տի­կեան) նա­խա­դա­սու­թիւ­նը, երբ հօրս եղ­բայր­նե­րէն մէ­կը ֆրան­սաբ­նակ ե­ղած է, զոր չէի տե­սած ան­գամ, իսկ ու­րիշ մը՝ հա­լէ­պա­հայ, զոր կար­ծեմ ան­գամ մը միայն ա­ռի­թով մը տե­սակ­ցե­ցանք… (ե­րեք եղ­բայր, ե­րեք մա­կա­նուն­նե­րով…) լե­զուն՝ «այն­թա­պե­րէն»…:

Այդ տա­րեշր­ջան­նե­րուն, հա­կա­ռակ ծայ­րա­յեղ աղ­քա­տու­թեան ու թի­թա­ղա­շէն թա­ղե­րու ան­հիւ­րըն­կա­լու­թեան, ըն­տա­նիք­ներ, իբ­րեւ վրէժ, կար­ծես զարկ կու տա­յին ծննդա­բե­րու­թեան ու ա­մե­նէն աղ­քատ ըն­տա­նիքն իսկ կ՚ու­նե­նար ե­րե­քէն չորս զա­ւակ՝ նուա­զա­գոյ­նը:

Ի դէպ, Վրէժ եւ Վրէ­ժու­հի ա­նուն­ներ կը գոր­ծա­ծուէին, յի­շեց­նե­լու հա­մար ա­ղէ­տին ու­նե­ցած մեր պարտ­քը…, երբ.-

Ա­մէն հա­յեացք հա­տու մի սուր,

Ար­նոտ դիերն են համր ու մերկ

Նա­յում ե­զերքն ……

­Տէր, ո­ղոր­մեա՛… եւ՝

«Լոյ­սէ ար­ցունք մո­մե­րու, ո­րոնք հան­դարտ կը մա­շին» (Մ.­ Մե­ծա­րենց)

Ա­պա՝ Ներ­գաղթ… հայ­րե­նա­կեր­տում եւ՝

«Ա­ւեր Վա­նի դէմ, նո՛ր Ե­րե­ւա­նով» (Ս. Կա­պու­տի­կեան)

Մինչ տա­րի­նե­րու թա­ւալ­քով յա­րա­փո­փոխ աշ­խար­հը, կե­սա­րա­կան, թա­գա­ւո­րա­կան, ցա­րա­կան, սո­վե­տա­կան դա­րաշր­ջան­նե­րը շրջած են պայ­քար­նե­րով, խի­զա­խե­լով ու ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին բազ­մա­կար­ծու­թեան ծնունդ տա­լով կ՚ըն­թա­նան. պե­տու­թիւն­ներ, կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, միու­թիւն­ներ… եւ այլն, սա­կայն, դար­ձեալ ան­խու­սա­փե­լին կը պա­տա­հի. եր­բեմն նոյ­նինքն մէկ կող­մի ան­դամ­նե­րու մի­ջեւ կ՚ոտ­նա­հա­րուի բազ­մա­կար­ծու­թիւ­նը, եւ դար­ձեալ ֆի­զի­քա­կան ու­ժը ինք­զինք կը պար­տադ­րէ չէ­զո­քաց­նե­լով ար­դարն ու տկա­րը: Այս ի­րո­ղու­թե­նէն կար­ծես խու­սա­փիլ չկայ, քա­նի որ մարդ­կա­յին է ու հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներն ալ՝ մար­դոց խմբակ­ցու­թիւ­նը: Յա­րա­փո­փոխ աշ­խար­հը ան­կա­խու­թեան հո­վեր բե­րաւ մեր հայ­րե­նի­քին, կար­ծես իբ­րեւ շնչա­ռու­թեան նո՛ր հանգ­րուան, որ­մէ ար­դէն 25 տա­րի­ներ են ան­ցեր ու տխուր պատ­կե­րի դէմ յան­դի­ման կը գտնուինք, մա­նա­ւանդ ան­կում եւ սա­կայն կեան­քի ապ­րուս­տի պար­տադ­րան­քով ստի­պո­ղա­կա­նու­թիւն դար­ձած ել­քով կը տուայ­տի, որն է՝ ԱՐ­ՏԱ­ԿԱՐԳ­…ա­մէն զգա­ցում, ուժ, մտա­ծում, որ պի­տի հո­սէր դէ­պի հայ­րե­նի­քի հա­յու­թեան, ո­րը իր կար­գին՝ պի­տի ըլ­լար գէթ հոն ապ­րող հա­ւաք­նե­րուն, չի­րա­կա­նա­ցաւ, ո­րով Չա­րեն­ցի մէկ խօս­քը յի­շել պի­տի տար ին­ծի.-

Թա­ղուած մնաց իմ ա­չե­րում

Մի ան­հուն կա­պու­տա­չեայ ա­ռաս­պել

«փշրուե­ցինք» այս՝ հի­նէն սրտիս ցաւ է դար­ձած. Ցաւ ան­բու­ժե­լի:

Իսկ Պետ­րոս Դու­րեան.

Հայ­րե­նիք մը ու­նիմ թշուառ

Չօգ­նած ա­նոր մեռ­նիլ անն­շան

Ո՜հ ա՛յս է սոսկ ցաւն ինձ հա­մար:

«Փշրուե­ցինք»…­

Ե­րէկ կ՚եր­գէինք.- «Հա­յաս­տա­նից մեզ հա­նում են…»

Այ­սօր, ի՞նչ պիտ եր­գենք:

Վա­ղը, ի՞նչ:

Փա­կենք է­ջը:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2016