ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԲԱՐԵՐԱՐ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ. «ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆՔ ՅՈՅՍ ԵՒ ԱՊՐԵԼՈՒ ՈՒԺ ՏԱԼ»
Երեք կարճ բառերով ամրացուած է FLY կազմակերպութեան անունը, որ բացի մարդասիրական աշխատանքներ իրականացնելէ, մարդկային առաքելութեան հաւատացող խումբ մը մարդոց մէկտեղումով սկիզբ առած նախաձեռնութիւն մըն է: FLY-ը, որ բառացիօրէն՝ Freedom Loving Youth նախադասութեան առաջին սկզբնատառերու ամփոփումն է, հիմնադրուած է ամերիկահայ Գարոլին Գուզուեան-Սամուէլեանի ճիգերով:
Բարերար հայուհին վերջերս կը գտնուէր Երեւան, ուր հանդիպում մը ունեցանք անոր։ Հարցազրոյց մը տալով ան խօսեցաւ կազմակերպութեան առաքելութեան եւ ցարդ իրանացուցած ծրագիրներուն մասին:
-Տիկին Գուզուեան ձեր ճիգերով հիմնադրուած FLY կազմակերպութիւնը մարդասիրական կարեւոր աշխատանքներ կ՚իրականացնէ Հայաստանի եւ Սուրիոյ մէջ: Ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ ձեր գործունէութիւնը եւ ի՞նչ նպատակներով հիմնեցիք FLY-ը:
-FLY-ը սկիզբ առաւ Սուրիոյ պատերազմի ժամանակ, երբ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան Դամասկոսի հայ ընտանիքներուն օգնելու նպատակով, դրամահաւաք կազմակերպելու համար Ամերիկա այցելեց: Այդ ընթացքին առիթ եղաւ տեսնել սրբազանը եւ վերանորոգել մեր քսանհինգ տարի առաջ եղած դպրոցական տարիներու մտերմութիւնը: Անկէ ետք սրբազանին հետ միասին մէկուկէս տարի շարունակ միասին աշխատանքներ տարինք օժանդակելու համար Սուրիոյ ծանր պատերազմէն տուժած՝ Դամասկոսի, Հալէպի, Քեսապի, Գամիշլիի, Հասիչէի (Հասաքէ), Տէրիքի եւ Տէր Զօրի մէջ գտնուող կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն եւ մինչես օրս կրցանք օգնել 3 հազար երեխաներու: Սրբազանը ամէն անգամ նկարներ եւ ժապաւէններ կը ղրկէր ինծի, որոնց միջոցաւ կը տեսնէի մեր հայրենակիցներուն ուրախութիւնը իրենց ստացած նուէրներուն կապակցութեամբ: Այսպէս ամէն ամիս ինչ որ կրնայի խնայել, կը տրամադրէի եւ կը ղրկէի Սուրիա:
Երբ FLY-ը սկսաւ իր գործունէութեան, օգնողներու խմբակ մը չունէինք: Աշխատանք տանողները քիչ էին, ես, աղջիկս՝ Ալինան, Արմաշ Սրբազանը եւ Արմենակ Վարդապետը (Պետրոսեան): Շատ մեծ ուրախութիւն կ՚ապրէի, երբ կ՚իմանայի, որ ինձմէ շատ հեռու, պատերազմական քաղաքի մը մէջ, փոքրիկ հրեշտակներու ուրախութիւն կը պատճառեմ: Որոշ ժամանակ անց, որոշեցի այդ ուրախութիւնս կիսել ժողովուրդի հետ եւ դիմատետրի վրայ սկսայ մեր կատարած աշխատանքներուն մասին լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր հրապարակել: Այդ ընթացքին Սրբազանը առաջարկեց կազմակերպութեան վերածել այս փոքր ծրագիրը եւ նուիրատուներ ունենալ: Սկիզբը շատ քաջալերուած չէի այս գաղափարով, որովհետեւ ես չեմ վարժուած մարդոցմէ բան մը խնդրելու, ես վարժուած եմ միայն տալու, նուիրելու: Բայց Սրբազանը համոզեց զիս ըսելով. «Մտածէ այն ընտանիքներուն եւ երեխաներուն մասին, որոնց պիտի կարենանք օգնել»: Այսպէսով, Մայիս 2013-ին, սկսանք աշխատիլ որպէս կազմակերպութիւն եւ ունեցանք մեր գաղափարախօսութիւնը՝ օգնել տկար, անապահով երեխաներուն եւ դրամական օգնութիւն չտալ, այլ ապահովել ընտանիքներուն եւ երեխաներուն կարիքները: Այսպիսով, ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, Սուրիոյ մէջ 3 հազար երեխայի օգնեցինք եւ հասանք մինչեւ Տէր Զօր:
-Ձեր մօտ ինչպէ՞ս յառաջացաւ մարդոց կեանքը բարելաւելու, օգնելու, աջակցելու ցանկութիւնը:
-Վստահ եմ նման զգացումն ու ցանկութիւնը մարդու մէջ մէկ անգամէն չի յառաջանար: Փոքր տարիքէս այդ բարի կամքը ունեցած եմ եւ մարդոց օգնելու սերմը իմ մէջ մեծմայրս դրած է: Մեծմայրս հաւատացեալ եղած է եւ իր աղօթքները եւ խօսքերը լսելով դաստիարակուած եմ: Ես Հալէպ ծնած եմ եւ մինչեւ տասներեք տարեկանս հոն ապրած եմ: Շատ լաւ կը յիշեմ Հալէպի փողոցները եւ շուկաները: Երբ մօրս հետ շուկայ կ՚երթայի եւ չքաւոր մը կը տեսնէի, անպայման մօրս պայուսակէն բան մը պիտի տայի այդ մարդուն: Փոքր տարիքէս ուզած եմ օգտակար ըլլալ, ոչ միայն աղքատ, դրամ չունեցող մարդոց, այլեւ նաեւ տկար մարդոց:
Ուրիշ հանգամանք մը եւս կայ: Ես ընտանիքիս ամենափոքր զաւակն եմ, ինձմէ մեծ երկու եղբայր եւ մէկ քոյր ունիմ: Ինձմէ 11 տարի մեծ եղբայրս մահացած է 22 տարի առաջ: Ան 10 տարի տառապած է ընկճախտէ: Երբ եղբայրս հիւանդացաւ, ես տակաւին երեխայ էի՝ 11 տարեկան: Չէի հասկնար ինչու ան միշտ տխուր էր, բայց միշտ քովը կը մնայի, կ՚օգնէի իրեն, յատկապէս մեր Ամերիկա ապրած երեք տարիներուն: Ան Հալէպ մահացաւ եւ իր մահը շատ ազդեց վրաս: Երբեք երանի բառը չեմ գործածած, սակայն երբ եղբայրս մահացաւ ըսի. «երանի ես Յակոբին մեծ քոյրը ըլլայի, որպէսզի կարենայի իրեն աւելի օգնել»:
Այսօր, ինչ որ կը կատարեմ, եղբօրս՝ Յակոբին յիշատակին համար է, որ կը կատարեմ: Եղբայրս երեխաները շատ կը սիրէր եւ միշտ զինք շրջապատող երեխաները ուրախացնել կ՚ուզէր: Ես ալ ուզեցի անօգնական, տկար, հիւանդ երեխաներուն յոյսը ըլլալ եւ օգնութեան ձեռք մեկնել: Այն օգնութիւնը, որ ես չկրցայ եղբօրս ցուցաբերել, կ՚ուզեմ ուրիշին տալ, մանաւանդ երեխաներուն: Անշուշտ երբ հիւանդ մը կամ ծեր մը տեսնեմ, նոյնպէս կ՚ազդուիմ, սակայն երեխաներու պարագան ուրիշ է, որովհետեւ անոնք անօգնական են եւ իրենց կեանքը տակաւին չեն ապրած, այս պատճառով ալ սիրտս իրենց հետ է:
-Ե՞րբ սկսաք գործունէութիւն ունենալ Հայաստանի մէջ: Ինչպէ՞ս սկսաք եւ քանի՞ երեխայի կամ ընտանիքի օգնած էք մինչ օրս:
-Օգոստոս 2016-ին Ար-ցախի ապրիլեան պատերազմի ժամանակ մենք Հայաստան եկանք: Մեր նպատակը պատերազմի ընթացքին զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն եւ երեխաներուն օգնելն էր, բայց երբեք չէի պատկերացներ, որ ուրիշ, աւելի ծանր, աւելի կարիքաւոր ընտանիքներ ալ կան Հայաստանի մէջ: Չէի պատկերացներ, որ Հայաստանի մէջ կան երեխաներ, որոնք անօթի կը քնանան, կամ հացէ, գետնախնձորէ եւ բրինձէ զատ ուրիշ ուտելիք չեն գտներ: Այս պատճառով ալ, անցեալ տարի Յունիսին մէկ շաբաթով Հայաստան եկանք, ուսումնասիրելու համար, թէ որո՛ւ եւ ինչպէ՛ս պէտք է օգնենք: Այդ ժամանակ որոշեցինք օգնութեան ձեռք մեկնել որբանոցները ապրող եւ հաշմանդամ երեխաներուն: Այս ընթացքին մեր վրայ առինք նաեւ տակաւին չմկրտուած երեխաները կնքելու առաքելութիւնը:
Երբ Ամերիկա վերադարձանք, դրամահաւաք կազմակերպեցինք յատուկ Հայաստանի երեխաներուն համար: Մինչ այդ, Օգոստոսին, սրբազանը Հայաստան եկած էր եւ օգնութիւններ տարած՝ Կիւմրիի երեխաներուն: Նոյեմբերին վերսկսանք մեր գործունէութիւնը՝ նուէրներ եւ օգնութիւններ տալով Դիլիջանի մէջ մէկ եւ Կիւմրիի մէջ եղող երեք մանկատուներու: Իւրաքանչիւր մանկատան մէջ 90-120 երեխայ կար: Բացի մանկատուներէն, այցելեցինք եւ օգնութեան ձեռք մեկնեցինք Կիւմրիի մէջ՝ 13 եւ Էջմիածինի մէջ 30 երեխաներու: Այսպիսով երեք շաբթուայ ընթացքին 600 երեխայի օգնեցինք, անոնց, մանկատան խնդրանքին համաձայն, տանելով ձմեռնային հագուստներ, սաւան, վերմակ, եւ եւայլն: Հայաստանի մէջ համագործակցեցանք Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեանին եւ Շիրակի թեմի Ընկերային-կրթական կեդրոնին հետ: Այսօր Հայաստանի մէջ մեզի հետ կ՚աշխատին Կիւմրի առաջնորդարանէն ներս աշխատող երեք օրիորդներ, որոնք մեր Հայաստան չեղած ամիսներուն կը շարունակեն մեր կազմակերպութեան առաքելութիւնը: Ըսեմ նաեւ, որ մենք անհատական օգնութիւններ կատարած ենք այն անձերուն, որոնք նամակ գրած եւ օգնութիւն խնդրած են մեր կազմակերպութենէն:
Նկատեցինք նաեւ, որ մանկատուները միշտ ալ օգնութիւններ կը ստանան տարբեր կազմակերպութիւններու միջոցաւ, սակայն տնակներու մէջ ապրող միայնակ մայրերը եւ իրենց զաւակները լքուած են եւ ոչ մէկ օգնութիւն կը ստանան ու կ՚ապրին շատ թշուառ կեանքով: Ցաւը գիտէք ուր է, որ տնակներու մէջ ապրող մարդիկ աղքատ չեն եղած: Երկրաշարժի հետեւանքով յայտնուած են այնտեղ եւ արմատապէս փոխուած է իրենց կեանքը: Հակառակ իրենց ծանր կեանքին, շատ հաւատացեալ են: Տուն մը չկայ ուր սրբապատկեր մը չըլլայ: Անոնք միշտ կ՚աղօթեն եւ կ՚առաջնորդուին Աստուծոյ խօսքերով:
Ուստի որոշեցինք տնակներուն մէջ ապրող ընտանիքներուն օգնել եւ մեր աղջիկները սկսան այդ ուղղութեամբ աշխատիլ: Այցելեցինք տնակներու մէջ ապրող ընտանիքներուն, հարցազրոյցներ կատարեցինք իրենց հետ եւ իմացանք իւրաքանչիւրին կարիքները: Այսպիսով, մեր այս այցելութեան ընթացքին օգնեցինք քսան ընտանիքի: Բացի օգնութիւն տրամադրելէ, նաեւ փորձած ենք ուրախացնել փոքրիկները: Առաջին անգամ երեխաները «պոնջիկանոց» (պոնջիկը Հայաստանի մէջ ընդհանրացած քաղցրապատառ մըն է) տարինք, Նոյեմբերին Նոր տարի տօնեցինք բոլորս միասին, իսկ այս անգամ 54 երեխայի համար պտոյտ մը կազմակերպեցինք դէպի Վանաձորի ճամբար: Երեխաները հոն խաղացին, զուարճացան եւ նոր վայր մը տեսան: Շատերու համար մեծ իրադարձութիւն մըն էր, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով հանրակառք կը նստէին եւ ուրիշ վայր մը կ՚երթային: Ուզեցի գնահատել նաեւ տնակներու մէջ ապրող մայրերը, ուստի որոշեցինք մայրերու տօն նշել: Միասին շուկայ գացինք եւ անոնց նոր հագուստներ գնեցինք, յաջորդ օրը գացին վարսայարդարի, մատնայարդարի եւ դիմայարդարի քով, եւ այդ օրը, անոնց չմկրտուած երեխաները կնքեցինք եւ ետքը խնջոյք մը կազմակերպեցինք: Այդ օրը 22 երեխայ եւ երկու մայր կնքուեցան: Իսկ Նոյեմբերին (2016) 123 հաշմանդամ երեխաներ կնքուեցան: Ասոնք այն փոքրիկներն էին, որոնց ծնողները հրաժարած էին իրենցմէ:
-Դուք Հայաստանի մէջ կ՚այցելէք ամենաթշուառ վիճակի մէջ գտնուող ընտանիքներուն: Այն նկարները եւ տեսանիւթերը, որոնք կը հրապարակէք, շատ ազդեցիկ են: Ի՞նչ զգացումներու դէմ յանդիման կը գտնուիք, երբ նման ծանր մարդկային վիճակներու ականատես կը դառնաք:
-Բարձրեալն է, որ ուժ կու տայ մեզի: Ես նոր վերադարձած եմ Կիւմրիէն եւ երեք շաբաթ հոն այդ մարդոց հետ էի ամբողջ օրը: Ես ստիպուած եմ ուժեղ ըլլալ. այդ մարդոց պէտք է ուժ տամ՝ ապրելու եւ նոր կեանքի սկսելու համար:
-Կ՚ուզեմ հարցնել նուիրատուութեան մասին: Ի՞նչ միջոցներով նուիրատուութիւններ կը հաւաքէք: Ճիշդ է, որ դուք ալ կարեւոր տոկոս մը կը նուիրաբերէք, բայց ամերիկահայեր ալ կա՞ն այս գործին մէջ:
-Դրամահաւաքի նպատակով ձեռնարկ մը, կամ պարահանդէս մը կը կազմակերպենք: Մինչեւ այսօր միայն մէկ պարահանդէս կազմակերպած ենք` 2015-ի Դեկտեմբերին, իսկ 2016 թուականի Սեպտեմբերին ալ Mission Armenia խորագրով հաւաք մը կազմակերպեցինք: Բացի այդ, աղջիկս՝ Ալինան FLY Youth team-ի պատասխանատուն է եւ ինքն ալ այդ ուղղութեամբ կը փորձէ երիտասարդները ներգրաւել այս գործին մէջ: Թերեւս շատ մեծ, երեւակայելի գումարներ չենք հաւաքեր, բայց մինչ օրս կարելիութիւն ունեցած ենք աւելի քան 4 հազար ընտանիքի հասնելու, օգնութեան ձեռք մեկնելու:
Իմ երազս է ստեղծել համացանցին վրայ նուիրատուներու յատուկ ցանց, ուր փափաքողները համացանցի միջոցաւ գումար փոխանցեն: Յուսամ օր մը կը հասնիմ նպատակիս:
-Ի՞նչ է ամերիկահայ համայնքի վերաբերմունքը ձեր իրականացուցած ծրագրերուն կապակցութեամբ: Գիտենք, որ բաւական մեծ ու խճանկարային համայնք մը ունինք: Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով:
-Ամերիկայի մէջ կը գործեն մեծ թիւով հայկական կազմակերպութիւններ: Մենք երբ որպէս կազմակերպութիւն առաջին անգամ հանդէս եկանք, մեզ շրջապատողները մեր մտերիմներն էին, բարեկամները, ընկերները: Այսպիսով առաջին պարահանդէսին 270 անձ հաւաքուեցաւ: Իւրաքանչիւր պարահանդէսի կամ ձեռնարկի ժամանակ նկարներով եւ ժապաւէններով ցոյց կու տանք մեր կատարած աշխատանքը, որովհետեւ իրենք ալ իւրաւունք ունին իմանալ, թէ իրենց նուիրատուութիւնը ինչի ծառայած է: Վերջին երկու տարիներուն, արդէն ամերիկահայերու մեծամասնութիւնը կը ճանչնայ FLY-ը եւ անոր կատարած գործունէութիւնը:
-Ի՞նչ ծրագիրներ նախատեսած էք յառաջիկային համար:
-Իմ ցանկութիւնս է օգնել Կիւմրի բնակող մեծ թիւով ընտանիքներու, որովհետեւ այնտեղ օգնութեան կարիք ունեցողներուն թիւը շատ մեծ է: Անշուշտ եղած են ընտանիքներ, որոնց երկու անգամ օգնած ենք, սակայն կ՚ուզեմ նոր ընտանիքներու ալ հասնիլ, չեմ ուզեր անօգնական անտեսուած ընտանիք մը մնայ: Շատ կը փափաքիմ բոլորին հասնիլ միաժամանակ, սակայն մեր նիւթական կարելիութիւններն ալ սահմանափակ են եւ դժուար է ցանկութիւնս իրականացնել:
Նշեմ, որ բացի նիւթական օգնութիւններէն, մենք այս ընտանիքներուն կու տանք նոր յոյս, նոր լոյս, եւ ուժ, որպէսզի կարենան իրենց մութ կեանքէն դուրս գալ եւ ապրիլ կառչելով կեանքի լուսաւոր կողմերուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
FLY կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ՝
www.FLY.care եւ Դիմատետր՝ Facebook: Freedom Loving Youth FLY