Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻ ԱՖՐԻՆԻ ՄԷՋ

ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՖՐԻՆԻ «ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀ»Ը 

Սուրիոյ պատերազմի ներկայ փուլը կը յատկանշուի մասնաւորապէս երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող արագ զարգացումներով: Խնդիրն այն է, որ Սուրիոյ պատերազմին մասնակիցներուն կամ այդ պատերազմի ընդհանուր հունին վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր կողմերուն համար նոր հանգրուան մը կը բացուէր այդ երկրին մէջ սպանդներու, ոճրագործութիւններու, աւերակումներու պատճառ դարձած ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ազդեցութեան տկարացմամբ: Այսօր Սուրիոյ պատերազմական քարտէսին վրայ ԻՇԻՊ-ի ազդեցութիւնը նօսրացած է: Միջազգային կողմերուն համար ալ ԻՇԻՊ առաջուան նման «միակ» եւ անյետաձգելի օրակարգը չէ ու այդ պատճառով է նաեւ, որ քաղաքական հարթակին վրայ տեղի ունեցող խմորումներուն հիմնական առանցքը Սուրիոյ «ներքին տան» կարգաւորումն է:

Բաց աստի, կան նաեւ հիմնարար այլ օրակարգեր, որոնց ամենէն առաջնայինը Սուրիոյ քիւրտերու «ճակատագիր»ն է, որուն առընթեր կարեւոր ու հիմնական ըսելիք ունին ոչ միայն Սուրիան եւ Մոսկուան, այլ նաեւ Թուրքիան:

Եւ այս բոլոր տուեալները նկատի առնելէ ետք ի յայտ կու գայ սուրիական Աֆրինի մէջ Յունուարի 20-ին ընթացք առած «Ձիթենիի ճիւղ» պայմանական խորագիրը կրող զինուորական գործողութիւնը, որ կը շարունակուի ցայսօր ալ: Պատերազմին մէջ իրենց բոլոր տուեալները «ներդրած» կողմերուն համար պատահական դէպքեր չկան: Երբ կայ դէպք, երբ ընթացք կ՚առնէ գործողութիւն, ապա այդ կը նշանակէ, որ կայ նաեւ նախապատրաստական յստակ փուլ մը ու հետեւաբար նաեւ այս բոլորէն ետք հասունցող «տրամաթիք» աւարտ մը: Կրնայ պատահիլ, որ տեղի ունեցող արագ զարգացումները փոխեն կողմերու միջեւ «նախատեսուած» եւ «համաձայնեցուած» բեմագրութիւններու ընդհանուր տեսարանը։ Բայց եւ այնպէս, եղած պայմանաւորուածութիւնները ունին «կարմիր գիծեր», որոնք կը մնան անհատելի:

Ու այս առումով Աֆրինի մէջ ընթացող զարգացումները կարեւոր նախանշան են այն մասին, թէ արդեօք Սուրիան կ՚ընթանայ մասնատումի ճանապարհո՞վ, կամ թէ հոն տեղի ունեցող արագ դէպքերը ամէն կերպով կ՚ամրագրեն այդ երկրի ամբողջականութեան պահպանումը:

ԱՖՐԻՆ. ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ ԵՒ ՏԱՐԲԵՐ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՆԵՐ

Անցնող օրերուն Աֆրինի հետ կապուած հիմնական նիւթը Սուրիոյ բանակին այդ շրջաններ մուտք գործելն էր: Նախատեսուած էր, որ սուրիական բանակը մուտք գործէ Աֆրինի մասնաւորապէս Ռաճօ, Շէյխ Հատիտ, Քաստալ Ճանտօ, Ժապալ Պարսայա շրջանները: Անշուշտ սուրիական զօրքերուն տեղակայումը պիտի իրականացուէր մէկ կողմէ քրտական ջոկատներուն եւ Դամասկոսի միջեւ երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք «հասունցած» համաձայնութեամբ մը: Յիշեցնեմ, որ Յունուարի 20-ին Թուրքիա զինուորական գործողութեան սկսած էր Աֆրինի դէմ, նպատակ ունենալով սուրիական տարածքներուն մէջ մինչեւ 30 քիլօմեթր խորութեամբ պատկերաւոր ասած ձիթենիի ճիւղեր «ցանել». բան մը, որ պատճառ կը դառնար երկուստեք մեծ թիւով զոհերու արձանագրման: Գալով գետնի վրայ ընթացող զարգացումներուն եւ ըստ «Ալ մայատին» կայանին, սուրիական բանակը պիտի տարածուէր Աֆրինի մէջ եղող 280 կէտի վրայ, որոնք վերջին տարիներուն կը վերահսկուէին քիւրտ ջոկատայիններու կողմէ եւ տարածումը պիտի տեւէր քանի մը օր: Սուրիոյ կառավարութեան համար կարեւորագոյն հանգամանք էր, որ իր վերահսկողութեան տակ առնէ այդ շրջաններու Սուրիա-Թուրքիա սահմանային գօտին, որուն երկարութիւնը կը հասնէր մինչեւ 260 քիլօմեթրի:

Կողմերուն, այսինքն Սուրիոյ կառավարութեան եւ քրտական ուժերուն միջեւ եղած ու ցարդ մամուլին չտրուած համաձայնութեան հիմնական կէտերէն էր նաեւ այն, քիւրտերը սուրիական բանակին պիտի չյանձնէին իրենց զէնքերը: Քիւրտերը անշուշտ կը զգուշանային աւելի ուռճացնել իրենց խօսքը՝ Սուրիոյ բանակը համարելով դաշնակից կամ գործընկեր, տրուած ըլլալով, որ Սուրիոյ պատերազմի փուլերուն լաւատեղեակ որեւէ կողմ կամ վերլուծող լաւ գիտէր, թէ քիւրտերուն առաջին եւ վերջին դաշնակիցը Միացեալ Նահանգներն են: Սուրիոյ բանակին Աֆրին մուտք գործելու մասին լսելի դարձող խօսակցութիւններուն զուգահեռ, կարեւոր խօսակցութիւններ կը ծաւալուէին յատկապէս Մոսկուա-Անգարա «թէժ գիծին» վրայ, ուր նաեւ յստակ կը դառնար, որ հակառակ թրքական կողմին եւ Ռուսաստանի միջեւ առկայ «համաձայնական» մթնոլորտին, քիւրտերու հարցին առումով երկու կողմերը ունին բաւական տարբեր, չըսելու համար հակասական տեսակէտներ:

Մինչ Անգարայի համար գլխաւոր խնդիրը այդ շրջաններէն քիւրտերու հեռացումը ապահովելն էր, անդին Մոսկուայի համար էական խնդիրը կը մնար Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու խնդիրը:

Այս կէտին մէջ էր նաեւ, որ հակառակ ռուսերուն դէմ քիւրտերու կողմէ հըն-չած բաւականին ծանր մեղադրանքներուն, Քրեմլինի ղեկավարութիւնը կը հաւատար, թէ պէտք է ամէն ճիգ գործի դնել՝ շահելու համար Սուրիոյ մէջ գործօնի վերածուած «քրտական խաղաքարտ»ը: Եւ այս ֆոնին պէտք է անպայման հաշուի առնել Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին կատարած դիպուկ յայտարարութիւնը Սուրիոյ քիւրտերուն մասին: Լաւրով մասնաւորապէս կ՚ըսէր. «Մենք հակուած ենք հաւատալու, որ Սուրիոյ քիւրտերը կը ծառայեցուին որպէս գործիք այն ուժերուն կողմէ, որոնք նպատակ դրած են մասնատել Սուրիան»: Լաւրով, որ իր մտքերուն կամ խօսքերուն ետին թաքնուելու հարց չու-նէր, իր մեղադրանքի մեծագոյն սլաքը կ՚ուղղէր Միացեալ Նահանգներու ուղղութեամբ եւ անոր խորհուրդ կու տար. «Սուրիոյ մէջ կրակով մի՛ խաղաք»:

Վերեւ անդրադարձանք Սուրիոյ բանակային զօրքերու Աֆրին մուտք գործելուն մասին, որ ինքնին նոր հարթութեան պիտի տանէր այդ շրջանի ընդհանուր իրադրութիւնը: Բանակի մուտքի յետաձգման ետին անշուշտ կան շարք մը պատճառներ, որոնց մէջ ամենէն շատ տեղ կը գրաւէ Սուրիա-Թուրքիա բանակային ուժերու անմիջական բախման մը հնարաւորութիւնները կասեցնելու հարցը: Անկախ անկէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը խօսէր այն մասին, թէ սուրիական զօրքի շարասիւններ Աֆրին մտած ու ապա թրքական հրետանիին հար-ւածներով «դուրս դրուած են» Աֆրինէն։ Յստակ էր նաեւ, որ երկու կողմերուն համար, մանաւանդ այս ժամանակահատուածին, երբեք նպատակայարմար պիտի չըլլար ականատես ըլլալ այդպիսի բախումներու:

Սուրիական ճակատին վրայ հակառակ Սուրիոյ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ֆայսալ ալ Մըքտատի հնչեցուցած խօսքերուն՝ այն մասին, թէ իրենք պատրաստ են վար առնել որեւէ կործանիչ, որ պիտի փորձէր իրենց ներկայութեամբ հարուածել Աֆրինը, սակայն պաշտօնական Դամասկոսն ալ շատ լաւ հասկցած էր, որ Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ հետ տեղի ունենալիք որեւէ ընդհանրում պիտի ունենայ բաւական ծանր հետեւանքներ:

Խնդիրն այն էր, որ ո՛չ Դամասկոսի եւ ոչ ալ Անգարայի համար էականը պատերազմի նոր դուռ մը բանալն էր, այլ այդ շրջանին մէջ ինքնավարութեան «երազներ» ունեցող քիւրտերուն հարցը, որ այսօրուան դրութեամբ կը հանդիսանայ սուրիական հակամարտութեան թիւ մէկ խնդիրը:

Դամասկոս, որուն համար գլխաւոր «թելադրող» կողմը կը հանդիսանայ Մոսկուան, վերջին պահուն շատ խելացի քայլով մը կը հրաժարէր դէպի Աֆրին զօրքեր ուղարկելէ ու ատոր փոխարէն կը յայտարարէր, որ Աֆրին մուտք պիտի գործեն բանակի կողքին կռուող «Ժողովրդային ուժեր»ը: Խորքին մէջ կամաւորներէ բաղկացող այդ ջոկատներուն հիմնական նպատակն է անմիջական նեցուկ դառնալ քրտական ջոկատներուն, բայց մանաւանդ պահպանել շրջանի անզէն բնակչութեան անվը-տանգութիւնը: Եւ այդ քայլով Փետրուարի 20-ի յետմիջօրէին «Ժողովրդային ուժեր»ու առաջին ջոկատները Աֆրին քաղաքի կեդրոնական հատուածը մուտք կը գործէին: Հետաքրքրական էր նաեւ, որ դէպի Աֆրին «Ժողովրդային ուժեր»ու կարգ մը ջոկատներուն մուտքէն ետք, այս անգամ տեղեկութիւններ կը տարածուէին այն մասին, թէ քիւրտերը որոշած են սուրիական բանակին տիրապետութեան յանձնել Հալէպի այն շրջանները, որոնք վերջին տարիներուն կը գտնուէին իրենց տիրապետութեան տակ: Խօսքը ոչ միայն դէպի Աֆրին տանող հատուածներուն մասին է, այլ նոյնիսկ հայութեան երբեմնի գլխաւոր բնակավայր համարուող Պոսթան փաշա շրջանին մասին է, ուր ԻՇԻՊ-ի այդ հատուածէն հեռանալէն ետք կ՚անցնէր քիւրտերու տիրապետութեան տակ:

Սուրիոյ պատերազմի հոլովոյթին հետեւող ոեւէ մէկը կը հասնկայ, որ հոն ընթացող դէպքերը չեն կատարուիր ընդհանուր խնդրին համատարած լուծում մը բերելու տեսանկիւնէն: Ու պարզ է նաեւ, որ եղած դէպքերն ու զարգացումները կը կատարուին խնդրին հետ ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունեցող կողմին կամ կողմերուն շահերը ապահովելու մտօք: Ներկայ պահու դրութեամբ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող հիմնական զարգացումները կը կատարուին «քրտական գործօն»ի ուղեկցութեամբ կամ հաշւոյն: Որո՞ւ կը ծառայեն քիւրտերը, ի՞նչ է անոնց վերջնական նպատակը եւ արդեօք անոնք իրապէս հաւատացո՞ղն են Սուրիոյ ամբողջականութեան: Վերջին երկու տարիներուն լաւապէս զինուած, կազմակերպուած եւ ինքնավարութեան մը երազով ապրող քիւրտերը այսօր ծանր փորձաքարի մը դիա են:

Մէկ կողմէ թրքական բանակի սպառնալիքն է, իսկ միւս կողմէ ալ սուրիական զօրքերու միջամտութիւնը:

Ամէն պարագայի տակ երկու կողմերէն ալ երեւելի կը դառնայ, որ բոլորը համաձայն են, որ քրտական «Ռոճավայի» մը մեծ երազը հողին մէջ դրուի, ինչպէս նոյնը պատահեցաւ ամիսներ առաջ Հիւսիսային Իրաքի պարագային:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2018