ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ -2

Նախ՝ պարզ յիշեցում. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, այս՝ 2023 թուականն ալ հռչակած է «Սփիւռքի տարի», իբրեւ շարունակութիւնը անցեալ տարուան:

Առողջ մտածում:

Ու պէտք է յիշեցնել, որ անցեալ տարի, մեզմէ շատեր մօտէն հետեւեցան սփիւռքեան գաղութներու լուրերուն, տեղեկանալու, իմանալու եւ իրազեկ դառնալու, թէ որքանով, անոնք՝ մէկ առ մէկ, Անթիլիասի մայրավանքէն հնչող եւ արձագանգող «Սփիւռքի տարի» հռչակման հրաւէրին անդրադարձած էին, իրենց ամէնօրեայ կեանքէն ներս:

Ճիշդ է, որ մէկ օրէն միւսը կարելի պիտի չըլլար վերջնական լուծում մը կամ հիմնական առաջարկի շուրջ ամբողջ գաղութի մը հաւանութիւնը ունենալ, բայց վերջապէս, գոնէ վեր ի վարոյ, տեղեակ պիտի ըլլային, թէ սփիւռքեան կոտորակները այս առթիւ ի՞նչ կամ ինչե՜ր մտածեցին, ծրագրեցին կամ պիտի գործադրեն իրենց ապրած շրջան-գաղութներէն ներս:

Նաեւ տեսանք, նկատեցինք, լսեցինք ու կարդացինք, որ կարգ մը գաղութներէ ներս, ամիսներով խօսած, գրած, շունչ եւ լոյս վատնած ու ներշնչած են այս հսկայ գաղափարին համար եւ շուրջ: Եւ աւելին, հրապարակային եւ առցանց, մամուլով, դասախօսական բնոյթ կրող նախաձեռնութիւններով, յօդուածներով եւ անհատապէս գրքոյկով, շատ շատեր համախմբուեցան մէկ երդիքի տակ ու խորացան այս նիւթին մանրամասնութիւններուն մէջ եւ հրապարակեցին կենսական թելադրանքներ եւ առաջարկներ:

Բոլորին՝ վարձքը կատար:

Յստակօրէն ըսեմ նաեւ, որ այս տողերը տեղեկագրական բնոյթ կրելու ո՛չ յաւակնութիւնը ունին եւ ո՛չ ալ իրաւունքը: Այլ պարզապէս առ ի գնահատանք, որոշ արձագանգ մը՝ կատարուած կամ ծրագրուած աշխատանքներուն:

Սակայն, ցարդ ոչ մէկ գործնական լուծում...: Անոր համար, այս տարին ալ նուիրուած է այս ընդարձակ եւ կենսական գաղափարին: Ու շատ հաւանաբար, նման ծրագրումները վերջնական փուլին հասնելու երկա՜ր տարիներու կարօտին:

Բայց լաւ է, որ երթը կը շարունակուի:

Առ ի կենսական յիշեցում ըսեմ. Տարիներ առաջ, սփիւռքի այս քարքարուտ ճանապարհին վրայ ոտք դրած էինք, եւ մեծ յոյսեր կապած այս հողին, առանց անդրադառնալու, որ ձուլումի գերանդին մեր գլխուն վրայ կեցած էր միշտ:

Այլ խօսքով, կամայ թէ ակամայ, Միջին Արեւելքէն եկանք: Ծովն ու ովկիանոսը կտրեցինք ու հիմա տարիներէ ի վեր կը փորձենք հայու մեր դիմագիծը պահել, Ամերիկա կոչուած այս օտար հողին վրայ։ Ճիշդ է. ունինք բազմախաւ հարցեր, որոնք մեզ կը տառապեցնեն: Առաւել՝ նաեւ ունինք տխուր եւ ապշեցուցիչ երեւոյթներ, որոնք նոյնքան կը խանգարեն ազգային մեր գիտակցութիւնը։ Արդիւնք. յաճախ անհեռատես եւ երբեմն ալ միամիտ դարձանք։ Օտար բարքերու հետեւորդ եղանք: Եղանք կապկող: Ունեցանք որակի ու քանակի համատարած մաշում: Սակայն, գաղտնիք մը չէ, ըսեմ, որ ամէն օր եւ հարազատօրէն կը զգանք ու կ՚ապրինք ստեղծուած սփիւռքեան մեր տագնապին ահռելիութիւնն ու մեծութիւնը:

Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հայ մեր ինքնութիւնը պահելու եւ շարունակելու ամէնօրեայ լուրջ հարցեր ունինք: Բոլորս ալ կրնանք վկայել, որ սփիւռքը ցուրտ է եւ ճակատագիր: Մեր մորթերուն վրայ կը կրենք այսքա՜ն խոր իրականութիւն: Ասկէ մեկնած, շատեր կը դատապարտեն անծանօթը, ժամանակը, առանց իսկ հասկնալու, թէ ամենէն առաջ իրենք, իբրեւ հայ ապրող էակներ, պէտք է դառնան առաջին նախաձեռնողը այս հսկայ հեղեղին դիմաց թումբ կամ թումբեր կանգնելու ծրագիրներու իրականացման: Այս բոլորը մաս կը կազմեն մեր հաւաքական մտահոգութեան, որուն հարազատ ծնունդն է «պէտք է»ներու երկար շարք մը:

Նաեւ կը հաւատամ. մինչեւ այն ատեն, որ օտար հողին վրայ պիտի ապրինք, տակաւին շատ երկա՜ր ու քարքարոտ ճամբայ պիտի ունենանք կտրելիք: Պիտի ունենանք նաեւ մղելիք ամէնօրեայ ծանր «պայքար», որպէսզի հասնինք մեր ծրագրելիք նպատակներուն: Ուստի պայման է, բաց պահել մեր սիրտն ու միտքը, մեր հաւատքն ու կարողութիւնները: Նորոգել մեր մտքի, հաւատքի եւ յոյսի բոլոր հին ոտնամանները: Սանձ դնել մեր ներքին հակամարտութիւններուն, ու մանաւանդ սիրտ եւ կամք ունենալ՝ մեր ներքին ու արտաքին անհատնում տագնապները միասնաբար լուծելու: Աւելին. հարկ է վերադառնալ մեր սրբազան իտէալին, որպէսզի կարենանք կշռել ու չափել մեր կեանքի ծանրութիւնն ու լրջութիւնը: Որովհետեւ, ամէն օր նոր սերունդէն համրանք եւ թիւ կը կորսնցնենք: Շատեր կամայ թէ ակամայ կը հեռանան մեզմէ եւ հայութենէն: Կը տարուին տեղական հոսանքէն: Յաճախ դիմազուրկ կ՚ապրին: Տակաւ կը նուազի հայախօսներու թիւը, ասոր կողքին նաեւ՝ հայերէն կարդացողներու եւ գրողներու քանակը:

Արդ, արդեօք պատրա՞ստ ենք այս բոլոր դժուարութիւնները դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու համար նոր ծրագրումներ կատարել: Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւրս մեր կեանքի բեռ մը ունի մեր շալակին, բայց անտարբեր պէտք չէ որ մնանք: Մեզ կլանող ու «հալեցնող» դէպքերը լոյսի արագութեամբ կ՚ընթանան: Նաեւ ճիշդ է, որ հայկական վարժարաններու, հայ կեդրոններու, եկեղեցիներու, մարզադաշտերու եւ միութիւններու ցանցեր ունինք: Այնպէս կ՚երեւի, թէ եղածը բաւարար չէ, ձուլումի հոսանքին դէմ թիավարելու: Որովհետեւ, տակաւին ահռելի է վաղուան անստուգութիւնը: Այս է մեր իրական կեանքը:

Կը կարծեմ, որ նախապայման ու առաջնահերթ է կատարել մեր ներկայ կեանքի վերագնահատումը, որպէսզի կարենանք որոնել մեր նահանջի գլխաւոր պատճառները: Այս է ակնկալուածը:

Չէ՞ որ մեր պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած էր, թէ միայն համախմբուելով կարելի է գոյատեւել եւ պահպանել հայու ինքնութիւնը: Ուրեմն...: Լաւատեղեակ ենք, որ ճակատագրական պահեր կ՚ապրի սփիւռքը: Հայութեան շաղկապումն է էականը բոլոր գաղութներէն ներս: Իսկ եթէ կը հաւատանք... ուրեմն ամրապնդենք սփիւռքեան մեր զարկերակը:

Լաւ յիշեցէ՛ք. կեանքի իւրաքանչիւր փուլին սկիզբը, առաջին քայլն է կարեւորը: Վերջապէս մեր պարտաւորութիւնն է նախ զգաստանալ ու «բանալ» մեր աչքերը: Սփիւռքեան կամ հայրենի ստեղծագործ ճիգերու կարօտը ունինք: Հիները կը մեկնին: Տերեւաթափ՝ ամայացնելով մեր հոգիի եւ մտքի անդաստանները: Յոյսի եւ հաւատքի խօսքերով ողողելն ալ բաւարար չէ: Նոյնիսկ՝ անիմաստ: Գործնական քայլեր առնելն է էականը: Պէտք է նոր եւ գործնական ծրագիրներու թելերով հիւսենք մեր բոլոր երազները: Սփիւռքը իր կենդանութիւնը շեփորելու համար կարիքը ունի նոր սերունդի սիրոյն, անոր կեանքի մասնակցութեան տեսլականին, անոր համոզուած քայլերուն, կամքին եւ հաւատքին, գործնական ճիգին, պահանջատէր ոգիին, գիտութեան եւ մասնագիտական փորձառութեան, անոր ներդրումին եւ յանձնառութեան:

Մէկ խօսքով, անոր վերածնունդի գաղափարին:

Նման կէտերու մասին միայն գրելը, խօսիլն ու մատնանշումներ կատարելը բաւարար չեն...: Այլ՝ լսո՛ղ, կարդացո՛ղ եւ մանաւանդ՝ գործադրո՛ղ ալ պէտք է:

Ղեկավարող է պէտք՝ ուղղութիւն տուող...:

Այս տարի ալ «Սփիւռքի տարի» է. շեշտեցինք: Փնտռուածն ու ակնկալուածը փարիլն է հայապահպանման գաղափարին, որպէսզի սփիւռքեան ազգային ծառը, ճշգրիտ ախտաճանաչումով եւ անհրաժեշտ «դեղերով» իր ազգային կայտառութիւնը գտնէ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 24, 2023