ԻՍՐԱՅԷԼ ՎԵՐՅԻՇԵՑ «ԱԼ ՊՈՒՍԹԱՆ» ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ. Ի՞ՆՉ Է ՊԱՏՃԱՌԸ

Անցնող օրերուն մէկէ աւելի իսրայէլացի բարձրաստիճան պատասխանատուներ խօսեցան «Ալ Պուսթան» անունը կրող գործողութեան մասին, որ իրականացուած էր 2007 թուականին: Խօսքը անշուշտ Սուրիոյ Տէր Զօր նահանգին մէջ իրականացուած գործողութեան մասին է, որուն հետեւանքով ալ (միշտ իսրայէլացի պատասխանատուներուն կարծիքով) «կ՚ոչնչացուէին» Սուրիոյ պետութեան կողմէ կառուցման վերջին փուլ հասած «կորիզային կեդրոն»ի մը սարքաւորումները: Եթէ Միջին Արեւելքի վերջին տարիներու զարգացումներուն նայինք, ապա արագօրէն կրնանք նկատել, որ տեղի ունեցող եւ «աչքի զարնող» «մեծ» իրադարձութիւնները անմիջական կապ ունին կա՛մ զէնքի գործարքներու եւ կա՛մ ալ «հակակորիզային պայքար»ի ծիրին մէջ եղող գործողութիւններուն հետ: Եթէ խօսելու ըլլանք երկրորդ հանգամանքին, այսինքն շրջանին մէջ «կորիզային պայքար»ի ընդհանուր ոլորտին մասին, ապա գաղտնիք չէ, որ այդ ոլորտին մէջ «ազդեցիկ» եւ «տիրական» դեր մը ունի Իսրայէլը, որուն համար ալ ամենամեծ եւ ամենակարեւոր օրակարգն է «բաց պայքար» տանիլ այն երկիրներուն դէմ, որոնք ոչ միայն Իսրայէլի հակառակորդներն են, այլ նաեւ որեւէ կերպով «յաւակնոտ» են եւ կը պատրաստուին «կորիզային զէնք» ունենալու: Անշուշտ այս «առաքելութիւն»ը կատարելու համար Իսրայէլ իր կողքին ունի Միացեալ Նահանգները եւ վերջինս պատրաստ է ամէն ձեւով զօրավիգ կանգնիլ եւ «կանաչ լոյս» տրամադրել Իսրայէլին:

Վերադառնալով այսօրուան նիւթին՝ ապա յստակ է, որ իսրայէլացի պատասխանատուներուն «Ալ Պուսթան» (ի դէպ «Ալ Պուսթան» արաբերէնով կը նշանակէ՝ պարտէզ) գործողութիւնը վերյիշելուն, պէտք է նկատի առնել, որ իսրայէլեան կողմը այս մօտեցումով կը փորձէ տարբեր տեսակի «պատգամներ» յղել եւ միջազգային հանրութեան ըսել, որ իրենք պատրաստ են որեւէ պահու նման արագ եւ «մեծ գալիպր»ի գործողութիւններ կատարել՝ շրջանը եւ յատկապէս Իսրայէլը հեռու պահելու համար կորիզային որեւէ մակարդակի վտանգէ:

Յիշեցնելու կարգով նշեմ, որ Տէր Զօրի գործողութենէն առաջ 1981 թուականին Իսրայէլ նմանատիպ գործողութիւն մը կատարած էր Իրաքի մէջ, որուն մասին ալ անդրադարձ պիտի կատարենք այլ առիթով:

Ի՞ՆՉ «ՀԻՄՔԵՐՈՎ» ԻՍՐԱՅԷԼ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ «ԱԼ ՊՈՒՍԹԱՆ» ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ

Բրիտանացի լրագրող Ճորտըն Թոմաս հետաքննական նիւթ մը հրապարակելով կը գրէր, որ 22 Ապրիլ 2004 թուականին պայթում մը արձանագրուած է Հիւսիսային Քորէայի մայրաքաղաքը՝ Փիոնկ Եանկէն դէպի «Նամպօ» նաւահանգիստ ուղղուող շոգեկառքի մը մէջ: Ան այս մասին կարեւոր տուեալներ հրապարակելով կը յայտնէր, որ շոգեկառքին մէջ կային տասնեակ սուրիացիներ, որոնք բոլորն ալ կը մահանային պայթումին հետեւանքով: Լրագրողը յղում ընելով իր «ոչ յայտնի» աղբիւրներուն՝ կը գրէր, որ դէպքին հետեւանքով սպաննուած սուրիացի մասնագէտներու դիակները աւելի ուշ կապարածածկ դագաղներով տեղափոխուած են Սուրիա: Ան նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցած է, որ դէպքին վայրը երկար ատեն համարուած է «փակ տարածք», ուր քննութիւններ կատարած են։

Եանկի կորիզային զարգացման ծրագիրներու տասնեակ մասնագէտներ, որոնք իրենց կարգին այդ շրջանը գտնուելու ընթացքին կրած են կորիզային շողարձակումներու դէմ «պաշտպանիչ հագուստներ»: Իր կարգին, իսրայէլեան «Մոսատ»ը «գաղտնի» հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով «յայտարարած» է, որ նոյն տարին, այսինքն՝ 2004 թուականին, սուրիացի մէկէ աւելի բարձրաստիճան պատասխանատուներ գտնուած են Փիոնկ Եանկի մէջ եւ անոնց ընդհանուր այցելութիւններու թիւը հասած է տասներկուքի: Իր կարգին, Ամերիկեան CIA-ի 8200 թիւը կրող եւ յատուկ յանձնարարութիւն իրականացնող խմբակը նոյն օրերուն յայտնած է, որ իրենք յաջողած են հեռախօսային հաղորդակցութեան եւ կապի նշաններ նշմարել մէկ կողմէ Փիոնկ Եանկի, իսկ միւս կողմէ՝ Սուրիոյ միջեւ: Անոնք սուրիական կողմին համար վայրի անուն չեն նշած, սակայն գրած են, որ Փիոնկ Եանկի կապը կը հասնէր Սուրիոյ անապատային շրջան մը:

Ըստ իսրայէլեան բեմագրութեան, այս բոլոր տուեալները օրին ստիպած են Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերտը, որպէսզի ստեղծէ յատուկ յանձնաժողով մը, որուն գլխաւոր նպատակը պիտի դառնայ «մօտէն» քննել գործը եւ «ձեռնարկել» կտրուկ գործողութիւններու, կանխելու համար Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ կորիզային զէնքի արտադրման որեւէ հաւանական ծրագիր կամ փորձ:

Ու այս բոլորէն անդին յստակ կը դառնայ, թէ Իսրայէլի Տէր Զօրի մէջ կատարած գործողութիւնը կապ ունի անոր «կորիզային մտահոգութիւններ»ուն հետ. չնայած անոր, որ Տէր Զօրի անապատային «Ալ Քուպար» շրջանին վրայ եղած իսրայէլեան օդային գրոհէն ետք, շրջանին մէջ կորիզային «յետցնցումներ» կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել «կորիզային շողարձակումներ» չեն նկատուած:

Ու կարելի չէ նման խնդրի մը քննարկումը կատարելու պահուն անտեսել այն փաստը, յատկապէս, որ Իսրայէլի պետութեան կողմէ մղուած որեւէ տեսակի «պայքար» իր մէջ կ՚ընդգրկէ նաեւ «տեղեկատուական պատերազմ»ի բաժին մը: Այլ խօսքով՝ եթէ եղած գրոհը իրօք թիրախ կը դարձնէր Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ «պատրաստուած» «կորիզային կեդրոն» մը, ապա անհնար է, որ իսրայէլացիներու ըսածով՝ իր «վերջին փուլին մէջ գտնուող» կեդրոնը որեւէ շողարձակում չկատարէր:

Տեղեկութիւնները՝ տեղեկութիւն, սակայն ամենակարեւորը, փաստերը՝ փաստ, մանաւանդ երբ խօսքը կը վերաբերի նման «նուրբ» եւ հարցականներով լեցուն նիւթի մը:

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ «ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ»

Տէր Զօրի գործողութեան մասին իսրայէլեան պարբերականներուն կողմէ կատարուած հրապարակումներէն ետք՝ իսրայէլացի գործիչներ «հերթաբար» յայտարարութիւններ կատարելով «կը շիկացնէին» ընդհանուր մթնոլորտը: Այս յայտարարութեանց մէջ ամենէն «ուշագրաւ»ը կ՚ըլլար Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան գլխաւոր պատասխանատուին՝ Իսրայէլ Քաաթցի ըրած յայտարարութիւնը, որ խորքին մէջ խտացումն էր երկրի քաղաքական վերնախաւի տեսակէտին: Քաաթց կ՚ըսէր, որ Տէր Զօրի հարուածը պատգամ է Իրանին եւ իրենք «ամէն ինչ պիտի ընեն, որ Իրան կորիզային ռումբ մը չունենայ»:

Կարեւոր խօսքով հանդէս կու գար Իսրայէլի պատերազմի նախարար Լիպերման (իսրայէլացիներուն համար աւելի «հաճելի» է պաշտպանութեան նախարարը՝ պատերազմի նախարար կոչել), որ նկատել կու տար, թէ Իսրայէլի պետութեան քայլը «դաս պէտք է ըլլայ շրջանի բոլոր տէրութիւններուն»: Լիպերման, որ յայտնի է իր ծայրայեղական կեցուածքներով եւ այլամերժ տեսակէտներով, «կը յիշեցնէր», որ իր երկիրը Միջին Արեւելքի «ամենահզօր» տէրութիւնն է եւ շրջանի բոլոր տէրութիւնները ձեւով մը պէտք է «ենթարկուին» Իսրայէլին:

Այս բոլորին զուգահեռ պէտք է հաշուի առնել, որ բացի Իսրայէլի ղեկավարներէն, Սէուտական Արաբիոյ վարիչները նոյնպէս «կը գանգատին» Իրանէն: Օրինակ՝ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ իշխանը առիթ չի փախցներ Թեհրանի եւ անոր վարիչներուն դէմ այնպիսի որակումներ կատարելու, որ անոր խօսքերուն հետեւող ամէն ոք կը հասնի այն եզրակացութեան, թէ վաղն իսկ Սէուտական Արաբիա-Իրան նոր պատերազմ մը պիտի ծագի:

Ամէն պարագայի հարցը հիմա «կորիզային ակումբ»ին միանալու խնդիրն է: Ու այդ պայքարն է, որ յառաջիկայ փուլերուն պիտի «թէժանայ»: Այս առումով ալ երբեք չի բացառուիր, որ ամերիկեան կողմը չեղեալ համարէ Իրանի հետ կնքուած կորիզային համաձայնութիւնը, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի համար շատ կարեւոր է արտաքին ճակատին վրայ որոշ միաւորներ «պոկել»ը: Եւ Իրանի հետ որեւէ լարում «հաճելի» քայլ պիտի համարուի Միացեալ Նահանգներու այսօրուան երկու դաշնակից տէրութեանց՝ Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ համար։ Մանաւանդ որ այս երկու տէրութիւնները կը համարուին Միացեալ Նահանգներու զէնքի շուկայի գլխաւոր «յաճախորդներ»ը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 24, 2018