ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Ե.
ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ԿԸ ԳՈՐԾԷՐ ՈՒ Կ՚ՈՒՍՈՒՑԱՆԷՐ
Իսկ այն, որ Ոսկեբերանը Տիրոջ վարդապետութեան եւ նշաններուն համար կ՚ըսէ. նախ՝ որովհետեւ անոնցմէ մէկուն օգուտը երբեմն միւսէն առաջ կ՚ըլլար: Երկրորդ, որպէսզի իրարու վկաներ ըլլան, այսինքն՝ նշաններուն քարոզութիւնը եւ քարոզութեան նշանին հաստատութիւնը:
Իսկ մեզի՝ վարդապետներուս, կրկին կերպով ունինք. նախ՝ ճշմարիտ խօսքն ու բարի գործը: Երկրորդ՝ միտքի աշխատութեան եւ խօսքի ուսումին վկայ է, եւ աշխատանքներուն խօսքերը:
Իսկ ուրիշ վարդապետներ կ՚ըսեն, թէ նախ հրաշքներ կը գործէր ու ապա կը քարոզէր, որովհետեւ մարդոց բանական ճանաչումը զգալի բաներէն իմանալիութեան կու գայ, քանի որ մեր բոլոր ճանաչումները զգայարանքներէն կը ծնին, ատոր համար սովորութիւն է Աւետարանիչին մօտ, նախ սքանչելիքներուն մասին կը խօսի եւ ապա՝ վարդապետութեան:
Խօսք. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ» (Յհ 5.17):
Մեկնութիւն. Այս երկրորդն է, որ գործէն ցոյց կը տրուի, թէ Քրիստոս Աստուած է:
Հարցում. «Ի՞նչ է, որ Մովսէսը կ՚ըսէ. “Աստուած հանգստացաւ Իր գործերէն” (հմմտ. Ծն 2.2), իսկ այստեղ կ՚ըսէ. մինչեւ հիմա կը գործէ»:
Պատասխան. Աստուծոյ գործը կրկնակի է, այսինքն՝ ստեղծել ու նախախնամել: Արդ, ստեղծելէն հանգստացած է, որովհետեւ նոր բան չի՛ ստեղծեր, այլ՝ եղածը միշտ կը խնամէ: Դարձեալ, Հայրը ըսաւ, թէ Շաբաթ օրերը պէտք է պահել, իսկ Ինք կը գործէ, այն հասկցնել կու տայ, որ Օրէնսդիրը օրէնքին տակ չի՛ մտներ, ինչպէս ըսաւ՝ մի՛ սպաններ ու մի՛ դատեր, իսկ ինք կը սպաննէ ու կը դատէ, այդպէս ալ Շաբաթ օրերուն համար իմացիր: Դարձեալ, տե՛ս, երբ աշակերտներուն մասին կը չարախօսէին, թէ Օրէնքը չեն յարգեր ու Շաբաթ օրով հասկ կը փշրեն, ան Դաւիթը որպէս վկայ կը բռնէ, որովհետեւ մարդ էր, ինչպէս առաքեալները ծառան՝ ծառայակիցով, իսկ երբ Քրիստոսը կը հալածէին Շաբաթ օրով գործելուն համար, Իրեն վկայ կը բերէ Հայրը, որովհետեւ Աստուած է՝ համազուգ Հօր:
ՆԱԽԱԽՆԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Դարձեալ, Իմ Հայրս, որ հրամայեց Շաբաթ օրերը պահել, իսկ Ինք միշտ կը գործէ՝ մարդիկը նախախնամելով, ինչպէս Շաբաթ օրով արեգակը կը ծագեցնէ, ինչպէս նաեւ լուսինը, աստղերը, եւ այլն: Նոյնպէս եւ Ես, Շաբաթ օրով Իմ Հօրս գործերը կը գործեմ, որովհետեւ Աստուած եմ:
Եւ գիտելի է, թէ Աստուծոյ նախախնամութեան կարգը գլխաւորաբար չորս է. նախ՝ ցերեկն ու գիշերը ու տարուան եղանակները փոփոխելով կը խնամէ: Երկրորդ՝ կենդանիներուն տեսակը ծննդեամբ կը խնամէ, երկնային մարմիններու շարժութեամբ: Երրորդ՝ բնականները նոյնութեան մէջ եւ իրենց տեղը կը պահէ, ինչպէս՝ չորս տարրերը. քարերը, գետերը, եւ այլն: Չորրորդ՝ բանականները կը խնամէ զանազան խրատով, կարիքնրով, եւ այլն:
Այդպէս ալ Քրիստոս չորս կերպով կը խնամէ մարդիկը. նախ՝ քարոզելով ի գիտութիւն կը բերէր: Երկրորդ՝ սքանչելիքներով հաւատքի կը բերէր: Երրորդ՝ մարմինին ախտերը կը բժշկէր: Չորրորդ՝ հոգիէն մեղքերը կը սրբէր:
ԲԱԺԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Խօսք. «Հրեաները առաւել եւս կ՚ուզէին զԻնք սպաննել» (տե՛ս Յհ 5.18):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ կը խորհէին ու կ՚ուզէին:
Խօսք. «Որովհետեւ ո՛չ միայն Շաբաթ օրը չէր պահեր, այլ՝ նաեւ զԱստուած իր Հայրը կը կոչէր՝ ինքզինք Աստուծոյ հաւասար ընելով» (Յհ 5.18):
Մեկնութիւն. տե՛ս այս եւս, որովհետեւ հրեաները Աստուծոյ հակառակ ու թշնամի կը համարէին Քրիստոսը ըստ Իր խօսքին, թէ Աստուծոյ հաւասար է, ու այդ պատճառով կ՚ուզէին սպաննել զԻնք, իսկ ասոնք՝ միայն անունով քրիստոնեաներ՝ մէ՛կ Քրիստոսը երկուքի կը բաժնեն, որ հրեաներէն աւելի անարգ ու վատթար են, ինչպէս որ կը ցուցնէ մեկնիչը երկար աստուածաբանութեամբ՝ ընդդէմ Քաղկեդոնի, որ երկու բնութիւններու կը բաժնեն եւ ընդդէմ Նեստորի, որ դարձեալ երկուքի կը բաժնէ:
Հարցում. Ո՞րն է աւելի չար, ան որ բնութի՞ւնը կը բաժնէ, թէ՞ անձը:
Պատասխան. Ան, որ անձը կը բաժնէ, յայտնի չար է, իսկ ով որ բնութիւնը կը բաժնէ, գաղտնի չար է: Նախ՝ ան որ բնութիւնը, կամքը եւ գործը կը բաժնէ, այդպիսին անձն ալ կը բաժնէ: Երկրորդ՝ որովհետեւ անձը առանձինն առանց բնութեան միայն կոչումն է, ատոր համար ալ, ով որ կ՚ըսէ թէ միայն անձով միացած է եւ ոչ՝ բնութեամբ, անունով կ՚ըսէ միացած է եւ ոչ՝ էութեամբ: Եւ տե՛ս, ով որ մարմինէ Բանէն կը բաժնէ, թէ՛ բնութեամբ եւ թէ՛ անձամբ, մարմինը Աստուած չի՛ խոստովանիր: Իսկ եթէ միութեամբ Աստուած է, այդ ատեն զօրաւոր ու տկար չէ, այլ՝ միայն զօրաւոր, ո՛չ ալ հաւասար եւ անհաւասար, այլ միայն հաւասար, ո՛չ ալ ապականացու եւ անապական, ո՛չ ալ Տէր ու ծառայ, այլ՝ Բանն Աստուածը մարդացեալ մարմինով Տէր է, ու մարմինով՝ անապական, եւ մարմինով՝ Աստուծոյ Որդի, եւ մարմինով՝ Հօր հաւասար, ինչպէս յայտնապէս ցոյց կը տրուի Գիրք Հարցմանցին մէջ:
ՉԿԱՐԵՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Հաստատ գիտցէք, թէ Մարդու Որդին Ինքն Իրմէ ոչինչ կը կատարէ» (Յհ 5.19):
Մեկնութիւն. Չորս կերպով ընդդիմութեամբ կը լուծէ խօսքը. նախ՝ սքանչելիքները, որոնք գործեց, ու կրումները՝ որոնք կրեց, ասոնք Հօր մէջ տեսանելի չեն: Երկրորդ՝ որովհետեւ ըսաւ. «Իմ անձովս անձս կը դնեմ» (հմմտ. Յհ 10.18): Երրորդ՝ որովհետեւ բոլոր բանականները անձնիշխան են, ապա Քրիստոս հարկաւորութեան տակ չէ: Չորրորդ՝ որովհետեւ չկարենալը բազմաեղանակ է ու ոչ թէ պարզ մէկ կերպով, ինչպէս կ՚ըսէ Աստուածաբանը «Առ որս»1 աշխատութիւնը:
Հետեւաբար, երբեմն բարձրագոյնները ու երբեմն ալ նուաստագոյնները տնօրէնութեան համար կ՚ըսէ, ըստ ժամանակի կարիքներուն:
Դարձեալ, Որդիին չկարենալը այստեղ հինգ բան ցոյց կու տայ. նախ՝ երբ բարձրագոյներու մասին ըսաւ, հրեաները չարացան, այժմ՝ նուաստագոյնները կ՚ըսէ, անոնց բարկութիւնը նուազելու համար: Երկրորդ՝ չի՛ կրնար ընել, այսինքն՝ մեղք ու չարութիւն, ըստ այնմ. «Առանց Անոր ոչինչ եղաւ» (Յհ 1.3): Չորրորդ՝ ասով աւելի միակամութիւնը կը ցուցնէ, որովհետեւ Իր եւ Հօր կամքը մէ՛կ է, այդ պատճառով առանց Հօր ոչինչ կրնայ ընել: Հինգերորդ՝ որովհետեւ աստուածային զօրութեան կարողութեան ուրկէ առնելն է, իսկ Աստուածութիւն, ե՛ւ Տէրութիւն, ե՛ւ Իշխանութիւն, եւ այլն անձերուն յատուկ չեն, այլ՝ հաւասար Մէ՛կ Աստուածութեան, այդ պատճառով Որդին չի՛ կրնար առանց Հօր ոչինչ կատարել, ինչպէս որ ցոյց տրուեցաւ:
Խօսք. «Ինչ որ կը տեսնէ թէ Հայրը կը կատարէ» (Յհ 5.19):
Մեկնութիւն. Որպէս թէ ըսել, ձեզի կը թուի թէ Օրէնքը զանց կ՚ընեմ, իսկ ատիկա հնարաւոր չէ, որովհետեւ չեմ կրնար աստուածային ճշմարտութենէս շեղիլ, որ Հօր հետ ունիմ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 45
Վաղարշապատ
1 Սուրբ Գրիգոր Աստուածաբանին կը պատկանի այդ աշխատութիւնը: