ՏԷՐ ԶՕՐԷՆ ԳԵՐՄԱՆԻԱ. ԳԷՈՐԳ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ

Տէր Զօ­րը այ­սօր Ի­ՇԻՊ-ի երկ­րորդ մայ­րա­քա­ղաքն է: Նաւ­թով հա­րուստ այդ քա­ղա­քին մա­սին դժուար է տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ւա­քե­լը: Ճիշդ է, որ Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն տի­րա­պե­տել քա­ղա­քի մէկ հա­տուա­ծին վրայ, բայց եւ այն­պէս Տէր Զօր քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան մա­սե­րը եւ յատ­կա­պէս այդ նա­հան­գի գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րը դար­ձած են այս­պէս կո­չուած՝ Ի­ՇԻՊ-ի բոյն:  Ի­ՇԻՊ-ի դէմ կազ­մուած մի­ջազ­գա­յին դա­շին­քին հա­մար կա­րե­ւոր կէտ հա­մա­րուող այս քա­ղա­քը ներ­կայ պա­հու դրու­թեամբ դուրս կը մնայ «սպա­սուած» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու քար­տէ­սէն: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը վա­յե­լող ու­ժե­րուն տար­բեր բան­բեր­նե­րը կը խօ­սին Ռաք­քան ա­զա­տագ­րե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին ու տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով քննարկ­ման եւ խօ­սակ­ցու­թեան ա­ռանցք կը դառ­նայ «Ռաք­քան ինչ ձե­ւո­րով» ա­զա­տագ­րե­լու խնդի­րը:

Ի­րա­քեան Մու­սու­լի մէջ ար­ձա­նագ­րուած դէպ­քե­րէն ետք տե­ղե­կու­թիւն­ներ կան, որ Ի­ՇԻՊ իր հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը փո­խադ­րած է Ռաք­քա եւ նոյ­նիսկ ա­նոր ա­ռաջ­նորդ Ա­պու Պա­քըր Ալ Պաղ­տա­տին տե­ղա­փո­խուած է այդ շրջան: Սու­րիոյ մէջ ըն­թա­ցող զար­գա­ցում­նե­րու լոյ­սին տակ Տէր Զօ­րը Ռաք­քա­յէն ետք կը հա­մա­րուի Ի­ՇԻՊ-ին մա­հա­ցու հա­րուած մը տա­լու կա­րե­ւո­րա­գոյն թի­րախ­նե­րէն մին: Նախ ա­նոր հա­մար, որ քա­ղա­քը դար­ձած է ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման նիւ­թա­կան գլխա­ւոր աղ­բիւր (նաւ­թի շնոր­հիւ) եւ երկ­րորդ ա­նոր հա­մար, որ Տէր Զօ­րը այդ բջիջ­նե­րէն «մաք­րե­լով» կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ կազ­մա­քան­դել Ի­ՇԻՊ-ի տնտե­սա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը:

Տէր Զօ­րի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու լա­ւա­գոյն ձե­ւը մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան մը ներ­կա­յա­ցու­մը պի­տի ըլ­լար: Ու պա­տա­հա­կան չէ, այ­սօ­րուան «հե­րոս»ին ընտ­րու­թիւ­նը, որ իր աչ­քե­րը այդ­տեղ բա­նա­լէ, հոն հա­սակ առ­նե­լէ եւ վաղ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ա­մե­նէն պայ­ծառ օ­րե­րը հոն ապ­րե­լէ ետք այ­սօր դա­ժան պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով յայտնուած է՝ Գեր­մա­նիա: Գէորգ Մու­թա­ֆեան մէկն է այն հա­րիւ­րա­ւոր­նե­րէն, ո­րոնք Սու­րիոյ ար­դէն վեց տա­րի է ըն­թա­ցող ա­րիւ­նա­լի պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով եւ ի­րենց ան­ցեալն ու ու­նե­ցուած­քը «մոռ­նա­լու» գնով հե­ռա­ցան երկ­րէն, յոյս ու­նե­նա­լով ապ­րիլ խա­ղաղ եւ ա­պա­հով եր­կին­քի մը տակ:

Հա­յու ո­դի­սա­կան պի­տի ը­սեն շա­տե­րը, շա­տե­րը մօ­տիկ ան­ցեա­լին հետ զու­գա­հե­ռա­կան­ներ գծել պի­տի փոր­ձեն, շա­տեր պի­տի ափ­սո­սան եւ ու­րիշ­ներ Սու­րիա վե­րա­դառ­նա­լու յոյ­սով պի­տի կար­դան Գէոր­գին մա­սին: Սա­կայն փաս­տը մէկ է: Հա­յու­թեան ա­մե­նէն վառ գոյ­նե­րով ներ­կա­յա­ցող Սու­րիոյ հա­մայն­քը այ­սօր դար­ձած է գաղ­թա­կան: Մինչ կեն­դա­նու­թեան նշան­ներ կան Հա­լէ­պի, Դա­մաս­կո­սի, Լա­թա­քիոյ, Քե­սա­պի եւ նոյ­նիսկ Հոմ­սի մէջ, ան­դին Ռաք­քա­յի եւ Տէր Զօ­րի հայ­կա­կան հետ­քե­րը գրե­թէ ջնջուած են:

Ինչ կա­րե­լի է յու­սալ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պարզ չէ, սա­կայն յստակ է նաեւ, որ այս ծան­րա­գոյն եւ մեծ պա­տե­րազ­մի «ա­ւե­րակ­նե­րուն տակ» կ՚ապ­րի ու կը շնչէ մարդ­կա­յին փոքր եւ զգա­յուն պա­տում­նե­րու ե­րա­կը:

Ո՛­րը ա­մե­նէն ար­ժէ­քա­ւորն է, յատ­կա­պէս ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք մարդ­կա­յին կեան­քին, ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան եւ մար­դու էու­թեան հան­դէպ փոքր ինչ յար­գանք մը ու­նին:

Գէորգ Մու­թա­ֆեան մէկն է այդ ճա­կա­գի­րը ապ­րած հա­յոր­դի­նե­րէն, ա­հա՛ իր պատ­մու­թիւ­նը:

«Իմ մեծ­հայրս Ուր­ֆա­յի շրջա­նի Կար­մուճ գիւ­ղէն ե­կած է: Ե­րեք տա­րե­կա­նին ան հա­սած է Տէր Զօր: Հայրս ալ հոն ծներ, մեծ­ցեր, աշ­խա­տեր եւ օ­ճա­խը կա­ռու­ցեր է: Ես Հա­լէպ ծնած եմ, բայց ինք­զինքս Տէր Զօր­ցի կը զգամ»: Այս­պէս սկսաւ Գէորգ Մու­թա­ֆեա­նը պատ­մել իր մա­սին:

Ան ու­սա­նած է Ե­րե­ւան եւ 2008-2010 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ աշ­խա­տած է Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի թատ­րոն: Այդ տա­րի­նե­րը ան կ՚ա­նուա­նէ «ան­հոգ եւ հան­գիստ» տա­րի­ներ: Սա­կայն 2011-ին, ինչ­պէս բո­լոր սու­րիա­հա­յե­րուն, այն­պէս ալ Գէոր­գին եւ իր նման հա­զա­րա­ւոր­նե­րու կեան­քը փո­խուե­ցաւ: «2011-ին ար­դէն կը զգա­յի, թէ վի­ճա­կը լաւ չէ, սա­կայն եր­բեք չէի պատ­կե­րաց­ներ, որ այս աս­տի­ճա­նի պի­տի հաս­նի: Կ՚ու­զէի եր­թալ Հա­յաս­տան բան մը ը­նել, բայց ըն­տա­նիքս դէմ էր, մա­նա­ւանդ հայրս եւ հօ­րեղ­բայր­ներս: Ա­նոնց հա­մար, ի­րենց ծննդա­վայր՝ Տէր Զօ­րը, շատ մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր: Երբ Ի­ՇԻՊ գրա­ւեց Տէր Զօ­րը, ստիպուած ե­ղանք Հա­լէպ տե­ղա­փո­խուիլ, իսկ 2012-ի Սեպ­տեմ­բե­րը, երբ «Թէ­լէ­ֆոն Հաուա­յի» շրջա­նին մէջ ին­կած հրթիռ մը խլեց հօ­րեղ­բօրս՝ Վար­դան Մու­թա­ֆեա­նին կեան­քը»:

-Ի՞ն­չով կը զբա­ղէիք Տէր Զօ­րի մէջ:

-Մեր ըն­տա­նի­քի հիմ­նած ըն­կե­րու­թեան ա­նու­նը Moutafian Contracted Com­pany-ն էր: Մենք կը սպա­սար­կէինք այն ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կը զբա­ղէին նաւ­թա­հո­րե­րով: Ա­նոնց կը տրա­մադ­րէինք մե­քե­նա­ներ, վա­րորդ­ներ, գոր­ծիք­ներ, աշ­խա­տա­ւոր­ներ, ու­տե­լիք , ջուր եւ այլն:

-Շատ է՞ր Տէր Զօ­րէն ար­տադ­րուող նաւ­թին քա­նա­կը:

-Սու­րիոյ նաւ­թին 90 տո­կո­սը Տէր Զօ­րէն էր եւ քա­ղա­քը մի­ջին հա­շուար­կով օ­րա­կան 500 հա­զար տա­կառ նաւթ կ՚ար­տադ­րէր:

-Ե՞րբ հե­ռա­ցաք Տէր Զօ­րէն:

-Վեր­ջին ան­գամ Տէր Զօ­րէն դուրս ե­կանք 2012-ի սկիզ­բը: Նախ­քան այդ, քա­նի մը օ­րով Դա­մաս­կոս գա­ցի Օ­փե­րա­յի թատ­րո­նին մէջ հա­մերգ մը տա­լու: Շատ յա­ջող հա­մերգ էր եւ յոյ­սեր կա­յին աշ­խա­տիլ Դա­մաս­կո­սի՝ Օ­փե­րա­յի թատ­րո­նին մէջ, բայց դէպ­քե­րու ըն­թաց­քը գի­տէք։ Ին­չե­ւէ, երբ Տէր Զօր վե­րա­դար­ձայ, վի­ճա­կը ար­դէն վատ էր: Ընդ­դի­մա­դիր «Ա­զատ բա­նակ»ը մտած էր: Ցե­րե­կը ի­րա­վի­ճա­կը խա­ղաղ կ՚ըլ­լար եւ բա­խում­նե­րը կ՚ըլ­լա­յին գի­շե­րը: Ա­մէ­նու­րեք կրա­կո­ցի ձայն կը լսուէր: Ետ­քը վի­ճա­կը ա­ւե­լի վատ­թա­ցաւ եւ հրա­սայ­լե­րը քա­ղաք ներ­խու­ժե­ցին: Ժո­ղո­վուր­դը սկսաւ օր մը գոր­ծի եր­թալ, եր­կու օր չեր­թալ, օ­րեր ե­ղան ը­սին ու­տե­լիք ա­պա­հո­վե­ցէք, քա­նի որ քա­ղա­քը եր­կու-ե­րեք օր պի­տի շրջա­փա­կուի: Օր մըն ալ ը­սին, ամ­բողջ զօր­քը քա­ղաք պի­տի մտնէ, ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը դուրս պի­տի հա­նէ, ժա­մա­նա­կա­ւոր դուրս ե­լէք եւ ետ կը վե­րա­դառ­նաք: 2012-ի Փետ­րուա­րին ժո­ղո­վուր­դը սկսաւ դուրս գալ: Մենք Հա­լէպ գա­ցինք:

-Ամ­բո՞ղջ ժո­ղո­վուր­դը քա­ղա­քէն դուրս ե­լաւ:

-Ա­րաբ քրիս­տո­նեայ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը շրջա­նէն ա­ռա­ջին ել­լող­նե­րը ե­ղան: Մենք հինգ ինք­նա­շար­ժով ե­լանք: Ա­րաբ­ներն ալ ե­լան (նկա­տի ու­նիմ մահ­մե­տա­կան­նե­րը), բայց ա­մէն մարդ չկրցաւ ել­լել. մէկ մա­սը մնաց: Ով որ տուն, ազ­գա­կան կամ ըն­կեր ու­նէր սու­րիա­կան միւս քա­ղաք­նե­րուն մէջ, հոն գնաց: Ա­րաբ քրիս­տո­նեա­նե­րը եւ հա­յե­րը չվե­րա­դար­ձան: Ա­րաբ­նե­րէն ալ կա­յին, որ չվե­րա­դար­ձան:

Մենք գա­ցինք Հա­լէպ, ուր ար­դէն սպա­սո­ղա­կան վի­ճակ կը տի­րէր: Գրե­թէ ան­գործ էինք: Բո­լոր եւ­րո­պա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը հե­ռա­ցան Սու­րիա­յէն:

-Ի՞նչ ե­ղան ձեր ըն­կե­րու­թեան գրա-­սե­նեակ­նե­րու ու նաւ­թա­հա­նու­թեան մեծ սար­քե­րը Տէր Զօ­րի մէջ:

-Մենք կա­ռա­տուն (կա­րաժ­ներ) ու­նինք, գոր­ծիք­նե­րը հոն դրինք, իսկ գոր­ծա­ւոր­նե­րուն եր­կու ա­միս ամ­սա­կան տուինք, յոյս ու­նե­նա­լով, որ վի­ճա­կը կը շտկուի եւ կը վե­րա­դառ­նանք, բայց ետ­քը տե­սանք որ յոյս չկայ, բո­լո­րին ամ­սա­կան­նե­րը կե­ցու­ցինք եւ միայն չորս-հինգ գոր­ծա­ւոր, որ­պէս պա­հակ կար­գե­ցինք: Սա­կայն այս պա­հակ­նե­րը պի­տի կրնա­յի՞ն պաշտ­պա­նել մեր ու­նե­ցուած­քը: Բո­լոր գիւ­ղա­ցի­նե­րը ի­րենց պա­հած զէն­քե­րը հա­նե­ցին եւ սկսան յար­ձա­կիլ գրա­սե­նեակ­նե­րուն, խա­նութ­նե­րուն, կա­ռա­տու­նե­րուն վրայ եւ թա­լա­նել ա­մէն ինչ` ինք­նա­շարժ, գոր­ծիք­ներ, փոքր ու մեծ սար­քեր՝ ա­մէն ինչ…

-Ա­մէն ինչ թա­լա­նուե­ցա՞ւ ու­րեմն։

-Ա­յո՛, հա­մա­րեայ ա­մէն ինչ: Հա­լէ­պէն քիչ մը ապ­րանք կրցանք ծա­խել: 86 մեծ եւ փոքր գոր­ծիք­ներ ու­նէինք, 5-6 հա­տը Հա­լէ­պէն շատ ա­ժան գի­նե­րով կրցանք վա­ճա­ռել: Մնա­ցա­ծը, նկար­նե­րով տե­սանք, որ մեծ գոր­ծիք­նե­րուն մա­սե­րը քա­կած տա­րած են:

Միշտ ալ կ՚ը­սէի մե­րին­նե­րուն, որ օր մը պի­տի գայ դու­ռը պի­տի չկա­րե­նանք կղպել մեր ե­տե­ւէն: Այդ­պէս ալ ե­ղաւ:

-Այդ շրջա­նին տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նե­ցած ենք, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի սկիզ­բը, Տէր Զօ­րի նա­հան­գա­պե­տա­րա­նին մէջ, ինչ որ հայ­կա­կան ար­խիւ­ներ ոչն­չա­ցուած են։ Նոյ­նիսկ լսած ենք, որ ար­խիւ­ներ գող­ցուած են: Ճի՞շդ է այս տե­ղե­կու­թիւ­նը:

-Ես ալ լսած եմ նման բան մը, բայց փաս­տա­ցի բան չեմ գի­տեր: Սա­կայն ու­րիշ բան մը լսած եմ. «Ժապ­հաթ ալ նուս­րա»ն 2012-ին, երբ Տէր Զօր մտաւ, եր­կու ան­գամ «Սրբոց Նա­հա­տա­կաց» ե­կե­ղե­ցին հա­րուա­ծեց: Ա­ռա­ջին ան­գամ ե­կե­ղեց­ւոյ դրան եւ խո­րան­նե­րուն քով ռումբ դրուած էր, սա­կայն մեծ վնաս­ներ չէր պատ­ճա­ռած, ո­րով­հե­տեւ ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­քե­րը շատ զօ­րա­ւոր են: Ես ի­նը տա­րե­կան էի, եւ լաւ կը յի­շեմ, թէ որ­քան զօ­րա­ւոր հիմ­քե­րով պա­տե­ցին ե­կե­ղե­ցին: Երկ­րորդ ան­գամ,  երբ Ի­ՇԻՊ-ը Տէր Զօր մտաւ, օ­դա­նա­ւեր հրթիռ­ներ ար­ձա­կե­ցին ա­նոնց դիր­քե­րուն վրայ եւ այդ հրթիռ­նե­րու հե­տե­ւան­քով ալ ե­կե­ղե­ցին հիմ­նա­յա­տակ քան­դուե­ցաւ: Այս լու­րը ին­ծի փո­խան­ցեց ա­կա­նա­տես մը:

-Հի­մա հա­յեր կամ քրիս­տո­նեա­ներ կա՞ն Տէր Զօ­րի մէջ:

-Ո՛չ, ո՛չ: Մենք՝ հա­յերս քսան ըն­տա­նիք էինք եւ բո­լորս զի­րար լաւ կը ճանչ­նա­յինք: Հա­յե­րը, բո­լո­րը 2012-ին դուրս ե­կան: Ե­ղան ո­մանք, ո­րոնք 2013-ին, ի­րենց կեան­քը վտան­գե­լով, մէկ օ­րով գա­ցին Տէր Զօր, ի­րենց ու­նե­ցա­ծը առ­նե­լու` ինք­նա­շարժ, ոս­կի, դրամ:

Իսկ քրիս­տո­նեայ, կայ միայն մէկ ե­րի­տա­սարդ, որ Սու­րիոյ բա­նա­կի զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յողն է:

-Այդ տղուն հետ կրնա՞նք կապ հաս­տա­տել եւ խնդրել, որ­պէս­զի լու­սան­կա­րէ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին:

-Հնա­րա­ւոր չէ, ո­րով­հե­տեւ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին կը գտնուի Ի­ՇԻՊ-ի կող­մը եւ ան­կա­րե­լի է, որ հոն մէ­կը մօ­տե­նայ:

-Հի­մա ի՞նչ կը կա­տա­րուի հոն: Ին­չո՞ւ Տէր Զօ­րի պա­տե­րազ­մը կ՚եր­կա­րի:

-Պա­տե­րազ­մը կ՚եր­կա­րի, ո­րով­հե­տեւ հոն դեռ մեծ թի­ւով ա­հա­բե­կիչ­ներ կան: Տէր Զօ­րը եւ շրջա­կայ գիւ­ղե­րը, մին­չեւ Ի­րա­քի սահ­մա­նը Ի­ՇԻՊ-ի հսկո­ղու­թեան տակ են: Պե­տա­կան զօր­քը կը տի­րա­պե­տէ քա­ղա­քի միայն 20 առ հա­րիւ­րին, ո­րուն մէջ է նաեւ քա­ղա­քի օ­դա­կա­յա­նը:

-Ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ Տէր Զօ­րի մէջ: Դուք ինչ­պէ՞ս կը պատ­կե­րաց­նէք այդ քա­ղա­քի ա­պա­գան:

-Կը կար­ծեմ հար­ցը ար­դէն վեր­ջա­ցած է: Սու­րիան բաժ­նուե­լու վրայ է: Ա­սի­կա գրե­թէ ե­ղած է եւ ո­րո­շումն ալ տուած են: Հի­մա միայն մնաց, որ բարձ­րա­ձայն յա­տա­րա­րեն այդ մա­սին: Ա­մէն կողմ իր շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար կ՚եր­կա­րէ «այս պատ­մու­թիւն»ը:

-Ինչ­պէ՞ս հա­սաք Գեր­մա­նիա:

-Հօ­րեղ­բօրս մա­հա­նա­լէն ետք, 2012-ի Հոկ­տեմ­բե­րին, ամ­բողջ ըն­տա­նի­քով տե­ղա­փո­խուե­ցանք Լի­բա­նա­նի Այն­ճար հայ­կա­կան ա­ւա­նը: Այդ շրջա­նին, ես յա­ճախ Հա­յաս­տան կ’եր­թա­յի, ո­րով­հե­տեւ ըն­տա­նիքս` կինս եւ դուստրս Հա­յաս­տան տա­րած էի, կինս հա­յաս­տան­ցի է: Հօ­րեղ­բօրս քա­ռա­սուն­քէն եր­կու օր յե­տոյ, հօրս կո­ղը ցա­ւեր յա­ռա­ջա­ցան եւ բժշկա­կան քննու­թիւն­նե­րէ ետք, յայտ­նի դար­ձաւ, որ ան քաղց­կե­ղով հի­ւանդ է: Բժիշ­կը ո­րո­շեց վի­րա­բու­ժու­թիւն մ՚ը­նել եւ հե­ռաց­նել յայտ­նուած փոքր ու­ռուց­քը, բայց երբ վի­րա­հա­տե­լու հա­մար ո­րո­վայ­նը բա­ցին՝ տե­սան, որ ար­դէն հի­ւան­դու­թիւ­նը տա­րա­ծուած էր ա­մեն տեղ եւ ա­նի­մաստ է բու­ժե­լը: Հայ­րիկս շա­քա­րախ­տէ տա­ռա­պող մարդ էր. հի­ւան­դու­թիւ­նը ա­ռա­ջա­ցաւ հօ­րեղ­բօրս մա­հէն ետք, նե­ղու­թե­նէն: Հօ­րեղ­բայրս իր փոքր եղ­բայրն էր: Օ­րը քսան ան­գամ կու լար: Կը պառ­կէր աչ­քե­րը թաց, կ՚արթն­նար՝ աչ­քե­րը թաց:

Մեր տան­ջան­քի երկ­րորդ հանգ­րուա­նը կը սկսի Լի­բա­նա­նի մէջ: Կը տե­ղա­փո­խուինք Պէյ­րութ, հօրս բուժ­ման հա­մար: Ան­յոյս ձե­ւով քի­միա­կան դե­ղեր սկսանք տալ ա­նոր: Ան­յոյս, ո­րով­հե­տեւ բժիշ­կը ը­սաւ քի­միա­կա­նով ե­րեք ա­միս կ՚ապ­րի, իսկ ա­ռանց քի­միա­կա­նի` մէկ ա­միս: Այդ­պի­սի պա­րա­գայ մըն էր, որ կ՚ու­զէիր ա­մէն բան ը­նել, միայն թէ հայրս բու­ժուի: Այդ ձե­ւով հայ­րիկս տասն ա­միս պայ­քա­րե­ցաւ եւ ա­պա… մա­հա­ցաւ:

Շատ ծանր օ­րեր ան­ցու­ցինք: Պէյ­րու­թի պէս տեղ մը, ուր բժշկա­կան ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն չու­նիս մեծ ծախ­սեր պէտք է դի­մագ­րա­ւես: Մեր ու­նե­ցած դրա­մը հօրս բու­ժուե­լուն հա­մար ծախ­սե­ցինք:

Քոյրս Լի­բա­նան, Մա­րո­նիթ հա­մայն­քի մայ­րա­պետ է: Կ՚ապ­րի Ժը­պէյ­լի շրջա­նին մէջ: Ան մե­զի տար­բեր մի­ջոց­նե­րով օ­ժան­դա­կեց, սա­կայն հի­ւան­դա­նո­ցի ծախ­սե­րը շատ ծանր էին:

Ըն­տա­նիքս Հա­յաս­տան էր, երբ մենք Լի­բա­նան տե­ղա­փո­խուե­ցանք: Դժուար էր, ըն­տա­նիքս հոն, իսկ ես՝ Լի­բա­նան: Ո­ղոր­մած հայրս կ՚ը­սէր, «Գնա՛ ըն­տա­նի­քիդ քով», ես չէի կրնար: Չէի պատ­կե­րաց­ներ, որ զին­քը նոյ­նիսկ մէկ ժամ կրնամ ձգել, ո­րով­հե­տեւ ան հա­շուուած վայր­կեան­ներ կ՚ապ­րէր: Չէի ու­զեր նոյ­նիսկ մէկ վայր­կեան ինք­զին­քը տկար զգար: Ըն­տա­նիքս Լի­բա­նան տե­ղա­փո­խե­ցի եւ քա­նի մը ա­միս հոն մնա­ցին, ա­պա կրկին վե­րա­դար­ձան Հա­յաս­տան: Չու­զե­ցի, որ պզտիկ աղ­ջիկս հայրս այդ­քան տկար եւ այդ­քան կեր­պա­րա­փո­խուած ու «կոտ­րուած» տես­նէ:

-Ինչ­պէ՞ս բա­ցուե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ դու­ռը:

-2013-ի Օ­գոս­տո­սին, հօրս մա­հէն ա­ռաջ, ՄԱԿ-ի գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցե­րով զբա­ղող մար­մի­նը հի­ւան­դու­թիւն ու­նե­ցող սու­րիա­ցի­նե­րուն հա­մար Գեր­մա­նիոյ մէջ բու­ժում տրա­մադ­րե­լու ա­ռիթ ստեղ­ծած էր: Մենք ալ ա­ռա­ջին ար­ձա­նագ­րուող­նե­րէն էինք: Ինչ­պէ՛ս այդ­քան ա­րագ «ե­կէ՛ք» ը­սին, ես ալ չեմ գի­տեր: Փաս­տա­թուղ­թե­րը սկսանք պատ­րաս­տել: Մէկ շա­բաթ մնա­ցած էր թուղ­թե­րը վեր­ջաց­նե­լու` երբ հայրս մա­հա­ցաւ: Գա­ցի տե­ղե­կա­ցու­ցի, որ հայրս մա­հա­ցաւ: Ը­սին, այս պա­րա­գա­յին դուն չես կրնար եր­թալ: Իմ եւ հօրս վի­զան ջնջե­ցին: Այս­պէ­սով, 2014-ի սկիզ­բը, մայրս եւ քոյրս UN-ի օ­դա­նաւ­նե­րով Գեր­մա­նիա տե­ղա­փո­խուե­ցան:

Այդ ըն­թաց­քին, Լի­բա­նա­նի մէջ Մի­շէլ Ա­լէֆ­թէ­րեա­տի­սին հետ կ՚աշ­խա­տէի: Շատ մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­սայ: Ռու­սա­կան folk music կ՚եր­գէի: Շատ հա­մերգ­ներ տուինք: Հիւ­րա­խա­ղե­րով ե­ղանք Ա­րա­բա­կան ծո­ցի կարգ մը եր­կիր­նե­րու մէջ: Բա­ւա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ձեռք ձգե­ցի: Բայց անդ­րա­դար­ձայ, որ ըն­տա­նի­քէս հե­ռու մնա­լը ճիշդ չէ: Աղ­ջիկս ինձ­մէ հե­ռու կը մեծ­նար: Երկ­րորդն ալ երբ ծնաւ՝ հասկ­ցայ, որ ըն­տա­նի­քը մեծ­ցաւ եւ կնոջս վրայ բե­ռը ծան­րա­ցաւ: Գա­ցի Հա­յաս­տան: Սկսայ աշ­խա­տիլ: Ֆիլ­մա­շա­րե­րու մէջ փոր­ձե­ցի նկա­րա­հա­նուիլ: Գլուխս աջ ձախ զար­կի: Տե­սայ, որ յոյս չկայ: Տեղ մը հա­սայ, երբ սկսայ պարտ­քի դրամ առ­նել եւ այդ­պէս ապ­րիլ: Երբ պարտ­քով ապ­րիս կը նշա­նա­կէ, թէ դուն ճա­հի­ճի մէջ ես եւ կա­մաց կա­մաց կը խեղ­դուիս: Ստի­պուած, միակ փրկու­թիւ­նը Գեր­մա­նիան ե­ղաւ:

-Հի­մա հոն ի՞նչ կ՚ը­նես:

-Հի­մա լե­զու կը սոր­վիմ եւ կը փոր­ձեմ կա­պեր հաս­տա­տել:

Համ­պուր­կի մօտ կ՚ապ­րիմ: Հոս հա­րիւր հատ օ­փե­րա­յին թատ­րոն կայ, չհա­շուած մշա­կոյ­թի ու­րիշ կեդ­րոն­ներ: Համ­պուր­կը յայտ­նի է իր ե­րաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թով։ Ե­րա­զանքս էր Գեր­մա­նիա հաս­նիլ, նոյ­նիսկ, նախ­քան ա­մուս­նա­նալս, ո­րով­հե­տեւ, ինչ­պէս ֆութ­պո­լիս­տի մը հա­մար՝ սպա­նա­կան լի­կան, օ­փե­րա­յի եր­գի­չի հա­մար՝ գեր­մա­նա­կան օ­փե­րան:

-Հոն գաղ­թա­կան սու­րիա­հա­յեր կա՞ն:

-Ի հար­կէ կան: Հոն են իմ բա­րե­կամ­ներս՝ հօ­րաք­րոջս տղան, եր­կու հօ­րեղ­բայր­նե­րուս տղա­քը, հօ­րեղ­բօրս աղ­ջի­կը եւ ծնողքս: Տէր Զօ­րէն հայ եր­կու-ե­րեք ըն­տա­նիք կայ, նաեւ Հա­լէ­պէն քա­նի մը բա­րե­կամ­ներ կը ճանչ­նամ:

-Ի՞նչ կ՚ը­նեն, ինչ­պէ՞ս կ՚ապ­րին:

-Մարդ կայ լե­զուն կը սոր­վի, մարդ կայ ար­դէն «սթաժ» կ՚ը­նէ, որ­պէս­զի իր մաս­նա­գի­տու­թեամբ աշ­խա­տի: Օ­րի­նակ, ըն­կերս, Հա­լէպ բժիշկ էր, իսկ հի­մա ար­դէն հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ կ՚աշ­խա­տի:

-Սու­րիա­հա­յե­րը հոն կը հան­դի­պի՞ն ի­րա­րու։

-Ես վեց ա­միս ե­ղաւ որ հոն եմ: Սկիզ­բը շատ փոքր եւ խուլ գիւղ մը ղրկե­ցին զիս, ներ­կա­յիս, մէկ ա­միս ե­ղաւ, որ տե­ղա­փո­խուե­ցայ Համ­պուր­կի ա­րուար­ձան­նե­րէն մէ­կը: Կա­մաց կա­մաց սկսանք ոտ­քի կանգ­նիլ: ժա­մա­նակ չե­ղաւ հան­դի­պե­լու հա­յե­րուն հետ:

-Ժա­մա­նակդ ին­չո՞վ կը լե­ցը­նես:

-Շա­բա­թը հինգ օր դպրոց կ՚եր­թամ, կէ­սօ­րէ վերջ ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծերս վե­րա­քաղ կ՚ը­նեմ։ Քա­նի մը տեղ գա­ցի անվ­ճար եր­գե­ցի, ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եր­գե­ցի, երգ­չա­խում­բե­րու մէջ ալ եր­գե­ցի:

-Լաւ ըն­դու­նե­ցի՞ն:

-Շատ լաւ ըն­դու­նե­ցին: Յօ­դուած մըն ալ գրե­ցին իմ մա­սին:

-Ինչ­պէ՞ս ոտ­քի պի­տի ել­լես հոն քու ա­րուես­տովդ:

-Ը­սեմ, շատ տար­բե­րու­թիւն կայ Հա­յաս­տա­նի եւ Գեր­մա­նիոյ ե­րաժշ­տա­կան դպրո­ցին մի­ջեւ: Պի­տի փոր­ձեմ վո­քա­լի դա­սըն­թացք­ներ գտնել եւ գեր­մա­նա­կա­նը սոր­վիլ:

Բազ­մա­թիւ դժուա­րու­թիւն­ներ կան, բայց հոս ա­ւե­լի դիւ­րին է զէ­րո­յէն սկսի­լը: Հի­մա, կա­րե­ւո­րը, ըն­տա­նի­քիս հետ եմ: Բո­լորս ի­րա­րու հետ ենք:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017