ՀԱՑ, ՀԱԳՈՒՍՏ ԵՒ ԵՐԴԻՔ

Անդ­րա­նիկ այն հա­զուա­թիւ հա­յե­րէն էր, որ կը բնա­կէր Սու­րիոյ Տա­րաա քա­ղա­քը, ուր­կէ կայծ ա­ռած էր եր­կի­րին մղձա­ւան­ջը: Հայ­րը, որ եր­կա­թա­գործ մըն էր, գոր­ծի բե­րու­մով Դա­մաս­կո­սէն տե­ղա­փո­խուած էր Տա­րաա եւ հոն հաս­տա­տուած: Պա­տա­նի Անդ­րա­նիկ իր հօ­րը հետ աշ­խա­տե­լով, ձեռք ձգած էր ար­հես­տը եւ համ­բաւ շա­հած էր Տա­րաա­յի ու շրջա­կայ­քի մէջ, որ­պէս վար­պետ հա­յը՝ «Ա­լար­մա­ն»ի: Անդ­րա­նիկ ա­մուս­նա­ցած էր դա­մաս­կո­սաբ­նակ հա­յու­հի Մա­րիի հետ եւ ու­նէր ե­րեք մանչ եւ մէկ աղ­ջիկ զա­ւակ­ներ:

Սու­րիոյ տագ­նա­պին սաստ­կա­նա­լուն պատ­ճա­ռաւ, ան նախ կը փո­խադ­րուի Զահ­լէ, ա­պա Պուրճ Համ­ու­տի մօտ Նա­պաա շրջա­նը: Տուն, տեղ, խա­նութ, գործ եւ հարս­տու­թիւն ե­տին թո­ղած, ան սե­նեակ մը կը վար­ձէ, ուր իր ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րուն հետ կը բնա­կի: Անդ­րա­նի­կի տնտե­սա­կան վի­ճա­կը եր­թա­լով կը վատ­թա­րա­նայ: Կը փոր­ձէ որ­պէս եր­կա­թա­գործ պաշ­տօ­նեայ աշ­խա­տիլ, սա­կայն իր տա­րի­քին պատ­ճա­ռաւ զինք չեն ըն­դու­նիր: Պատ­րաստ էր ո­րե­ւէ գործ աշ­խա­տե­լու, միայն կա­րե­նար ըն­տա­նի­քը պա­հել: Ի վեր­ջոյ կը յա­ջո­ղի Պէյ­րու­թի ջա­ղաց­քի ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն մօտ գործ գտնել՝ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6-էն մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 4-ը: Շա­հած դրա­մով ան հա­զիւ բնա­կած սե­նեա­կին 250 տոլար վարձ­քը կը վճա­րէր, եւ իր ըն­տա­նի­քին պա­տառ մը հաց կը հայ­թայ­թէր: Աս­դին-ան­դին օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րու կը դի­մէր, կտոր մը հա­գուստ եւ քիչ մը ու­տես­տե­ղէն ա­պա­հո­վե­լու հա­մար:

Անդ­րա­նիկն ու ըն­տա­նի­քը սկսած էին հաշ­տուիլ ի­րենց նոր ի­րա­վի­ճա­կին հետ, սպա­սե­լով սու­րիա­կան կնճռոտ հար­ցի լու­ծու­մին: Տուն վե­րա­դար­ձի յոյ­սը կը մխի­թա­րէր խեղ­ճին սիր­տը: «Կրնամ վե­րա­դառ­նալ եւ ձեռ­քովս շի­նել տունս ու ան­գամ մը եւս գլուխս բարձր, պա­տուովս ապ­րիլ», կը մտա­ծէր ան: Անդ­րա­նի­կի փոք­րե­րը հա­յե­րէն չէին գի­տեր, այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ա­նոնք ի­րենց մօր հետ տու­նը կը մնա­յին: Ա­մե­նա­մեծ որ­դին թա­ղի նպա­րա­վա­ճա­ռին մօտ գործ գտած էր, ո­րու հա­սոյ­թով իր հօր ու­սին ծան­րա­ցած բե­ռը քիչ մը կը թե­թեւց­նէր: Անդ­րա­նիկ կը նա­խընտ­րէր, որ իր միւս զա­ւակ­նե­րը տու­նը մնան, քան թէ շա­ղուին շրջա­նի մա­նուկ­նե­րուն հետ: Ան ա­մէն սուղ գին պատ­րաստ էր վճա­րե­լու, որ­պէս­զի ա­պա­հով անց­նին այս «մի քա­նի օ­րե­րը», ինչ­պէս միշտ կը կրկնէր, սպա­սե­լով վե­րա­դար­ձի ա­զա­տա­րար օ­րուան: Բա­րե­կամ չու­նէր եւ ոչ ալ ազ­գա­կան: Վեր­ջա­պէս Տա­րաա­յի մէջ քա­նի՞ հայ կայ, եւ ե­ղած­նե­րէն քա­նի՞ն Լի­բա­նան են: Ա­մէն օր իր ըն­տա­նի­քին հետ նստած, զա­նոնք կը մխի­թա­րէր վե­րա­դար­ձի յոյ­սով եւ բո­լո­րին աչ­քե­րը դէ­պի այդ «լոյս ա­ռա­ւօ­տը» կը նա­յէին:

Օր մը Անդ­րա­նիկ կ՚ու­շա­նայ տուն վե­րա­դառ­նա­լու: Մա­րին կը մտա­հո­գուի: «Քիչ մը սպա­սեմ, ա­պա տղուս աշ­խա­տած նպա­րա­վա­ճա­ռի խա­նու­թէն ըն­կե­րու­թիւն հե­ռա­ձայ­նեմ», կը մտա­ծէ խեղճ կի­նը, ո­րով­հե­տեւ Անդ­րա­նիկ բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայն չու­նէր: Հա­զիւ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ը ե­ղած, յան­կարծ սե­նեա­կին զան­գը կը հնչէ: Մա­րիին միտ­քը կը սկսի պղտո­րիլ:Դու­ռը կը բա­նայ եւ ա­հա ա­մուս­նոյն գոր­ծըն­կեր­նե­րը: «Ի՞նչ կայ, ի՞նչ ե­ղաւ. Անդ­րա­նի­կը լա՞ւ է», կը հարց­նէ ան ա­ռանց բա­րե­ւե­լու: Գոր­ծըն­կեր­ները ի­րարու կը նա­յին, եւ կարճ լռու­թե­նէ ետք ա­նոնց­մէ մին կ՚ը­սէ. «Մա­տամ, Անդ­րա­նի­կը տուն վե­րա­դար­ձի ճամ­բուն վրայ դա­նա­կո­ծած են»: «Ո՞ւր է, ո՞ր հի­ւան­դա­նո­ցը...»: «Մա­տամ... Անդ­րա­նի­կը մե­ռաւ»: Մա­րի չդիմա­նա­լով կը մա­րի եւ գե­տին կ՚իյ­նայ: Վե­րա­դար­ձի ճամ­բուն վրայ, մի քա­նի ա­ւա­զակ­ներ կար­ծե­լով, որ խեղ­ճը դրամ ու­նի իր վրայ, դա­նա­կա­հար սպան­նած էին զինք:

Այս դէպ­քը ե­րէկ բա­րե­կամս պատ­մեց ին­ծի: Անդ­րա­նի­կի ըն­տա­նի­քի ո՛ւր ըլ­լա­լը յայտ­նի չէ ներ­կա­յիս: Մա­հէն ետք ան­տէր մնա­լով, ա­նոնք վե­րա­դար­ձած էին­Դա­մաս­կոս: Ո՞ւր եւ ո­րո՞ւ քով, ոչ ոք գի­տէ:

Անդ­րա­նիկ ա­ռանց դէմ­քի, մո­ռա­ցու­թեան է­ջե­րուն վրայ գրուած ա­նուն մըն է: Միակ փա­փաքն էր պա­տառ մը հաց, կտոր մը հա­գուստ եւ եր­դիք մը զինք ու ըն­տա­նի­քը պատս­պա­րող: Այս պարզ ցան­կու­թիւնն ալ շատ էր կար­ծէք: Ա­նոր բո­լոր ե­րազ­նե­րը գող­ցուած էին: Անդ­րա­նիկ կը մնայ գաղ­թա­կա­նի ի­րա­վի­ճա­կը ապ­րող շատ մը հա­յե­րու ցա­ւա­լի օ­րի­նա­կը:

ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

 

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016