Մալ­թա­յի Դրա­մա­տան Պաշ­տօ­նեան Կը Բա­ցա­յայ­տէ Ա­լիեւ­նե­րու Դրա­մատ­նա­յին Հա­շիւ­նե­րուն Փաս­տա­թուղ­թե­րը

Շա­րու­նա­կե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ տի­րող կա­շա­ռա­կե­րու­թեան մա­սին վեր­ջին եր­կու շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին մեր հրա­պա­րա­կած յօ­դուած­նե­րու շար­քը, այժմ կը փա­փա­քինք բա­ցա­յայ­տել գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ լրա­ցու­ցիչ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ՝ Մալ­թա­յի դրա­մա­տան մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րու գու­մար­նե­րուն մա­սին:

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ Մալ­թա­յի վար­չա­պետ Ժո­զէֆ Մուս­քաթ գտնուած է Ատր­պէյ­ճա­նի ֆի­նան­սա­կան գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րուն կեդ­րո­նը: Լոն­տո­նի «Կար­տիըն» թեր­թը ան­ցեալ շա­բաթ տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ Մուս­քա­թի կի­նը՝ Մի­շէլ, մեծ գու­մար­ներ ստա­ցած է նա­խա­գահ Ա­լիե­ւի դստեր՝ Լէյ­լա Ա­լիե­ւա­յի կող­մէ:

Մալ­թա­յի հե­տաքն­նող լրագ­րող Տաֆ­նէ Քա­րուա­նա Կա­լի­ցիա բա­ցա­յայ­տած է «վար­կե­րու ձե­ւով շարք մը վճա­րում­ներ, ո­րոնք ու­ղար­կուած են «Էկ­րանթ» (Փա­նա­մա­յի մէջ ար­ձա­նագ­րուած գաղտ­նի ըն­կե­րու­թիւն մը, որ կը պատ­կա­նի Մալ­թա­յի վար­չա­պե­տին կնոջ): Ա­մե­նէն մեծ գու­մա­րը՝ 1.07 մի­լիոն տո­լար, կ՚են­թադ­րուի, որ փո­խան­ցուած է ան­ցեալ տա­րուան Մար­տին: Ըստ պնդում­նե­րու՝ գու­մար­նե­րը փո­խան­ցուած են Pilatus-ի դրա­մատ­նա­յին հա­շի­ւէն, որ կը պատ­կա­նի Al Sahra FZCO-ի: Կ՚են­թադ­րուի, որ Al Sahra-ի սե­փա­կա­նա­տէ­րը Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վար Իլ­համ Ա­լիե­ւի դուստրն է», կը գրէ «Կար­տիըն»: Մուս­քաթ եւ իր կի­նը կը հեր­քեն, որ «Էկ­րանթ»ի հետ կա­պուած վճա­րում­ներ ստա­ցած են:

Յատ­կան­շա­կան է, որ Մալ­թա­յի նոր ե­լեկտը-­րա­կա­յա­նի բաժ­նե­տէ­րե­րէն մէ­կը Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան նաւ­թա­յին ըն­կե­րու­թիւնն է: Pilatus դրա­մատ­նա­յին հա­շիւ­նե­րէն մէ­կը Մալ­թա­յի ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Քոն­րատ Մի­ցիի ա­նու­նով է, իսկ միւ­սը նա­խա­գահ Ա­լիե­ւի դստեր՝ Լէյ­լա Ա­լիե­ւա­յի: Մի­ցի եւ Մալ­թա­յի վար­չա­պե­տի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Քիթ Շեմպ­րի «Փա­նա­մա­յի մէջ ար­ձա­նագ­րը-ւած եր­կու ըն­կե­րու­թիւն­ներ հիմ­նած են  2013-ին, պաշ­տօն ստանձ­նե­լէ չորս ա­միս անց: Եր­րորդ գաղտ­նի ըն­կե­րու­թիւ­նը՝ «Էկ­րանթ», ստեղ­ծուած է նոյն ժա­մա­նակ, մալ­թա­ցի միեւ­նոյն հա­շուա­պա­հին կող­մէ»: Վար­չա­պետ Մուս­քաթ եւ իր կի­նը 2014-ին հիւ­րըն­կա­լած են Ա­լիեւ­նե­րը, Մալ­թա կա­տա­րած ա­նոնց այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին:

2005-ին նա­խա­գահ Ա­լիե­ւի կի­նը՝ Մեհ­րի­պան Ա­լիե­ւա, որ վեր­ջերս իր ա­մուս­նոյն կող­մէ նշա­նա­կուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի փոխ-նա­խա­գահ՝ որ­պէս ա­նոր հնա­րա­ւոր ի­րա­ւա­յա­ջոր­դը, ծա­նօթ է իբ­րեւ Փա­նա­մա­յի UF Universe հիմ­նադ­րա­մի եր­կու ղե­կա­վար­նե­րէն մէ­կը, ըստ «Փա­նա­մա­յի փաս­տա­թուղ­թե­րու», ո­րոնք հրա­պա­րա­կուած էին Հե­տա-քըն­նող լրագ­րող­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէ (ICIJ): «UF Universe հիմ­նադ­րա­մը ամ­բող­ջա­կան վե­րահս­կո­ղու­թիւն ու­նէր ատր­պէյ­ճա­նա­կան AtaHolding դրա­մա­կան մեծ կու­տակ­ման վրայ: 2005-ին նա­խա­գահ Ա­լիե­ւի ե­րեք զա­ւակ­նե­րը, ի լրումն Ատր­պէյ­ճա­նի հար­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան ան­դամ­նե­րու, հռչակուե­ցան որ­պէս շա­հա­ռու­ներ… Բա­ցի այդ, Ա­լիե­ւի դուստ­րե­րը կը վե­րահս­կեն Փա­նա­մա­յի մէջ ար­ձա­նագ­րուած ըն­կե­րու­թիւն մը եւ եր­կու այլ ըն­կե­րու­թիւն­ներ՝ բրի­տա­նա­կան Վիր­ճի­նեըն կղզի­նե­րու մէջ: Փա­նա­մա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը զգա­լի բաժ­նե­տոմս ու­նի Ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հա­մախմբ­ման մէջ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ կը զբա­ղի ոս­կիի հան­քե­րու շա­հա­գործ­մամբ: Ա­լիե­ւի քոյ­րը միակ բաժ­նե­տէրն ու սե­փա­կա­նա­տէրն է բրի­տա­նա­կան Վիր­ճի­նեըն կղզի­նե­րուն մէջ 2005 Դեկ­տեմ­բե­րին ար­ձա­նագ­րուած ըն­կե­րու­թեան մը: Գրանց­ման փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ ա­նոր հաս­ցէն  նշուած է Լոն­տո­նի ա­րեւմ­տեան շրջա­նը, ուր տու­նե­րու մի­ջին գի­նը կը հաս­նի 9 մի­լիոն տո­լա­րի»:

2017 Մա­յիս 9-ին հրա­պա­րա­կուած յօ­դուա­ծի մը մէջ «Կար­տիըն» նաեւ տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը «բա­ցա­յայ­տօ­րէն պա­հան­ջած են (վար­չա­պետ Մուս­քա­թի) հե­ռա­ցու­մը՝ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան ա­ճող գայ­թակ­ղու­թեան, ա­նոր կնոջ ներգ­րա­ւուա­ծու­թեան, փա­նա­մա­կան գաղտ­նի ըն­կե­րու­թեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հի դստեր կող­մէ են­թադ­րեալ վճա­րում­նե­րու պատ­ճա­ռով: Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի Հե­տաքն­նու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վը Մուս­քա­թը հրա­ւի­րած է Սթրազ­պուր­կի նստա­վայ­րը՝ ի­րեն ուղ­ղուած մե­ղադ­րանք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ցուց­մունք տա­լու հա­մար, սա­կայն Մուս­քաթ մեր­ժած է հրա­ւէ­րը»:

Հե­տաքն­նող լրագ­րող Կա­լի­ցիա տե­ղե­կա­ցու­ցած է, թէ կին մը, որ աշ­խա­տած է որ­պէս Pilatus դրա­մա­տան սե­փա­կա­նա­տէր Սէ­յիտ Ա­լի Սատր Հա­շե­մի­նե­ժա­տի օգ­նա­կան, չհրկիզուող պա­հա­րա­նի մէջ յայտ­նա­բե­րած եւ պատ­ճէ­նա­հա­նած է Մի­շէլ Մուս­քա­թի ա­նու­նով ար­ձա­նագ­րուած դրա­մատ­նա­յին հա­շի­ւի ձե­ւա­կերպ­ման փաս­տա­թուղ­թե­րը: Օգ­նա­կա­նը յայտ­նած է լրագ­րո­ղին, որ՝ «ի­րեն տուած են ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ցանկ մը, թե­րեւս ութ կամ տա­սը ա­նուն, եւ ը­սած, որ պէտք է յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նէ ա­տոնց վճար­ման գոր­ծարք­նե­րուն: Ա­նոնց շար­քին էին՝ Willerby Inc.-ը, Tillgate Inc.-ը, Hearnville Inc.-ը, Egrant Inc.-ը եւ Al Sahra FZCO-ը», ըն­կե­րու­թիւն մը, որ կը պատ­կա­նի Լէյ­լա Ա­լիե­ւա­յին՝ նա­խա­գահ Ա­լիե­ւի դստեր՝ ըստ Times of Malta-ի: Օգ­նա­կա­նը ը­սած է, որ ինք տե­սած է դրա­մատ­նա­յին հա­շիւ­ներ բա­նա­լու պաշ­տօ­նա­թուղ­թե­րը: «Al Sahra FZCO-ի հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր տո­լար­նե­րու վճա­րում­նե­րը մշտա­պէս նշուած են որ­պէս վար­կա­յին վճա­րում­ներ եւ չեն փո­խան­ցուած Pilatus դրա­մա­տան մէջ պահ դրուած ա­նոնց հա­շիւ­նե­րուն, այլ փո­խան­ցուած են Տու­պա­յիի մէջ ու­նե­ցած հա­շիւ­նե­րուն… Ան­գամ մը, ը­սած է ան, դրա­մա­տան գլխա­ւոր գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ղան­պա­րի հրա­հանգ­ներ ստա­ցած է Հա­շե­մի­նե­ժա­տէն՝ մօտ 400 հա­զար տո­լա­րի գու­մար փո­խան­ցե­լու մալ­թա­ցի կնոջ մը, որ կ՚ապ­րի Նիւ Եոր­քի մէջ եւ ու­նի ոս­կեր­չա­կան գոր­ծարք: Այդ փո­խան­ցու­մը պէտք է նշուէր որ­պէս վար­կա­յին վճա­րում»:

Օգ­նա­կա­նը խոս­տո­վա­նած է, որ ինք դրա­մա­տան իր պատ­ճէ­նա­հա­նած փաս­տա­թուղ­թե­րը յանձ­նած է Մալ­թա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, քա­նի որ՝ «Ես այ­լեւս չէի կրնար հան­դուր­ժո­ղու­թեամբ կար­դալ այդ կեղ­ծիք­նե­րը, ժխտում­նե­րը եւ կի­սաճշ­մար­տու­թիւն­նե­րը: Այդ բո­լո­րը չա­փա­զանց շատ էին®»:

ՅԱ­ՐՈՒԹ ՍԱ­ՍՈՒ­ՆԵԱՆ

Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նեց՝ ՌՈՒ­ԶԱՆ­ՆԱ Ա­ՒԱ­ԳԵԱՆ
Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծեց՝ ՍԵ­ԴԱ ԳՐԻ­ԳՈ­ՐԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017