«ԵՍ ԱԹԷԻՍՏ ԵՄ…»

Այսօրուան համաշխարհայնացած աշխարհը մարդուն ընձեռած է «ազատակամութիւն»՝ առանց չափերու եւ առանց սահմաններու: Մարդիկ, սկսած են ունենալ իրենց սեփական սուրբ գիրքերը, սահմանադրութիւնները, բարոյագիրքեր, որոնք գրուած են իւրաքանչիւրին սեփական համոզումներուն եւ ակնկալիքներուն հիման վրայ: Այսօր, շատ յաճախ կը լսենք մարդու իրաւունքներ, խիղճի եւ կրօնքի ազատութիւն, եւ այլն, եւ այլն: Արեւմտեան պետութիւնները յատկապէս, որոնք կը ղեկավարուին մութ եւ անճանաչելի ուժերու կողմէ, յատուկ քաղաքականութիւն որդեգրած են այս ուղղութեամբ, եւ ամէն կերպ կ՚աշխատին մարդուն մէջ ոչնչացնել սեփական մտածելակերպը, ինքնուրոյն նկարագիրը, ազգային-հոգեւոր-մշակութային պատկանելիութիւնը, ու այս բոլորին փոխարէն մարդուն կ՚առաջարկեն ազատամտութիւն, հաւասարութիւն, եւ այլ բազմաթիւ «արժէքներ»:

Այս բոլոր դիւրութիւնները տեսնելով մարդը, բնականաբար իրեն համար պիտի փնտռէ կարճ եւ ո՛չ յոգնեցուցիչ ճանապարհը, որպէսզի հանգիստ եւ խաղաղ ապրի: Չէ՞ որ մէկ անգամ է, որ այս կեանքը ապրելու շնորհը տրուած է մարդուն: Չէ՞ որ մարդը մի՛շտ ալ փնտռած է դիւրին ճանապարհներ, հեզասահ միջոցներ, փայլուն հայելիներ, որպէսզի ինքզինք փաստէ եւ ինքզինք փորձ կատարելագործել եւ առանց աւելորդ դժուարութիւններու այս կեանքը ապրիլ:

Իսկ այս բոլորին հասնելու համար բնականաբար պատուիրաններ, օրէնքներ, բարոյական արժէքներ, հոգեւոր խրատներ ու ուղղութիւններ, ազգային ու մշակութային գանձեր աւելորդ են, եւ այս բոլորին փոխարէն մարդուն կը հրամցուի «ԵՍ»ի գերադասումը, սեփական «ԵՍ»ը ամէն բանէ առաջ ու վեր դասելը:

Մերօրեայ աշխարհը արդարեւ կարծէք, թէ գերի դարձած է այս եսապաշտութեան: Առաջին տողերուն մէջ ազատակամութիւնը չակերտներու մէջ դրած էի, որովհետեւ այսօրուան մարդը, որ կը պայքարի այսպէս կոչուած՝ իր «ազատակամութիւն»ը գտնելու համար, կը մոռնայ սակայն, որ ի՛նք այդ ազատակամութիւնը ի ծնէ ունի, որովհետեւ իր Արարիչը՝ Աստուած, զայն իրեն որպէս ձրի պարգեւ շնորհած է: Եւ ահա, այստե՛ղ կը կայանայ բուն խնդիրը, քանի որ անոնք որոնք մարդը կը տանին դէպի «ազատակամութեան» փնտռտուքը, այդպիսիները առա-

ջին հերթին կը փորձեն մարդուն մէջէն արմատախիլ ընել Արարիչի գաղափարը, եւ երկրորդ՝ իւրաքանչիւր արժէք որոնցմով մարդ ինքզինք կը զգայ որպէս մարդ, այդ արժէքներն է որ կը փոշիացնեն մարդու կեանքէն:

Այս ուղղութեամբ կան բազմաթիւ երեւոյթներ, զորս այսօրուան մարդը կը հետապնդէ հասնելու կամ կը փորձէ ինքզինք գտնել այդ երեւոյթներուն մէջ այն մտածումով, թէ իրեն համար ճիշդը այդ է: Այդ երեւոյթներէն մէկն է, օրինակի համար, աթէիստութիւնը, որու հետեւորդները յաճախ իրենք զիրենք կը սիրեն անուանել կամ կոչել՝ «ես աթէիստ եմ»:

«ԵՍ ԱԹԷԻՍՏ ԵՄ»:

Արտայայտութիւն, որ յաճախ մարդիկ կը կրկնեն, բայց շատ յաճախ նոյնինքն զայն կրկնողները չեն գիտեր ու չեն հասկնար իրենց ըսածին իմաստը:

«Ես աթէիստ եմ», այսինքն՝ ես անաստուած եմ: Հետաքրքրական է իմանալ, նման արտայայտութեան «հերոս»ները, ի՞նչ համարձակութեամբ նման արտայայտութեամբ հանդէս կու գան: Եթէ փորձենք պատասխան մը գտնել վերեւի հարցին, հետեւեալ մի քանի միտքերը կ՚ունենանք.

ա) Այս արտայատութիւնը ունեցողներուն զգալի մէկ տոկոսը, պարզապէս մթնոլորտ ստեղծելու, շրջապատին ուշադրութիւնը իր կողմ հրաւիրելու, բան մը ըսեմի հոգեբանութեամբ է, որ նման կերպ կ՚արտայայտուի: Երբ փորձենք հարց տալ անոնց, ինչո՞ւ աթէիստ էք, ի՞նչ են ձեր հիմնաւորումները, անպատասխան կը մնանք: Պատասխաններ բնականաբար շատ կ՚ըլլան, սակայն համոզիչ եւ տրամաբանական պատասխան՝ երբեք:

բ) Ուրիշ զգալի մէկ տոկոսը կեանքի մէջ իրենց ունեցած ձախողութիւններուն եւ դժուարութիւններուն պատճառով նման կերպ կ՚արտայայտուին, իրենց ձախողութիւններն ու դժուարութիւնները վերագրելով Աստուծոյ չգոյութեան: Այդպիսիները յաճախ հետեւեալ կերպ իրենք զիրենք կ՚արդարացնեն՝ ըսելով. «Եթէ Աստուած ըլլար՝ այսպէս չէր ըլլար», «Եթէ Աստուած գոյ ըլլար, այսքան դժուարութիւններու չէի հանդիպեր», «Եթէ Աստուած իրապէս գոյութիւն ունենար, այսքան դժբախտութիւններ տեղի չէին ունենար». ուրիշներ կ՚առարկեն ըսելով, թէ՝ «Աստուածաշունչին մէջ գրուած է, որ «Աստուած մարդոց փրկութիւնը կ՚ուզէ», եթէ այդպէս է, ինչո՞ւ այսքան դժուարութիւն, ինչո՞ւ այսքան ձախողութիւն, ինչո՞ւ այսքան այնտեղի մահեր»: Հարցումներուն շարանը շա՜տ երկար է, կը բաւարարուինք այսքանով:

գ) Ոմանք ալ խորանալով գիտութեան մէջ եւ անզգայացնելով իրենց տրամաբանելու առողջ ունակութիւնը, կը նիւթականանան, եւ առ այդ, կը փորձեն ամէն ինչ նիւթականացած կերպով տեսնել, այսինքն՝ շօշափելի, եւ որովհետեւ Աստուած աներեւոյթ եւ անշօշափելի է, հետեւաբար Ան գոյութիւն չունի, ըստ անոնց: Իսկ եթէ փորձէք անոնց բացատրել, որ Աստուած 2000 տարի առաջ մարդացաւ, մարդոց մէջ շրջեցաւ, եւ այլն, եւ այլն, դարձեալ գիտութեան «կը դիմեն», եւ իրենք իրենց համար իրենց ակնոցով չափած պատասխաններ ու արդարացումներ կու տան:

դ) Իսկ աթէիստներու ամենէն վտանգաւոր տեսակը անոնք են, որոնք Աստուծոյ հաւատալու դերին մէջ են, Աստուծոյ անունով կը խօսին, Աստուծոյ մասին կը քարոզեն, բայց իրականութեան մէջ, այսինքն՝ իրենք իրենց հետ երբ ըլլան, բարձրաձայն կ՚աղաղակեն՝ «ես աթէիստ եմ»: Այս տեսակը ամենէն ողբերգականն է, որովհետեւ եթէ բանի մը չես հաւատար, սակայն կը փորձես ուրիշներուն հաւատացնել տալ, նախ եւ առաջ խեղկատակութեան նման բան կ՚ըլլայ եւ երկրորդ ահաւոր ողբերգութիւն, որովհետեւ ինչպէ՞ս կարելի է կոյրը կոյրին առաջնորդէ:

ե) Խումբ մըն ալ կայ, որոնք անգիտակցաբար աթէիստի կարգավիճակին մէջ յայտնուած են: Այդպիսիները ամէն ինչ կը մերժեն եւ միայն իրենց համոզումներն ու հաւատալիքները յառաջ կը տանին: Այդպիսիները որեւէ բանի կամ ոեւէ մէկուն չեն հաւատար, այլ՝ կը հաւատան ստեղծուած այժմէական պայմաններուն կամ պարագաներուն: Այս խումբին պատկանողները այլ խօսքով, իրենց ստեղծած պայմաններուն է, որ կը հաւատան, կը մոռնան սակայն, որ այդ ստեղծուած պայմանները եւս արդիւնքն են իրենց չընդունած կամ մերժած ամէն ինչի Արարիչին:

Տակաւին աթէիստներու ուրիշ բազմաթիւ խումբեր ալ կան: Ինչ տեսակներ ալ ըլլան սակայն եւ քանի խումբերու ալ բաժնուած ըլլան անոնք, միեւնոյնն է, աթէիստ չկայ, որովհետեւ անոնք որոնք յոխոռտալով կը յայտարարեն, թէ իրենք աթէիստներ են, անպայմանօրէն իրենք իրենց համար աստուածներ հնարած են, որովհետեւ մարդ արարածը իր բնութեամբ, անկարելի է, որ ապրի առանց գերագոյն բանի մը, որու նկատմամբ հաւատք չունենայ: Այսպէս, անոնք որոնք «ես աթէիստ եմ» կ՚ըսեն, կամ դրամը իրենց համար աստուածացուցած են, կամ կեանքին մէջ գտած իրենց յաջողութիւնը, կամ միտքի պայծառութիւնը, կամ պաշտօնը՝ զոր կը վարեն, կամ ունեցուածքը, եւ կամ ալ՝ որ ամենէն վտանգաւորն է՝ իրենց իսկ եսը:

Աթէիստ չկայ: Սա՛ դատարկախօսութիւն է: Աւելի՛ն, անոնք որոնք «ես աթէիստ եմ» կ՚ըսեն, իրենց տկարութիւնն է՝ որ կը հրապարակեն համայն մարդկութեան: Աւելի՛ն, այդպիսիները իրենց ստրկամտութիւնն է, որ կը յայտնեն, որովհետեւ գերին դառնալով որեւէ մէկ երեւոյթի, կը վախնան դուրս գալ իրենց պատեանէն, կարծելով, որ այդ պատեանէն դուրս իրենց մա՛հ կը սպասէ: Իսկ իրենց արտայայտութիւնը, որ Աստուծոյ ուղղուած է, իրենց ձեւով մը փրկութեան միջոցն է, որովհետեւ իրենց խիղճին ձայնը լռեցուցած ըլլալով, չեն լսեր Աստուծոյ ձայնը, եւ բնականաբար իրենց բոլոր ձախողութիւններն ու դժուարութիւնները կը վերագրեն Աստուծոյ, որովհետեւ վստահ են ներքնապէս, որ այդպէս ըսելով զիրենք յանդիմանող պիտի չըլլայ, եւ իրենք զիրենք ապահով կը զգան: Սա՛ ալ վախի հետեւանք է:

Այնպէս որ դժուար է հաւատալ, թէ իրապէս աթէիստ ըսուած բան գոյութիւն ունենայ, որովհետեւ ամէն մէկը ինչ որ բանի կը հաւատայ: Իսկ աթէիստութիւնը տկարամիտներու եւ ստրկամիտներու վարդապետութիւնն ու ուսմունքն է: Արիները, առողջ խիղճ ունեցողները, ճշմարտութիւնը փնտռողները, երբեք այդ տկարութեան՝ «ես աթէիստ եմ»ի մէջ չեն իյնար: Քրիստոսով ապրող քրիստոնեաներն ու առանց Քրիստոսի ապրող քրիստոնեաները վստահաբար կարդացած են եւ գիտեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի պատուէրը, որ կ՚ըսէ՝ «եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, ամէն օր իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ» (Ղուկասու Աւետարան 9.23): Հետեւաբար, մարդուն համար դիւրին կեանք չկայ առանց Աստուծոյ ներկայութեան: Իսկ երբ Աստուած ներկայ է, դժուարութիւնը ներկայ ըլլալով հանդերձ՝ բացակայ է, որովհետեւ անիմաստ է եւ անպտուղ իր ներկայութիւնը Աստուծոյ զօրութեան դիմաց:

Գրիչ մը ըսած է. «Աստուծոյ մի՛ պատմեր թէ ինչքան դժուարութիւններ ունիս, այլ՝ դժուարութիւններուդ պատմէ թէ ինչքա՛ն մեծ է քու Աստուածդ»: Ինչքա՜ն ուսանելի է այս արտայայտութիւնը: Բոլոր անոնք որոնք «ես աթէիստ եմ» կ՚ըսեն, պահ մը թող կարդան վերեւի նախադասութիւնը եւ աշխատին համարձակութիւն ձեռք ձգել, կարենալ իրենց տկարութեան ըսելու, թէ՝ «ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԱ՛Յ, ԱՍՏՈՒԱԾ ԳՈ՛Յ Է»:

Ամփոփելով, կարդանք անյայտ հեղինակի մը կողմէ արձանագրուած հետեւեալ տողերը.

«Մարդ մը սափրիչի մը մօտ եկաւ։ Մազերը կտրած ժամանակ, սափրիչը կը խօսէր Աստուծոյ մասին։

Սափրիչը ըսաւ.-

-Ինչ ալ ըսէք ինծի, միեւնոյնն է, ես չեմ հաւատար թէ Աստուած կայ։

-Ինչո՞ւ, կը հարցնէ այցելուն։

-Բաւարար է փողոց ելլել, որպէսզի համոզուիս, թէ Աստուած չկայ։ Կը խնդրեմ, ըսէ՛ք, եթէ Աստուած կայ, ինչո՞ւ այսքան հիւանդ մարդիկ կան, այսքան անտուն ու փողոցային երեխաներ ու ծերեր։ Եթէ իրապէս Աստուած գոյութիւն ունենար, ապա այսքան ցաւ ու տառապանք չէր ըլլար։ Դժուար է պատկերացնել սիրող Աստուածը, որ թոյլ կու տայ, թէ այս ամէնը կատարուին։

Այցելուն մտահոգուեցաւ։

Երբ սափրիչը աւարտեց աշխատանքը, այցելուն առատօրէն վճարեց, առանց ոչ մէկ խօսք ըսելու սափրիչին։ Ապա, երբ փողոց ելաւ, տեսաւ չսափրուած ու մազերով լեցուն մարդ մը։ Այն ատեն այցելուն անմիջապէս վերադարձաւ սափրիչին խանութը, կանչեց սափրիչը պատուհանին մօտ, ցոյց տուաւ այդ մարդը ու ըսաւ.

-Սափրիչներ չկան այս քաղաքին մէջ...: Ու յարգանքով գլուխը կախեց եւ դուրս ելաւ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ, 22 Մայիս 2018

Հինգշաբթի, Մայիս 24, 2018