ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Կրկնապատուաստ. պատուաստին պահպանող զօրութիւնը երթալով կը նուազի, եւ 8-10 տարի ետք կը կորսուի, այնպէս որ 8-10 տարի առաջ պատուաստուածները կրնան ծաղիկով հիւանդանալ, ինչպէս չպատուաստուածները: Այս հիման վրայ, Եւրոպայի մէջ բազմաթիւ տեղեր կրկնապատուաստը պատուաստի նման ստիպողական է: Հետեւաբար, մանուկներուն առաջին պատուաստումէն ութ տարի ետք պէտք է դարձեալ ծաղիկ կտրել, մանաւանդ եթէ քաղաքին կամ գիւղին մէջ ծաղիկի հիւանդութիւն կայ: Այս պարագային խորհուրդ կու տանք երեխաներուն ծաղիկը կտրել, նոյնիսկ եթէ առաջին պատուաստումէն ետք ութ տարիէն քիչ անցած է: Պէտք է իմանալ, որ երկրորդ եւ հետեւեալ պատուաստները կրնան չբռնել. ատիկա կը նշանակէ, որ մանուկին կազմուածքը վարակիչ թոյնը չ՚ընդունիր: Այնպէս որ երկրորդ պատուաստումը եթէ բշտիկներ չի տար, ամէն պարագայի վարակումին դէմ ապահովութիւն է:

Ընդհանրապէս երեխաներուն զանազան վարակիչ հիւանդութիւններէն պահպանելը մօր ամենէն մեծ հոգերէն մէկը պէտք է ըլլայ:

Վարակիչ կամ տարափոխիկ հիւանդութիւնները անոնք են, որոնք մէկէն միւսին կ՚անցնին, այսինքն՝ հիւանդներէն առողջները կը վարակուին եւ այսպիսով հիւանդութիւնը տունէ տուն, գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք կը տարածուի, եւ նոյնիսկ կրնայ ամբողջ երկիրներ տարածուիլ:

Երեխան ենթակայ է այն բոլոր վարակիչ հիւանդութիւններուն, որոնք չափահասները կը հարուածեն, ինչպէս փորահարինքը (fiévre), բծաւոր տիֆը (typhus éxanthématique), խոլերան, ժանտախտը, կարմիր քամին (erisypéle), բայց կան շարք մը վարակիչ հիւանդութիւններ, որոնք մանկական տարիքին յատուկ են. ինչպէս՝ քութէշը, տիֆթերին, ծաղիկը, ջրծաղիկը, կարմրուկը, կապոյտ հազը, կրուպը:

Եթէ քաղաքին կամ գիւղին մէջ այս հիւանդութիւններու դէպքեր կան, անհրաժեշտ է երեխաներուն հսկողութիւնը կրկնապատկել: Գլխաւոր կէտը կը կայանայ անոր մէջ, որ ամէն տեսակի յարաբերութիւն արգիլուի՝ հիւանդին, զայն շրջապատողներուն եւ ընհանրապէս անոր տան հետ: Այդ տուներէն ո՛չ ոք պէտք է ընդունիլ եւ ո՛չ իսկ իրեր կամ որեւէ մէկ այլ բան: Եթէ տան մը ոեւէ մէկ անդամ հիւանդացած է, զայն անմիջապէս կա՛մ պէտք է հեռացնել տունէն (օրինակ՝ հիւանդանոց ղրկել), կամ բոլորովին առանձնացնել, այսինքն՝ առանձին սենեակի մը մէջ դնել եւ անոր հետ ամէն տեսակի հաղորդակցութիւն դադրեցնել: Եթէ հնարաւոր չէ այսպէս բաժնել հիւանդը առողջներէն (օրինակ՝ աղքատ տուներու կամ գիւղական խրճիթներու մէջ, որոնք մէկ հացատունէ բաղկացած են), այն ատեն առոջ երեխաները պէտք է տունէն հեռացնել, տանիլ զանոնք բարեկամի մը կամ ազգականի մը տուն եւ այնտեղ պահել մինչեւ հիւանդ երեխային առողջանալը: Այնպիսի ընտանիք պէտք է ընտրել, ուր երեխաներ չկան, այլ՝ մեծահասակներ են, այլապէս հիւանդութիւնը կրնայ այդ երեխաներուն մէջ ալ իյնալ:

Առանձնացուցած կամ տունէն հեռացուցած առողջ երեխաները կարելի է տուն վերադարձնել միայն այն ատեն, երբ հիւանդին առողջանալէն ետք նուազագոյնը տասն օր անցած է: Օրինակ մը առնենք.

Ընտանիքի մը մէջ երեք երեխայ կայ. անոնցմէ մէկը քութէշով կը հիւանդանայ. ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ, որ միւս երեխաները վարակումէ ազատ մնան: Եթէ կացարանը մի քանի սենեակներէ բաղկացած է, հիւանդը պէտք է առանձնացնել, այսինքն՝ զայն այնպիսի սենեակի մը մէջ պառկեցնել, որ կարելի ըլլայ ամբողջութեամբ բաժնել միւս սենեակներէն: Հիւանդին սենեակը այսպիսով առանձին մուտք պէտք է ունենայ, որպէսզի այնտեղ մտնողը եւ անկէ դուրս եկողը միւս սենեակներուն մէջէն չանցնի, ուր առողջները կը մնան: Ատկէ զատ, հիւանդը խնամողները (մայրը կամ ուրիշ կին մը) պէտք է ամէն տեսակի յարաբերութիւն կտրեն ընտանիքի միւս անդամներուն հետ: Եթէ ընտանիքը աղքատ է եւ հիւանդին առանձին սենեակ մը չի՛ կրնար տալ, կը մնայ առողջ երեխաները հեռացնել տունէն եւ այնպիսի տուն մը տանիլ, ուր երեխաներ չկան, այնպէս որ կացարանին մէջ մնայ միայն հիւանդը եւ զինք խնամողները:

Հիւանդը առողջանալէ 10-15 օր ետք (երբ քանի մը անգամ հիւանդը լոգցած է), զինք պէտք է մէկ անգամ ալ լաւ մը լոգցնել, մաքուր հագուստներ հագցնել եւ միւս սենեակ տանելով, ախտահանել հիւանդը, եւ անկէ ետք միայն տուն վերադարձնել հեռացուցած առողջները1:

Ահաւասիկ թէ ի՛նչ միջոցներ անհրաժեշտ են երեխաները վարակումէն փրկելու համար: Վստահ կրնանք ըսել, որ եթէ բոլոր ծնողները գիտակցօրէն եւ լուրջ կերպով հսկէին իրենց զաւակներուն վրայ, մահանալը այնքան սարսափելի չէր ըլլար, ինչպէս հիմա տեղի կ՚ունենայ մեր գաւառներուն մէջ, եւ վարակիչ հիւանդութիւնները մանուկներէն այսքան զոհեր չէին խլեր:

ԺԱ.

ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

Ֆիզիքական կրթութիւնը: Երեխան գրկելու, պառկած տեղէն վերցնելու կերպը: Խնամք լսողութեան ու տեսողութեան վերաբերեալ: Մտաւոր եւ բարոյական կրթութիւն: Ճիչի իմաստը: Նմանողական բնազդը: Վերջին խօսք:

Ընթերոցողին շատ տարօրինակ պիտի թուի այս վերնագիրը: Միթէ՞ կարելի է փոքր երեխաներու ֆիզիքական, մտաւոր կամ բարոյական կրթութեան մասին խօսիլ: Բայց ասիկա պէտք չէ մայրերը զարմացնէ.- մանուկին ֆիզիքական եւ նոյնիսկ բարոյական կրթութիւնը ծնած օրէն կը սկսի: Նորածին մանուկին ոսկորներուն եւ ողնաշարին ճիշդ պահպանումը, անոր ձեռքերուն, ոտքերու մկաններուն կանոնաւոր զարգացումը մեր առանձին ուշադրութիւնը պէտք է գրաւեն: Ծնոնղները պէտք է հսկեն երեխայի նստելուն, պառկելուն, կանգնելուն ու քայլելուն: Այս տեսակէտէն մայրերը միշտ կամ չափազանց անուշադիր են եւ ամէն ինչ դայեակներուն կը յանձնեն կամ ուրիշ աւելի մեծ երեխաներուն, կամ թէ ոչ, ընդհակառակը, չափազանց շատ կը փնթփնթան իրենց փոքրիկներուն վրայ եւ ո՛չ մէկուն չեն արտօներ ձեռք տալ անոնց, գրկել, նստեցնել: Շատեր, նոյնիսկ կ՚աշխատին սահմանափակել իրենց երեխաներուն ինքնուրոյն շարժումները:

Երեխան մինչեւ 3-4-րդ ամիսը անկարող կ՚ըլլայ ամուր պահել իր գլուխը եւ շարժել զայն զանազան կողմեր: Ասկէ կը հետեւի այն կանոնը, որ երբեք մանուկին գլուխը մինչեւ 4-րդ ամիսը պէտք չէ կախուած ձգուի գրկած ժամանակ, որովհետեւ վիզին մկանները տակաւին անզօր են գլուխը պահելու, եւ այս վերջինը վար կ՚իյնայ ու կրնայ եթէ ոչ մէկ բանի դպնալով վնասուիլ, գոնէ արիւնով կը լեցուի եւ ընդհանրապէս շատ անախորժ զգացողութիւններ պատճառել մանուկին: Հետեւաբար, մինչեւ յիշած տարիքը երեխան գրկած ժամանակ պէտք է գլուխին ուշադիր ըլլալ: Նոյն զգուշութիւնը անհրաժեշտ է լոգցնելու ընթացքին, ինչպէս մենք վերը ըսինք: Ինչպէս որ վիզին մկանները (միսերը) թոյլ են, նոյնպէս տկար են մարմինին միւս մասերուն մկանները (թեւերուն, ոտքերուն, ողնաշարին), հետեւաբար նոյն զգուշութիւնները անհրաժեշտ են նաեւ մարմինի միւս մասերուն վերաբերեալ: Ուրեմն, երեխան անկողինէն վերցուցած կամ գրկած ատեն, պէտք է այնպէս ընել, որ ողնաշարն ալ, թեւերն ալ, ոտքերն ալ նեցուկ ունենան, իսկ ատոր համար պէտք է մէկ ձեռքը գլուխին, վիզին ու թեւերուն տակէն անցընել, իսկ միւսը մէջքին տակի մասին ու ազդրերուն: Այստեղ անհրաժեշտ կը նկատենք զգուշացնել մայրերը այն սխալ կարծիքին դէմ, որ իբրեւ թէ պարուրը եւ ընդհանրապէս փաթաթնները մանուկին ողնաշարը եւ անդամները կը պաշտպանեն ծռումներէ: Երբեք պէտք չէ յոյս դնել փաթաթներուն վրայ, որոնք բնաւ չեն կրնար այնքան սեղմած պահել մանուկին մարմինը, որ ան անշարժ մնայ: Եւ ընդհանրապէս ցանկալի չէ, որ այդպէս ըլլայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 21

Վաղարշապատ


1 Ախտահանութեան մասին մենք խօսած ենք մեր միւս գրքոյկներուն մէջ՝ «Խոլերա» եւ «Ժանտախտ»:

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2023