ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
ՈՒԱԹ՚Տ ԱՅ ՍԷՅ - ՌԷՅ ՉԱՐԼԶ (WHAT'D I SAY - RAY CHARLES)
Պատահակութեան շնորհիւ ծնած այս երգը երիտասարդ ափրոամերիկացի երաժիշտի համար դարձաւ իսկական «յաջողութեան մեքենայ»։ Անիկա բարձ-րացուց արդէն յաջողութիւններ արձանագրած Ռէյը դէպի ամենաանհաւանական հորիզոններ եւ բերաւ մեծ հանրաճանաչութեան։ Երգը գրուեցաւ համերգներէն մէկուն ժամանակ, երբ ըստ համաձայնութեան, ան պիտի երգէր որոշակի ժամանակահատուած։ Համերգի աւարտին 12 վայրկեան կը մնար, իսկ ան արդէն սպառած էր իր ողջ երգացանկը։ Ի՞նչ ընել։ Պէտք է կրկին երգել արդէն երգուած երգերէն։ Այս միտքը հանդիսատեսը պիտի չհաւնէր։ Կարելի էր կատարել այլ երաժիշտներու երգեր։ Այս միտքն ալ բոլորովին հաճելի չէր Ռէյին համար։ Ան գտաւ իրեն բնորոշ լաւագոյն տարբերակը՝ մնացեալ 12 վայրկեաններու համար յանկարծաբանութեան միջոցով կատարել նոր ստեղծագործութիւն մը։ Այդպէս ալ ըրաւ։ Ան խնդրեց իրեն ձայնակցող երգչուհիներուն կրկնել իր ետեւէն այն բառերը, որոնք երգելու ժամանակ ինք ազդանշան կու տայ։ Ատիկա շատ ընդունուած փորձառութիւն էր Միացեալ Նահանգներու հարաւային շրջաններու բողոքական եկեղեցիներուն մէջ, ուր պատարագի ժամանակ հաւատացեալները քահանայի ետեւէն կը կրկնէին շարականի տողերը ողջ խումբով։ Ռէյ օգտագործեց այս սովորոյթը, զոր յետոյ յաճախ սկը-սան կրկնել այլ կատարողներ։
Հանդիսատեսը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեց նոր երգը։ Համերգի աւարտէն անմիջապէս ետք սկսան մօտենալ Ռէյին եւ հարցնել, թէ ուրկէ կարելի է ձեռք բերել երգի սկաւառակը։ Յաջորդող համերգներու ժամանակ ան դարձեալ կատարեց երգը։ Հանդիսատեսի արձագանգը ամէն անգամ նոյնն էր։ Ան որոշեց, որ երգը պէտք է ձայնագրուի։ Հեռաձայնեց «Աթլանթիկ Ռեքորտս» ձայնագրման արուեստանոց, որ անոր երգերու արտադրողն էր։ Արուեստանոցի տնօրէն Ճերի Ուեքսլըր մերժեց, մեկնաբանելով, որ երգը չափազանց երկար է։ Ռէյ երկար չերկմտեցաւ։ Անմիջապէս գտաւ ձայնասփիւռի կայան մը, որ համաձայնեցաւ ձայնագրել երգը եւ թողարկեց զայն։ «Աթլանթիկ Ռեքորտս»ը հասկցաւ, որ մեծագոյն սխալը գործած է, երբ երգը սկսաւ հնչել եթերներէն եւ հաւաքեց մեծ քանակութեամբ ունկնդիր։ Անոնք երգը մասնատեցին եւ թողարկեցին երեք երգէ բաղկացած շարքի ձեւաչափին մէջ։ Այս յապաղումը իրենց համար շատ սուղի նստաւ, որովհետեւ շուտով Ռէյին աւելի մեծ գումարով եւ աշխատանքային աւելի ազատ պայմաններով համագործակցութեան առաջարկ ըրաւ «Էյպիսի Ռեքորտս»ը։ Ռէյ բնականաբար ընդունեց այդ առաջարկը։
Ինչ կը վերաբերի երգին, այնուամենայնիւ, հակառակ անոր սիրուած ըլլալուն, գտնուեցան ձայնասփիւռի որոշ կայաններ, որոնք հրաժարեցան եթեր արձակել երգը երգիչի չափազանց «սեքսուալ ձայնի» պատճառով։ Շուտով մեծ աղմուկ բարձրացաւ այս երգի շուրջ։ Ձայնասփիւռի կայանները կ՚ըսէին, որ երգը անյարիր արտայայտութիւններ կը պարունակէ, իսկ երաժշտական խանութները կը պահանջէին ետ տանիլ սկաւառակները, ինչ ընել, «Աթլանթիկ Ռեքորտս»ը կը հրաժարէր։ Երգի մասին անգամ մը ամերիկացի այլ երգիչ մը՝ Պիլլի Ճոէլ ըսած է. «Ան այդ յանկարծաբանական խաղերը կ՚ընէր, հոգոցի կամ քմծիծաղի տեսքով։ Ալ չխօսինք պոռալու, ճչոցի ու տնքոցներու մասին»։ Ինքը, Ռէյ այս բոլորի մասին անգամ մը խօսեցաւ հետեւեալ ձեւով. «Մարդիկ ուղղակի խելագարուած էին. անոնք սիրած էին այդ «մմ՜մ»երն ու «նն՜ն»երը։ Իսկ յետոյ անոնք պարզապէս յայտարարեցին, որ անիկա անճաշակ եւ անյարիր է։ Բայց ի վերջոյ մենք բոլորս ալ գիտենք այդ «մմ՜մ»երու եւ «նն՜ն»երու մասին»։ Տարիներ ետք ան իր ինքնակենսագրական յուշերուն մէջ գրեց. «Ես հասկցայ, որ ձայնասփիւռի շատ մը կայաններ արգիլեցին այդ երգը՝ պարզապէս իմ սեւամորթ ըլլալուս պատճառով, որովհետեւ նոյն երգի սպիտակամորթ կատարողներու տարբերակաները հնչեցին եւ որեւէ արգելք չեղաւ։ Իմ տարբերակի վրայէն ալ հանեցին արգելքը։ Ինծի համար անիկա տարօրինակ թուեցաւ, որովհետեւ երբեք մտքովս չէր անցած, որ սեքսը կրնայ ըլլալ սեւ կամ ճերմակ»։
Երգը վերաերգեցին Էլվիս Փրեսլին, Քլիֆ Ռիչըրտը, Էրիք Քլեփթընը, Էտտի Քոքրենը, Նենսի Սինաթրան, Ռոյ Օրպիսընը, Ճոնի Քեշը եւ ուրիշներ։ Պիթլըզ խումբը կը կատարէր «համպուրկեան» բոլոր ելոյթներու ժամանակ։ Միք Ճակերը, Էրիք Պերտոնը կը պնդէին, որ երաժիշտ դառնալ իրենց ստիպած է նոյն այս երգը։
What’d I Say երգը կը մտնէ «Ռոլինկ Սթոուն» ամսագրի «Դարու մեծագոյն 500 երգերու» շարքին։ Ինպէս նաեւ անիկա կը հանդիսանայ ռոք ըն ռոլը ձեւաւորած 500 երգերէն մէկը։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ