ՇԱՏ ԱՇԽԱՏԻԼԸ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷ՞Տ Է

Ճիշդ է, որ արհեստագիտութիւնը եւ նոր գիւտերը առօրեայ աշխատանքը որոշ չափով դիւրացուցած են, սակայն ոեւէ անհատի համար ժամերով աշխատիլը ունի իր անպատեհութիւնները եւ վնասները, որոնցմէ խուսափելու համար մասնագէտներ ուսումնասիրութիւններ կ՚ընեն եւ առաջարկներ, միջոցներ կը ներկայացնեն: Ընդհանրապէս կը թուի, որ անընդհատ եւ շատ աշխատանքը արդիւնաւէտ չէ: Քափիթըլ կայքը այս առընչութեամբ հրապարակած է յօդուած մը:

*

ԱՒԵԼԻ ՆՈՒԱԶ ԱՇԽԱՏԵԼՈՒ ՍՏԻՊՈՂԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ

Երբ Միացեալ Նահանգներէն կամ Եւրոպայէն առաջին անգամ Հռոմ կ՚այցելէք, հին պատմական սիւներէն կամ մեծ տաճարէն աւելի, ամենէն շատ ձեզ կը տպաւորէ երեւոյթ մը. մարդիկ ոչինչ կ՚ընեն:

Յաճախ կը նշմարէք տան պատուհաններէն դէպի դուրս՝ մարդոց անցուդարձը դիտող ծեր կիներ, կամ ընտանիքներ՝ իրենց երեկոյեան շրջագայութիւններու ատեն, բարեկամներու բարեւելու համար յաճախ կանգ առնելով: Նոյնիսկ փաստուած է, որ գրասենեկային կեանքը տարբեր է: Մոռցէք գրասեղանին վրայ սանտուիչ մը հապճեպ բան մը ուտելը: Երբ ճաշի ժամը կու գայ, քաղաքի ճաշարանները կը լեցուին արհեստավարժներով, որոնք կը ճաշակեն պատշաճ ուտելիքներ:

Անշուշտ, այն օրէն, երբ Հռոմ այցելող 17-րդ դարու զբօսաշրջիկները սկսան գրել իրենց տեսածներուն մասին, օտարերկրացիներուն համար կարծրատիպ դարձաւ իտալական «անփութութիւն»ը: Եւ ատիկա միակ պատմութիւնը չէ: Նոյն ընկերները, որոնք իրենց սքութըրներուն վրայ տուն ուղղուեցան հաճելի ընթրիքի մը համար, գրասենեակ վերադարձան երեկոյեան ժամը ութին:

Հակառակ այս իրողութեան՝ ակներեւ հաւատքը, ծանր աշխատանքը հաւասարակշռելու իլ տոլչէ ֆար նիենթէ-ով (ոչինչ ընելու քաղցրութիւնը) տպաւորիչ է: Ի վերջոյ ոչինչ ընելը հակառակն է արդիւնաւէտ ըլլալուն: Եւ արդիւնաւէտութիւնը՝ ստեղծագործական, մտաւորական, թէ ճարտարարուեստական, մեր ժամանակի հիմնական օգտագործումն է: Սակայն երբ մենք կը լեցնենք մեր օրերը՝ աւելի եւ աւելի «ընելով», մեզմէ շատերը կը նկատեն, որ անընդհատ գործունէութիւնը, արտադրողականութեան փառաբանումը, աստուածացումը չէ: Ատոր հակառակորդն է:

Ըստ ուսումնասիրողներու, գործը, որ մենք կ՚արտադրենք 14-ժամեայ աշխատանքային օրուան աւարտին, ամենէն վատ որակը ունի, քան երբ մենք թարմ ենք: Աշխատանքի այս ձեւը նոյնպէս կը խաթարէ մեր ստեղծագործութիւնը եւ մեր հմտութիւնը: Ժամանակի ընթացքին մենք կրնանք ֆիզիքապէս հիւանդ զգալ, եւ նոյնիսկ կը կարծենք, որ նպատակ չունինք:

Ուսումնասիրողները կ՚ըսեն, որ ուղեղը շատ կը նմանի մկանի: Եթէ մնայուն աշխատանքով սխալ պայմաններ ստեղծուին, մենք շատ քիչ նուաճում կ՚արձանագրենք: Եթէ ճիշդ պայմաններ ստեղծուին, հաւանաբար կ՚ըլլան քիչ բաներ, որոնք չենք կրնար ընել:

ԸՆԵԼ ԿԱՄ ՄԵՌՆԻԼ

Թէեւ մեզմէ շատեր հակում ունին խորհելու, որ մեր ուղեղը մկան չէ, այլ՝ համակարգիչ. մնայուն աշխատելու ատակ մեքենայ մը: Ասիկա ոչ միայն ճիշդ չէ, այլ նաեւ մենք մեզ առանց դադարի չորս ժամուան աշխատանքի մղելը կրնայ վնասակար ըլլալ, կ՚ըսեն մասնագէտները:

Գիտնական, «Օթոփիլոթ» գիրքի հեղինակ Անտրիւ Սմարթ կ՚ըսէ. «Այն գաղափարը, որ դուք կրնաք անսահման ժամանակով լարել ձեր խոր կեդրոնացումը եւ արդիւնաւէտ ըլլալ, իսկապէս սխալ է: Այդ մէկը ինքզինք պարտութեան մատնել է»:

Ան կ՚աւելցնէ. «Եթէ դուք մնայուն կերպով այս վիճակին՝ «ճանաչողական պարտքի» մէջ կը դնէք, ուր ձեր բնախօսութիւնը կ՚ըսէ, որ դուք դադարի պէտք ունիք, բայց դուք կը շարունակէք ծանր աշխատիլ, դուք կ՚ենթարկուիք ցած մակարդակի ճնշուածութեան, որ մնայուն եւ շատ վտանգաւոր կրնայ դառնալ:

Ուսումնասիրութիւն մը բացայայտած է, որ երկար ժամեր աշխատիլը 40 առ հարիւրով կ՚աւելցնէ սրտի հիւանդութիւնները, գրեթէ ծխելու չափ (50 առ հարիւր): Այլ ուսումնասիրութիւն մը հաստատած է, որ երկար ժամեր աշխատող մարդոց սրտի կաթ-ւածի վտանգը զգալիօրէն բարձր է, իսկ օրական աւելի քան՝ 11 ժամ աշխատողները, հաւանական է, որ գրեթէ 2.5 անգամ աւելի ծանր ընկճախտ ունենան, քան՝ 7-8 ժամ աշխատողները:

Ճաբոնի մէջ ասիկա դարձած է մտահոգիչ երեւոյթ մը՝ քարոշի, կամ մահ՝ յաւելեալ աշխատանքի պատճառով:

Եթէ դուք ձեզի կը հարցնէք, թէ ասիկա կը նշանակէ՞, որ աւելի երկարատեւ արձակուրդի կարիք ունիք, պատասխանը կրնայ «այո» ըլլալ: Հելսինքիի մէջ պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը հաստատած է, որ գործարարներ, որոնք իրենց միջին տարիքին աւելի նուազ արձակուրդ կ՚առնեն, աւելի հաւանական է, որ կանուխ մահանան եւ ամենէն վատ առողջութիւնը ունենան իրենց ծերութեան:

ԱՐՏԱԴՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒՄ

Դիւրին է մտածել, որ արդիւնաւէտութիւնը եւ արտադրողականութիւնը ամբողջովին նոր յաճախանք են: Սակայն փիլիսոփայ Պերթրանտ Ռասըլ համաձայն պիտի չըլլար: «Կը պարզուի, որ քիչ մը հանգիստը հաճելի է, սակայն մարդիկ չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է անցընեն իրենց օրերը, եթէ իրենք օրական միայն 4 ժամ աշխատանք ունենան», գրած է Ռասըլ 1932-ին, եւ՝ աւելցուցած. «Այդ մէկը ճիշդ պիտի չըլլար որեւէ աւելի կանուխ ժամանակաշրջանի մէջ: Նախապէս տիրական էին թեթեւամտութիւնը եւ խաղը, որ որոշ չափով արգիլուած էր արդիւնաւէտութեան պաշտամունքով: Ժամանակակից մարդը կը կարծէ, թէ ամէն ինչ պէտք է կատարուի յանուն այլ բանի մը, եւ բնաւ՝ իրեն համար»:

Ուրեմն աշխարհի ամենէն հեղինակաւոր, ստեղծագործ եւ արդիւնաւէտ մարդոց որոշ մէկ մասը հասկցած է աւելի քիչ ընելու կարեւորութիւնը: Անոնք ունին ուժեղ աշխատանքային բարոյականութիւն, բայց նոյնպէս նուիրուած են հանգիստին եւ խաղին:

«Աշխատեցէ՛ք միայն մէկ բանի վրայ, մինչեւ որ ատիկա աւարտի», գրած է արուեստագէտ եւ գրող Հենրի Միլլըր՝ իր գրելու մասին 11 պատուիրաններուն մէջ: «Կեցէ՛ք ճշդուած ժամանակին… Մարդկային մնացէք: Մարդիկ տեսէ՛ք, տեղեր գացէ՛ք, խմեցէ՛ք, եթէ փափաք կը զգաք»:

Նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու հիմնադիր հայրը՝ Բենիամին Ֆրանքլին, աշխատասիրութեան տիպարը, իր ժամանակէն մեծ հատուածներ նուիրեց պարզապէս ոչինչ ընելու համար: Ամէն օր ան երկու ժամ ճաշի դադար ունէր, բարեկամներու հետ՝ ազատ երեկոներ, եւ ամբողջ գիշերը կը քնանար: Իր ասպարէզին մէջ՝ իբրեւ տպագրիչ, որ վճարած է իր պարտքերը, անդադար աշխատելու փոխարէն՝ ան «հսկայական ժամանակներ» յատկացուցած է իր նախասիրած գործունէութեանց (հոպի) համար: Փաստօրէն այն հետաքրքրութիւնները, որոնք զինք հեռացուցին իր հիմնական մասնագիտութենէն, յանգեցուցին անոր, որ ան յայտնի դարձաւ՝ հնարելով այնպիսի հրաշալի բաներ, ինչպէս՝ Ֆրանքլինի վառարանը եւ շանթարգելը:

Նոյնիսկ համաշխարհային մակարդակի վրայ յստակ առնչութիւն մը չկայ երկրի մը արդիւնաւէտութեան եւ աշխատանքի միջին ժամերու, տեւողութեան միջեւ: Շաբաթական 38,6 աշխատանքային ժամով, օրինակ, Միացեալ Նահանգներու մէջ միջին աշխատաւոր մը 4,6 ժամ աւելի կ՛աշխատի Նորվեկիոյ միջին գործաւորէ մը: Բայց Gross Domestic Product-ի արդիւնքով, Նորվեկիոյ աշխատաւորները ժամական կը ստանան 78,70 տոլար, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ 69,60 տոլար:

Ինչ կը վերաբերի Իտալիոյ, միջին հաշուով 35,5 ժամուան աշխատանքային շաբթուան ընթացքին այդ երկիրը ժամական 40 առ հարիւրէն աւելի կ՛արտադրէ, քան Թուրքիան, ուր մարդիկ շաբաթական միջին հաշուով 50 ժամ կ՛աշխատին:

Կը թուի, թէ սուրճի բոլոր այս դադարները կրնան շատ ալ գէշ չըլլալ:

ՈՒՂԵՂԻ ԱԼԻՔ

Մենք ութ ժամուան աշխատանքի օր ունինք, որովհետեւ ընկերութիւնները նկատած են, որ աշխատաւորներուն ժամերը նուազեցնելը իրենց ակնկալածին հակառակ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ. այդ իրողութիւնը կը բարձրացնէ անոնց արտադրողականութիւնը:

Արհեստագիտական յեղափոխութեան ընթացքին 10-16 ժամուան աշխատանքը բնականոն էր:

Ֆորտը առաջին ընկերութիւնն էր, որ փորձեց 8 ժամուան աշխատանքային օր եւ բացայայտեց, որ աշխատաւորները ոչ միայն ժամական, այլ ընդհանրապէս աւելի արտադրողական են: Երկու տարուան մէջ ընկերութեան եկամուտը կրկնապատկուեցաւ:

Եթէ ութ ժամուան աշխատանքային օրերը աւելի լաւ են, քան՝ 10 ժամուանները, կրնա՞յ ըլլալ, որ աւելի նուազ ժամով աշխատանքը նոյնիսկ աւելի լաւ ըլլայ: Թերեւս:

Քառասուն տարեկանէն վեր մարդոց համար ուսումնասիրողները գտած են, որ շաբաթական 25 ժամուան աշխատանքը լաւագոյնն է, մինչ Շուէտ, երբ վերջերս փորձեց 6 ժամուան աշխատանքային օր, գործաւորներուն առողջութիւնը բարելաւուեցաւ եւ արտադրողականութիւնը աւելցաւ:

Բնականաբար մեծ նշանակութիւն ունի այն, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կը վարուին աշխատանքային օրուան ընթացքին:

Բրիտանիոյ մէջ ուսումնասիրութիւն մը հաստատած է, որ մարդիկ 8 ժամուան աշխատանքային օրուան մը մէջ արդիւնաւէտ են միայն 2 ժամ եւ 53 վայրկեան: Մնացեալ ժամանակը մսխուած է՝ ընկերային ցանցերուն հետեւելով, լուրեր ընթերցելով, պաշտօնակիցներու միջեւ աշխատանքին հետ կապ չունեցող խօսակցութիւններով, ուտելով եւ նոյնիսկ նոր գործեր փնտռելով:

Մենք կրնանք կեդրոնանալ նոյնիսկ աւելի կարճ ժամանակամիջոցի համար, երբ մենք կը ձգտինք մեր կարելիութիւններու գագաթնակէտին:

Ըստ Սթոքհոլմի համալսարանի ուսումնասիրողներուն, երբ ներգրաւուած էք «զգուշաւոր աշխատանքով», որուն համար անհրաժեշտ է իսկական հմտութիւն, պետք է աւելի շատ դադարներ առնենք: Մարդոցմէ շատեր կրնան միայն ժամ մը աշխատիլ՝ առանց հանգիստ ընելու: Եւ բազմաթիւ ընտրեալներ՝ երաժիշտներ, հեղինակներ եւ մարզիկներ, երբեք մնայուն կերպով օրական հինգ ժամէն աւելի չեն յատկացներ իրենց աշխատանքին:

Անոնցմէ ոմանք սովորութիւն ունին օրուան ընթացքին մրափելու, որ կ՛ապաքինէ ուղեղը եւ մարմինը:

Այլ ուսումնասիրութիւններ նոյնպէս գտած են, որ աշխատանքէ մը կարճատեւ դադարներ առնելը օգնած է մասնակցողներուն՝ իրենց կեդրոնացումը պահելու եւ բարձր մակարդակի վրայ շարունակելու աշխատանքը: Դադարներ չառնելը հակառակ արդիւնքը տուած է:

ԳՈՐԾՈՒՆ ՀԱՆԳԻՍՏ

Բայց «հանգիստ»-ը, ինչպէս կարգ մը ուսումնասիրողներ կը նշեն, անպայման լաւագոյն բառը չէ մեր ըրածին համար, երբ մենք կը մտածենք, որ ոչինչ կ՛ընենք:

Ուղեղին այն մասը, որ կ՛աշխատի, երբ դուք «ոչինչ» կ՛ընէք, որ կը կոչուի լռակեաց դրութեան ցանց, կարեւոր դեր կը խաղայ յիշողութեան ամրապնդման եւ ապագան նախատեսելու մէջ: Անիկա նոյնպէս ուղեղի այն հատուածն է, որ գործունեայ կը դառնայ, երբ մարդիկ ուրիշներ կը դիտեն՝ իրենք իրենց մասին մտածելով, բարոյական դատողութիւններ ընելով, կամ այլ մարդոց զգացումները վերամշակելով:

Այլ խօսքով, եթէ այս ցանցը անջատուի, չգործէ, մենք դժուարութիւն պիտի ունենանք՝ յիշելու, նախատեսելու հետեւանքները, քայլ պահելու ընկերային փոխադարձ ազդեցութիւններուն հետ, հասկնալու մեր ներքինը, գործելու բարոյապէս կամ գործակցելու ուրիշներուն հետ. բոլոր բաները, որոնք մեզ գործունեայ կը դարձնեն ոչ միայն աշխատավայրին, այլ կեանքին մէջ:

«Ատիկա ձեզի կ՛օգնէ կացութիւններու աւելի խոր կարեւորութիւնը ճանչնալու: Կ՛օգնէ ձեզի իմաստալից բաներ ընելու: Երբ դուք չէք հասկնար իմաստալից բաներ, դուք պարզապէս կ՛արձագանգէք եւ կը գործէք այդ պահուն, եւ դուք ենթակայ կ՛ըլլաք իմացական եւ զգացական բազմատեսակ յոռի վերաբերմունքի եւ համոզումներու», կ՛ըսէ Հարաւային Քալիֆորնիա համալսարանի դասախօս Մարի Եանկը: Ան կ՛աւելցնէ. «Մենք նոյնպէս չենք կրնար նոր գաղափարներ յղանալ, նոր կապեր ստեղծել: Արքիմիտեսի նման՝ ձեր վերջին լաւ գաղափարները, միտքերը կրնաք ունենալ, երբ լոգարանին մէջն էք, եւ ատոր համար շնորհակալ պէտք է ըլլաք ձեր հանգիստին»:

Հաւանաբար ամէնէն կարեւորը այն է, որ եթէ մենք դադար չառնենք եւ մեր ուշադրութիւնը դէպի ներս չդարձնենք, կը կորսնցնենք երջանկութեան կենսական տարրը:

«Մենք շատ անգամ կ՛ընենք անիմաստ բաներ: Երբ դուք կարողութիւնը չէք ունենար աւելի ընդարձակ հարցերու մէջ ծաւալելու ձեր գործողութիւնները, ժամանակի ընթացքին անոնք անիմաստ, դատարկ կը դառնան եւ, աւելի լայն առումով, առնչուած չեն ըլլար ձեզի: Եւ մենք գիտենք, որ ժամանակի ընթացքին նպատակ չունենալը առնչուած է հոգեբանական եւ ֆիզիքական լաւ առողջութիւն չունենալուն:

Զարմանալիօրէն դժուար է դադարի ատեն ոչինչ ընելը: 11 տարբեր ուսումնասիրութիւններ բացայայտած են, որ մասնակցողները կ՛ուզեն անպայման բան մը ընել, նոյնիսկ՝ իրենք զիրենք վիրաւորելու գնով, փոխանակ բան մը չընելու: Լաւ լուրը այն է, որ պէտք չունիք ոչինչ ընելու՝ օգուտները քաղելու համար: Կարելի է մտածել հարցի մը կամ գաղափարի մը մասին:

«Փաստօրէն, որեւէ բան, որ կը պահանջէ երեւակայութիւն, կամ հարց մը քննարկել ընկերներու հետ, կամ կորսուիլ լաւ գիրքի մը մէջ, նոյնպէս կրնայ օգնել», կ՛ըսէ Եանկ եւ կը շարունակէ. «Եթէ դուք պարզապէս կը նայիք գեղեցիկ լուսանկարի մը, ատիկա պարզ է: Բայց երբ կը կեդրոնանաք եւ կը սկսիք մտածել, թէ ինչո՛ւ լուսանկարին մէջ եղող անձը այդպէս կը մտածէ, եւ կը շինէք պատմութիւն մը անոր շուրջը, դուք վերեւ նշուած ցանցերը կ՛աշխատցնէք»:

Նոյնպէս շատ ժամանակ չի պահանջեր մնայուն աշխատանքի, գործողութիւններու վնասակար հետեւանքները վերացնելը: Երբ չափահասները եւ երեխաները չորս օրուան համար միասին ղրկուած են բացօթեայ վայրեր՝ առանց իրենց բջիջային սարքերուն, յանձնարարուած աշխատանքի մը մէջ անոնց ստեղծագործական եւ խնդիր լուծելու կարողութիւնները 50 առ հարիւրով բարելաւուած են: Նոյնիսկ միայն, նախընտրաբար դուրսը, կարճատեւ քալել մը փաստուած է, որ յատկանշականօրէն կ՛աւելցնէ ստեղծագործական կարողութիւնը:

«ԹԱՅՄ ԱՈՒԹ»

Անկախ անկէ, որ 15 վայրկեան կը հեռանանք գրասեղանէն կամ ամբողջ գիշերը դուրս կու գանք մեր համակարգիչէն, համացանցէն, մեր պայքարի մէկ մասը հակակշիռի տակ պահել, վերահսկելն է վախը, որ եթէ մենք պահ մը հանգստանանք, ամէն բան կը կործանի, կ՛աւարտի:

«Ատոնք բոլորը սխալ են», կ՛ըսէ բանաստեղծ Ճեն Ռոպինսընը: «Փոխաբերութիւնը, որ ես կ՛ուզեմ գործածել, կրակն է: Մենք կը սկսինք առեւտրական գործ մը, եւ ապա տարի մը ետք կը մտածենք, թէ ե՞րբ կրնանք շաբաթ մը արձակուրդ առնել, կամ վարձել մէկը, որ գայ ու ընէ գործը: Մեզմէ շատեր չեն վստահիր, որ այդ եկողը կրնայ մեր գործը ընել: Մենք նման ենք՝ կրակը պիտի մարի: Ի՞նչ կը պատահի, եթէ մենք համոզուինք, որ այդ մոխիրները շատ տաք են, մենք կրնանք որոշ ատեն հեռանալ, մէկը կրնայ կոճղ մը նետել եւ անիկա պիտի բռնկի»:

Այս մէկը դիւրին չէ մեզմէ անոնց համար, որոնք այնպէս կը զգան, որ միշտ պէտք է «ընեն»: Բայց որպէսզի աւելին կարելի ըլլայ ընել, կը թուի, թէ մենք պէտք է հանգիստ զգանք՝ աւելի նուազ ընելով:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2019