ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ

Յաճախ կ՚ըսենք «Եթէ քարերը լեզու ունենային» կամ «Ուշադրութիւն՝ պատերը ականջ ունին»։

Այնպէս կ՚երեւի, որ մեր դասարանին պատերը ո՛չ լեզու ունէին՝ ո՛չ ալ ականջ… Լաւ որ չունէին եւ բան չփսփսացին ինծի, որովհետեւ եթէ ունենային՝ այս բանաստեղծութիւնը պիտի չգրուէր։

Այո՛, պիտի չգրուէր, որովհետեւ դպրոցը աւարտելէս տասնեւչորս տարի ետք միայն գիտցայ այդ մասին, այդ ալ ո՛չ քարերէն եւ ոչ ալ պատերէն…

Ուսուցչուհի եմ։ Դասապահերս աւարտած դպրոցէն տուն կը բարձրանամ, դրացուհի մը հեռուէն ձեռքով-ոտքով նշան կ՚ընէ, որ աճապարեմ. «Դասընկերդ եկած է, կ՚ըսեն, որ մասնաւոր քեզի համար եկեր է Ամերիկայէն»։

Աստուած իմ ո՞ր դասընկերս եւ դրացուհիս ուրկէ՞ գիտէ, որ մասնաւոր ինծի համար եկած է։ Ա՜խ, մեր վանքին պատերը ե՛ւ ականջ ունին ե՛ւ լեզու։

Քիչ մը շուարած եւ քիչ մըն ալ կասկածելով տրուած տեղեկութեան վրայ տուն մտայ եւ իսկապէս դասընկերս, որուն հետ դպրոցը աւարտելնէս ի վեր ոչ միայն չենք տեսնուած, այլեւ գոնէ ես իրմէ լուր մը անգամ չեմ ստացած՝ կը փաթթուի ինծի. «Ճիշդ է, երբ ըսին բնաւ չես փոխուած, չես գիտեր որքա՛ն կարօտցած եմ քեզի»։ Շուարած ես ալ փաթթուեցայ… Այո՛, նաեւ զարմացած, որովհետեւ մենք քէն բաժնուած էինք, դպրոցական ամբողջ տարի մը չէինք խօսած միասին, բարեւներուս չէր պատասխանած, չնայած երկար ատեն ես յամառօրէն դարձեալ բարեւած էի, նոյնիսկ դպրոց տարած շաքար-շոքոլաներէս հրամցուցած եւ մերժուած էի… Ճիշդ այդպէս ալ քէն աւարտեցինք, բաժնուեցանք եւ ես երբեք չգիտցայ, թէ ո՞րն էր մեր քէնութեան պատճառը։

Սկիզբը շատ ծանր էր, նոյնիսկ լացի, ուրեմն տասնեւերկու տարի միասին սորվինք, նոյն դասարանը նստինք եւ քէ՞ն աւարտենք… Յետոյ ինքզինքս համոզեցի, որ ինք անտաշին մէկն է, աւելին՝ ի՞նչ տղամարդ է եղեր, երբ նոյնիսկ երեսիս չի կրնար ըսել, թէ ինչո՞ւ նեղուած է ինձմէ, ինչո՞ւ քէնցած։

Սակայն անկեղծօրէն ըսեմ, իր թեւերուն մէջ զգացի, որ հակառակ նեղուած բաժնուելնուս՝ իսկապէս ես ալ կարօտցած էի զինքը, վերջապէս այդքան տարիներ միասին սորվեր, խաղցեր, երգեր, չարութիւններ ըրեր, մանկութենէ պատանեկութիւն եւ դէպի երիտասարդութիւն ձեռք-ձեռքի քալեր ենք… Եւ հիմա դիմացս կեցողը այդ աղուամազով, ամչկոտ եւ անինքնավստահ տղան չէ, որուն երեսին մէկ անգամ «Վախկոտ մուկ» ըսելով գիրքս նետեր էի, իսկ ինք «Շփացած կատու» պատասխանելով քանի մը տետրակ շպրտեր էր վրաս, այլ գեղեցիկ, զարգացած երիտասարդ մը, որ եկած էր իր տարիներու լռութենէն վրէժ լուծելու…

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ

Դպրոցի մեր սեղաններէն՝
Մենք խռոված բաժնուեցանք.
Ինծի համար անյայտ մնաց,
Ինչո՞ւ էիր միշտ լուռ, տխուր…

Աւարտեցինք շրջանը այդ՝
Ես անտեղեակ քու խենթ սիրոյդ,
Ինձ կը յուզէր լռութիւնդ,
Քեզ՝ կը խեղդէր ժպիտը իմ…

Դուն սիրահար մը վշտահար,
Գացիր հեռու, օտար աշխարհ,
Ձգելով ինձ բարդ հանելուկ՝
Լռութիւնդ անլուծելի։

Խռով գացիր, սակայն դարձար
Կեանքի փորձով դուն հասունցած,
Հանելուկը այնքան դժուար՝
Լուծած ենք մենք, ու կը խնդանք…

Արդէն կ՚ուզես շատ բան ըսել,
Վրէժ լուծել լռութենէդ,
Ես՝ շատ խօսիկը դպրոցին՝
Կ՚ուզեմ լռել, քեզի լսել։

Ախ, ի՜նչ կ՚ըլլար ետ դառնայինք
Մեր դպրոցի սեղաններուն,
Ես թող լռեմ, բայց դուն խօսի՛ր,
Անվե՛րջ խօսիր, լո՜ւռ սիրահար…

1993

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ, յունիս 2024

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2024