ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
ՀԱՆՐԱԿԱՌՔԻՆ ՄԷՋ
Հայրենասիրական երգերու համերգէ մը դուրս ելած, սրահին մօտակայ կանգառէն հանրակառք կը բարձրանան խումբ մը զբօսաշրջիկներ, անոնցմէ մէկը լաւատեղեակ ըլալու է քաղաքի ճամբաներուն կամ ալ արդէն իսկ հոս կը բնակի: Երգերուն ազդեցութիւնը ակնյայտ է անոնց խօսակցութենէն: Հանրակառքի յաճախորդները մերթ՝ դժգոհ, մերթ՝ ժպիտով, մերթ՝ ձանձրոյթով կը հետեւին անոնց անգլերէնախառն արտայայտութիւններուն:
-Կանգառում պահէ,- կ՚ըսէ յաճախորդ մը ու կ՚իջնէ հանրակառքը կանգ առնելուն պէս:
Իջնող յաճախորդին կողքը նստած զբօսաշրջիկը ուշի-ուշով կը հետեւի հեռացողին հնչիւններուն եւ կարծես յայտնութիւն մը ըրած՝ գոհունակ ժպիտ մը կայ իր դէմքին: Կանգառէն նոր յաճախորդ մը կը բարձրանայ ու նախկինին տեղը կը բազմի, պահ մը կ'անցնի թէ չէ, նոր յաճախորդը կ՚անդրադառայ սխալ հանրակառք բարձրանալուն ու կողքի զբօսաշրջիկին կը հարցնէ.
-Էս աֆթոպիւսը ո՞ւր է գնում, քուրօ ջան:
-Կանգառում:
Կը պատասխանէ զբօսաշրջիկը, քիչ առաջուան յայտնութիւնը օգտագործելով: Մինչ իր միւս կողմը նստած բարեկամը քահքահներէն կողը բռնած բարձրաձայն կը խնդայ:
ՓՈՂՈՑԻ ԱՆՑՈՐԴԸ
Երեւանաբնակ սփիւռքահայ մը մօտակայ բանջարավաճառին քովէն կ՚ելլէ ու հանդիպակաց մայթը անցնելու պահուն զինք կը կանգնեցնէ գեղադէմ հայուհի մը, որ հագած, շպարուած ու զարդարուած է, ձեռքն ալ քոնիակ մը կայ գեղեցիկ պայուսակի մը մէջ, յստակ է որ առիթի մը համար կ՚աճապարէ ու կարծես բան մը կը փնտռէ, եւ ահա.
-Էստեղ, մօտակայքում պոմաժնիկ վաճառող մի տեղ կարա՞ք ցոյց տաք,- կը հարցնէ հեւ ի հեւ:
-Սիրով, բայց նախ գիտնամ այդ բառին իմաստը, որ ցոյց տամ,- կը պատասխանէ սփիւռքահայը:
-Տղամարդու պոմաժնիկ, էլի, չգիտէ՞ք- ձեռքերը բան մը ցոյց տալ ուզողի նման, ու միտքին մէջ իմաստը որոնողի մը տեսքը առած,- դրամապանակ, տղամարդու դրամապանակ,- կը շարունակէ ժամացոյցին նայելով, քիչ մըն ալ զղջալով, որ այս հարցումը սփիւռքահայու մը հարցուցած է ու այդպիսով ժամանակ վատնած:
ԹԱՔՍԻԻՆ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ յաճախ տեղի կ՚ունենան գինիի, գարեջուրի, քոնիակի փառատօներ: Տաղաւարները թաղամասի մը հասակին շարուած կ՚ըլլան կողք կողքի, ամէն մէկը իր արտադրութիւնը կը գովաբանէ ու փափաքողներուն կը հրամցնէ: Շատ են տաղաւարները, որքան որ են գինիի գործարանները: Սկիզբը ինքզինքդ կը գտնես հաճելի, բազմալեզու ու բազմազգ հանդիսութեան մը գիրկը, ուր կը հնչեն տարբեր լեզուներով գինիի համին ու հոտին առընչուող արտայայտութիւններ, արաբը, հնդիկը, չինացին, պարսիկը, եւրոպաներէն այցելուները...: Սակայն, եկուր տես որ, կարճ ժամանակ մը ետք ամէն ինչ կը փոխուի՝ կարմրած այտեր, բարձր ձայնով խօսակցութիւններ, քանի մը բաժակ տարբեր-տարբեր գինիի համէն ու հոտէն տաքցած գլուխներ, աղջիկներ՝ չիյնալու համար իրենց սիրելիներուն գիրկը փարած, գինիին ազդեցութենէն զայրացկոտ արտայայտութիւններ ու ինչե՜ր, ինչե՜ր: Հոս է որ կ՚երեւի տարբերութիւնը մարդոց գինովութեան ընթացքին, ոմանք բան չեղածի պէս կը շրջին աջ ու ձախ դիտելով, ուրիշներ առաջին գաւաթէն իսկ կը սկսին ձաբռտել, գինովներու բոլոր տեսակները կ՚երեւին, կը մտածես, որ արդեօք անոնք պիտի յիշե՞ն, թէ ո՞ր գինին ամենահամովն էր, ըստ իրենց, չէ՞ որ տաղաւարները այդ նպատակով լարուած են:
Բարեկամուհիիս հետ կը բռնենք վերադարձի ճամբան: Մենք եւս տաք գլուխներով, որ խմելէն աւելի դիտելու արդիւնք է, կը կանգնեցնենք թաքսի մը: Թաքսիի վարորդը կ՚անդրադառնայ մեր սփիւռքահայ ըլլալուն ու քանի մը նախադասութիւն փոխանակելէ ետք.
-Իմ պապերն էլ են Սիրիայից եկել, հայրենադարձներ են նրանք, 1946-ի հայրենադարձներից, ինչքան չարչարուեցին էն ժամանակ՝ հաց չկար, ալիւր չկար, ինչ լաւ էլ բարբառ (արեւմտահայերէն նկատի ունին հոս «բարբառ» ըսելով) էին խօսում, ափսոս որ հիմա չկան էնպէս խօսողներ, էն բարբառը նահանջում է:
Այ քեզ բա՜ն, եկուր ալ հիմա, տաք գլուխով, հակաճառէ այս մարդուն...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ