ԱՆԳԱՐԱ-ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԱՊԵՐԸ ԴԷՊԻ ՆՈՐ ՓՈՒԼ

Վերջին օրերուն տեղի ունեցած դէպքերը (յատկապէս սուրիական ընդհանուր համայնապատկերին վրայ) ցոյց կու տան, որ երկար ամիսներէ ի վեր բաւական լարուած իրավիճակ մ՚ունեցող Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու ընդհանուր ուղեծիրը մտած է բաւականին կարեւոր շրջափուլ մը։

Խնդիրն այն է, որ Ուաշինկթըն ի վերջոյ կարողացաւ հասկնալ, թէ Սուրիոյ մէջ իր ունեցած թերացումները տեղ մը պէտք է կասեցուին ու դէպի հին դաշնակից-բարեկամ՝ Անգարա ետդարձ կատարելը՝ բոլոր պարագաներուն ալ փոխշահաւէտ է երկու կողմերուն համար։

Խնդիրը միայն հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտերուն չի վերաբերիր, այլ կ՚անդրանցնի անոնց ռազմական ներկայութիւնը եւ կը չափէ միջինարեւելեան այս աւազանի իրավիճակի կարգաւորման ընդհանուր գիծերը։

Յստակ է նաեւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչախումբին համար, երբեք ալ ընդունելի պիտի չըլլայ, որ շրջանին մէջ կարեւոր դեռ ունեցող ՆԱԹՕ-ի հաւատարիմ անդամ Թուրքիան մաս կազմէ Մոսկուայի թելերով մանուած Սուրիոյ ընդհանուր խաղին, այդպէսով ստեղծել փորձելով ոչ միայն ռազմական յաղթանակներով ամրագրուած քաղաքական ենթադաշտ մը, այլ նաեւ պատրաստելով ապագայ համաձայնութիւններու ընդհանուր գետինը։

Ու քանի վերջին տարիներու դրուածքով, յատկապէս Սուրիոյ պարագային, սկսած է կիրառուիլ «իմ խաղս չէ, ուրեմն լաւ խաղ մը չէ» մօտեցումը, Ուաշինկթընի համար ալ կը մնայ փարիլ անցեալի դաշնակիցին, այդպէսով ալ առաջքը առնել նոր ճակատագրական-քաղաքական զարգացումներու։

Սպասողական վիճակ ստեղծելու միտուած այսօրուան դրութիւնը կրնայ երկարիլ մինչեւ ԱՄՆ-ի յառաջիկայ ընտրութիւններ, որոնց աւարտին ալ ան պիտի վերաճշգրտէ Սուրիոյ մէջ իր ընդհանուր շահերուն օրակարգը, որուն աւարտին միայն պիտի անցնի նոր գործողութիւններու (նաեւ քաղաքական) ձեռնարկումին։

Ուրեմն այս փուլին Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ այս նոր մերձեցումը իր մէջ կը պարունակէ աւելի հեռուն տանող (հեռահար հրթիռներու նման) պայմանադրութիւններ ու չի բացառուիր նաեւ, որ յառաջիկայ փուլին Ուաշինկթըն Անգարային վստահի սուրիական թնճուկը քաղաքական դաշտ բերողի կարեւոր դերը։

«ԹՈՒՐՔ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԵՆ ԲԻՒՐԵՂԱՑԱԾ» ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՐԱԲԱԳԷՏ ԱՐՄԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Արմէն Պետրոսեան այսօրուան կտրուածքով կը համարուի արեւելագիտութեան ոլորտի ամենէն յստակատես ձայներէն մէկը։ Անոր վերլուծումները միայն տեղայնական բնոյթ չեն կրեր, այլ կ՚անդրանցնին շրջանային ընդհանուր պարունակն ու Միջին Արեւելքի ընդհանուր դիպաշարը կ՚ագուցեն միջազգային հոլովոյթներուն հետ։ Ստորեւ ներկայացուած յօդուածը Արմէն Պետրոսեանի վերջերս ստորագրած լաւագոյն նիւթերէն մէկն է, որուն շահեկանութեան համար կը ներկայացնեմ իմ ընթերցողներու ուշադրութեան։

Թուրք-ամերիկեան համաձայնութիւնը չի լուծեր. 11 օգոստոսին իսլամական ամենէն կարեւոր տօներէն մէկուն՝ Զոհաբերութեան տօնի (Իտ ալ-Ատհա) առթիւ Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս նշուած է, որ օգոստոսը Թուրքիոյ պատմութեան ընթացքին միշտ յաղթանակներու ամիս եղած է։

Ապա թուարկուած է տարբեր ժամանակներու արձանագրուած քանի մը յաղթանակներ, ինչպէս նաեւ՝ 2016-ի Սուրիոյ մէջ քրտական խմբաւորումներու դէմ իրականացուած «Եփրատի վահան» ռազմական գործողութիւնը, որու շնորհիւ Թուրքիա յաջողեցաւ խոչընդոտել թրքական սահմանի հարեւանութեամբ ահաբեկչական միջանցքի ստեղծումը… «Աստուծոյ կամքով՝ այս օգոստոսին եւս մէկ օղակ կ՚աւելցնենք մեր յաղթանակներու շղթային», նշած է Էրտողան իր ուղերձին մէջ։

Թուրքիոյ նախագահի կողմէ խոստացուած հերթական յաղթանակը, վստահաբար, կը վերաբերի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի՝ մասնաւորապէս Եփրատ գետի արեւելքը գտնուող, գլխաւորապէս քրտաբնակ շրջաններուն մէջ այնքան շահարկուած ռազմական գործողութեան սկսելուն։ Ուշագրաւ է, որ նոր յաղթանակի վերաբերեալ Էրտողանի խոստումը յաջորդած է ընդամէնը օրեր առաջ՝ 5-7 օգոստոսին, Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ամերիկեան եւ թրքական զինուորական պատուիրակութիւններու հանդիպման՝ Սուրիոյ վերոնշեալ հատուածի անվտանգութեան գօտիի ստեղծման աշխատանքներու համակարգման հարցով: Բանակցութիւններու արդիւնքով կողմերը պայմանաւորուած էին՝

Անյապաղ կերպով նախաձեռնել առաջնային միջոցառումներու՝ Թուրքիոյ անվտանգային մտահոգութիւնները վերացնելու:

Հնարաւորինս արագ, Թուրքիոյ մէջ ձեւաւորել «Համատեղ գործողութիւններու կեդրոն», որ պէտք է զբաղուի անվտանգութեան գօտիի ստեղծման աշխատանքներու համակարգմամբ եւ ղեկավարմամբ:

Անվտանգութեան գօտին պէտք է դառնայ «խաղաղութեան միջանցք», եւ պէտք է գործադրուին բոլոր ջանքերը՝ տեղահանուած սուրիացիները իրենց երկիր՝ հայրենիք վերադարձնելու համար։

Նշուած ձեւակերպումներէն ակնյայտօրէն կ՚երեւի, որ անոնք կը վերաբերին ոչ թէ բուն անվտանգութեան գօտիի ստեղծման գործողութեան, այլ ընդամէնը անոր գործադրման ձեւերուն։ Չմոռնանք, որ այդ մասին անդրադարձ կատարած է նաեւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն՝ թուրք-ամերիկեան հանդիպման կարեւորութիւնը գնահատող twitter-եան իր գրառման մէջ։ Ի դէպ, «անվտանգութեան գօտի» ստեղծելու ձեւաւորման խնդրի ծիրէն ներս բանակցող կողմերը, այդպէս ալ չեն յստակեցուցած ամենառանցքային գործնական «մանրուքները», այն մասին, թէ ո՞ր ժամանակաշրջանին եւ ի՞նչ մակերեսով պիտի ձեւաւորուի գօտին, եւ ո՞ր ուժերը զայն պիտի վերահսկեն։ Անվտանգութեան խնդիրներու լուծման նպատակով Անգարա միշտ պնդած է 30-40 քմ. խորութեամբ, 460 քմ. երկայնքով եւ սեփական ուժերով գօտին վերահսկելու պայմանը, մինչդեռ, ըստ ամերիկեան կողմին՝ 15 քմ. խորութեամբ 140 քմ. երկարութեամբ տարածքն ալ բաւարար է՝ բազմակողմ վերահսկողութեան գործադրմամբ: Յատկանշական է նաեւ, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ Դամասկոսը կտրականապէս կը մերժէ Սուրիոյ տարածքին մէջ անվտանգութեան գօտի ձեւաւորելու վերաբերեալ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ որեւէ պայմանաւորուածութիւն։

Հարկ է յիշեցնել, որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանները կը վերահսկէ ԱՄՆ-ի հովանաւորութիւնը վայելող՝ «Սուրիական դեմոկրատական ուժեր» (ՍՏՖ) կոչուած բազմազգ կազմաւորումը, որ կ՚ընդգրկէ Անգարայի կողմէ ահաբեկչական ճանաչուած քրտական «Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատները» (ԵՓԿ, ՓՔՔ-ի սուրիական ճիւղաւորման՝ ՓԵՏ-ի ռազմական թեւը)․ այս կառոյցն է, որ կը հանդիսանայ Սուրիոյ մէջ, Ուաշինկթընի առանցքային ցամաքային դաշնակիցը։ Նոյնիսկ Անգարայի վերոնշեալ հանդիպումէն յետոյ, թրքական կողմը կը շարունակէ սպառնալ ԵՓԿ-ի դէմ ինքնուրոյն ռազմական գործողութեան սկսելու եւ անվտանգութեան գօտին առանձինն ստեղծելու հարցով, իսկ ԱՄՆ կը շարունակէ ռազմական մատակարարումները նոյն կառոյցին։

Վերոնշեալ համադրոյթէն կարելի է եզրակացնել, որ թուրք-ամերիկեան հիմնահարցերու կարեւոր բաղադրիչը (ցարդ, օրինակ, Անգարայի կողմէ ռուսական «Ս-400»ներու ձեռքբերման, «Ֆ-35» ռազմական ինքնաթիռներու ծրագրի հարցերը եւ այլն) կը մտնէ անորոշ արդիւնքներով քաղաքական սակարկութիւններու հանգրուան, որ չնայած թրքական կողմի հակառակ հաւաստիացումներուն, կրնայ նաեւ տեւական ըլլալ, նոյնիսկ մաս կազմել այլ խնդիրներու հանգուցալուծման համընդհանուր գործընթացին։ Այսինքն, տակաւին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ընդամէնը անվտանգութեան գօտիի ձեւաւորման գործադրութեան ձեւերու, այլ ոչ, բնաւ, բուն ձեւաւորման գործընթացին վերաբերեալ։ Ի դէպ, վերոնշեալը եզակի դէպք չէ Սուրիոյ մէջ թուրք-ամերիկեան ռազմական համագործակցութեան առընթեր։ Օրինակ, 2016-ին կողմերու միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր Սուրիոյ Հալէպ նահանգի հիւսիս-արեւելեան Մենպիչի շրջանի, այսպէս կոչուած, ճանապարհային քարտէսի իրականացման հարցով, որ կ՚ենթադրուէր համատեղ պարեկային գործունէութիւն՝ յետագային միայն թրքական կողմին թողնելու պայմանաւորուածութեամբ, ինչ որ փաստացիօրէն ցարդ չէ իրականացուած։

Ինչ կը վերաբերի համաձայնութեան հետ կապուած կողմերու նպատակներուն, ապա Ուաշինկթընի մարտավարութենէն կարելի է եզրակացնել առաւելապէս ժամանակ շահելու տրամաբանութիւնը։ Ի վերջոյ, ստեղծուած իրավիճակէն, նոյնիսկ անորոշ պայմաններով համաձայնութիւնը աւելի ընդունելի է, քան Թուրքիոյ հետ աւելի լուրջ առճակատման երթալը։ Իսկ այդ հնարաւորութիւնը բաւական մեծ է, քանի որ Անգարա վերջին շրջանին թէ՛ հնարաւոր ամենաբարձր մակարդակի հռետորաբանութեամբ, թէ՛ ռազմական շարժումներու տեսքով կ՚ակնարկէր Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի անյետաձգելի կերպով հերթական ինքնուրոյն «հակաահաբեկչական գործողութիւնը» նախաձեռնելու մասին։ Ուստի, վերոնշեալ զարգացումներու յետագայ ընթացքը մեծապէս պայմանաւորուած է Ուաշինկթընի ռազմաքաղաքական ծրագրերէն, այլ խնդիրներու առընչութեամբ Անգարայէն ունեցած ակնկալիքներէն՝ մասնաւորապէս՝ արդեօք ամերիկեան կողմը նպատակադրուա՞ծ է ամբողջութեամբ դուրս գալ Սուրիայէն, կը ցանկա՞յ պահպանել դաշնակցային յարաբերութիւնները քիւրտերու հետ, կը կարողանա՞յ պայմանաւորուիլ եւրոպական գործընկերներու հետ՝ անոնց զինեալ ուժերու միջոցով անվտանգութեան գօտին վերահսկելու հարցով եւ այլն։ Իսկ ցարդ թուարկուած որեւէ ուղղութեամբ տակաւին յստակ որոշումներ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան մէջ չեն նշմարուիր։ Թերեւս այս տրամաբանութեան օգտին կը խօսի նաեւ «Ս-400» հրթիռներու գործարքի հետ կապուած Սպիտակ տան համեմատաբար մեղմ հակաքայլերը Անգարայի նկատմամբ՝ իրավիճակը աւելի չսրելու եւ երկխօսութեան ու սակարկութիւններու առաւել լայն դաշտ թողնելու նպատակով։

Թուրքիոյ տեսանկիւնէն զարգացումներու նման ընթացքը կարեւոր է նախ Ռուսաստանի հետ վերոնշեալ գործարքի հետ կապուած ամերիկեան կողմի առաւել լուրջ հակաքայլերը սահմանափակելու առումով, որ փաստացիօրէն յաջողեցաւ։ Բացի այդ, ստեղծուած իրավիճակը յաւելեալ խաղաքարտեր կու տայ Թուրքիոյ՝ Աստանայի ձեւաչափի գործընկերներու՝ Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ, նաեւ Սուրիոյ մէջ ծաւալող համագործակցութեան մակարդակով, որ վերջին շրջանին, յատկապէս Իտլիպի խնդրով պայմանաւորուած, յարաբերութիւնները այնքան ալ հարթ չեն։ Բացի վերոնշեալէն, նման «յաղթանակները» Թուրքիոյ մէջ իշխող քաղաքական վերնախաւին համար յատկապէս կարեւոր են ներքաղաքական գործընթացներու տեսանկիւնէն։ Մասնաւորապէս, երկրին մէջ սրուած ընկերա-տնտեսական իրավիճակի պայմաններուն, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն՝ խոշոր քաղաքներուն մէջ կրած պարտութենէն յետոյ, ակնկալուող նոր ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու ձեւաւորման գործընթացի համաթեքստով Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին եւ անոր գլխաւորած կուսակցութեան խիստ անհրաժեշտ են տարբեր ծաւալի եւ բնոյթի ձեռքբերումներ, ինչպիսին, օրինակ, քիւրտերու դէմ կամ ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններու որոշակի յաջողութիւններ։

Ամփոփելով կարելի է նշել, որ յառաջիկային կը սպասուի թուրք-ամերիկեան յատկապէս ստուերային սակարկութիւններու բաւական թէժ հանգրուանի մը, ուր ժամանակային սահմաններն ու բովանդակային արդիւնքները պայմանաւորուած են բացառապէս իրավիճակային զարգացումներով։ Ինչ խօսք, որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի անվտանգութեան գօտիի ստեղծման վերաբերեալ թուրք-ամերիկեան գործընթացի ձախողութեան պայմաններուն մէջ չի բացառուիր նաեւ Անգարայի կողմէ սահմանափակ ինքնուրոյն ռազմագործողութեան հնարաւորութիւնը, որ հազիւ թէ լայն ձեւաչափեր ընդգրկէ։ Նման կանխատեսում մը կարելի է հիմնաւորել ինչպէս տուեալ շրջանի քրտական կառոյցներու համեմատաբար լուրջ հնարաւորութիւններու, նաեւ Ուաշինկթընի եւ ՆԱԹՕ-ի միւս գործընկերներու սկզբունքային դիրքորոշման, այնպէս ալ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ բաւական անկանխատեսելի արդիւնքներով խնդրայարոյց արկածախնդրութեան մէջ չմտնելու հաշուարկներու հանգամանքով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 24, 2019