ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ 2016
2011 թուականէն ի վեր Երեւանի մէջ կը գործէ Սփիւռքի նախարարութեան Ամառնային Դպրոց ծրագիրը: Այս տարի որոշ փոփոխութիւն մտցուած էր ծրագրի գործադրութեան ձեւին մէջ: Սփիւռքի Նախարարութիւնը այս ծրագրի գործնական ղեկավարումը վստահած էր Պետական Համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Ինստիտուտին եւ անոր փոխ-տնօրէն Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանին: Դասընթացքներու վայրն ալ Պետական Համալսարանի գլխաւոր շէնքն էր:
Բացման հանդիսութեան խօսք առնելով Սփիւռքի նախարար տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան յայտնեց թէ 2016-ը Ամառնային Դպրոցի ստեղծման հնգամեակն է, որ կը զուգադիպի Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու 25 ամեայ յոբելեանին: Այս առթիւ շնորհաւորեց ներկաները, իր ուրախութիւնը յայտնելով, որ կարելիութիւնը ունի Սփիւռքէն վերապատրաստման եկած հայրենակիցները հիւրընկալելու:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան նաեւ Կրթութեան նախարար պրն. Լեւոն Մկրտչեան եւ Համալսարանի տեսուչ պրն. Սիմոնեան, որոնք նշեցին Ամառնային դպրոցի կարեւորութիւնը՝ Հայաստան-Սփիւռք կապերու զարգացման մէջ:
Ծրագիրը պիտի գործէր հինգ ուղղութիւններով, որոնք են՝ ա- Հայոց լեզուի արագացուած դասընթացքը, բ- Հայոց պատմութեան ուսուցիչներու վերապատրաստումը, գ- Լրագրողներու վերապատրաստումը, դ- Համայնքային գործիչներու վերապատրաստումը, ե- Ազգային երգի ու պարի դասընթացքը:
Հայոց լեզուի ուսուցման դասընթացքներուն մասնակցիլ փափաքողներուն թիւը 120-էն աւելի էր, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ռուսախօս գաղութներէ եկողներ էին: Ամէն տարուան նման այս ռուսախօսները բնականօրէն ընտրած էին արեւելահայերէնը, այսինքն՝ հայրենիքի լեզուն: Իսկ արեւմտահայերէն սորվիլ փափաքող իմ փոքրաթիւ աշակերտներս կու գային Ռումանիայէն, Եգիպտոսէն, Սուրիա-Լիբանանէն, Սէուտական Արաբիայէն եւ իրենց ճղճիմ թիւով առաջիններու բազմութեան բաղդատմամբ «Աղքատ Ղազարոս»ի վիճակ կը պարզէին:
ՏԵՂԵԿԱՏՒՈՒԹԵԱՆ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՀԵՏԵՒԻԼ ՈՒԶՈՂ ՕՏԱՐԱԽՕՍՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ
Դժբախտաբար, մինչեւ օրս, արեւմտեան աշխարհէն օտարախօս աշակերտներ բերելու հարցը տրամաբանական թիւի մը հասցնել կարելի չեղաւ՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքահայոց «մեղք»ով: Ամառնային դպրոցի ծանուցում-տեղեկատուութիւնը թէեւ ամէն գարնան կը տեղադրուի Սփիւռքի Նախարարութեան համացանցին վրայ եւ կը ներկայացուի մեր ազգային շրջանակներու ուշադրութեան, սակայն վերոնշեալ հինգ ուղղութիւններով ծանուցման եւ «Հայոց լեզուի արագացուած դասընթացք» ընդհանուր բացատրութեան մէջ «արեւմտահայերէն»ը կորսուած վիճակ ունի, առաջին ակնարկով աչքի չի զարներ իր գոյութիւնը եւ զայն ընտրելու կարելիութիւնը: Գիտցողը՝ գիտէ, թէ կարելի է արեւմտահայերէնը ընտրել որպէս վերապատրաստման լեզու: Ենթական իսկապէս շահագրգռուած պիտի ըլլայ, որպէսզի համացանցի վրայ անհրաժեշտ գործողութիւնները կատարելով ՀԱՅՏ-ը բանայ (=Յայտ, այսինքն՝ դիմումնագիր) եւ տեղեկանայ այս մասին, որովհետեւ միայն «Հայտ»ի վրայ է, որ նշուած է արեւմտահայերէնի գոյութիւնը որպէս դասաւանդման առարկայ: Սխալ մըն է սա, որ դիմացինէն կը պահանջէ շահագրգռուածութիւն ունենալ, փնտռել, գտնել Սփիւռքի նախարարութեան կայքի հասցէն, բանալ զայն, պրպտել ու գտնել «Հայտ»ը եւ տեղեկանալ «Հայոց լեզուի արագացուած դասընթացք»ի մը գոյութեան, առանց ձեռք ձգելու որեւէ մանրամասնութիւն: Մինչդեռ ծանուցողը պէտք է ներկայացնէ իր «ապրանք»ը, անոր յատկանիշերը գովաբանէ եւ քաշողականութիւն ստեղծէ անոր նկատմամբ: Շատեր կը կարծեն, թէ Ամառնային դպրոցը միայն արեւելահայերէն կ՚ուսուցանէ, քանի որ Հայաստանի լեզուն արեւելահայերէնն է: Մեծ թիւ կը կազմեն ծագումով Հայերը, որոնք չեն գիտեր անգամ, թէ Հայոց լեզուն երկու ճիւղ ունի, քանի որ հայկական գաղութային կեանքի մէջ ներգրաւուած չեն: Մինչդեռ հայութենէ որոշ չափով հեռու մնացածներո՛ւ մօտ է, որ կը գտնուին օտարախօսներ: Սփիւռքի մէջ ապրող ծագումով հայ նոր սերունդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը օտարախօս է: Անո՛նց պէտք է հասնիլ, անո՛նց տեղեկացնել Հայաստանի մէջ «Սփիւռքի լեզուն» սորվելու կարելիութիւնը: Ուրեմն, այս հարցը իսկական քարոզչութեան կը կարօտի օտարախօս շրջանակի մէջ, դուրս գալով հայկական դպրոցներու եւ ազգային հաստատութիւններու նեղ ցանցէն, որոնք հայախօս են արդէն: Ցաւալի է, որ հայախօս շրջանակներու մէջ շատ են այն անձերը, որոնք չեն հաւատար թէ Հայաստանի մէջ կարելի է արեւմտահայերէն սորվիլ, հետեւաբար չեն տարածեր համացանցի վրայ տեղադրուած լուրը: Մարդոց ուղեղներուն մէջ արմատացած է այն համոզումը, թէ արեւմտահայերէնի ուսուցման վայրը կրնայ ըլլալ Պէյրութը, եւ ո՛չ թէ՝ Հայաստանը: Այս պատճառով, անհամեմատ աւելի լաւ պիտի ըլլար ծանուցում-տեղեկատուութեան մէջ բնորոշել, շեշտել ու գովազդել լեզուագիտական արդիական տուեալներու համաձայն օտարախօսներու համար յատուկ կերպով պատրաստուած արեւմտահայերէնի լսատեսողական մեթոտի փորձուած արդիւնաւէտութիւնը, վստահութիւն ներշնչելով դիմողներուն եւ ո՛չ թէ գոհանալ «Հայոց լեզուի արագացուած դասընթացք» չոր բացատրութեամբ: Եթէ տեղեակ ենք թէ արեւմտահայերէնի ապագան վտանգուած է, յատուկ ջանքեր պէտք է գործադրենք այդ վտանգը հեռացնելու կամ չէզոքացնելու համար: Անհրաժեշտ է քարոզչական եւ գովազդական աւելի մեծ ջանքեր թափել, տարբեր միջոցներ օգտագործել՝ տեղեկատուութիւնը ամբողջ Սփիւռքին եւ նոյնիսկ օտարացած շրջանակներու հասցնելու համար: Շատ Սփիւռքահայեր չեն գիտեր Ամառնային Դպրոցի գոյութիւնն անգամ: Մինչդեռ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Արի տուն» ծրագիրը, որ սփիւռքահայ երիտասարդները 15 օրով կը հիւրընկալէ Հայաստանի մէջ եւ անոնց կարելիութիւն կու տայ ճանչնալու հայրենիքը, բոլորի՛ն ծանօթ է եւ մեծ գնահատանք կը վայելէ Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ առաջին օրէն իսկ լաւ գովազդուած է: Յուսանք, որ յառաջիկայ տարի տեղեկատուական տարբեր միջոցներու օգտագործմամբ արեւմտահայերէնի հետեւիլ ուզող օտարախօս աշակերտներու ընդունելի թիւ մը կ՚ունենանք արեւմտեան աշխարհէն: Սփիւռքահայու ինքնութեան հիմքը հանդիսացող եւ ապագան վտանգուած արեւմտահայերէնը համազգային մտահոգութեան առարկայ պէտք է դառնայ եւ առանձնայատուկ ուշադրութեան պէտք է արժանանայ: Այս գետնի վրայ Հայաստան եւ Սփիւռք երկուստեք պէտք է իրենց ջանքերը չխնայեն եւ նուազ կրաւորական ըլլան: Նախորդ տարիներուն Ամառնային դպրոցի ծրագրին գործադրութեան մէջ կային բազմաթիւ թերութիւններ, որոնք հետզհետէ սրբագրուեցան: Մնաց այս մէկը: Կը յուսանք որ ա՛յս ալ կը սրբագրուի:
ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ-ՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ ՈՒՐԱԽԱՌԻԹ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Այս տարուան հաճելի նորութիւնը այն էր, որ արեւմտահայերէնի մեր խումբի աշակերտներուն բաժնուած Ծրագիրի լեզուն արեւմտահայերէնն էր եւ օգտագործուած ուղղագրութիւնն ալ՝ Մեսրոպեան դասականը: Ասիկա, շնորհիւ՝ Համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Ինստիտուտին: Նոյնպէս, նախորդ տարիներուն, դասընթացքի վերջաւորութեան, աշակերտներս միայն մէկ թեստ-քննութիւն կ՚անցնէին, որ իմ կողմէս պատրաստուած կ՚ըլլար: Իսկ այս տարի Համալսարանը նոյնպէս թեստ-քննութիւն մը պատրաստած էր: Եւ հաճելի նորութիւնը այն էր, որ այդ թեստին վրայ հարցումները արեւմտահայերէնով ներկայացուած էին, նաեւ՝ Մեսրոպեան դասական ուղղագրութեամբ:
Զգալի յառաջխաղացք մըն է սա, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման մէջ, եթէ իր շարունակութիւնը ունենայ, մանաւանդ որ մեզի կը յիշեցնէ անցեալ տարի Սփիւռքի նախարար տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Աճառեանի անուան Լեզուի Ինստիտուտի տնօրէն Վիկտոր Կատուալեանի միասնաբար կազմակերպած համաժողովը, որ նուիրուած էր հայ լեզուի երկու ճիւղերու եւ երկու ուղղագրութիւններու միասնականացման հարցին: Այդ ժողովը յուսադրած էր մեզ, մասնակիցներս, թէ որոշ փոփոխութիւններ կարող են կատարուիլ յառաջիկային, դանդաղօրէն: Գուցէ այդ խորհրդաժողովի արդիւնքն էր Ամառնային Դպրոցի 2016-ի լեզուական գետնի վրայ ցուցաբերած այս ճկունութիւնը: Սպասենք եւ տեսնենք: Ամէն պարագայի, շնորհաւորելի է գաղափարը եւ անոր գործադրութիւնը: Կը մնայ յուսալ եւ մաղթել որ համացանցի վրայ տեղադրուած հայերէնի արագացուած դասընթացքի Տեղեկատուութիւնն ալ յառաջիկային ունենայ իր արեւմտահայերէն տարբերակը՝ դասական ուղղագրութեամբ, արեւելահայերէնի եւ անգլերէնի կողքին...: Ասիկա դիւրութիւն կու տայ աշակերտին կամ իր ծնողքին, որպէսզի լաւ հասկնան Տեղեկատուութեան լեզուն, որ կը պարունակէ արեւմտահայերէնի մէջ ոչ շատ ծանօթ բառեր, եզրեր, ինչպէս՝ «Հայտ» (դիմումնագիր), «գրանցվել» (արձանագրուիլ), եւլն.: Գործին յաջողութիւնը տեղեկատուութենէն կը սկսի, որուն լեզուն Սփիւռքահայոց հասկցածը եւ օգտագործածը պէտք է ըլլայ:
Ուրիշ օգտակար նորութիւն մըն էր նաեւ այն, որ Համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Ինստիտուտի փոխ-տնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի կարգադրութեամբ, դասաժամերուն միշտ ներկայ էին Համալսարանի աշակերտներէն երկու «կամաւորներ», որպէս դասախօսին օգնական: Որեւէ բանի որ պէտք ունենայինք, իրենք կը հոգային:
«ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՐԱԳԱՑՈՒԱԾ ԴԱՍԸՆԹԱՑ»Ի (արեւմտահայերէնի) ԾՐԱԳԻՐԸ
Որպէս բովանդակութիւն, ծրագիրը կ՚ընդգրկէր «Հնչիւնաբանութիւն», «Բառապաշար», «Գրաւոր լեզու եւ ուղղագրութիւն», «Ընթերցանութիւն», «Քերականութիւն» եւ «Բանաւոր հաղորդակցութիւն»:
Դասաւանդութեան ամբողջ ծանրութիւնը բնականաբար կը կեդրոնանար քերականութեան վրայ, որուն ընթացքը դանդաղեցնող պարագայ մըն էր քերականական բացատրութիւնները տարբեր լեզուներով կրկնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի իւրաքանչիւր աշակերտ լաւ հասկնայ կանոնը եւ ի հարկին հարցումներ ուղղէ: Այս գետնի վրայ արաբերէնը իսկական խոչընդոտ մըն է, երբ աշակերտը արաբերէնէ բացի ուրիշ որեւէ միջանկեալ լեզու չի հասկնար...: Բարեբախտաբար Սէուտական Արաբիայէն եկող աշակերտուհիս կը թարգմանէր բացատրութիւններս:
ԹԵՍՏ-ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ
Դասաւանդութիւններու աւարտին տեղի ունեցան քննութիւններ: Աշակերտներս Յուլիս 26-ին հայերէնով եւ գրաւոր կերպով պատասխանեցին անգլերէնով իմ պատրաստած թեստ-քննութեան քերականական հարցումներուն: Նոյնպէս, Յուլիս 27-ին անոնք միշտ գրաւոր կերպով պատասխանեցին Համալսարանի հայերէնով պատրաստած թեստ-քննութեան հարցումներուն: Նոյն օրը մէկ ու կէս էջ ուղղագրութեան քննութիւն մը ըրինք եւ Յուլիս 28-ին աշակերտներուս առաջարկեցի այս դասընթացքէն իրենց տպաւորութիւնները գրել հայերէնով: Դժգոհեցան, ուզեցին անգլերէնով շարադրել:
Յամենայն դէպս յաջողեցան շատ պարզ, սկսնակի հայերէնով յայտնել իրենց գոհունակութիւնը՝ ուսուցման ձեւէն, ճաշերէն (որոնք շատ «աղուոր» էին), թանգարաններու այցելութիւններէն եւ օտար ընկերներ ճանչնալու կարելիութենէն: Միակ դժգոհութիւնը օդափոխիչի բացակայութիւնն էր՝ տօթակէզ դասարանին մէջ: Պէտք է նշել նաեւ որ այս տարի աշակերտները պանդոկէն համալսարան փոխադրող հանրաշարժերու ուշացման հարցը կարգադրուած էր եւ երբեք դասերէն ուշացում չարձանագրուեցաւ:
ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Ամառնային Դպրոցի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Յուլիս 29-ի երեկոյեան, Համալսարանի մեծ դահլիճին մէջ: Եղան արտասանութիւններ, ելոյթ ունեցան ուսուցիչներ, աշակերտներ, կատարուեցան երգեր ու ազգային պարեր: Հաճելի էր լսել մանաւանդ օտարախօսներու հայերէն արտասանութիւնները: Ընդհանուր խանդավառութեան մէջ աշակերտները ստացան իրենց հաւաստագրերը: Յաջորդ օր արդէն կը մեկնէին իրենց երկիրները՝ ամառնային արձակուրդը օգտակար ձեւով անցուցած անձերու գոհունակութեամբ, ինչպէս նաեւ հայրենիքի ճանաչողութեամբ հարստացած:
ԴՈԿՏ. ՀԻԼՏԱ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ-ՓԱՆՈՍԵԱՆ
«Նոր Յառաջ», Փարիզ