Ե­րե­ւան Քա­ղա­քի Բա­նա­լի­նե­րը

Ա­մէն ան­գամ  քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նէն  Հա­լէպ վե­րա­դար­ձիս, հետս ան­պայ­ման հա­րա­զատ­նե­րուս հա­մար յու­շա­նուէր­նե­րու  կա­պոց մը կ՚ու­նե­նամ:

Այս ան­գամ չեմ գի­տեր ին­չո՛ւ ձեռքս չգնաց պա­տա­հա­կան յու­շա­նուէր­ներ  գնե­լու: Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, հա­լէպ­ցի­ներս են­թա­գի­տակ­ցօ­րէն սկսանք հասկ­նալ, թէ մեր ինչ­քե­րուն Հա­լէ­պի մէջ կու­տա­կու­մը այ­լեւս կաս­կա­ծե­լի կը դառ­նար ոչ միայն սփիւռ­քի այս տա­ռա­պող շեր­տին մէջ, այլ՝  երկ­րա­յին գան­ձե­րու կու­տա­կու­մը ո­րե­ւէ տեղ, նոյ­նիսկ ա­մենէն ա­պա­հով  կար­ծուած վայ­րին մէջ:

Մեր երկ­րա­յին ճամ­բոր­դու­թիւ­նը այն­տեղ ուր կրնայ ա­ւար­տիլ, հա­ւա­նա­բար բնա­կե­լի վայր  չըլ­լայ մեր ֆի­զի­քա­կան յետ­նորդ­նե­րուն հա­մար…

Հա­րա­զատ­նե­րուս հա­մար բա­նա­լիի տես­քով մէ­կա­կան փոր­թուք­լէ (բա­նա­լի­նե­րու տրցա­կը ի­րա­րու միաց­նող  օ­ղակ կամ հիմ­նա­կան կապ­բա­նա­լի) ա­ռի հետս: Հա­րա­զատ­նե­րուս, ո­րոնց պի­տի նուի­րէի յու­շա­նուէր­նե­րը, մէկ մա­սը Հա­լէպ կը գտնուի, միւս մա­սը՝ Լա­թա­քիա, Ա­մե­րի­կա…

Ա­յո՛… Ե­րե­ւան քա­ղա­քի խորհր­դան­շա­կան  բա­նա­լի­նե­րը: Ե­րե­ւա­նի  մէջ տան բա­նա­լի ու­նե­նա­լը ին­ծի հա­մար թե­րեւս եր­կար ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի, բայց  միշտ այն­պի­սի զգա­ցո­ղու­թիւն  կ՚ու­նե­նամ, կար­ծէք՝ Ե­րե­ւա­նը իր բաց դռնե­րով իմս է: Թե­րեւս ալ ա­նոր հա­մար, որ ե­րի­տա­սար­դու­թեանս ամենէն մատղաշ վեց տա­րի­նե­րը ի­րենց ա­ւիւ­նը ստա­ցան Ե­րե­ւա­նի մէջ:

Փակ դռնե­րուն  ե­տին ալ, բա­ներ գտնե­լու մա­սին բնաւ չէի մտա­ծած: Բաց քա­ղաք, ին­ծի հա­մար իր բաց դռնե­րով, բայց հա­րա­զատ­նե­րուս հա­մար կրնար նոյ­նը չըլ­լալ: Հնա­րա­ւո­րու­թիւն պէտք էր տրուէր, որ ի­րենք յայտ­նա­գոր­ծէին  եւ բա­նա­յին ի­րենց հա­մար մութ կար­ծուած դռներն ու տա­րածք­նե­րը՝ ճանչ­նա­լու եւ սի­րե­լու հա­մար  վար­դա­գոյն  քա­ղա­քը, որ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կրնար ան­պայ­ման  հե­քիա­թա­յին գե­ղեց­կու­հիի մը նման չըլ­լալ, բայց  մե­զի հա­մար պէտք է գե­ղեց­կու­հիէ մը ա­ւե­լին  ըլ­լայ, ի­րա­կան  ըլ­լայ, ոչ միայն ո­գե­ղէն… Ին­ծի հա­մար, օ­րի­նակ, ա­նի­կա բո­լոր գիտ­ցած եւ չգիտ­ցած քա­ղաք­նե­րուս Մայրն է, ա­ւե­լի ճիշ­դը՝ հե­ռու դա­րե­րէն ե­կած իմ հայ­րե­նի­քիս ներ­կայ, ե­րի­տա­սար­դա­ցած մայ­րը, որ  ան­զու­գա­կան է. կը սի­րեմ զինք, ո­րով­հե­տեւ ան մեր՝ հա­մայն հա­յու­թեան Մայրն է…

Ա­փե­րուս մէջ  գտնուող  գե­ղե­ցիկ եւ խորհր­դան­շա­կան յու­շանուէ­րը շատ բան կը թաքց­նէ  իր գե­ղե­ցիկ կեր­տուած­քին մէջ: Կեդ­րո­նը  մեր դա­րա­ւոր պե­տա­կա­նու­թեան զի­նան­շա­նը  զե­տեղուած է: Հա­ւա­նա­բար Ար­գիշ­տի Ա.ն ու Մե­նուան ալ այս­պի­սի ոս­կեայ բա­նա­լի­ներ ու­նե­ցած էին, նոյ­նիսկ քուր­մե­րուն միջ­նոր­դու­թեամբ բա­ցած՝ ա­նե­րե­ւոյթ դռներ: Փակ դռնե­րու ե­տին միաս­նա­բար վճռած՝ ի­րենց հա­րա­զատ քա­ղա­քի ա­պա­գան: Ան­ձանձ­րոյթ վճռա­կա­մու­թեամբ թա­կած էին փակ դռնե­րը…

***

Այ­սօր տղուս՝ Գրի­գոր Իշ­խա­նի ծննդեան տա­րե­դարձն է, որ կը զու­գա­դի­պի Ե­րե­ւա­նի ծննդեան տա­րե­դար­ձին եւ ոս­կե­դա­րու Թարգ­ման­չաց յի­շա­տա­կի տօ­նին: Ին­ծի հա­մար ե­րեք սի­րե­լի տա­րե­դարձ­ներ՝ մէ­կը միւ­սով ի­մաս­տա­ւո­րուած: Ե­րեք կեն­սա­կան բա­նա­լի­ներ, ո­րոնք կ՚ի­մաս­տա­ւո­րեն  գո­յու­թիւնս: Զա­ւակ, այ­սինքն՝ հայ տե­սա­կի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն, հա­յե­ցի ինք­նու­թիւն՝ ոս­կեայ դպրու­թիւն  եւ ան­զու­գա­կան Մայր քա­ղաք, որ լոյս կրնայ սփռել ոչ միայն էու­թեանս, այլ իւ­րա­քան­չիւր նա­խան­ձախն­դիր հա­յու վրայ:

Սիա­ման­թո­յի բա­նաս­տեղ­ծու­թեան պատ­գա­մը հայ­րե­նի­քէն հե­ռա­ցող­նե­րը, քնա­ցած­նե­րը արթն­ց­նե­լու, տկար­նե­րը զօ­րաց­նե­լու ե­ղած էր: Ան խենթ ա­րե­ւով յոյ­սի վե­րա­ծած էր իր տան­ջան­քը՝ ա­ռանց գիտ­նա­լու, որ այդ յոյ­սը գո­յու­թիւն եւ մար­մին ու­նէր հե­ռուն: Ան իր կեն­դա­նու­թեան օ­րով չտե­սաւ այդ մար­մի­նը, որ հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար փա­րոս պի­տի դառ­նար, կազ­մա­ւո­րուէր եւ հա­յե­րուս  գո­յա­տեւ­ման բա­նա­լին  դառ­նար…

Հի­մա ու­նինք պե­տա­կա­նու­թիւն եւ քսան­հին­գա­մեայ ըն­ձիւ­ղուած,  կրկին հա­սակ ա­ռած  ե­րի­տա­սարդ  հայ­րե­նիք. ա­նոր սի­րա­հար­ներ, խենթ սի­րով սի­րող­ներ, ան­կէ հե­ռա­ցող­ներ, նոյ­նիսկ զայն  սի­րե­լու դժուա­րու­թիւն ու­նե­ցող­ներ…

Ե­թէ Սիա­ման­թօ կեն­դա­նի ըլ­լար, ար­դեօք ի՞նչ պի­տի եր­գէր Հա­լէ­պի կար­միր լու­րե­րուն կող­քին: Ի­րա­կան, ոչ միայն խորհր­դան­շա­կան բա­նա­լի­ներ ու­նե­ցող հայ­րե­նի­քին գովքն ու  ա­նոր  ան­մար փա­րոս ըլ­լա­լուն մա­սին խենթ ա­րե­ւով եր­գեր  պի­տի չհիւ­սէ՞ր…

Սպաս­ման այս ա­հա­ւոր օ­րե­րուն,  երբ երկ­րա­գուն­դը կար­ծէք  կրկին ան­գամ կը հու­նա­ւո­րուի մեծ կա­ւա­գոր­ծի ա­փե­րուն մէջ, երբ ամ­բողջ մարդ­կու­թիւ­նը շուա­րած է, բնա­կան է, որ հա­յերս  ի­րար գրկած՝ հասկ­նանք զի­րար եւ փոր­ձենք պաշտ­պա­նուիլ, ոչ թէ մէկս միւ­սէն, այլ՝ օ­տար­նե­րէն, ո­րոնք միշտ ալ  վնա­սած են մե­զի:

Պաշտ­պա­նենք եւ սի­րենք զի­րար. թող մեր պայ­քա­րի զէն­քը մի­միայն սէ­րը ըլ­լայ, ոչ՝ ա­տե­լու­թիւ­նը: Այն ա­տեն կը ծաղ­կի  ոչ միայն մեր հա­զա­րա­մեակ­նե­րու քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նը, այ­լեւ՝ ամ­բողջ Հա­յաս­տանն ու Հա­լէ­պը, եւ հա­լէպ­ցի­նե­րը նոյ­նիսկ խա­ղա­ղու­թեան մէջ կը ցան­կան գալ Ե­րե­ւան ու  ի­րենց անձ­նա­կան բա­նա­լի­նե­րով բա­նալ  ոչ միայն Ե­րե­ւա­նի, այլ դա­րա­ւոր  մեր հայ­րե­նի­քի քա­ղաք­նե­րուն դռնե­րը մէկ առ մէ­կ…

ՄԱ­ՐԻԱ­ՆԱ ՊԵՐ­ԹԻԶ­ԼԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016