ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Այս տարի լրացաւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վերջին հարիւր տարիներուն մեծագոյն հոգեւորականներէն մէկուն՝ երանաշնորհ Գարեգին Ա. Քեսապցի Ամենայն Հայոց Հայրապետին վախճանման քսաներորդ տարելիցը: Հոգեւորական, որ հոգեւորական ըլլալէ առաջ եղած է բառիս բուն եւ ամբողջական իմաստով ՄԱՐԴ: Մարդ, որ իր մարդկային բարձր եւ միաժամանակ պարզ ու համեստ որակներով յաջողած է դառնալ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ: Հոգեւորական, որ իր ստացած գիտելիքներով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն, ապա համալսարաններէ, եւ ամենէն կարեւորը ինքնաշխատութեամբ, կարողացած է դառնալ վերջին հարիւրամեակի Հայ Եկեղեցւոյ մեծագոյն աստուածաբան ու մտաւորական դէմքերէն մէկը:

Այս յօդուածով երանաշնորհ Գարեգին Հայրապետէն փունջ մը մտածումներ պիտի ներկայացնեմ ընթերցողներուն:

Աստուծոյ մասին կ՚ըսէ.

- Քրիստոնէական ըմբռնումով Աստուած տիեզերքէն անկախ կամ վեր էակ մը չէ, այլ՝ տիեզերքին Ստեղծիչը եւ Կառավարիչն է Ան: Տիեզերքը իր անշունչ եւ շնչաւոր, կենդանական ու բանական, նիւթեղէն եւ հոգեղէն բաղկացութեանց ամբողջութեան մէջ՝ ձեռակերտն է Աստուծոյ: Արդ, Աստուծոյ ձեռակերտը բնականաբար կը վկայէ Իր մասին, որովհետեւ Աստուած բացակայ չէ երբեք Իր գործէն, ինչպէս որեւէ մարդային էակ՝ իր գործէն:

- Կարելի չէ զԱստուած գիտական մեթոտներով, ապացուցումով (demonstration) փաստել, այլ՝ Աստուծոյ գոյութիւնը կը փաստուի դիտելով տիեզերքի եւ մարդկային կեանքին երեւոյթները, որոնք երբ հարազատօրէն եւ խորապէս հասկցուին՝ կը թելադրեն Աստուծոյ գոյութիւնը:

- Կարելի չէ Աստուծոյ մէջ փոփոխութիւն ըմբռնել, ոչ էութեան եւ ոչ գործունէութեան մակարդակներու վրայ: Աւելի յստակ բացատրութեամբ, Աստուած՝ ըլլալու կերպէ մը ուրիշ կերպի մը չ՚անցնիր, եւ ոչ ալ գործունէութեան ընթացքէ մը՝ ուրիշ ընթացքի: Աստուած Ինքն Իր մէջ նոյն է, ինչպէս մի, նոյնպէս պարզ: Ո՛չ անշարժ, ո՛չ կայուն, ո՛չ սառած, այլ՝ կենդանի, շարժուն, գործօն, բայց այդ բոլոր վիճակներուն մէջ ալ նոյն մնացող, առանց փոփոխելու Իր պատկերը կամ գործունէութեան ուղին:

Անտարբերութեան մասին կ՚ըսէ.

- Եկեղեցին կը թուէ եօթը մահացու մեղքերը. բայց կայ նաեւ ութերորդ յանցանք մը, անտարբերութեան մեղքը: Մարդը կը փակուի ինքն իր վրայ, չ՚ուզեր բացուիլ Աստուծոյ եւ այդ պատճառով չի կրնար բացուիլ մարդոց, յանձնառու ըլլալ: Աստուած յանձանռութեան Աստուած է. մարդեղինացումը Աստուծոյ յանձնառութիւնն է մարդկային կեանքին մէջ: Ուրեմն մարդը, որ յանձնառու չ՚ըլլար ուրիշներուն համար, կը դրժէ հի՛մն իսկ իր քրիստոնէական հաւատքին, որ սիրոյ յանձնառութիւն է:

- Անտարբեր ըլլալ ուրիշներուն հանդէպ, փակուիլ, կեդրոնանալ ինքն իր մէջ մեղանչել է Աստուծոյ հանդէպ: Աստուած մեզ չէ ստեղծած մեզի համար, այլ՝ համայն մարդկութեան: Եւ համայնականի այս ապրումը ի՛նքը Եկեղեցին է: Ասոր համար է, որ անտարբերութիւնը ծանր մեղք կը նկատեմ: Եւ մեր ժամանակի մարդիկը յաճախ անտարբեր են: «Հրաժարիլ» ուրիշներու հետ կապէն, ինքզինք առընչուած չզգալ անոնց, կը նշանակէ ինքզինք ժխտել իբր մարդ արարած:

Աստուած-մարդ յարաբերութեան մասին կ՚ըսէ.

- Աստուծոյ բարութիւնը մարդուն հանդէպ որքան առատ է, որքան լեցուն, անվերջ ու անսպառ, նոյնքան եւ մտածուած մեթոտով մը տրուած՝ մարդու բարոյական կրթութեան, հոգեկան ազնուացման հեռանկարով: Հետեւաբար, այս ըմբռնումով պատիժը Աստուծոյ բարութեան ժխտումը չէ, այլ ընդհակառակը՝ բարութեան հաստատումը:

- Յաճախ կը խօսինք Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութեան մասին: Արդար է ասիկա: Յիսուս բարեկամներ կոչեց մեզ: Բայց կը կարծեմ, որ պէտք չէ մոռնալ թէ ամէն բանէ առաջ կա՛յ հնազանդութիւնը Աստուծոյ: Ո՛չ թէ կալանաւորի կամ ստրուկի իմաստով ենթակայութիւն մը, որ անձի կամքին կը հակառակի, այլ այն ըմբռնումով, որ Աստուած կը գերազանցէ մեզ, անհունօրէն աւելի մեծ է քան մենք, աւելի կարող, աւելի բարեգութ: Մեր բարեկամը ըլլալէ առաջ, մեր Տէրն է: Եւ եթէ բարեկամ մը կրնայ լքել քեզ, Տէրը, որ Հայր է, նման բան չ՚ըներ բնաւ:

- Աստուծոյ ծառայել կը նշանակէ նախ՝ զԱյն սիրել եւ այդ սէրը արտայայտել գործնական կեանքէն առաջ եւ վեր՝ անձնական աղօթքի եւ հասարակաց պաշտամունքի մէջէն. եւ երկրորդ, զայն արտայայտել որոշ արարքներով, որոնք համապատասխան ըլլան Աստուծոյ յայտնութեան տուեալներուն, մասնաւորաբար բարոյական օրէնքներուն, եւ մղուած ըլլան Աստուծոյ հանդէպ մարդուն մէջ գոյացած սէրէն: Ասիկա, իր խորագոյն իմաստին մէջ, կը նշանակէ Աստուծոյ հետ տեւական հաղորդակցութիւն, սիրոյ եւ աղօթքի ճամբով:

- Աստուած մեզմէ կը պահանջէ բաներ, որ դժուար են անշուշտ, բայց անկարելի չեն, քանի որ լաւ կը ճանչնայ մեր մարդկային բնութիւնը: Եթէ մեղք մը կը գործենք, չենք դադրիր Աստուծոյ ուստր կամ դուստր ըլլալէ. մեղաւորը առարկայ կը մնայ Աստուծոյ սէրին: Մենք ալ մեր կարգին պէտք է ատենք մեղքը, բայց սիրենք միշտ մեղաւորը...

- Աստուած ինչ որ է, ինչպէս որ է, Իր զուտ էութեան մէջ, ատիկա անկարելի է, որ մարդս ճանչնայ, որովհետեւ մարդուն ճանաչման բնական եւ միակ կերպը՝ բանականութեան ճամբան չի կրնար հասնիլ մինչեւ հոն, որովհետեւ մարդուն սահմանաւոր հանգմանքը՝ զինք իր շուրջ գտնուող իրողութեանց նկատմամբ իսկ երբեմն կը թողու անգիտակ: Այլ խօսքով՝ խորհուրդը միշտ ներկայ է մարդու կեանքին մէջ, որովհետեւ մարդը մարդ է: Եւ եթէ երբեք խորուրդը չըլլար իրեն համար՝ ինք պիտի ըլլար անպայման կատարեալը՝ Աստուած, որ չէ:

 ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

•շար. 1 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2019